ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ
Որքան
ալ հասարակաց դէպք մըն է, այսինքն՝ համայնքի մը, ժողովուրդի մը
ոչնչացումը, այնքան ալ ներքին, ընտանեկան խնդիր մըն է։ Մարդիկ կան
որոնց անունները հասած են միայն ինծի, անոնց մասին գրեթէ ոչինչ
գիտեմ եւ կը մնամ կախուած այսպէս չգիտցած դէմքերէս։
Մանկութենէս լսած եմ անոնց անհետացումը, երբեմն արիւնոտ
պատմութիւնները, որ փոխանցուեր են ծանօթ կամ անծանօթ
բերաններէ, կրկնուեր ու աճեր, ինչպէս ծնողները երախաները
քնացնելու համար հեքիաթներ կը պատմեն։