ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գործող հայոց մշակոյթի սրբազան
վայրերէն մին՝ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը,
համալրուեցաւ անգնահատելի գանձով մը: Թանգարանի ձեռագրային բազմահազար
նուիրատուութիւններուն աւելցաւ Միսաք Մեծարենցին պատկանող ձեռագիր մը եւս:
Փարիզաբնակ ծանօթ մտաւորական Հրայր Հրաչեան թանգարանին նուիրաբերած է
Միսաք Մեծարենցի հանրայայտ՝ «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական»
աղօթք-բանաստեղծութեան ինքնագիրը: Հայ քերթողութեան այս գլուխ գործոցը
Միսաք Մեծարենց գրած է կեանքին վերջին ամիսներուն՝ կոչելով զայն «Արդի
մարդուն Հայր մերը»: Ծանօթ է նաեւ, որ Մեծարենց այս քերթուածը նուիրած է իր
մեծանուն նախորդին՝ Պետրոս Դուրեանի եղբօրը՝ Եղիշէ արքեպիսկոպոս
Դուրեանին: