ՔՈՒԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Արամ Քերովբեան ծնած է Պոլիս։ Ճարտարագիտական
ուսումը աւարտելէ ետք, 1977ին, փոխադրուած է Փարիզ եւ
անմիջապէս մտած՝ երաժշտական ասպարէզին մէջ։ Միջին-արեւելեան
զանազան երաժիշտներու հետ աշխատելէ յետոյ, միացած է հայկական
ժողովրդական եւ աշուղական երաժշտութեան «Կոչնակ» խումբին, ապա
ստեղծած՝ «Ակն» անունով եկեղեցական երաժշտութեան կեդրոնը եւ
երգչախումբը։ 1990էն ի վեր երաժշտապետն է Փարիզի «Սուրբ
Յովհաննէս Մկրտիչ» եկեղեցւոյ։ Աւարտած է երաժշտագիտական
տոքթորականը։ Իր կողակիցին՝ երգչուհի Վիրճինիա Փաթթիին հետ
ունեցած են երեք զաւակ։