ՅԱՐՈՒԹ ԷՔՄԱՆԵԱՆ
Հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ վերջին օրերու ամենաշատ արծարծուող
թեման թերեւս սուրիահայութիւնն է: Մանաւանդ անոնք, որոնք կ'ահազանգեն
սուրիահայութեան դէպի Հայաստան հոսքի կամ ապաստանելու լուրերով:
Անցած տասնամեակին Հալէպ-Երեւան-Հալէպ ուղիին վրայ միշտ ալ եղած են
շաբաթական միայն երկու թռիչքներ, ինչպէս այսօր: Իսկ այդ թռիչքները, գոնէ
Մայիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր երկարող ամառնային ժամանակաշրջանին գրեթէ միշտ
լեցուն երթեւեկած են այս ճամբուն վրայ: Քանի մը տարի առաջ զբօսաշրջական
գործերով զբաղուելու բերումով այդ մասին կրնամ անձամբ վկայել: Այս տարուան
պարագային թերեւս տոմսեր ստանալու հերթը աւելի երկար է, ինչ որ որոշ չափով
հասկնալի է: Այստեղ կարելի է յիշել նաեւ «Արմաւիա» ընկերութեան ամօթալի
չարաշահումները, սակայն այդ ուրիշ յօդուածի մը նիւթ է:
Ցամաքային ճանապարհը Հայաստան-Թուրքիա փակ սահմաններու պատճառած
անյարմարութիւններու բերումով այդքան ալ յաճախ չէ օգտագործուած: Իսկ այսօր
Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին պատճառով մարդիկ աւելի եւս կը
խուսափին ցամաքային ճամբորդութիւններէ: Այդ պատճառով հալէպահայերու համար
երազանք դարձած է անգամ աւանդական ամառանոց Սուրիոյ ծովեզերեայ Քեսապ
հայկական աւան այցելութիւնը:
Չմոռնանք, որ կան հազարաւոր սուրիահայեր, որոնք կը բնակին եւ կ'աշխատին
Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ: Այդ մարդիկը ամառային արձակուրդի համար
յաճախ կ'այցելէին Հալէպ: Սակայն այս տարուան արտակարգ պայմաններուն բերումով
այդ մարդոց մեծ տոկոսը իրենց ամառնային արձակուրդը Հալէպի փոխարէն կ'անցընեն
Երեւան: Անոնց նման կան հալէպահայեր, որոնք կ'ապրին արեւմուտքի մէջ, որոնց
համար եւս այս ամառ Երեւան գալը աւելի հեշտ է քան Հալէպ երթալը:
Յաճախ այս նիւթին հետ որպէս տուեալ կը ներկայացուի Հայաստանի Հանրապետութեան
քաղաքացիութեան դիմող սուրիահայերուն թիւը, որ միայն այս տարուան դրութեամբ
մօտ երեք հազարէն աւելի է, ըստ պետական աղբիւրներու: Սակայն Հայաստանի
քաղաքացիութիւն ստանալը որքանո՞վ կապ ունի անոնց Հայաստան տեղափոխման հետ,
այդ ալ կը մնայ հարցական:
Այստեղ նկատի պէտք է առնել, որ սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը միջին
կամ միջինէն ցած դասակարգին կը պատկանի: Նման պայմաններու մէջ ապրող
մարդոց համար ալ դիւրին չէ ամէն բան ձգելն ու վաճառելը եւ ուրիշ տեղ նոր կեանքի սկսիլը՝ ըլլայ ատիկա Հայաստան, Լիբանան թէ
այլուր:
Իսկ սուրիահայ համայնքը մէկ մասն է այդ հասարակութեան, որուն մէջ այսքան
տարի ապրած եւ զարգացած է հասնելով իր այսօրուան (լաւ թէ վատ) վիճակին:
Իսկ այդ շրջապատէն բաժամումը կրնայ անշրջելի վնասներ պատճառել թէ՛
սուրիական հասարակութեան, թէ՛ հայ համայնքի անդամներուն եւ թէ՛ ընդհանուր
հայութեան: Ուստի պէտք է նաեւ աւելի հաւասարակշռուած մտածել Երեւանի լայն
փողոցներուն մէջ սուրիահայութեան դէպի Հայաստան տեղափոխման կոչերով հանդէս
գալէ եւ անկապ դրամահաւաքներ կազմակերպելէ առաջ: Վերջապէս այդ մարդիկը
իրենց ճակատագրին միակ պատասխանատուներն են: Իսկ Հայաստանի կառավարութեան
կը մնայ միայն տէր ելլել անոնց, որոնք օգնութիւն կը հայցեն, ըլլան անոնք
սուրիահայեր թէ այլ տեղերէ եկած հայեր: Հայաստանը վերջապէս պէտք է գիտակցի,
թէ իսկապէս բոլոր հայերու հայրենի՞քն է, թէ ամառանոցը:
Սակայն հայաստանեան լրատուական դաշտը կարծես թէ չ՚ուզեր լսել, չ՚ուզեր
ուսումնասիրել այս տուեալները եւ չ՚ուզեր քննել ներկայացուած խնդիրներուն
խորքերը: Անշուշտ միշտ աւելի հեշտ է մեծ վերնագիրներով եւ աղէտալի լուրերով
հանդիսատեսին կամ ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելը:
Մէկ շաբաթ առաջ բրիտանական BBC լրատուամիջոցէն գործընկեր մը զանգած էր
տեղեկութիւններ ստանալու համար նոյն այս թեմային մասին: Փաստօրէն «Հայաստան
ապաաստանող սուրիահայերու» թեման միջազգային լրատուամիջոցներուն համար ալ
գրաւիչ դարձած է: 40 րոպէ տեւած հեռախօսազրուցի ընթացքին անոր բացատրեցի
վերը նշուած բոլոր մանրամասնութիւնները: Սակայն մէկ օր ետք ան տեղեկացուց,
թէ խմբագիրը նիւթը ուրիշ գործընկերոջ մը յանձնած է, քանի որ ան յաջողած է
գտնել այժմ Հայաստան գտնուող պատահական սուրիահայ մը, որ պատրաստ է «իր
փնտռած տեղեկութիւնները» տալու կամ «վկայելու»:
Դժբախտաբար լրատուամիջոցներու չափանիշները այնպէս չեն, ինչպէս որ մեզմէ
շատերը կը փափաքէին որ ըլլար: Սակայն այս մէկը կոչ է բոլոր անոնց, որոնք
իսկապէս հետաքրքրուած են այս թեմայով, որ աւելի ուշադիր հետեւին
զարգացումներուն, եւ աւելի շատ հարցումներ հարցնեն ինքնավստահ
յայտարարութիւններ հրապարակող բոլոր կողմերուն: Այնուամենայնիւ, այս
գրութեան նպատակը մարդիկ ժխտումի մէջ ապրեցնելը չէ: Այս գրութիւնը
ներկայի մասին է, եւ կը մաղթեմ, որ ապագան զարգանայ այնպիսի
ուղղութեամբ, որ անցեալի փորձառութիւններէն օգտուելով կարենանք շրջանցել
բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները:
«ՀԵՏՔ», Յուլիս 20, 2012
No comments:
Post a Comment