Showing posts with label Կարօ Մանճիկեան. Show all posts
Showing posts with label Կարօ Մանճիկեան. Show all posts

3.4.14

Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը սկսած է ազատագրել Քեսապը

Մինչ «Մա­յատին» ար­բա­նեակա­յին հեռատեսիլի կա­յանը Մարտ 31ին կը հա­ղոր­դէր թէ Քեսապի շրջա­նին մէջ բա­խումնե­րը սաստկացած են եւ Քրտա­հայի մէջ 5 ռումբեր ին­կած են, ռու­սա­կան Vesti.ru կայ­քէջը կը տե­ղեկաց­նէ, թէ Սու­րիոյ կա­նոնա­ւոր բա­նակը սկսած է ազա­տագ­րել Քե­սապը, որ կը գտնուի Լա­թաքիայէն 65 քի­լոմեթր հե­ռաւո­րու­թեան վրայ: Սու­րիական բա­նակի հրե­տանին կրակ բա­ցած է զի­նեալ­նե­րու դիր­քե­րուն ուղղու­թեամբ:
Սու­րիոյ բա­նակը Մարտ 30ին իր վե­րահսկո­ղու­թեան տակ առած է Քե­սապի մեր­ձա­կայ բար­ձունքնե­րը եւ մօ­տեցած Նսըր գա­գաթին, որուն մօ­տէն կը բա­ցուի դէ­պի զի­նեալ­նե­րուն կող­մէ գրա­ւուած շրջան­ներ տա­նող ճամ­բան: Ոչնչա­ցուած են զի­նեալ­նե­րուն պատ­կա­նող հրթի­ռային սար­քա­ւորումներ: