ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Կիրակի, Դեկտեմբեր 15, երեկոյեան ժամը 7ին, Նիկոսիոյ (Կիպրոս) Ազգային առաջնորդարանի «Վ. Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց-քննարկում, ընդհանուր նիւթ ունենալով՝ «Հայատառ մամուլին դիմագրաւած խնդիրները»: Ձեռնարկը նուիրուած էր Գերշ. Տ. Վարուժան արք. Հերկելեանի մամլոյ-հրատարակչական գործունէութեանց 25ամեակին, որոնց մէջ յատկապէս՝ «Արծիւ» ամսաթերթի եւ «Գառնի» մատենաշարի խմբագրական աշխատանքները: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր կիպրահայ հայատառ մամուլի օրկաններուն, ի մասնաւորի պրն. Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ, եւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը՝ կիպրահայ պետական ներկայացուցիչ պրն. Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ ներկայութիւնը՝ հայ մամուլով հետաքրքրուող ազգայիններու: