ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
Որոշ յապաղումով կ՚անդրադառնամ «Ազդակ»-ի Յունիս 8-ի թիւին մէջ լոյս
տեսած «Զաւարեանական էջ»-ի մէկ հարցազրոյցին, որ երկխօսութեան մը մէջ կը
համատեղէ երկու երիտասարդուհիներ` լիբանանահայ Արազ Գոճայեանը եւ թրքահայ
Ասլը Թիւրքէրը:
Չեմ գիտեր` բաւարար խորքով ըմբռնեցի՞նք տարողութիւնը երկխօսութեան այս
երեւոյթին – եւ սկսելու համար` տարողութիւնը անոր մեկնակէտ
«Ասլը-երեւոյթին»: Տարողութենէ աւելի, պէտք էր խօսիլ տակաւին` պարզ կարողականութեան
մասին. երեւոյթները, իմ արժեւորումով որքան ալ աննախընթաց, իրենց
իրացումը, իրականացումը պիտի կրնան գտնել միմիայն շնորհիւ մեր հաւաքական
ատակութեան` զիրենք ընկալելու եւ գնահատելու…
ՄԵԿՆԱԿԷՏ-ԵՐԵՒՈՅԹԸ . . .
Նախ, ուրեմն, մեկնակէտ-երեւոյթը Ասլը Թիւրքէրն է` իր
ընտանեկան պատմութեամբ, ինչպէս է պատմութիւնը թրքահայ մարտնչող իրաւաբան եւ
պատմիչ-վկայ Ֆեթհիյէ Չեթինի մեծ մօր` Հերանուշի. ինչպէս են` այսօր ա՛լ
դարո՜վ երկարած պատմութիւնները միւս բոլոր «ծածուկ հայերուն»,
պատմութիւնները անոնց «ցկեանս նահատակութեան» (ռահվիրայ-պեղարար
սիրելի հեղինակի մը` ողբացեալ Գէորգ Աբէլեանի այնքա՛ն բնորոշիչ եզրով…): Եւ
որոնք վերջին տասնամեակին աստիճանաբար հասած են ու կը հասնին լոյս աշխարհ:
Ապա` միշտ նոյն մեկնակէտ-երեւոյթին մաս կազմող` Ասլըի ստեղծած, դարբնած սեփական գաղափարական աշխարհը,
յստակ եւ ամուր: Անոր ներքին ուժը, ուժականութիւնը: Երեւոյթներ, որոնք այս
հարցազրոյցին արձագանգող հազուադէպ նամակներէն մէկուն բառերով` «պէտք է
քննուին եւ արժեւորուին մե՛ծ լրջութեամբ, պատասխանատուութեամբ, լայն
հորիզոնով, իրենց կազմած աննախընթաց կացութեան եւ գրաւին համապատասխան
ձեւով»: (Նամականի «Ազդակ»-ի): Հրաւէր` լրջութեան եւ
պատասխանատուութեան, ու միանգամայն` հարցերը լայն հորիզոնով ընկալելու -
հրաւէր ու թելադրանք, զոր կարելի չէ չբաժնել:
Նախ ուրեմն, հայրենի հողերու վրայ վերապրած «ծածուկ» հայութեան մը
փաստը, ե՛ւ անոր գործօն տարրերու -հոգ չէ թէ` առայժմ սակաւաթիւ- ցուցաբերած
մարդկային-գաղափարական նոր ուժականութիւնը, մեր
չափանիշներով դժուար ըմբռնելի քաջութեամբ մը ընկերակցուած: Եւ որ
արձագանգումով այսօր սկսած է հասնիլ` իբրեւ հայ սփիւռք վերապրած-վերաճած
արեւմտահայութեան մնացորդացին, անոր մտաւոր-մշակութային ոլորտին, հեռաւոր
Արեւմուտքէն մինչեւ Միջին Արեւելք:
ԸՆԿԱԼԵԱԼ ԳԻԾԵՐԸ ԽԱԽՏՈՂ, ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑՆՈՂ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ . . .
Հոս կարիքը չեմ զգար վերառնելու հարցազրոյցին դրոյթները,
մեկնաբանելու-վերլուծելու զանոնք. այդ չէ այս սիւնակին առաջադրանքը:
Կ՛ենթադրեմ, որ «Ազդակ»-ի ընթերցողները չեն մոռցած զանոնք (եթէ կարդացած
են` արդէն դժուար թէ մոռնային…): Կը բաւէ քանի մը բառով յիշատակել մի քանի
հիմնականներ, որոնք` թէեւ հովանաւորուած -չես գիտեր` ինչո՛ւ- ծամծմուած ու
ոչ-թելադրական ընդհանուր խորագրով մը («Ես Հայ եմ…») մեծ մասամբ կ՛արտացոլան գրութեան այնքան թելադրական ենթախորագիրներէն.- «Հայացած եմ հանգրուան առ հանգրուան», «Թուրք ինքնութիւնս կ՛օգնէ ինծի եւ բոլորիս», «Պէտք է խօսիլ լեզուով մը, որ թուրքերը կը հասկնան», «Սփիւռքը կարիքը ունի ճանչնալու իր երկիրը»:
Արտասահմանեան հայ մամուլին մէջ («Ակօս», «Նոր Յառաջ»…), կը հանդիպիմ
հարցազրոյցի մէկ ամփոփ տարբերակին, որուն խորագիրն ու ենթախորագիրները
իրենց կարգին խօսուն են, նաեւ «անհանգստացնող», սովորութիւններ
ականահարող.- «Մենք ենք հողին տէրը, ինչպէ՞ս օտար մնանք», «Ես թէ՛ ոճրագործն եմ, թէ՛ ալ զոհը»…
. . . ԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ԾՆՈՂ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ
Այլապէս ուշագրաւ է Ասլըի զրուցակից եւ յօդուածը ստորագրող Արազ Գոճայեանի պարագան, երեւո՛յթ մը` իր կարգին:
Հարցերը դնելու, նորովի քննարկելու իր մօտեցումը, գոնէ միջին-արեւելեան
մեր աշխարհագրա-մշակութային գօտիին համար, կը գտնեմ աննախընթաց, եթէ
նոյնիսկ Արեւմուտքի հայ համայնքներուն մօտ չափով մը գտած է իր տեղը:
Բայց, անգամ մը եւս, եթէ աւանդական հայեցիութեան միջավայրի մը համար,
այսպիսի մօտեցում աննախընթաց է եւ աւելի՛ պայթուցիկ կը հնչէ,- ատով իսկ
թերեւս կը դառնայ աւելի եւս խոստմնալի: Ասլը-երեւոյթով
բեղմնաւորուած` անիկա կը խօսի խոր կարիքէն, պահանջէն` վերանայելու,
վերասահմանելու մենք մեզ, մեր ինքնութիւնն ու պայքարի էութիւնը: «Ազդակ»-ի Նամականիին մէջ տեղ գտած երկրորդ նշմարի մը կտրուկ բառերով` «իսկապէս, ո՞վ է հայը…». կամ «հայոց լեզո՞ւն, քրիստոնեայ կրօ՞նքը, թէ՞ իր երակներուն մէջ հոսող հայկական արիւնն է, որ կը բնորոշէ անձի մը հայկականութիւնը»:
Ասլը-Արազ երկխօսութեան մէջ, երկրորդին` Արազի ներդրումը, քննական ու
անկաշկանդ-անվախ, իր կարգին կ՛արտայայտուի մէջէմէջ, բայց մանաւանդ երբ կը
հակի դէպի իր եզրակացութիւնը: Մի քանի կարեւորներ` յիշեցման կարգով.- «Դիմացս
նստած Ասլըն կը մարմնաւորէր հայու եւ թուրքի յատկութիւններ: Հայ մը, որուն
իւրաքանչիւր ապրում եւ արտայայտութիւն կը փորձէի նմանցնել իմիններուս,
որպէսզի ինքզինքիս փաստեմ, թէ ես ալ այսպիսի դժուարութիւններէ անցած եմ ու
կ՛անցնիմ իմ լիբանանահայ իրականութեան մէջ: Թուրք մը, որ կը պայքարէր
Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դէմ, որուն զոհերէն մէկն էր: Այս
իսլամ թրքահայը ոչ միայն գիտէր Ցեղասպանութեան մասին, այլ ինքն ալ մէկ մեծ
մասնիկն էր այս դատին»: Կամ` «շատ են Սսլըները, զորս պէտք է
գտնել եւ կամ թոյլ տալ, որ անոնք մեզ գտնեն: Ասլըին արիութիւնը մեզի մտածել
կու տայ, թէ ի՛նչ կարելի է սորվիլ մեր պայքարի ուղին ծաւալելու համար (…)
Ասլըին` իր ինքնութեան վերատիրանալու յաղթանակը կը նկատուի մեր բոլորին
յաղթանակը եւ Թուրքիոյ բռնատիրութեան պարտութիւնը: Ապտուլպաքիներու
զաւակները մեր ալ զաւակներն են, որոնց կարիքը ունինք մենք, որքան որ անոնք
մերինին (…)»: Ու տակաւին, ինքնաախտաճանաչումի հատու ակնարկով մը` «մէկ
կողմէ սփիւռքի մեր հանգիստ պայմաններուն մէջ շատ աւելի դիւրին կը
ձուլուինք ու կ՛ուրանանք մեր ինքնութիւնը, իսկ միւս կողմէ շատ դիւրին կը
դառնանք այլամերժ եւ անհանդուրժող»:
. . . ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑՆՈՂ, ԲԱՅՑ ՓՐԿԱՐԱՐ
Այսպիսի հաստատումներ, որոնք ա՛լ կարօտ իսկ չեն մեկնաբանութեան, կրնան անհանգստացնող, խանգարող ըլլալ
մեզմէ ոմանց համար: Թերեւս ատով բացատրուի որոշ լռութիւն մը, որ հետեւեցաւ
հարցազրոյցին ու անոր հարցադրումներուն – չհաշուած` վերը յիշատակուած
«Նամականի»-ի մէկ-երկու արձագանգներ:
Արդեօք հրատապ այժմէութեամբ շրջանային կացութի՞ւն մըն է դիրքորոշային
այսպիսի կենսական սրբագրութիւններէ հեռու` մեզ լուռ պահողը. այլապէս
մտահոգիչ առօրեա՞յ մը… Չեմ գիտեր: Բայց պէտք է զգուշանալ մնայուն կերպով
առօրեայ հոգերով քաշքշուելու փորձութենէն, որ յաճախ արդարացում է մտաւոր
սովորամոլութեան: Ճիշդ ինչպէս զգուշաւորութեան, «խոհեմ» կասկածանքի
կեցուածքը շատ անգամ կը ծածկէ վախ, խուճապ, նորի ու թարմարար, եթէ ոչ փրկարար անծանօթի կոյր մերժում...:
Յամենայն դէպս, կը մնայ մաղթել, որ այսպիսի հարցականներ չվերաբերին
«Զաւարեանական էջ»-ի «Մեր Խօսքը» ներածականին. անիկա ալ` իր կարգին` զերծ
չ՛երեւիր որոշ երկդիմութենէ, որոշ «գաղջութենէ», որոշ մինիմալիզմէ:
Պէտք է մաղթել, որ էական հարցադրումներու հանդէպ չպակսի խլրտուն,
«խանգարիչ» հետաքրքրութիւն մը, նորի որոնման անսանձ ձգտում մը`
հարցադրումին տեղ տուող երիտասարդութեան` գոնէ աւելի արթուն, աւելի զգաստ
մէկ կորիզին մօտ…: Ձգտում, ի դէպ, որ` կարելի չէ չնկատել ու չշեշտել հոս` կանացի՛ ուժականութեան աղբիւրէ մըն է, որ կը մեկնարկուի…
* * *
Արդէն սկիզբը յիշուեցաւ, այս «Լուսանցանիշեր»-ը` հոս, իրենք իրենց կը
վերապահեն պարզ յուշարարի, ցուցիչի դեր մը (ինչպէս եղած են արդէն նոյն
սիւնակագլուխին տակ երբեմն երեւցող այլ գրութիւններ): Անոնք չունին, չեն
կրնար ունենալ ուրիշ ձգտում – մեկնաբանական-վերլուծական յաւակնութիւններ ու
ախորժակներ: Միայն` ուրեմն` նշել, յուշել -այս պարագային` երիտասարդ
ուժերու, երիտասարդ հոգիներու-, որ բոլոր գործընթացները, սկսած`
ինքնագիտակցումէ, ինքնասահմանումէ, ու հասնելով մինչեւ ինքնահաստատման
պայքարները, անհատական թէ՛ հաւաքական,- ենթակայ են տեւական քննարկումի, խնդրարկումի, վերանայումի եւ վերահաստատումի:
Հայեցի ինքնութիւնը, իբրեւ հայ ինքնասահմանումը բացառութիւն մը չէ, չի
կրնար ըլլալ` կենսային եւ հոգեւոր հոլովոյթներու անհամար ոլորտներու
կարգին: Ամէն ժամանակ եւ իրադրութիւն, ամէն սերունդ` պարտի վերսկսիլ
ինքնասահմանումի, ինքնաճանաչումի ճիգը, հեռու` սոսկական «պահպանումի»
անկար, երկչոտ կեցուածքէն: Մեր հազարամեայ պատմութեան խորքային
ընթերցում մը միայն ա՛յս դասը կու տայ մեզի – մնայուն
ինքնա-վերասահմանումի, ինքնանորոգումի, ինքնահամադրումի դաս, ո՛չ
ինքնակրկնումի, «հայապահպանումի»…: Պահպանողականութիւնը` մարդաբանական
առումով, կրնայ համաշխարհային երեւոյթ ըլլալ, մարդկօրէն ըմբռնելի, որքան
ալ` ստեղծարար թափ դանդաղեցնող, կասեցնող: Բայց… մե՛ր պայմաններուն մէջ
սփիւռք դարձած հաւաքականութեան մը համար` անիկա ուղղակի ինքնասպանութիւն է:
«Ասլը-երեւոյթ»-ին առջեւ, «ծածուկ հայերու»` հարիւրամեայ
իրենց կենդանի-գերեզմանումէն յառնումին առջեւ,- կասկածը, խուճապը վատ
խորհրդատու են, երկարաձգուող անտարբերութիւնը, ինքնակրկնումը մա՛հ է: Մեր բոլորին պարտքն է, բայց յատկապէս` երիտասարդութեա՛ն պարտքը, կատարել զգաստ, բայց միշտ խլրտուն, միշտ անհանգիստ խնդրարկումը հայ ինքնութեան, ինքնասահմանումին…:
Ասլը-Արազ երկխօսութիւնը խոստմնալի սկիզբ մը կրնայ կայացնել այդ ճամբուն վրայ:
Պէտք չէ փախցնել առիթը: Երեւոյթը, նաեւ զայն ընկալող երիտասարդ
«հսկող»-ներու երեւոյթը, կ՛ըսէի սկիզբը, կարողականութիւն են. այլ խօսքով`
մասնակի երեւոյթներ - առայժմ: Եւ վախ կայ, որ կրնան այդպիսին ալ մնալ:
Ուրեմն ամէն բան, ի վերջոյ, կախում ունի զանոնք գնահատելու, գրաւելու եւ տնտեսավարելու մեր կեցուածքէն, մեր ատակութեան աստիճանէն: Մեզմէ՛: Անգամ մը եւս` մանաւա՛նդ` երիտասարդութենէն:
«Ազդակ», Օգոստոս 30, 2012
No comments:
Post a Comment