23.8.11

Հայագիտութիւնը որպէս ազատ հետազօտութեան դաշտ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ (*)
 
Հայագիտութեամբ զբաղիլ, որեւէ լեզուով ու որեւէ երկրի մէջ, բարդ պատասխանատուութիւն է։ Ի վերջոյ, հայագիտութիւնը սումերագիտութիւն չէ, որ չորս հազար տարի առաջ անհետացած ժողովուրդի մը ու լեզուի մը հնագիտութեամբ կը զբաղի։ Մենք կ՚ուսումնասիրենք սումերներու ժամանակէն առաջ ու մինչեւ օրս գիտութեան նիւթ հայթայթող ու յարատեւող տարածաշրջանի մը ու ժողովուրդի մը անցեալն ու ներկան՝ ապագայի տեսիլքով։
Ու եթէ օտարը այդ կալուածին մէջ կը մտնէ զուտ գիտական հետաքրքրութենէ կամ մարդկային համակրութենէ մղուած, մեր մուտքը պայմանաւորուած է մեր ժառանգութեամբ։ Կ՚ուզենք գիտնալ ո՞վ եւ ո՞ւր էինք, ո՞վ եւ ո՞ւր ենք եւ ո՞վ եւ ո՞ւր պիտի ըլլանք։ Ընթերցողը կրնայ առարկել, թէ ասիկա մարդ էակի բնական հետաքրքրութեան արգասիքն է՝ իր ինքնութեան որոնումին մէկ բաժինը։ Պիտի ըսենք, սակայն, թէ անկէ աւելի է։ Կ՚ուզենք հետեւիլ հայա-գիտութեան, հայութեան «բան»ին՝ logosին ուսումնասիրութիւնը հետապնդել, նախապայման դնելով արդի գիտութեան սկզբունքներէն մէկը՝ մտքի ու սրտի կապանքներէն ազատութիւնը։
Պէյրութի «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը, որ 1970էն ի վեր լոյս կը տեսնէ համանուն համալսարանի հովանաւորութեամբ, Սփիւռքի մամուլի գիտական այն սակաւաթիւ օճախներէն մէկն է, ուր բուռ մը «խենթեր» քարեր կը գլորեն հայագիտութեան ջրհորին մէջ։
Թող «խենթեր» բառին մէջ որեւէ նսեմացում չտեսնուի։ Արդարեւ, պահ մը մտածենք Սփիւռքի հայագիտական ու հայալեզու մամուլի ներկայ իրավիճակին մասին։ Հայերէն հինգ հանդէսներ լոյս կը տեսնեն (առաջին չորսը նաեւ այլ լեզուներով գործեր կը հիւրընկալեն, իսկ վերջին երեքը լոյս կը տեսնեն Միջին Արեւելքի մէջ)՝ տարեկան, երբեմն աւելի քան տարեկան պարբերականութեամբ։ Ժամանակագրական կարգով, ահաւասիկ.
«Բազմավէպ» (Վենետիկ-Երեւան)
«Հանդէս Ամսօրեայ» (Վիեննա-Երեւան)
«Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք» (Անթիլիաս)
«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս» (Պէյրութ)
«Տաթեւ Հայագիտական Տարեգիրք» (Հալէպ)
Վերջին տարիներուն, Մխիթարեան երկու նահապետներուն բովանդակութիւնը, գրեթէ ամբողջութեամբ արեւելահայերէն է՝ հայրենի մասնագէտներու արտադրութիւնը։ Միջին Արեւելեան երեք հանդէսները, որոնցմէ ներկայիս միայն «Հայկազեան»ը լոյս կը տեսնէ կանոնաւոր՝ տարուէ-տարի ճշդապահութեամբ, աւելի բախտաւոր են այս ուղղութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, հոս ալ կարելի է տեսնել վերջերս արծարծուող արեւմտահայերէնի տագնապին մէկ յայտանշանը. ներկայ հատորը կը պարունակէ 21 արեւելահայերէն եւ 7 արեւմտահայերէն յօդուածներ կամ գրախօսականներ, առանց հաշուելու 7 անգլերէն, 1 ֆրանսերէն եւ 1 արաբերէն նիւթ։
Դժբախտութիւն է, բայց իրողութիւն, որ երկլեզու ու երկմշակոյթ Սփիւռքը, շատ մը այլ բաներու կողքին, չէ յաջողած արտադրել բաւարար թիւով հայագէտներ, որոնք գրէին թէ՛ օտար լեզուով եւ թէ՛ արեւմտահայերէնով, վերջին ըլլալով հայախօս հանրութեան հետ հաղորդակցութեան, հայ գիտական մտքի զարգացման եւ մշակութային արտայայտութեան ուրոյն գործօն մը։ (Այստեղ պէտք է տեսնել «Հայկազեան»ի աշխատակիցներու թիւին մէջ արեւելահայերէնի գերակշիռ ներկայութեան պատճառը)։ Ցաւալի է նշել, որ արեւմտեան ոստաններու  մէջ իրենց հայագիտական կրթութիւնը ստացող կամ զարգացնող շատ հայախօս գիտնականներ չեն դիմեր յաջորդ քայլին՝ իրենց հայերէնի իմացութիւնը գրական աստիճանի հասցնելու, կամ հետզհետէ կը լքեն երբեմնի հայագրութիւնը, քանի որ գիտական յառաջընթացը ապահովելու համար պէտք ունին օտար լեզուներով հրատարակութիւններու։
Խօսեցանք «խենթեր»ուն նետած քարերուն մասին։ Անհրաժեշտ է խօսիլ նաեւ «իմաստուններ»ուն մասին, որոնք լեգէոն կը կազմեն։ Անոնք կը հասկնան, որ հայագիտութեան մէջ թանկարժէք քարեր կը նետուին, սակայն յաճախ յանձն չեն առներ այդ քարերը դուրս հանելու յոյժ անհրաժեշտ գործը։
Քիչ թէ շատ լաւածանօթ ըլլալով նաեւ թէ՛ Հայաստանի հայագիտական մամուլին եւ թէ՛ արտասահմանի օտարալեզու պարբերականներուն, կրնանք վկայել, թէ «Հայկազեան»ը որակի իմաստով չի զիջիր անոնց։ Առաւել եւս՝ անձնական փորձառութեամբ կրնանք վկայել, թէ խմբագրական կազմը անուններու պատուոյ շարան մը չէ, այլ գործօն անձերու պատուաւոր ցուցակ մը, որ քրտնաջան աշխատանք կը կատարէ ամէն մէկ յօդուած վերջնական տեսքի բերելու, զայն անցընելով երկարատեւ զտումի ու մշակումի բովէն։ Երբ որ դուք յօդուած մը կը ներկայացնէք հրատարակութեան, վստահ եղէք, որ ան լոյս պիտի տեսնէ ճոխացած ու բարելաւուած՝ լեզուական խմբագրումով ու բովանդակային փոփոխութիւններով, որոնք այդ անտեսանելի ու «սեւ» գործին արգասիքն են։
Գնահատութեան արժանի է սկիզբէն ի վեր «Հայկազեան»ի հետեւողական քաղականութիւնը՝ հայագիտութիւնը որպէս մէկ ամբողջութիւն դիտելու նախանձախնդրութիւնը։ Կարելի է ըսել, թէ Սփիւռքի բոլոր հայագիտական հանդէսները նոյն մօտեցումը ունեցած են։ Այո՛, վերջին երեսնամեակին, բայց ոչ անկէ առաջ։ Մեզի կը թուի, որ «Հայկազեան»ը ռահվիրայ մը եղած է այս բնագաւառին մէջ, իսկ վերջին երկու տասնամեակներուն ան քայլ պահած է բազմագիտակարգային (multidisciplinaire) ըլլալու արդի պահանջին հետ, գիտութեամբ թէ անգիտութեան որդեգրելով այն սահմանումը, զոր 1966ին այնքան ճշգրտօրէն բանաձեւած էր երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը, երբ դեռ Գարեգին եպիսկոպոս Սարգիսեան էր..
«Հայագիտութիւնը գիտական ուսմանց այն ամբողջութիւնն է, որուն նպատակն է կարելի յստակութեամբ, ճշգրտութեամբ եւ ամբողջականութեամբ մարդկային գիտութեան լոյսին տակ բերել հայ ժողովուրդի անցեալի կեանքը իր բոլոր երեսներուն եւ երեւոյթներուն մէջ՝ նախապատմական ժամանակներէն մինչեւ մեր արդի կեանքը»[1]։
Հոս կը նշմարենք հայագիտութեան համապարփակ բնորոշիչներու շարք մը, զոր կ՚արժէ ի մտի ունենալ.
1)      ամբողջութեան գաղափարը (գիտական ուսմանց ամբողջութիւն, անցեալի բոլոր երեսներն ու երեւոյթները)
2)      գիտականութեան պահանջը (յստակութիւն, ճշգրտութիւն եւ ամբողջականութիւն)
3)      ժամանակային ընդհանրութիւն (նախապատմական ժամանակներէն մինչեւ մեր արդի կեանքը)
Երեսունըմէկ հատորներ մատուցած եւ շատոնց 10.000 էջերու սահմանը անցած «Հայկազեան«ի բովանդակութիւնը կատարելութեան գագաթնակէտը չէ, միշտ կտրելիք ճամբայ կայ, բայց ոեւէ անաչառ ընթերցող պիտի վկայէ, որ ան ցարդ ընթացած է վերոյիշեալ բնորոշիչներուն գծած շառաւիղէն։
Յատկապէս կարեւոր է շեշտադրել ամբողջութեան գործօնը։
Ժամանակակից ընկերային գիտութեան մէջ շարք մը կեղծ հակադրութիւններ ստեղծուած են, որոնց ակունքները պէտք է փնտռել գերմասնագիտացումի, արդարացած կամ ոչ, պահանջին մէջ։ Այդ հակադրութիւններէն մէկը դէմ յանդիման դրած է «դասական գիտութեան» (classicists) եւ «արդիական գիտութեան» (modernists) հետեւորդները։ Ինչ ալ ըլլան այդ պահանջին տուն տուող պատճառները, հայագիտութիւնը, որպէս փոքրամասնական կալուած, չի կրնար ինքն իրեն արտօնել նման հակադրութեան պերճանքը։ Հայագէտը, իր ուժերուն ներած չափով, թէ՛ հին եւ թէ՛ նոր աշխարհի լաւատեղեակ անձ մը պէտք է ըլլայ. 20րդ դարու գրականութեան մասնագէտը չի կրնար անծանօթ ըլլալ Գողթան երգերու գոյութեան։ Հայագիտութիւնը բազմաժամանակեայ, բազմաճիւղ ու բազմամակարդակ շարունակականութեան մը արտայայտութիւնն է, որ կը կազմէ ամբողջական միաւոր մը։ Ան կ՚ագուցուի, իր կարգին, մօտակայ ու հեռակայ երկիրներու եւ ժողովուրդներու հետազօտութեան ընդհանուր համակարգին որպէս անոր մէկ օղակը։ Ահա թէ ինչու մեկուսացումն ու հատուածայնութիւնը մահացու են անոր համար։ Ան պարտաւոր է քայլ պահել այլ բնագաւառներու, ինչպէս եւ տեսաբանական նորութիւններու հետ՝ մնայուն ինքնանորոգումի հետապնդումով։
Շարք մը երեւոյթներ յատկանշած են «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը իր աւելի քան քառասուն տարուան գոյութեան ընթացքին.
·         Աշխարհագրական իմաստով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագէտներու հանդիպումի վայր եղած է,
·         Պատկանելիութեան իմաստով, թէ՛ հայ եւ թէ՛ ոչ-հայ գիտնականներ համախմբած է,
·         Լեզուական իմաստով, հայերէնի կողքին, անգլերէնն ու ֆրանսերէնը, իտալերէնն ու արաբերէնը տեղի տուած է,
·         Ժամանակագրական իմաստով, թէ՛ հնագոյն անցեալի եւ թէ՛ նորագոյն ժամանակներու ուսումնասիրութիւնը քաջալերած է,
·         Մասնագիտական իմաստով, հնագիտութենէն մինչեւ մարդաբանութիւն եւ ձեռագրագիտութենէն մինչեւ սփիւռքագիտութիւն միեւնոյն ուշադրութեամբ ընկալած է։
Թէեւ հանդէսի ներկայ՝ ԼԱ. թիւը, իր աւելի քան 750 էջով գուցէ յագեցած է պատմութեան եւ գրականութեան վերաբերող նիւթերով, ասիկա կը ցոլացնէ անոնց խաղացած կեդրոնական դերը մեր ինքնութեան ձեւաւորման մէջ՝ անոնց բազմազան ու բազմերանգ պատկերով։ Սակայն, կան նաեւ քաղաքագիտական, լեզուաբանական, ընկերաբանական, բանասիրական, արուեստաբանական նիւթեր։ Ընթերցողին հետաքրքրութիւնը սրելու նպատակով, ահաւասիկ ըստ բախտի քանի մը խորագիրներ.
«Հայոց ցեղասպանութիւնը. նոր աղբիւրներ, ուսումնասիրութեան նոր ուղղութիւններ»
«Կոստան Զարեան. աշխարհը եւ մի մարդ»
«Հայերը Չինաստանում 1900-1950ականներին«
«Մուսա լերան պանդուխտներու եւ գաղթականներու կեանքը Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1910-1950ականներուն»
«Գաղափարական հակադրութիւնը սփիւռքահայ թատրոնին մէջ»
«Հայոց մասնակցութիւնը Միշէլ Սլէյմանի նախագահական ժամանակաշրջանի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն»
«Հայերէնի եւ Փոքր Ասիայի հնագոյն լեզուների առնչութիւններ«
«Լեզուի գործածութեան ձեւերը Պէյրութի հայ համայնքին մէջ անցնող 95 տարիներուն»
«Տէր Փիլիպոս Թեքիրտաղցի ու իր տաղերը»
«Վահան Թէքէեանի նամակները Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանին»
«Հալէպի գանձատան սրբազան մասունքներն ու մասնատուփերը»
«Յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ նորութիւններ հայկական տիւիթներուն մասին«
«Իրանահայ բեմարուեստը Ի. դարի 50-70ականներին՝ հայ թատրոնի զարգացման ենթախորքում»
Հայագիտութիւնը ինքնանպատակ չէ։ Ան ուղղուած է գիտութեան վերջին խօսքը բերելու մեր անցեալի ու ներկայի իմացութեան, բայց չ՚ապրիր պարապի մէջ։ Եթէ ընթերցողը չարձագանգէր անոր ու չընդլայնէր իր մտաւոր աշխարհը անոր բերած նորութիւններով՝ քննելով ու վիճելով, ընդունելով ու մերժելով, կը նշանակէ, որ ան լիովին չի հասնիր իր նպատակին։ Ասիկա կը վերաբերի թէ՛ գիտական ընթերցողին եւ թէ՛ շարքային ընթերցողին։
Գիտութեան ու ընթերցողի կապին քննարկումը մեզ կ՚առաջնորդէ յարակից կալուածի մը, որ նոյնքան հրատապ է եւ կարօտ՝  յատուկ լուսաբանութեան։ Հայագիտութեան ինքնանպատակ չըլլալը չի նշանակեր, որ կարելի է զայն դարձնել քաղաքական շահագործումի առարկայ։ Պէտք է մերժելով մերժել նման վնասակար երեւոյթներ, որոնք բռնատիրական վարչակարգի մնացուկի բոյրը կը բերեն եւ պարզապէս կը վարկաբեկեն հայագիտութիւնն ու, անոր հետ, նաեւ անոր ծիրին մէջ աշխատող հայ գիտնականները։ Ո՛չ միամիտ ենք եւ ո՛չ ալ փղոսկրեայ աշտարակի բնակիչներ, որ անկարող ըլլանք հասկնալու, թէ գիտութեան շահագործումը ի՛նչ ծայրայեղութիւններու կրնայ առաջնորդել։  Քիչ թէ շատ իրազեկ մարդը գիտէ, վերջին տասնամեակներու ուսումնասիրութիւններուն շնորհիւ, թէ ինչպէ՞ս եւրոպական մեծ պետութիւններուն մէջ՝ Անգլիայէն մինչեւ Գերմանիա եւ Ֆրանսայէն մինչեւ Ռուսաստան (20րդ դարուն այդ գործը ժառանգուած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ), արեւելագիտութեան քօղին տակ ծնունդ առած «արեւելականութիւն»ը (orientalism) վերջին երկու դարերուն ծառայած է Միջին Արեւելքի տիրապետութեան ձգտող քաղաքական միտումներուն։ Անընդունելի է, սակայն, որ հայագիտութիւնը շահագործուի նմանօրինակ եղանակով կամ ենթարկուի գաղափարախօսական մենատիրութեան այն տխուր ճակատագրին, որ կը յանգի, օրինակ, մեր անմիջական դրացիներուն բազմիցս դատապարտուած հակագիտական արտադրութեան նմոյշներուն։
Հայրենասիրութեան անունով ամէն ինչ արդարացնող եւ իրենց գիտելիքներու պաշարը աւելի օգտակար ձեւով գործածելու ատակ անձնաւորութիւններ, ցաւօք, ձեռնարկած են երեւակայածին «պատմութեան կեղծարարներ» կամ «զազրաբաններ» յայտնաբերելու ամէն քարի տակէն։ Պատմութեան բուն կեղծարարները հնարուած վիճակագրութիւններ, կտրատուած փաստաթուղթեր, վերագծուած քարտէսներ ու վերահպուած լուսանկարներ լոյս կ՚ընծայեն գիտական կամ հանրամատչելի յօդուածներու ու հատորներու տեսքով եւ աշխարհի զանազան լեզուներով, մինչ մենք ականատես կ՚ըլլանք հայագիտութեան անունով շղթայազերծուած «վհուկներու որս«ի մը, որ ո՛չ մէկ բարիք կրնայ խոստանալ եւ որուն, դժբախտաբար, պաշտօնական մարմիններ ու հանրային կարծիքի շերտեր՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, բանիւ թէ գործով, կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ լծակից կամ ունկնդիր կը դառնան երբեմն։
Մեր վերջին դարու պատմութիւնը գաղափարախօսական հոսանքներու խայտաբղէտ շարան մը պարտադրած է հայագիտութեան, իսկ այսօր, մեր անկախ պետականութեան վերականգնումի լոյսին տակ, զայն քաղաքական վերահսկողութեան ենթարկելու նոր փորձեր կ՚ըլան՝ բացայայտէն մինչեւ աննշմարելին։ Դերակատարները կրնան փոխուած ըլլան, բայց ո՛չ՝ դերերը։ Գիտական ընդունուած տեսակէտներէն տարբերող տեսութիւնները կամ ընկալումները (երբեմն՝ բացայայտ վրիպումները) պատրուակ կը դառնան գաղափարական մեղադրանքներու, դաւադրական տեսութիւններու, մինչեւ իսկ բռնատիրական վարչակարգ բուրող ամբաստանագիրերու։ Ո՜չ ոք իրաւունք ունի անսխալականութեան պատմուճան հագնելու կամ, անմեղութեան պատրուակով, առաջին քարը նետելու...։
Արդարեւ, վերջին տարիներուն որպէս իւրայատուկ «դպրոցներ» կամ «ուղղութիւններ» հոլովուած «Հայաստանի հայագիտութիւն», «Սփիւռքի հայագիտութիւն», «Ամերիկայի հայագիտութիւն« կամ «Եւրոպայի հայագիտութիւն» հասկացութիւնները պարզապէս գոյութիւն ունին, Չարենցի խօսքով ըսուած, որպէս զանոնք հոլովողներուն «ուղեղային մորմոքը» միայն։ Աշխարհատարած հայագիտութեան մշակումի վայրերէն մէկ քանին չարամտօրէն հակադրելը, գերադասելը կամ ստորադասելը միայն կրնայ նկատուիլ մեր հասարակաց հետաքրքրութեան դաշտին մէջ սեպ խրելու դատապարտելի փորձ մը։ Գնահատելի է, որ «Հայկազեան»ը միշտ ձգտած է նման վնասակար ուղղութիւններէ վեր մնալ։
Եթէ մենք կոչուած ենք աւելի ժողովրդավար ու հանդուրժող ընկերութիւն մը կառուցելու՝ թէ՛ հայրենի հողին վրայ եւ թէ՛ անկէ դուրս, ԻԱ. դարու արշալոյսին այլեւս չենք կրնար ԺԹ. դարու բարքեր ու վարքեր հանդուրժել։ Ազգայինի, միջազգայինի կամ համաշխարհայինի ծածկոյթին տակ պահուըտած միահեծան գաղափարախօսութիւններու իմացական ահաբեկչութիւնը անյարիր է մտաւոր ազատութեան պահանջին հետ։ Հայագէտը պէտք է ազատօրէն ու խղճմտօրէն կարենայ հետապնդել իր գիտական հետաքրքրութիւնները եւ գնահատուի կամ քննադատուի իր աշխատանքին որակին համեմատ, անաչառ ու անկողմնակալ կերպով։ Գիտութեան յառաջընթացը կարծիքներու բախումէն կը ծնի եւ ո՛չ թէ  պարտադրումէն։։ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս«ը այդպիսի բացախօսութեան բեմ մըն է աշխարհի բոլոր հայագէտներուն համար եւ կը մաղթենք, որ անշեղօրէն պահէ այդ սկզբունքը։
 «Նոր Յառաջ», Յուլիս 2, 2011

(*) Բանախօսութիւն, տրուած՝ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԼԱ. հատորի շնորհահանդէսին, Պէյրութ, «Հայկազեան» համալսարան, Յունիս 22, 2011։


[1]Գարեգին եպս. Սարգիսեան, «Հայագիտութեան հարցը Սփիւռքի մէջ», Բագին, 4, 1966, էջ 28։

2 comments:

  1. Սիրելի Տիար Վարդան Մատթեոսյան, Անկասկած Ձեր առաջադրած մտահոգություններն ու դիտողություններն ավելի քան ճշմարիտ են: Ես նույնպես առիթ եմ ունեցել համագործակցելու Հայկազյան Հայագիտական հանդեսի հետ և ուրախ եմ, որ մի խումբ նախանձախնդիր և պատասխանատվություն ունեցող նվիրյալների շնորհիվ լույս է տեսնում հանդեսը, որում ընդգրկված նյութերը հարստացնում են հայագիտության զանազան ճյուղերը: Կարծում եմ, որ այսօր ընդհանուր հայագիտությանը պակասում է միասնական և նպատակային աշխատանքը, միմյանց ճանաչելուն և միմյանց լրացնելուն ուղղված ջանքերը: Գուցե նաև համընդհանուր ռազմավարության պակաս կա: Մեկ օրինակ եմ ուզում բերել՝ հրաշալի մատենաշար է ՄԱՏԵՆԱԳԻՐՔ ՀԱՅՈՑԸ, որի կարիքն իսկապես ունենք: Բայց մյուս կողմից հատկապես ոսկեդարյան պատմիչների գործերի բնագրերի վերահրատարակության ժամանակ հաշվի չեն առնված տարիների ընթացքում տարբեր հեղինակների կողմից արված դիտողություններն ու շտկումները, այսինքն՝ ինչ-որ բան կրկին թերի է: Հուսանք, որ անկախ պետականության շնորհիվ լրջագույն մոտեցում և ռազմավարություն կորդեգրվի հայագիտության հարցում, որից միայն ու միայն կշահենք ամենքս: Սիրով՝ Տիգրան սրկ. Բաղումյան

    ReplyDelete
  2. Սիրելի Տիգրան սրկ., Շնորհակալ եմ ձեր մեկնաբանութեան համար։ Ձեր գնահատանքներուն կողքին, համաձայն եմ նաեւ, որ հայագիտութեան մէջ միասնական աշխատանք եւ փոխադարձ ճանաչում կը պակսի, ինչ որ հետեւանք է բազմաթիւ ազդակներու։ Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ,որ գերքաղաքականացումն ու հատուածականութիւնը իրենց դերը կը խաղան հոս։ Ըստ էութեան,«Մատենագիրք հայոց»ի բնագիրներու հրատարակութեան ծանօթ չեմ,որ կարենամ կարծիք յայտնել այդ մասին։ Կ՚արժէր,որ առանձին ուսումնասիրութեամբ անդրադառնայիք։ Սիրով՝ Վարդան Մատթէոսեան

    ReplyDelete