Մինչ «Մայատին» արբանեակային հեռատեսիլի կայանը Մարտ 31ին կը հաղորդէր թէ Քեսապի շրջանին մէջ բախումները սաստկացած են եւ Քրտահայի մէջ 5 ռումբեր ինկած են, ռուսական Vesti.ru կայքէջը կը տեղեկացնէ, թէ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը սկսած է ազատագրել Քեսապը, որ կը գտնուի Լաթաքիայէն 65 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Սուրիական բանակի հրետանին կրակ բացած է զինեալներու դիրքերուն ուղղութեամբ:
Սուրիոյ բանակը Մարտ 30ին իր վերահսկողութեան տակ առած է Քեսապի մերձակայ բարձունքները եւ մօտեցած Նսըր գագաթին, որուն մօտէն կը բացուի դէպի զինեալներուն կողմէ գրաւուած շրջաններ տանող ճամբան: Ոչնչացուած են զինեալներուն պատկանող հրթիռային սարքաւորումներ:
Սուրիոյ բանակը Մարտ 30ին իր վերահսկողութեան տակ առած է Քեսապի մերձակայ բարձունքները եւ մօտեցած Նսըր գագաթին, որուն մօտէն կը բացուի դէպի զինեալներուն կողմէ գրաւուած շրջաններ տանող ճամբան: Ոչնչացուած են զինեալներուն պատկանող հրթիռային սարքաւորումներ:
«Սուրա ալ-Էն» գործակալութեան համաձայն Քեսապի ճակատին վրայ վերահսկողութիւնը ամբողջութեամբ կառավարական ուժերուն ձեռքն է: Շրջան ղրկուած են զինուորական այն ստորաբաժանումները, որոնք լեռնային շրջաններուն մէջ մարտեր մղելու փորձառութիւն ձեռք ձգած էին Դամասկոսի հիւսիսը գտնուող Քալամունի մարտերուն ընթացքին: Ըստ թուրք բժիշկներու ներկայացուցած տուեալներուն, վերջին ժամանակաշրջանին 2695 ծայրայեղականներ սպաննուած են եւ Թուրքիոյ մէջ հիւանդանոցներ փոխադրուած են 5635 վիրաւորներ:
Հեզպոլլահի եւ Սուրիոյ բանակի զինուորական գործողութիւններու միացեալ գրասենեակէն ղեկավարներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնած են, որ ընդդիմութեան Շամ Իսլամ, Անսար Շամ, Ժապհաթ Նուսրա եւ Ահրար Շամ (վերջիններս ալ-Քաիտայի առընչակիցներ են) խմբաւորումներու հազարաւոր զինեալներ Թուրքիոյ հետ Քեսապի անցքէն մուտք գործած են սուրիական հողեր: Աղբիւրները կը նշեն, որ սուրիական ղեկավարութիւնը չէր սպասեր, որ Թուրքիա Քաիտային առնչակից խմբաւորումներուն արտօնէ Սուրիա մուտք գործել Քեսապի ճամբով, ուր հայեր կը բնակին: Անոնք նշած են, որ բանակը շրջան ուղարկած է, բացի լեռնային մարտերու փորձառութիւն ունեցող ուժերէն, Թարթուսէն եւ Դամասկոսէն եւս ուժեր:
Սուրիոյ բանակը նաեւ իր հակօդային համակարգերը ուղղած է դէպի Թուրքիա` Սուրիոյ օդային տարածքը խախտող թրքական օդանաւերը վար առնելու համար:
Միւս կողմէ, սաուտական «Ուաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիական Ազատ Բանակի ջոկատները, որոնք սուրիական ծովափին մէջ ճակատ բացած են, մտադիր են Ժապալ Թիւրքմէնի շրջանէն մեկնելով ճակատամարտը ընդլայնել:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի յայտարարած է, որ Էրտողան նպաստած է զինեալ ահաբեկիչներու Քեսապի շրջան մուտքին` ոտնահարելով միջազգային արժեչափերը` աւելցնելով, որ այն, ինչ որ Էրտողանի կառավարութիւնը կատարած է, ոչ միայն Քեսապի եւ Լաթաքիոյ հիւսիսի, այլ նաեւ բոլոր սահմանամերձ շրջաններու իրաւունքներու խախտում է: Ան նշած է, որ Էրտողանն ու անոր կառավարութիւնը առընչուած են միջազգային ահաբեկչութեան, ինչպէս Լիպիոյ մէջ, այնպէս ալ Թունուզի եւ Եգիպտոսի մէջ:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարը ըսած է, որ Քեսապի շրջանին մէջ այժմ կռուող զինեալները ո՛չ սուրիացիներ են, ո՛չ ալ` սուրիական ընդդիմութեան անդամներ, այլ անոնք հիմնականին մէջ սաուտցիներ, աֆղաններ, լիպիացիներ եւ չէչէններ են:
ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՑ ԻՆՉՔԵՐԸ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ՅԱՅՏՆՈՒԻԼ
ԹՐՔԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Karabakh-life.am կայքէջը Մարտ 31ին զրուցած է Լաթաքիոյ շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի Քեսապի գործադիր մարմնի անդամ Կարօ Մանճիկեանի հետ:
Վերջինս ըսած է, թէ չեն յաջողիր ուղղակի կապ հաստատել Քեսապի հետ, որովհետեւ հաղորդակցութեան ոչ մէկ միջոց կը գործէ:
«Բայց տեղեակ ենք, որ մեր տուները թալանուած են, թուրքերը բեռնատար մեքենաներով կը կրեն քեսապահայերու ինչքերը եւ արդէն վաճառքի հանած են Թուրքիոյ սահմանակից բնակավայրերու շուկաներուն մէջ», ըսած է ան:
Ան եւս հաւաստած է, որ ահաբեկիչներուն յառաջխաղացքը կասեցուած է սուրիական բանակին կողմէ: Իրենց ունեցած տուեալներով՝ զոհեր չկան: Քեսապէն տեղահանուած է շուրջ 800 ընտանիք, որուն 600ը հայոց ընտանիքներ են:
Առաջին քանի մը օրերը ապաստանելէ ետք Լաթաքիոյ հայկական եկեղեցիին մէջ, անոնք այժմ տեղաւորուած են տեղացի հայոց, հեռու-մօտիկ ազգականներու մօտ: Եկեղեցւոյ մէջ ապաստանածներու թիւը կամաց-կամաց նուազած է: Անոնց օգնութիւն կը ցուցաբերուի, թէ՛ պետական մակարդակով, թէ՛ անհատական:
Մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ ի դէմս Արամ Ա. Կաթողիկոսի:
Օգնած են նաեւ Լիբանանի ՀԲԸՄ-ը, Ամերիկայի, Գանատայի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու հայ համայքները:
Ինչ կը վերաբերի տարեց այն հայոց մասին, որոնք չլքեցին Քեսապը, Մանճիկեան կ՚ըսէ, թէ ներկայ պահուս տեղեկութիւն չունին:
«Անոնք փոքր թիւ կը կազմեն, բայց մտահոգ ենք, որովհետեւ չունինք որեւէ տեղեկութիւն՝ գերեվարուա՞ծ են, սպաննուա՞ծ են, թէ ողջ-առողջ են», հարց կո տայ ան:
Խօսելով տեղահանուածներու հոգեվիճակին մասին, Մանճիկեան կ՚ըսէ, թէ անոնց մօտ բնականաբար նշմարելի է լարում, բայց ո՛չ՝ վախ: «Մենք գիտենք, որ երբ Քեսապ վերադառնանք, պէտք է սկսինք զերոյէն: Բայց մենք միայն վերադառնալու մասին կը մտածենք: Քեսապն ու շրջակայ գիւղերը մեր պատմական հողերն են: Երբ հարց կու տաք նոյնիսկ ամենափոքրին, թէ ո՞ւր կ՚ուզէ երթալ, օրինակ՝ Լիբանա՞ն, թէ Քեսապ, պատասխանը աներկբայօրէն կ՚ըլլայ Քեսապ:
Մենք հողին կապուած ժողովուրդ ենք: Մենք հոս հազարամեակներու պատմութիւն ունինք: Ինչպէ՞ս կրնանք լքել մեր պատմութիւնը եւ ո՞ւր կրնանք երթալ: Հեռանալ դէպի անորոշութի՞ւն: Քեսապը մեզի համար բարոյական իմաստ ունի: Քեսապը մեր փոքրիկ Հայաստանն է», կը վկայէ Կարօ Մանճիկեան:
«Նոր Յառաջ», Ապրիլ 3, 2014
No comments:
Post a Comment