ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Արժանթինաբնակ ողբացեալ գրող Պետրոս
Հաճեան, տասնամեակներ առաջ գրուած իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը յիշէր,
թէ դպրոցական դասագիրքերէն դուրս՝ իր կարդացած առաջին գիրքը Մալխասի
«Զարթօնք» վէպն էր։
Հաճեան կը պատմէր, թէ իր սերունդը (ինք ծնած էր
1933-ին), պատանի կամ երիտասարդ տարիքին, հայրենիքը շօշափելիօրէն զգալու
հնարաւորութիւն չունեցաւ. ուստի, այդ բացակայ հայրենիքը փնտռեց գիրքերու
մէջ, գաղափարական համոզումներու մէջ…Մալխասի «Զարթօնք»ը, ըստ Հաճեանին, հայրենիքի շունչը իրեն ներարկող աղբիւր մը եղաւ, վճիտ ներշնչարան մը։ Կարդաց զայն յափշտակութեամբ, տրտմութեամբ, խանդավառութեամբ։ Ու այս գիրքէն իր ստացած տպաւորութիւնները՝ տարիներու երկայնքին բնաւ չմթագնեցան, մնացին անաղարտ ու անմշուշ…։
Սփիւռք ծնած երկրորդ սերունդի երէց ներկայացուցիչներէն մին՝ հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան, ինք եւս, իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը պատմէր՝ թէ իր սերունդը կանուխէն «յեղափոխական մկրտութիւն» ստացաւ Մալխասի «Զարթօնք»ը կարդալով։ Այս վէպը փոթորկեց իր հոգին, գրգռեց իր հայրենասիրական զգացումները…։
Իսկ ե՞ս…։
Ե՛ս ալ, սփիւռք ծնած Բ. սերունդի կրտսեր ներկայացուցիչս, 15 տարեկանիս կարդացի «Զարթօնք»ը։ Ամէն գիշեր, քնանալէ առաջ, անպայման կը շարունակէի տասնեակներով էջեր լափել իմ այս «թերթօն»էն, մերթ յուզուելով, մերթ փղձկելով…։ Վէպին հերոսները՝ Վարդանը (յետոյ դարձաւ Լեւոն), Սոնիան, Առիւծ Գէւօն, Թօփալ Սատանան, Եւգինէն ու Քաչալը կը կախարդէին զիս, նոյնիսկ չէին արտօներ որ քնանամ…։ Ֆետայիներու կեանքը խորունկ տպաւորութիւն կը գործէր իմ վրայ։
Իսկ նոր սերո՞ւնդը…։ Ա՛յն որ յաջորդեց ի՛մ սերունդին (այսինքն Սփիւռք ծնած Գ. սերունդը)։ Կը կարդա՞յ «Զարթօնք»ը…։
Վստահաբար՝ ՈՉ։ Արդէն, այս իմաստով, վիհ մը գոյացած Բ. ու Գ. սերունդներուն միջեւ։ Ոչ ոք կրցաւ այդ վիհը լեցնել։ Ո՛չ ակումբները, ո՛չ ալ երիտասարական կամ պատանեկան միութիւնները։ (*)
Քանի որ Մալխասը յիշեցինք, տանք քանի մը գիծեր իր կենսագրութենէն.-
Մալխաս, բուն անունով Արտաշէս Յովսէփեան, ծնած էր Տրապիզոն։ Շրջան մը ուսանեցաւ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը։ Կանուխէն խառնուեցաւ յեղափոխական գործերու, պատասխանատու դերեր ստանձնեց Մակուի եւ Վանայ շրջաններուն մէջ։ Կամաւորական գունդերու կազմութեան ալ նպաստեց, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աշխատանքներուն։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք անցաւ Ամերիկա ու հաստատուեցաւ Նիւ Եորք։ Իր «Զարթօնք» վիպաշարքին հատորները հրատարակուեցան 1930-ական թուականներուն եւ ամբողջ կէս դար՝ ընթերցուեցան յափշտակութեամբ։
1961-ին Պէյրութ եկաւ՝ իր անտիպ գործերուն տպագրութիւնը յաջողցնելու նպատակով։ Բայց, ճակատագրի անիմանալի մէկ խաղովը՝ իր աչքերը հո՛ն փակեց, 1962-ի տարեսկիզբին…։
Իր ողջութեան իսկ՝ Մալխաս առասպելական դէմք մըն էր արդէն…։
"Facebook" (Aleppo Armenians)
---------------------------------
(*) Այդ վիհը լեցնելու ձեւը՝ «Զարթօնք»ը անգլերէն թարգմանել է, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ հիմա...։ Արդեօք Մալխասի վիպաշարքը պիտի վարակէ՞ անգլիախօս նոր սերունդները։
Vartan, thank you for posting this article. It's good to know other people feel the same way as me. I grew up with Malkhas' "Zartonk" as well. I probably read the 4 volume novel over 7x in my teenage years. I hope somebody will make a movie out of it & put it in the proper context for today's generation.
ReplyDelete