ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ատենէ մը ի վեր շրջանառութեան մէջ դրուած է այս հարցումը։
Սփիւռքը ընդարձակ պարտէզ մըն է, ուր կան մեծ ու փոքր ծառեր, այլազան թուփեր, երփներանգ ծաղիկներ…։
Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր մասնայատուկ բոյրը, թոյրը, համը։
Հալէպը, այդ պարտէզին մէջ, սաղարթախիտ ծառ մըն էր, որուն պտուղները առաւելագոյն չափով ինկեր էին իր շուքէն հեռու…։
Հալէպ, ամբողջ արտասահմանի ու Հայաստանի համար, քիչ մը կղզիացած, ինքնամփոփ, աւանդապահ գաղութ մըն էր, որ բնականաբար չունէր Փարիզի, Լոս Անճըլըսի կամ նոյնիսկ Պէյրութի հմայքն ու համբաւը։
Քաղաքը, ինքնին, Արեւելքի խորհրդանիշն էր։ Որքան ալ Ծառուկեան «երազային» մակդիրով բնորոշած ըլլար զայն ու պատուած՝ գրականութեան մէջ, Հալէպ շատերու համար կը շարունակէր մնալ այն նախնական բնակավայրը, որուն փոշոտ ու ցեխոտ փողոցներէն երթեւեկող բնակիչները «աներազ» մարդիկ էին…։
Այնուամենայնիւ, հայկական Հալէպը բոլորին կողմէ ընդունուած էր իբրեւ «Մայր գաղութ», այս բառին պատմական ու բարոյական զոյգ իմաստներով։ Մեր լամբակին անցուած ոսկեայ շքանշան մըն էր այս, ու մենք ուրախ էինք ատով…։
Վերջին երեք տարիներու Սուրիոյ պատերազմական աննախադէպ իրադարձութիւնները սակայն, մանաւա՛նդ Քեսապի խորհրդաւոր անցուդարձերը («գրաւում» - «ազատագրում»), ինչպէս նաեւ Հալէպի ողբալի վիճակն ու հայախիտ Նոր Գիւղ թաղամասի դիտաւորեալ ռմբակոծումն ու համատարած քանդումները՝ լուսարձակի տակ բերին մեր երբեմնի շէն ու «երազային» ոստանը։ Հալէպահայ գաղութին նօսրացումը, փլուզումը կամ չքացումը սեւ ամպի նման պարզուեցաւ հորիզոնին վերեւ։ Հայաշխարհը ենթարկուեցաւ զօրաշարժի՝ փրկելու համար Հալէպը, պահպանելու համար հալէպահայ արժէքները…։
Բայց եկէք խորհրդածենք միասնաբար,- ո՞ւր կը կայանայ հալէպահայ գաղութին արժէքը։ Որո՞նք են այս գաղութին առանձնայատկութիւնները, որո՞նք են անոր առաւելութիւնները՝ միւս գաղութներուն հետ բաղդատաբար։
Պիտի ընեմ շատ հպանցիկ ու արագ մատնանշումներ։
Ա) ԿՐՕՆԱԿԱՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԾԱՂԿԵԱԼ ԿԵԱՆՔ ՄԸ
Հալէպ իր մէջ ունի քրիստոնեայ 11 համայնքներ, որոնց երեքը հայ յարանուանութիւններն են (Առաքելական, Կաթոլիկ, Աւետարանական)։ Լա՛ւապէս կազմակերպուած համայնքներ են երեքն ալ, գործելու լայն հնարաւորութիւններով օժտուած։
Հալէպահայ կրօնական-եկեղեցական կեանքը միշտ եղած է աշխոյժ եւ օրինակելի։ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին ունի աւելի քան 500 տարուան անցեալ։ Հաւատացեալները մեր եկեղեցիները լեցուցած են ամէն առթիւ, մասնաւորաբար Կիրակի ու տօնական օրերուն։ «Խուռներամ բազմութիւն» բացատրութիւնը ամենէն շատ Հալէպի եկեղեցիներուն կը պատշաճէր։
Օ՜, անգամ մը փորձէիք ներկայ ըլլալ Մեծ Պահոց Արեւագալի արարողութիւններուն։ Պիտի զմայլէիք։ Մեր կամաւոր բազմանդամ Դպրաց Դասերը («կամաւոր» բառը կը շեշտեմ, որովհետեւ Եւրոպա ու Ամերիկա՝ դպիրներն իսկ կը…վճարուին) կը թնդացնէին եկեղեցիները՝ իրենց առոյգ երգեցողութեամբ։ Պսակի ու մկրտութեան համար՝ ամիսներ առաջ տեղ ու ժամ պիտի ապահովէիք. այնքա՜ն շատ էին ատոնք…։
Կրնանք պնդել, որ հալէպահայոց եկեղեցական կեանքը, իր ճոխութեամբ ու աւանդապահութեամբ, կը զիջէր միմիայն Պոլսոյ։
Մենք եկեղեցական հարուստ կեանք մը ունէինք այստեղ։ Ի զուր չէր, որ Անթիլիասի միաբանները ստէպ կը սիրէին Հալէպ գալ ու պատարագել…։ Իսկ կաթողիկոսներն ալ՝ առիթներ կը ստեղծէին հովուապետական այցեր շնորհելու։ Ո՛չ մէկ գաղութ կրնար կարգաւորել-կազմակերպել այն ԱՐՔԱՅԱՎԱՅԵԼ ժողովրդային ընդունելութիւնները՝ զորս Հալէպ կ՚իրականացնէր իր հովուապետերը ընդունելու համար…։
Բ) ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԱԼ ԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Հալէպահայ գաղութին այսօրւան եկեղեցական աշխոյժ կեանքը, անտարակոյս, մէկ երեսն է միայն ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԱԼ ԴՐՈՒԹԵԱՆ մը, որ սերունդէ սերունդ մեզի փոխանցուած է ԺԹ. դարու վերջին տասնամեակներէն սկսեալ…։
Այո՛, շուրջ մէկուկէս դարէ ի վեր Հալէպի թեմական-համայնքային կեանքը կը շնչէ 1863ի (Պոլսոյ մէջ ընդունուած) Ազգ. Սահմանադրութեան սկզբունքներուն հետեւողականութեամբ, գէթ իր հիմնական կէտերուն մէջ։
Ըստ այդ վաղեմի դրութեան, Ազգ. Առաջնորդարանը կեդրոնն ու պաշտօնական ներկայացուցիչն է հայ համայնքին, յաչս պետութեան։ Թեմակալ առաջնորդը «հոգեւոր պետ»ի իր բնականոն հանգամանքին զուգահեռ՝ նա՛եւ «ազգապետ»ն է համայնքին։ Ու կը կրէ իր այս նոյնքան պատասխանատու հանգամանքին բոլոր պարտաւորութիւնները։ Ներկայացուցչական իւրայատուկ դրութիւն մըն է ասիկա, օսմանեան օրերէն ժառանգուած, որ ունի ԴՐԱԿԱՆ երեսներ, թէ՛ համայնքին զաւակները առանցքի մը շուրջ համախմբելու տեսակէտէն, թէ՛ ալ պետական-պաշտօնական բազմադիմի շրջանակներու հետ յարաբերելու, երկխօսութիւն հաստատելու դիտանկիւնէն։
Ազգ. Առաջնորդարանի վարչամեքենան, եթէ մօտէն սերտուի, իսկապէս՝ «պետութեան մէջ պետութիւն մը»ն է, այս բացատրութեան ամենէն ազնիւ ու դրական իմաստովը (ժամանակին, Սուլթան Համիտ մեր Ազգ. Սահմանադրութիւնը կախակայեց ու տարիներով անգործութեան մատնեց՝ պատճառաբանելով որ անիկա «պետութեան մէջ պետութիւն մը» գոյացուցեր է…)։
Իր օրէնսդիր Գաւառական (երեսփոխանական) Ժողովով, անկէ բխած Քաղաքական ու Կրօնական Ժողովներով (գործադիր մարմիններ), Ուսումնական, Դատաստանական, Տնտեսական, Կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան, Ընկերային ծառայութեան Խորհուրդներով, Կալուածոց Յանձնախումբով եւայլն, համայնքային այս վարչամեքենան կրնայ նախանձը շարժել ոչ միայն Սփիւռքի միւս գաղութներուն, այլեւ՝ տեղաբնակ միւս համայնքներուն, իսլամ թէ քրիստոնեայ…։
Բարոյական մեծակշիռ հարստութիւն մըն է ասիկա, որ միաժամանակ ՋԻՂՆ ու ԶՍՊԱՆԱԿՆ է գաղութային եռուն կեանքին…։
Բաղդատեցէ՛ք այս պարագան Հիւսիսային Ամերիկայի, Լատին Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Աւստրալիոյ հայագաղութներուն հետ, ու շօշափելիօրէն պիտի տեսնէք ակներեւ տարբերութիւնը։
Զորօրինակ, 300-400 հազար հաշուող ֆրանսահայ գաղութին թեմական-համայնքային կեանքը որքա՜ն մեղկ է, թոյլ, վատոյժ։ Դեռ նոր-նոր, միայն սա վերջին տասնամեակին, Ֆրանսահայերը քայլեր առին սեփական թեմական կանոնագրութիւն մը մշակելու ուղղութեամբ, կազմեցին Կրթական Խորհուրդ մը, եւայլն…։
Համայնքային կեանքը ՈՂՆԱՅԱՐՆ է հալէպահայ գաղութին։
Տակաւին, մեր երէցները յաճախ պատմած են մեզի, որ համայնքային կեանքը քիչ մը աւելի «եփուն» էր Հալէպի մէջ տասնամեակներ առաջ։ Այս առթիւ, կը յիշեմ կարդացած ըլլալ Անդրանիկ Ծառուկեանի շահեկան մէկ յօդուածը հին «Նայիրի»ներուն մէջ, ուր ան կը պատմէր, թէ իբրեւ երիտասարդ լրագրող՝ ի՛նչպէս ներկայ կ՚ըլլային (ինք եւ ուրիշներ) Հալէպի Ազգ. Գաւառական Ժողովի դռնբաց նիստերուն ու հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին դահլիճին մէջ դէմ դիմաց բազմած ԵՐԿՈՒ ՀԱԿԱԴԻՐ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒ շինիչ բանավէճերուն…։ Ասիկա 40ական թուականներուն էր։ Ընտրական սնտուկներ, ժողովական թեկնածուներ, ընտրացանկեր, քուէախոյզ անաչառ յանձնախումբեր, ընտրեալներ ու պարտեալներ կային…։
Տասնամեակներու սահանքին հետ շատ ջուրեր հոսած են անշուշտ կամուրջին տակէն։ Հիմա պատկերն ու գոյնը կրնայ նոյնը չըլլալ, թէեւ «սնտուկ»ները մի՛շտ ալ կան ու պիտի ըլլան…
Հալէպահայ գաղութը իր համայնքային դրութեամբ իսկ՝ ուժ մը, արժէք մը կը ներկայացնէ։
Գ) ՄԵՐ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ, ԱՆՆՄԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ
Հալէպը կրնա՞յ շնչել, կրնա՞յ ապրիլ առանց իր դպրոցներուն։
Երեւակայելն անգամ կարելի չէ։ Առանց դպրոցական իր աշխոյժ ու կենսատու ցանցին՝ Հալէպը կը կորսնցնէ իր բովանդակ փայլքը։ Հալէպը կ՚անշքանայ…։
Սխալած պիտի չըլլանք, եթէ ըսենք որ Հալէպի հայկական վարժարանները գաղութին ԹՈՔԵՐՆ ԵՆ։ Առանց անոնց՝ բոլորս շնչահեղձ կ՚ըլլանք։
Եւ ի՜նչ պանծալի դպրոցներ,- Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը, պատմական Հայկազեանն ու Սահակեանը, նորակառոյց Կիւլպէնկեանն ու Կրթասիրաց-Չէմպէրճեանը, Լազար Նաճարեանն ու Կիլիկեանը, Մխիթարեանը, Բեթէլն ու միւսները…
Մեզի՝ գալէպահայերուս համար, շատ ընտանի ու սիրելի տեսարան մը կայ։ Կրթական տարեշրջանի ամբողջ տեւողութեան, այս վարժարաններուն օթօքարները (որոնց երկաթեայ մարմնին վրայ խոշոր գիրերով ու հայերէնով դաջուած է դպրոցին անունը) կը շրջին թաղէ թաղ, կը կտրեն քաղաքին հրապարակներն ու պողոտաները եւ աշակերտները հաւաքելով՝ դպրոց կը բերեն…։ Ես մի՛շտ ալ անօրինակ յուզում մը կ՚ապրիմ այս պատկերին դիմաց, որովհետեւ մեր դպրոցները կը նմանցնեմ ՓԵԹԱԿԻ մը, ուր ամէն առտու մեղուները մուտք կը գործեն կարգապահօրէն ու կը ձեռնարկեն ՄԵՂՐԻ պատրաստութեան։ Եւ Հալէպի մեղրը՝ արդար է ու անխարդախ…։
Մեր այդ մեղրէն մենք միշտ ալ բաժին կը հանենք արտասահմանի մեր արիւնակիցներուն։ Մեր մեղրը բոլորի՜ն կը բաւէ…։
Սփիւռքի մեծ ու փոքր գրեթէ ամէն գաղութ ունի իր դպրոցը կամ դպրոցները,- Պոլիսը, Պէյրութը, Թեհրանն ու Գահիրէն, Աթէնքը, Մարսիլիան ու Փարիզը, Լոս Անճելըսն ու Մոնթրէալը, Սիտնին ու Պուէնոս Այրէսը։
Բայց համարձակութիւնը պիտի ունենամ պնդելու, թէ վերոնշեալ քաղաքներու (ներառեալ՝…այժմու դիմափոխուած Պէյրութը) դպրոցներէն գրեթէ ո՛չ մէկը կրնայ մրցիլ Հալէպի վարժարաններուն հետ՝ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ եւ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՋԱՄԲՈՒՄԻ դիտանկիւնէն։
Կրնա՞ք սփիւռքեան ուրիշ վարժարան մը (իբրեւ միջուկ եւ դերակատարութիւն) համազօր նկատել, զորօրինակ, Հալէպի Ճեմարանին…։ Կամ կրնա՞ք ցոյց տալ սփիւռքեան ուրիշ դպրոց մը, որ Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լ.Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանին նման ունենայ 1.400 հայ աշակերտ… (այս թիւը երկրին այժմու պատերազմէն առաջ էր անշուշտ)։
Հայախօսութիւնը (որքան ալ որոշ ընկրկումներ ապրի ատիկա)՝ համատարած է Հալէպի մեր դպրոցներէն ներս թէ դուրս։ Մեր վարժարանները հայոց լեզուն ու գրականութիւնը կ՚աւանդեն գուրգուրանքով եւ պատշաճօրէն։
Այսօր, խելայեղ պատերազմը շատ դժուարին կացութեան մը դէմ յանդիման դրած է Հալէպի հայկական դպրոցները, մանաւանդ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ գետնի վրայ։ Կացութիւնը ահազանգային է։
Հարկ է առատօրէն օժանդակել հալէպահայ դպրոցին, որպէսզի փեթակին մեղրը չդադրի…։
ՀԱԼԷՊ՝ ՄԱՐԴՈՒԺ ՀԱՅԹԱՅԹՈՂ ԿԱԹՍԱՅ ՄԸ
Արագ շրջապտոյտի մը ձեռնարկեցէք Հալէպի հայաշատ թաղամասերուն մէջ ու այցելեցէք մեր ակումբները։ Երկլեզու (հայերէն-արաբերէն) ցուցանակներ ամրացուած են ատոնց մուտքին,- Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տուն, Հ.Բ.Ը.Մ. - Հ.Ե.Ը, Թէքէեան Մշակ. Միութիւն, Նոր Սերունդ Մշակ. Միութիւն, Գերմանիկ-Վասպուրական Մշակ. Միութիւն, Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակ. Միութիւն…
Այս ու ասոնց նման դեռ տասնեակ մը միութիւններ ու հաւաքատեղիներ՝ գիրկ բացեր են բազմահարիւր, հազարաւոր հայորդիներու, որոնք հայկական դպրոցներէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք՝ հիմա հո՛ս են, ակումբներու հայաշունչ երդիքին տակ, որպէսզի չխզեն իրենց պորտակապը Ազգին հետ…։
Ով ի՛նչ հակում կամ նախասիրութիւն որ ունի՝ գոհացում կրնայ գտնել այստեղ։
Երգե՞լ կ՚ուզես,- մաս կազմէ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին (կը թուեմ խորհրդանշական անուն մը պարզապէս)։
Թատերական ձիրքե՞ր ունիս,- քեզ կը սպասեն Բարեգործականի «Ադամեան» թատերախումբն ու «Զաւարեան»ը։
Պարարուեստի՞ սիրահար ես,- կան գործօն 2-3 որակաւոր պարախումբեր։
Գրչի ու գրականութեան սպասաւո՞ր ես,- մասնակցէ Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումի ամսական նիստերուն։
Նկարչական ձիրքե՞ր ունիս,- գնա՛ «Սարեան» կամ «Արշիլ Կորքի» ակադեմիաներ։
Մարզի՞կ ես,- թակէ դուռը Հ.Մ.Ը.Մ.ին…
Սկաո՞ւտ կ՚ուզես դարձնել զաւակդ,- լեռ ու բանակավայր բարձրացուր զայն՝ Հ.Մ.Մ.ի կամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վաշտերուն հետ։
Երիտասարդական շարժումներո՞ւ կ՚ուզես սատարել,- ՍԵՄ-ն ու ՏԽՐՈՒՆԻ-ն կը սպասեն քեզ…
Հայրենակցական ջի՞ղդ պիտի ջրդեղես,- խառնուէ՛ Մարաշի, Քիլիսի, Տիգրանակերտի, Զէյթունի, Տարօնի, Ուրֆայի հայրենակցական միութեանց վարչութիւններուն…։
Բարեսիրական ու խնամատարական աշխատանքի՞ ատակ ես,- Ս.Օ.Խ.-ը կրնայ գոհացնել քեզ լիապէս։
Ու տակաւին ինչե՜ր եւ ինչե՜ր, որոնք Հալէպը վերածեր են «Փոքրիկ Հայաստան»ի մը։ Փոքրիկ Հայաստան մը՝ պատմական Մեծ Հայքի սահմաններէն ոչ հեռու…։
Տարուան բոլոր եղանակներուն Հալէպի մեր սրահները կը յորդին բազմութիւններով՝ որոնք կու գան հետեւիլ յաճախ զիրար խաչաձեւող մշակութային ձեռնարկներու կամ յոբելենական տօնակատարութիւններու։ Եւ այդ հաւաքները մենք կը սարքենք մեր ՍԵՓԱԿԱՆ շքեղ հանդիսասրահներուն մէջ, որոնց նմանները ո՛չ տեղացիները ունին, ո՛չ ալ արտասահմանի հայ գաղութները (բացի Պէյրութէն) (*)։
Այս լայնատարած ու բազմաբնոյթ «ազգային» կեանքին մէջ է որ կ՚եռեւեփի հալէպահայ գաղութը օրն ի բուն։ Չորս միլիոննոց հսկայ քաղաքին մէջ՝ գրեթէ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ է ազգային-մշակութային այս անօրինակ պատկերը, որովհետեւ մեզի հետ կողք-կողքի ապրող մեր միւս (ոչ հայ, քրիստոնեայ թէ իսլամ) համաքաղաքացիները չեն կրցած ստեղծել կամ չունին մերիններուն համազօր պէսպիսուն կառոյցներ, ընձեռուած կարելիութիւններ, թոյլտւութիւններ…
Ահա՛ թէ ինչու՝ Հալէպը դարձեր է հայապահպանութեան ԻՏԷԱԼ վայր մը, բերրի հող մը, ուր իր աչքերը լոյսին բացող նորածին երախան ՀԱՅ կը ծնի ու անպայման ՀԱՅ կը մեռնի…։
Հետեւաբար, ահազանգը, զոր շատեր հնչեցուցին հալէպահայ գաղութին հաւանական քայքայումին կամ նօսրացումին առաջքն առնելու համար, տեղի՛ն էր ու արդար։
Հալէպը հայկական տարաբնոյթ մարդուժի կաթսայ մըն է։ Այդ կաթսայէն է որ կը կերակրուին Լոս Անճելըսն ու Պոստընը, Գարագասն ու Աթէնքը, Վալանսն ու Քուէյթը, եւ անշուշտ՝ Պէյրութն ու Անթիլիասը…։
«Նոր Յառաջ», Յուլիս 24, 2014
(*) Եւ... Պուէնոս Այրէսէն («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment