17.5.11

Ես ո՛չ խճանկար, ո՛չ էպրու եւ ո՛չ ալ Անատոլիոյ գոյն եմ

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ
Հայացուց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ապրիլ 24, 2011ին, 25ամեայ թրքահայ զինուոր մը՝ Սեւակ Շահին Պալըքճը, սպաննուեցաւ թուրք զինակիցի մը՝ Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ, իր ծառայութիւնը աւարտելէ երեք շաբաթ առաջ։ Պաշտօնապէս «արկած» որակուած այս սպանութիւնը կասկածելի ու հակասական բազմաթիւ կէտեր ունի՝ խորհրդանշական թուականէն սկսեալ։ «Ակօս» շաբաթաթերթը տեղեկագրած է իր Մայիս 6ի թիւով.

«Այդ պահուն զինուորներու մօտ հսկիչ սպայի մը բացակայութիւնը որպէս թերացումի ապացոյց կը տեսնուի։ Փաստաբան Ճէմ Հալավուրթ զինուորական աղբիւրներու յենելով ըսաւ, թէ նման աշխատանքի մը պահուն պայման է սպայի ներկայութիւնը։ Հալավուրթի խօսքերով, զինուորական պատասխանատու մը ըսած է, թէ արգիլուած է սպայի մը բացակայութեան զինուորներուն զէնքի մէջ փամփուշտ տեղադրելը։
Ըստ Հալավուրթի, ականատեսներու վկայութիւնները հակասական էին ու մակերերսային։ Կարելի է որ ականատեսներու պատուիրուած ըլլան։ "Բոլոր զինուորները յայտնեցին, թէ դէպքը արկած մըն է։ Պատասխանատուներն ալ մեծ ջանք վատնեցին արկածի մը վարկածը հաւատացնելու համար։ Բայց դէպքին պատահելու ձեւը մեզի համոզիչ չի թուիր։ Սեւակի եւ Աղաօղլուի լաւ ընկերներ ըլլալը ըսին, բայց այս մասին ալ համոզիչ տուեալներ չկան։ Հետեւաբար մեր կասկածները կը շարունակուին"։
Հալավուրթ մեր ուշադրութեան յանձնեց այլ իրողութիւն մը։ Դէպքը պատահած էր ժամը 11։00ին եւ հայցագիրները առնուեցան ժամը 17:30ին։ Այժմ կասկած գոյացած է, որ ականատես զինուորները պատուիրուած են այդ ժամանակամիջոցին։ Աղաօղլու Քօզլուքի Հաշտարար Պատժական Ատեանին հայցէն ետք ազատ արձակուած էր։ Ան նախորդ օր կրկին ձերբակալուեցաւ Տիարպէքիրի Զինուորական Դատախազի պահանջով։
Մինչ այդ, պարզուեցաւ նաեւ, թէ Սեւակ Պալըքճըն սպաննող Քըվանչ Աղաօղլուն համակրանք ունէր Պիւլիւք Պիրլիք Կուսակցութեան նախկին նախագահ Մուհսին Եազըճըօղլուի նկատմամբ։ Անոր Ֆէյսպուքի անհատական կայքէջին վրայ կային Եազըճըօղլուի նկարները, յօդուածները եւ ազգայնամոլ բանաստեղծներէ քերթուածներ։ Յիշեցնենք, թէ Հրանդ Տինքի ոճրագործներն ալ նոյն կուսակցութեան համակիրներ կամ անդամներ էին»։
«Ակօս»ի նոյն թիւին մէջ, Թալին Սուճեան հրատարակած է հետեւեալ կարճ, սակայն խռովիչ յօդուածը, որ լոյս տեսած թրքերէն բնագրով եւ հայերէն թարգմանութեամբ։ Թարգմանութեան լեզուական անհարթութիւնները նկատի ունենալով, որոշեցինք բնագիրը կրկին հայացնել՝ մեկնելով յօդուածին անգլերէն թարգմանութենէն, զոր նախօրօք արտատպած էինք «Ազատ Ալիք» կայքագիրէն (azadalik.wordpress.com)։

Սկիզբը զիս մշակոյթներու ձեր խճանկարին մասնիկի վերածած էիք, որպէսզի ի վիճակի ըլլայիք հանդուրժելու։ Բայց այդ գաղափարին անշարժութիւնը արագօրէն հասկնալէ ետք, զայն կճանկար (էպրու) (*) դարձուցած էիք։ Խճանկար ըլլար թէ կճանկար, բոլորդ համաձայնած էիք, որ ես «Անատոլիոյ գոյն» մըն էի։ Սակայն, ես ո՛չ ձեր էպրուն եմ, ո՛չ ձեր խճանկարը, ո՛չ ալ ձեր Անատոլիոյ գոյն մը։ Գիտեմ որ կրնամ գունաւորուիլ միայն եթէ մեռած-չքացած ըլլամ, անձայն ու անհետ կորսուած. պատմութիւնս որքան քանդէք, այնքան գունաւոր կը դառնամ ձեզի համար։
Կրկնեմ. ես ո՛չ ձեր կճանկարն եմ, ո՛չ ձեր խճանկարը, ո՛չ ալ ձեր Անատոլիոյ գոյն մը։ «Ի՞նչ ես, ուրեմն», թերեւս հարցնէք։ Ես սուրի մնացորդաց շառաւիղն եմ, պղծուած կանանց դուստրը, բազմիցս տարագրուելու ստիպուած եւ վերջին դարուն իր հազարամեայ հողէն ջնջուած ժողովուրդի մը զաւակը։ Դուստրն եմ գերեվարուած, ինքն իրմէ օտարուած, ստորադաս ժողովուրդի մը, որուն գոյութիւնն ու բնաջնջումը ժխտուած են, որուն տաճարները, դպրոցները, հիմնարկները, նոյնիսկ անդամներուն սրտերն ու մտքերը տակնուվրայ եղած են։ Զիս կը կոչեն թուրքիացի հայ անունով։
Ապրիլ 24ին, հայ մը մեռ(ցու)եր է զօրակայաններուն մէջ։ Հայերը բնազդով գիտցեր են ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա։ Բայց Էկէմէն Պաղըշ՝ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարարը, յայտնած է, թէ «մեր Սեւակ եղբայրը Անատոլիոյ գոյները կը ներկայացնէ»։ Պաղըշ իրաւացի է. մեռած հայը մի՛շտ «մեր եղբայրն» է։ Այո՛, մենք գոյն մը կը ներկայացնենք. խոր, անհուն սեւը։ Անծա՛յր սեւը։
Սեւակի սեփ-սեւ աչքերը մեզի սեւեռած են, Սեւակը փաթթուած է ամենասեւ գոյներով։ Կրնա՞ք այդ աչքերուն նայիլ՝ ուտելիքի, եղանակներու եւ եղբայրութեան պարապ խօսքերը մէկդի դնելով։
Խնդրեմ, մի՛ փորձէք զգալ հարիւր տարուան տառապանքը։ Սակայն, Սեւակի յուղարկաւորութենէն կրնաք հասկնալ այն բռնութիւնը, որուն ենթարկուած ենք։ Թէ ինչպէ՛ս եկեղեցին խլուած է իր հօտէն, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ իրաւատէրերէն։ Պատարագին յաջորդող վարդապետին դամբանականէն կրնաք հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս Թուրքիա մնացող այս հայերը դատապարտուած են յաւերժ փրկագին վճարելու իրենց վերապրումին համար։ Մի՛ ակնկալէք, որ մենք շարունակենք խօսիլ, որովհետեւ երբ այդպիսի փորձ մը կ՚ընենք, բառերը կը ծիծաղին մեր դիմացը։ Բաժնեցէ՛ք այս առանձնութիւնը։


(*) Թուրքիոյ մշակութային այլազանութեան ներկայ ճարտասանութիւնը յաճախ կը դիմէ ebru-ի եւ խճանկարի պատկերներուն։ Ebru-ն հին օսմանեան թուղթ ծալելու արուեստն է, երբ յատուկ տեսակի թուղթ մը աւազանի մը մակերեսին վրայ կը դրուի՝ մէջընդմէջ ծփացող գոյներն ու գիծերը ծծելու համար։ Խճանկարի պատկերը երկրի իւրաքանչիւր խմբաւորում կը ներկայացնէ որպէս խճանկար ստեղծող մարմարի շերտ մը (Ծ. Թ.)։

No comments:

Post a Comment