24.9.12

Ասլը Թիւրքեր. «Ես հայ եմ»


ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ 
 
Անարդարութեան մը դիմաց կրաւորական կեցուածք ունենալը կը նշանակէ այդ անարդարութեան մեղսակից ըլլալ, իսկ անարդարութեան մը արդիւնք ըլլալը եւ չկարենալ կամ չկամենալ խօսիլը անձնասպանութիւն է:
Սփիւռքահայը` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան «ժառանգորդ», աւելի քան մէկ դարէ ի վեր կը պայքարի կենդանի պահելու համար զոհերուն եւ վերապրողներուն  պայքարը անարդարութեան դէմ: Սփիւռքահայը ինքզինք կը նկատէ զոհը ցեղասպանութեան, բայց արդեօ՞ք միակ զոհն է ան: Ցեղասպանութեան զոհ է նաեւ Ասլը Թիւրքերը:
Ասլըն 1977-ին Պոլիս ծնած Սաֆեթի եւ Իլհանի միակ զաւակն է: Իր նախնական կրթութիւնը հանրային դպրոցներէն մէկուն մէջ ստանալէ ետք, 11 տարեկանին անցած է Պոլսոյ «Նոթր Տամ տը Սիոն» ֆրանսական վարժարանը: Այս պիտի ըլլար Ասլըին համար անկիւնադարձային պատահարը:
«13 տարեկան էի, երբ իմացայ, թէ հօրս կողմէն հայ ազգականներ ունիմ Ֆրանսայի մէջ»:
Ասլըին թուրք մայրը մանրամասնօրէն պատմած է անոր իր «լռելեայն» անցեալին մասին, իր հօր հայ արմատներուն մասին, բան  մը, որ իր հայրը գաղտնի պահած էր: «Սկիզբը որեւէ նշանակութիւն չունեցաւ այս իրականութիւնը: Սակայն աւելի ուշ բացայայտեցի, թէ մեծ մայրս կրօնափոխ եղած է: Ուզեցի գիտնալ կնոջական կողմը այս հարցին, քանի որ մեծ մօրս աչքերուն առջեւ սպաննուած է ամուսինը, կորսնցուցած է նաեւ իր Ստեփան անունով զաւակը. ուզեցի գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կորսնցուցած է նաեւ իր եւ իր զաւակին ինքնութիւնը: Բարոյականի տէր ոեւէ մարդ այս իրողութեան առջեւ չի կրնար ըսելիք չունենալ: Ատկէ ետք սկսայ պրպտել եւ ուսումնասիրել իմ ինքնութիւնս:
«Չեմ կարծեր, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ անհատ մը իմանայ իմ պատմութիւնս, կարենայ անտարբեր մնալ, քանի որ ամէն բանէ առաջ ասիկա նաեւ համամարդկային հարց է: Հետեւաբար այս անձնական հարց ալ էր»:

«ՀԱՅԱՑԱԾ ԵՄ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԱՌ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ»
«Երբ կը սորվիս Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին շատ մը հարցադրումներ կը ծագին միտքիդ մէջ, աւելի խորունկ հարցեր, ուրիշ մտածելակերպեր: Եւ քանի որ իմ դիմացի թուրքս անմիջական պատասխանատուն չէ պատահածին, ընտրեցի պայքարիլ ասոր դէմ` տէր կանգնելով իմ ինքնութեանս: Յանցագործին յաղթեցի` վերատիրանալով ամէնէն կարեւոր խլուածին` ինքնութեանս»:
Նկատի ունենալով, որ հայկական ինքնութիւնը վերջին տարիներուն ստացած է խրթին սահմանում մը, տակաւին չկայ հաստատ բնորոշում մը, թէ ո՛րն է հայկական ինքնութիւնը: Հոս կան հայերէն խօսիլ չգիտցող հայեր, իսլամ հայեր, համշէնահայեր: Ասլըին համար «անկարելի էր մէկ օրէն միւսը հայ զգալ». այդ կատարուած է հանգրուան առ հանգրուան: Եւ թերեւս հայ զգալու ճիգին մէջ ինքնութեան վերատիրանալու կիրքին մէջէն է, որ ինքնավստահօրէն կ՛ըսէր. «Իմ հայ բարեկամներէս աւելի ծանօթ եմ հայ գրականութեան. օրինակ, «Արաս» հրատարակչատան(1) բոլոր հրատարակութիւնները կարդացած եմ: Ուսումնասիրած եմ երաժշտութիւնը, քանի որ այդքան ալ տարբեր չէր ինծի ծանօթ երաժշտութենէն, դիւրութեամբ ընկալած եմ զայն»:
Յաջորդ հանգրուանին այցելած է Մուշ, ուրկէ կու գան իր ծնողները: «Ամէն տեղ եկեղեցիներ կային: Հոն հասկցայ, որ ոչ միայն մարդիկ էին ոչնչացողները, այլ նաեւ` ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը: Ամէն բան քանդուած էր, եկեղեցի չկար, դպրոց չկար, հայերէն խօսող չկար»:
«Ներկայիս ինքնութիւններու բախում չունիմ: Դիւրին չէ ըսելը, որ յաղթահարած եմ, քանի որ ես թէ՛ ոճրագործն եմ, թէ՛ ալ զոհն եմ: Թէ՛ պատասխանատու կը զգամ, թէ՛ ալ` իրաւազրկուած: Բայց հայ եմ եւ բոլոր հանգամանքները կը փորձեմ ամբողջացնել, այսինքն կը սորվիմ լեզուն,  կը հետեւիմ հայկական մամուլին` ծանօթանալու համար առօրեային, գլխաւորաբար «Ակօս»-ին(2)  միջոցով»: Ասլըն կը փորձէ ամբողջացնել իր ինքնութեան բացթողումները եւ իրեն համար կարեւոր է ամէն ինչ, որ զինք կը մօտեցնէ ու կը կապէ հայկականութեան եւ հայութեան:
Հայ ինքնութեան ամէնէն կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը կը համարուի հայ ժողովուրդին քրիստոնեայ կրօնին պատկանիլը: Սփիւռքի մէջ մեր եկեղեցին եղած է մեր աքսորուած պետութիւնը: Պոլսոյ մէջ այդ կ՛ընէ Պոլսոյ պատրիարքարանը: Իսլամ թրքահայ Ասլըն իր տարբեր կրօնի պատկանիլը լուծած է այն համոզումով, թէ կարեւորը լաւ մարդ ըլլալն է, «երկու կրօններուն միջեւ մեծ վիհ մը չկայ», կ՛ըսէ ան եւ առաջնահերթութիւնը կու տայ իր ճամբան հարթելուն դէպի հայութիւն, հայ լեզու եւ մշակոյթ. եւ ճիշդ այս պատճառով ան բացատրեց. «Երբ հայերէն լսեմ, կը զգամ, որ առնչուած եմ, հետեւաբար ջանք կը թափեմ սորվելու, որքան ալ որ դժուար ըլլայ այդ: Իտալերէնի, գերմաներէնի եւ ֆրանսերէնի կողքին, հայերէնը չորրորդ նոր սորվելիք լեզուս է, եւ պէտք է խոստովանիմ, որ դժուար լեզու է, բայց որեւէ մէկ բան այսքան ուզելով չեմ ըրած»: Ասլըն կատակեց, որ եթէ օր մը սահուն խօսելու սկսի հայերէնը, այլեւս երբեք պիտի չլռէ: «Լեզուն լոկ լեզու մը չէ, այլ` նաեւ գրականութիւն, երաժշտութիւն, այսինքն` մշակոյթ, պէտք է ընկալել լեզուամտածողութիւնը: Երբ լրիւ սորվիմ, այն ժամանակ պիտի կարենամ ամբողջովին տիրապետել իմ ինքնութեանս»:

«ԹՈՒՐՔ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՍ Կ՚ՕԳՆԷ ԻՆԾԻ ԵՒ ԲՈԼՈՐԻՍ»
«Թէկուզ  ես այս սեղանին շուրջ նստած եմ իբրեւ թուրք եւ իբրեւ հայ, բայց նախ եւ առաջ` իբրեւ մարդ: Այս պատճառով կը կարծեմ, որ այս հարցը միայն հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հարց մը չէ, այլ նաեւ համամարդկային հարց է: Իմ ինքնութիւնս այսքան կարեւոր է, քանի որ իմ հարցս համամարդկային հարց է, ուստի կը բացատրեմ եւ կը պատմեմ բոլորին: Կը պատմեմ, որովհետեւ հարիւր տարիէ ի վեր հայերը այս նիւթը կ՛արծարծեն եւ հարիւր տարի եւս պիտի արծարծեն: Պիտի չլուծուի հարցը, եթէ թուրքերն ալ չարծարծեն»:
Ասլըն բացատրեց իր դերակատարութեան կարեւորութեան մասին` թուրք հանրութեան հետ հաղորդակցելու գծով: «Ոչ թէ ցեղասպանութեան «դաս» կու տամ, այլ կը խօսինք: Նոյնիսկ երբ առօրեայ հարցերուս մասին խօսիմ, իմ հայկականութեանս ընդմէջէն կը խօսիմ, քանի որ հարցը առօրեայ է, իսկ Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութիւնը այդքան ալ ծանօթ հարց մը չէ, որքան որ դուք սփիւռքի մէջ կը կարծէք»:
Իր ինքնութեան նոր ծալքերը բացայայտելու ճամբուն վրան Ասլըն դէմ յանդիման եկած է նաեւ իր միջավայրի սուր նայուածքներու: Այս գծով ան չվարանեցաւ ըսելու, թէ անտարբեր է մարդոց անձնական կարծիքին հանդէպ` իր ազատ միտքի արտայայտութեան դէմ: «Մարդոց հաճելի թուելու համար չէ, որ հայ կը զգամ եւ հարց չունիմ այսպէս զգալու: Շատոնց անցած եմ այդ հանգրուանը: Հաւանաբար ոմանք դատապարտեն, թէ անկեղծ չեմ, բայց հոգս չէ, այս չեմ ըներ ինքզինքս ծանուցելու համար կամ` պատկանելիութիւն մը հնարելու համար: Փաստօրէն ներկայիս կարելի է երկու ինքնութեան տէր անձ մը ըլլալ: Իմ հարցս չէ, եթէ ոմանք զիս հայ չհամարեն, որովհետեւ իրականութեան մէջ ես սիւննի մեծամասնութիւն ինքնութեան կողքին նախընտրեցի հայկական ինքնութիւնը: Արդէն ինքզինքիս «օգուտ» մը չէ, որ կու տամ: Իմ իրաւունքս է այս մէկը: Ընդհակառակը, ես հարստացայ այս ուղին ընտրելով, տարբեր առիթներէ լաւ բաներ ձեռք բերի եւ այդ հոգեկան գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն կը պատճառէ ինծի: Իսկ եթէ այս բոլորէն ետք տակաւին երեւան ելլեն զիս չընդունողներ, հոգս չէ»:
Ասլըն խոստովանեցաւ, որ իր թրքութիւնը կ՛օգնէ իրեն ազատօրէն արտայայտուելու ամէն իր հաւատացածներուն մասին: Այնքան մը, որ իր հայ ընկերներուն ըսել չկրցածը ինք կ՛ըսէ:
Ասլըն վկայուած է արդիւնաբերական ճարտարագիտութեան մագիստրոսի վկայականով եւ կ՛աշխատի Ֆրանսական հաստատութեան մը մէջ` որպէս պատասխանատու: Ան բացատրեց, որ որոշ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ իր գործին մէջ` իր ինքնութիւնը բացայայտելուն պատճառով: «Ոմանք հետս ժամերով կը նստին, որպէսզի ինձմէ լսեն, որ Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած: Բարեբախտաբար իմ շրջապատիս մարդիկը իրենց ազգութեամբ չեն դրսեւորեր իրենց ինքնութիւնը, այլ խօսքով` ազգայնամոլներ չեն»:Դիմացս նստած Ասլըն կը մարմնաւորէր հայու եւ թուրքի յատկութիւններ: Հայ մը, որուն իւրաքանչիւր ապրում եւ արտայայտութիւն կը փորձէի նմանցնել իմիններուս, որպէսզի ինքզինքիս փաստեմ, թէ ես ալ այսպիսի դժուարութիւններէ անցած եմ եւ կ՛անցնիմ իմ լիբանանահայ իրականութեան մէջ: Թուրք մը, որ կը պայքարէր Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դէմ, որուն զոհերէն մէկն էր ան: Այս իսլամ թրքահայը ոչ միայն գիտէր Ցեղասպանութեան մասին, այլ ինքն ալ մէկ մեծ մասնիկն էր այս դատին:

ԱՆԿԱՇԿԱՆԴ Կ՚ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ ՄԱՍԻՆ
«Պոլսահայ գաղութը Թուրքիոյ մէջ վախով կ՛ապրի: Թէեւ կը խօսի, բայց ոչ` պէտք եղած ձեւով: Օտարին ներկայութեամբ չի խօսիր Ցեղասպանութեան առնչուած նիւթերու մասին»: Ասլըն ըսաւ, Ցեղասպանութեան պատճառով թուրք իսլամ դարձած հայեր շատ կարեւոր են Թուրքիոյ մէջ, քանի որ պոլսահայերուն մէջ սերմանուած վախի բարդոյթէն չեն տառապիր: «Օգտակար է պոլսահայերուն` իմ նմաններուս հետ իրենց կապը զօրացնելը, քանի որ մենք կրնանք ազատօրէն արտայայտուիլ: Պէտք է նշել, որ Հրանդ Տինքի մահէն ետք տեղի ունեցան հսկայական փոփոխութիւններ թէ՛ թուրք հասարակութեան մէջ, թէ՛ ալ պոլսահայութեան առօրեային մէջ», նշեց ան:

«ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻԼ ԼԵԶՈՒՈՎ ՄԸ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՆ»
Ցեղասպանութենէն տարիներ անց Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին ճնշումներ ու ուղեղալուացներ կատարուիլ պետական մակարդակի վրայ, ինչ որ ինքնին ցեղասպանութեան տեսակ մը կը ներկայացնէ: Այս իր ժխտական ազդեցութիւնը կը ձգէ ընկերային մակարդակի վրայ: «Պէտք է անոնք կարենան քանդել իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող պատերը, բանալ իրենց հորիզոնները, խօսիլ հասկնալի լեզուով»:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող վտանգին` Ասլըն սեղանին վրայ դրաւ բոլոր երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ազգայնականութեան, ցեղապաշտութեան եւ  ծայրայեղութեան արարքները, նոյնիսկ նկատել տալով Լիբանանի մէջ փոքրամասնութեան իրականութիւնը: Դրապաշտօրէն նկատել տուաւ Հրանդ Տինքի հինգերորդ տարելիցին առիթով 20 հազար ցուցարարներու քայլարշաւին մասին եւ պատմեց. «Ինծի հետ քալողներուն մէջ մարդ մը ըսաւ, որ` «ես համաձայն չեմ Հրանդ Տինքին ըսածներուն, բայց շատ մեծ անարդարութիւն մը կայ, եւ չեմ կրնար չմասնակցիլ այս բողոք-արշաւին»: Այլ խօսքով, Տինքին ահաբեկչութեամբ թուրքը սթափեցաւ, եւ առիթ տրուեցաւ իրեն խօսելու»: Իրականութեան վերադառնալով` ան աւելցուց, որ այդ չի նշանակեր, թէ բոլոր հարցերը լուծուած են: «Եթէ մենք ճիշդ լեզուով բացատրելու սկսինք, այդ երկրին մէջ մեզի հասկցող շատ պիտի ըլլայ. ոմանք վստահ պիտի չհասկնան: Ես որպէս Թուրքիայէն եկող անհատ` կը վստահեցնեմ, որ եթէ հարցին քաղաքական ուղղութենէն աւելի խիղճի եւ զգացական կողմէն մօտենանք, շատ աւելի հասանելի պիտի ըլլանք (թուրք ժողովուրդին, Ա.)»: Թերեւս Ասլըի այս խրատը պէտք է քննարկել. եթէ մեր դատին կը ծառայէ, ապա ինչո՞ւ չէ, հասնինք թուրք հասարակութեան զգացումներուն:Արդարեւ, ազգ մը կը զարգանայ, երբ կը զարգանան իր կրթական կառոյցները: Իւրաքանչիւր պետութիւն յառաջ կը քշէ իր գաղափարախօսութիւնը եւ տեղ կը բանայ անոնց, որոնք պետական մտածողութիւն  եւ ազգայնականութիւն կը քարոզեն: Պարզ է, որ Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ, նոյնիսկ հայկական վարժարաններուն մէջ տակաւին պիտի չգտնենք 1915-ին մասին ճիշդ տեղեկութիւն փոխանցող դասագիրքեր, բայց Ասլըն կը հաստատէ, թէ` «Մերթ ընդ մերթ կարգ մը ազատամիտ եւ սեփական դպրոցներ նոր մտածելակերպեր եւ կեցուածքներ կը ներմուծեն իրենց կրթական ծրագիրին մէջ: Համալսարանները, որոնք պետական համակարգէն դուրս են, աւելի լայնախոհ են»:

«ՍՓԻՒՌՔԸ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԻՐ ԵՐԿԻՐԸ»
Ասլըն մեր երկու ժամուան տեւողութեան զրոյցը եզրափակեց` ըսելով, որ` «Իմ սփիւռքահայ ազգականներս 100 տարիէ ի վեր Ֆրանսա կ՛ապրին: Երբ Պոլիս եկան, պոլսահայ երաժիշտի մը համերգին գացինք եւ անոնք չգիտցան, թէ ո՛վ էր երգիչը: Կը կարծեմ, որ սփիւռքահայերը շատ խզուած են այս հողէն: Անշուշտ թէ չորս սերունդ անցած է այս հողին վրայէն, բայց այսօրուան Թուրքիան չեն ճանչնար եւ այդ պատճառով սփիւռքահայուն ըրածը քիչ մը անկապ կրնայ ըլլալ: Եւ քանի որ իւրաքանչիւր գաղութ ունի իրեն յատուկ կեցուածք մը, այս հարցը (Ցեղասպանութեան հարցը իր տարբեր մակարդակներու վրայ, Ա.) այդ գաղութներու մէջ պիտի չլուծուի, այլ միայն` Թուրքիոյ մէջ: Հասկնալի է մեր մտածումներուն եւ կեցուածքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վիհը, բայց եթէ միասնական լեզու մը, կեցուածք մը գտնեն սփիւռքահայերն ու թրքահայերը, ինչ որ Հրանդ Տինքն ալ կը քարոզէր, ու միացնենք ներսը եւ դուրսը, բոլորիս համար աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրենք ու աւելի լսելի կը դարձնենք մեր ձայնը: Պէտք է նոյնպէս կոտրենք մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող նախապաշարումները: Ես կը սպասեմ սփիւռքէն, որ անպայման գայ: Գիտեմ, որ դժուար է այդ եւ զգացական գետնի վրայ` շատ ցնցիչ, բայց հողէն օտարութիւնը պէտք է փշրուի, որովհետեւ մենք ենք հողին տէրը. ինչպէ՞ս օտար մնանք: Ես իսկապէս տխրեցայ, երբ իմ սփիւռքահայ ազգականս չճանչցաւ պոլսահայ երաժիշտը. եթէ գան, պիտի ճանչնան: Ի վերջոյ ապրիլ քսանչորսին աւելի շատ թուրք պէտք է գայ, քան հայ»:

ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Ապտուլպաքին կամ Թորգոմը արդէն մահացած է: 2010-ին մահացաւ նաեւ անոր զաւակը` Սաֆեթը` Ասլըին հայրը:Ասլըն իր ինքնութեան վերատիրացած թրքահայերէն մէկն է միայն: Տակաւին շատ են ասլըները, զորս պէտք է գտնել եւ կամ թոյլ տալ, որ անոնք մեզի գտնեն: Ասլըին արիութիւնը մեզի մտածել կու տայ, թէ ի՛նչ կարելի է սորվիլ մեր պայքարի ուղին ծաւալելու համար: Ասլըներու հետ ձեռք ձեռքի կարելի կ՛ըլլայ վերատիրանալ գէթ մեր մարդկային կորուստներէն այն բաժինին, որ պէտք ունի ի լոյս գալու եւ վերակենդանանալու, որպէսզի վերակենդանացնէ եւ նոր ուղի տայ նաեւ մեզի:
Ասլըին իր ինքնութեան վերատիրանալու յաղթանակը կը նկատուի մեր բոլորին յաղթանակը եւ Թուրքիոյ բռնատիրութեան պարտութիւնը: Ապտուլպաքիներուն զաւակները մեր ալ զաւակներն են, որոնց կարիքը ունինք մենք, որքան որ անոնք` մերինին. վիպապաշտութիւն ըրած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ մենք զիրար կ՛ամբողջացնենք:Մատիտս վար դնելու ժամանակ կը մտածեմ, որ մէկ կողմէն սփիւռքի մեր հանգիստ պայմաններու մէջ շատ աւելի դիւրին կը ձուլուինք ու կ՛ուրանանք մեր ինքնութիւնը, իսկ միւս կողմէ` շատ դիւրին կը դառնանք այլամերժ եւ անհանդուրժող: Ասլըն, իր նկարագիրին բոլոր յատկութիւններով եւ իր անփոփոխելի իրականութեան բոլոր միջնորմերով, կը հանդիսանայ անարդարութեան դէմ պայքարողներուն առաջնորդը: Ականջիս մէջ կը թրթռայ անոր խօսքը. «Ասի համամարդկային հարց է, ինչպէ՞ս կարելի է ձեռնածալ մնալ»:
Մենք ալ դադրինք մեր Դատին նեղ գաղութային ոսպնեակէն դիտելէն, ու տեսնենք լայն հորիզոնները, մտերմանանք Ասլըին հետ ու զինք անկեղծօրէն ընդունինք որպէս մեզի հաւասար պայքարող:



(1) «Արաս» հրատարակչատունը Պոլսոյ ամէնէն գործունեայ հրատարակչատունը ըլլալու կողքին, նաեւ հանդիպման վայր է մտաւորական գործունէութեան: Գլխաւորապէս կը հրատարակէ թրքահայ գրականութիւն եւ թրքերէնի թարգմանուած հայ գրականութիւն:

(2) «Ակօս»-ը Հրանդ Տինքին մահէն ետք վերածուած է անպաշտօն կեդրոնի, ուր կը հաւաքուին հայկական հարցերով եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներով հետաքրքրուող Թուրքիոյ բոլոր ազգութիւններէն եւ կրօններէն, ձախակողմեան եւ ազատական գաղափարի տէր մարդիկ:

 «Ազդակ», Յունիս 8, 2012

No comments:

Post a Comment