Էրեբունիի
մէջ հայ-ֆրանսական արշաւախումբին ութ տարուան պեղումները տուած
են հետաքրքրական արդիւնքներ: Ծրագիրը մօտեցած է իր աւարտին,
սակայն յոյս կայ, որ անիկա շարունակուի, լրագրողներու հետ
հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի» պատմահնագիտական
արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Գիւրջեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ հայ-ֆրանսական արշաւախումբը իր
աշխատանքներուն սկսած է Էրեբունիի մէջ 2008-ին, իսկ ծրագիրը
գանձատրուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
«Այս պեղումները երեք կարեւոր խնդիր լուծած են՝ հնագէտները
հանդէս կու գան իրենց հետազօտական, գիտական բացայայտումներով,
կը համագործակցինք ֆրանսական հնագիտական կարեւոր կառոյցի
հետ: Մեզի համար այս պահուն կարեւորը երրորդ խնդիրն է. կը
նախապատրաստուինք Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակին: Մինչեւ 2018
թուականը պէտք է որոշակի վերականգնողական աշխատանքներ
իրականացնենք, այս պեղումները տուած են նման հնարաւորութիւն»,
ըսած է Գագիկ Գիւրջեան:
Ան կարեւոր համարած է այն փաստը, որ պեղումներուն մասնակցած են նաեւ իրանցի հնագէտներ:
Հայ-ֆրանսական արշաւախումբին հայկական կողմի
ղեկավար Միքայէլ Բադալեանի խօսքով, այս պեղումները կու տան շարք
մը հարցերու պատասխաններ, բայց միաժամանակ նաեւ նոր հարցեր
յառաջ կը բերեն: Ան ըսած է, որ 1950 թուականին գտնուած է սեպագիր
արձանագրութիւնը, որ կը համարուի Երեւանի ծննդեան վկայականը,
իսկ 1968 թուականին, ըստ այդ արձանագրութեան, կը լրանար
Էրեբունի-Երեւանի 2750-ամեակը:
«Այս առումով պեղումները լայն թափ ստացան: Որոշ հատուածներու
մէջ արագ կ՚ընթանային, որու հետեւանքով շարք մը շերտեր չէին
արձանագրուած», ըսած է հնագէտը, աւելցնելով, որ այս
պեղումներու ընթացքին իրենք շեշտը դրած են ժամանակաշրջանի մը
վրայ, որ կը կոչուի յետուրարտական:
«Անընդհատ կը խօսինք ուրարտական ժամանակաշրջանի,
կառոյցներու, պատմութեան մասին, այնուհետեւ արդէն Աքեմենեան
ժամանակաշրջանի մասին: Ուրարտական պետութիւնը վերացած է Ք.Ա. 640-ականներուն (*), Աքեմենեան պետութիւնը հիմնադրուած է Ն. Ք.
6-րդ դարու կէսերուն: Այդ միջանկեալ հատուածի մասին մենք ոչինչ
գիտենք: Հայ-ֆրանսական արշաւախումբին պեղումները բաւական
տեղեկութիւն կը հաղորդեն այդ ժամանակաշրջանին մասին: Այդ
շրջանը նաեւ կարեւոր է այն առումով, որ կը սկսի ձեւաւորուիլ
Երուանդունիներու թագաւորութիւնը», նշած է ան:
Միքայէլ Բադալեան ըսած է, թէ խորհրդային շրջանէն կը խօսուի
սիւնազարդ դահլիճին մասին, որ կը համարուի Խալդ Աստուծոյ տաճարի
բաղկացուցիչ մասը:
«Այս պեղումները կու գան ապացուցել, որ կառոյցը
յետուրարտական շրջանին կառուցուած է: Նման է մարական
ժամանակաշրջանի յուշարձաններու: Նման է Իրանի մէջ գտնուող
Կոտին-թեփէ սիւնազարդ դահլիճին, գրեթէ ճիշդ նոյն
ժամանակաշրջանով կը թուագրուի», ըսած է ան:
Հնագէտը տեղեկացուցած է, որ պեղումները հիմնականօրէն
իրականացուած են Խալդի աստուծոյ տաճարին եւ յարակից
տարածքներուն մէջ: Յայտնաբերուած է գեղեցիկ խճապատ փողոց, որ կը
գտնուի Խալդի աստուծոյ տաճարին արեւելքը: Մօտ 10 մեթրէն ետք կը
թեքուի դէպի աջ: Ամբողջութիւնը պէտք է ըլլայ 30 մեթր:
«Եթէ մենք կը համարենք, որ Էրեբունին մեր մայրաքաղաք
Երեւանի օրրանն է, կարելի է ըսել, թէ մենք յայտնաբերած ենք
Երեւանի ամենահին փողոցը կամ փողոցներէն մէկը», նշած է
հնագէտը՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ ուրարտական որեւէ այլ
կառոյցի մէջ նման փողոց չէ արձանագրուած:
«Ան իր որակով կրնայ նոր հաղորդումներ տալ Էրեբունիի
պատմութեան կարեւոր փուլի մը համար: Փողոցի հետ մէկտեղ ճշդուած են
երկրաշարժի հետքեր: Հրաւիրած ենք հայ եւ ֆրանսացի
մասնագէտներ, որոնք հաստատած են երկրաշարժի հետքերը: Ըստ մեր
դիտարկումներուն, ան պատահած է Ք.Ա. 7-րդ դարու կէսերուն: Կարեւոր
հանգամանք մը, որ մեզի թոյլ կու տայ ըսել, թէեւ վարկած կայ, թէ
ինչո՞ւ կառուցուած է Թէյշեբայինի բերդ-ամրոցը: Ինչո՞ւ Ռուսա
Բը, ունենալով Էրեբունի, Արգիշտիխինիլի ամրոցները
Արարատեան դաշտին մէջ, կառուցած է նաեւ Թէյշեբայինին:
Էրեբունիէն շարք մը իրեր Էրեբունիի մակագրութեամբ տեղափոխուած
էին Թէյշեպայինի: Ինչո՞ւ տեղափոխուած էին: Թերեւս երկրաշարժի
պատճառով», մանրամասնեց Միքայէլ Բադալեան:
Պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են քարէ հիմքեր. ըստ
անոր, չի բացառուիր, որ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կառոյց
ըլլայ։
«Սկզբնական փուլին Էրեբունին այնպէս չէ եղած, ինչպէս կը
տեսնենք: Գուցէ Խալդի, Սուսի տաճարները եւ այդ կառոյցը
տեղակայուած են մէկ համալիր կառոյցի մէջ: Հին Մերձաւոր
Արեւելքի մէջ ունինք հաստատուած շարք մը ծէսեր, երբ ծէս մը կը
սկսէր տաճարի մը մէջ, կ՚աւարտէր այլ տաճարի մը մէջ: Գուցէ
ծիսապաշտամունքային համալիր էր: Նման պատկերները դրուագուած են
նաեւ ուրարտական գօտիներու վրայ», ըսած է ան:
Փարիզի հնագիտական ծառայութեան ղեկավար Սթեֆան Տեշամփ նշած
է, որ պեղումները ոչ միայն կարեւոր նշանակութիւն ունին
հնագիտական առումով, այլ նաեւ Էրեբունիի վերականգնումի,
վերստեղծումի աշխատանքներուն համար:
«Այս պեղումները նման աշխատանքներու համար բաւականին լաւ հիմք կու տան», նշած է ֆրանսացի մասնագէտը:
«Ժամանակ», 9 Յուլիս 2016
(*) Սովորաբար կը համարուի, որ ուրարտական պետութիւնը յարատեւած է մինչեւ Ք.Ա. 590 թուականը («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment