Showing posts with label «Երեւան». Show all posts
Showing posts with label «Երեւան». Show all posts

3.3.15

«Երեւան քաղաքի ամսագիր» (. . . եւ անձնագիր հարազատ)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Հայրենի գրա­վաճա­ռանոց­նե­րու մէջ չէ հա­ւանօ­րէն, ոչ ալ մա­նաւանդ՝ մա­տենա­դարան-գրա­դարան­նե­րու, որ հան­դի­պած պի­տի ըլ­լաք այս հրա­տարա­կու­թեան։ Ինչպէս ես, դուք ալ կրնաք զայն տե­սած ըլ­լալ (թե­րեւս), բայց նուազ «պատ­կա­ռելի» վայ­րե­րու մէջ - կեդ­րո­նի բա­նուկ սրճա­րան­ներ, հան­րա­խանութնե­րու գան­ձարկղեր, հիւ­րա­նոց­նե­րու ընդունելութեան գրա­սեղան­ներ...։
Իր էջա­չափը, թապ­լոյիտի մօ­տեցող, այ­սինքն տա­րածուն։ Շա­պիկը՝ գու­նա­գեղ-նկարազարդ։ Ընդ­հա­նուր երե­ւոյ­թը՝ գո­վազ­դա­յին մա­մու­լի։ Այս բո­լորը կրնան թե­լադ­րած ըլ­լալ թեթեւու­թեան, անլրջու­թեան նախ­նա­կան տպա­ւորու­թիւն, որ նոյ­նիսկ հաս­տա­տուիլ կը թուի հապ­ճեպ նա­յուած­քով մը առա­ջին էջե­րուն - ոչ-աւան­դա­կան էջադ­րում, ինքնա­տիպ գո­վազդներ, տեղ-տեղ՝ երե­ւանեան ժո­ղովրդա­կան լե­զուի ցու­ցա­կան ներ­կա­յու­թիւն...։
Առանց դեռ մոռ­նա­լու փաս­տը, որ «Երե­ւան (քա­ղաքի ամ­սա­գիր)»ը «տա­րած­ւում է անվճար», ինչպէս կը ճշդէ շա­պիկին ներ­քե­ւի մա­սը զար­դա­րող պի­տակը, թեր­թի «ապրանքա­յին» ինքնու­թիւնը ճշդող ցպի­կաւոր ծած­կա­նիշին՝ քո­տին կող­քին։