ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Վերջին հրապարակումները կ՛ըսեն, թէ Հայաստանի հասարակական կեանքէն ներս
ամրացած օլիգարխներուն թիւը այսօր արդէն կը հասնի յիսունի։ Յստակ չէ, թէ
ինչպիսի՞ չափորոշիչներ օգտագործուած են այս քննարկման համար եւ թէ որքա՞ն
վաւերական է այս թիւը։ Այնուամենայնիւ յստակ է մէկ բան։ Օլիգարխիան
արմատացած երեւոյթ է մեր երկրին մէջ իր բոլոր բացասական դրսեւորումներով,
ներառեա՛լ՝ իրմէ սերած քաղաքական մշակոյթը, որ այսօր տիրաբար կը տնօրինէ
մեր երկրի կենսագործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները։ Հետեւաբար խիստ
կարեւոր է, որ հայ քաղաքական միտքը մօտէն զբաղուի այս հարցով եւ սկսի
բացայայտել օլիգարխիայի ներքին մեքենականութիւնը։ Եթէ ճիշդ է յիսունի
հաշուարկը, ապա պարզ է, որ մօտ յիսուն հոգի, ինչ-ինչ միջոցներով, վերջին
քառորդ դարու ընթացքին յաջողած են երկրի ներքին քաղաքատնտեսական տարածքը
գրաւել եւ հաստատել իրենց խմբական տիրապետութիւնը ամենուրեք։ Եւ այս մէկը՝ ի
հեճու՛կս մեր ժողովուրդի անօտարելի իրաւունքներուն։