Showing posts with label Digilib. Show all posts
Showing posts with label Digilib. Show all posts

21.1.15

Հարցազրոյց հայ գրականութեան թուայնացման ծրագրի համահեղինակ Մերուժան Կարապետեանի հետ

«Նոր Յա­ռաջ» - Դուք թուայ­նա­ցու­ցած էք հայ­կա­կան դա­սական գրա­կանու­թիւնը։ Կը խնդրէինք այդ առնչու­թեամբ որոշ ման­րա­մաս­նութիւններ փո­խան­ցել։
Մե­րու­ժան Կարապետեան - Ինչպէս ըսիք, մենք թուայ­նա­ցու­ցած ենք 5-18 դա­րերու հայ դասական գրա­կանու­թիւնը, այ­սինքն մա­տենա­գիր Կո­րիւ­նէն մին­չեւ աշուղ Սա­յեաթ Նո­վա։ Այս նիւ­թե­րը 1999 թուակա­նէն արդէն ազատ օգ­տա­գործման հա­մար զե­տեղած ենք համացան­ցի վրայ։ Ընդհա­նուր առ­մամբ շուրջ 3.000 միաւոր գրա­կանու­թիւն, որ պատ­կեր չէ, այլ թուայ­նա­ցուած, որ բաժ­նուած է գլուխնե­րու, ըստ հե­ղինակ­նե­րու անուննե­րուն եւ գոր­ծե­րուն։