Showing posts with label Հրաչեայ Աճառեան. Show all posts
Showing posts with label Հրաչեայ Աճառեան. Show all posts

10.11.19

Լեզուաբանական պարբերականները հայ իրականութեան մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Մեծ ուրախութեամբ իմացանք, որ ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի ինստիտուտի կողմէ հրատարակուած «Լեզու եւ լեզուաբանութիւն» հանդէսը իր 20րդ յոբելեանական թիւը հրատարակած է, որուն շնորհանդէսը կատարուած է անցեալ Սեպտեմբերին: Իր գիտական կուռ բովանդակութեամբ Լեզուի ինստիտուտի աւանդներուն հաւատարիմ ու հետեւորդ հանդէսը կը մնայ հայերէնագիտութեան ջահը կրող ու դէպի ապագայ տանող կարեւոր հրատարակութիւն մը, որուն համար պէտք է շնորհաւորել ինստիտուտի ղեկավարութեան ու հանդէսի գլխաւոր խմբագիր, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր Վազգէն Համբարձումեանի նախաձեռնութիւնն ու տքնաջան աշխատանքը անցնող քսան տարիներուն ընթացքին: