«Նոր Յառաջ».- Քանի՞ տարիէ ի վեր եկեղեցւոյ կը ծառայէք։
Գեղամ Թորոսեան.- Փարիզ ծնած եւ մկրտուած եմ։ 1949ին, երբ եկեղեցւոյ յարկին տակ հայերէնի դասընթաց մը սկսաւ՝ Տէր Ադդէ Փայլակեան քահանայի միջոցով, պրն. Սեդրակ Գարակէօզեանի եւ տիկին Յասմիկ Քիւթնէրեանի օրօք, հոն արդէն հայերէն գրել-կարդալ սորվեցայ։ Այնուհետեւ, զինուորական ծառայութենէս ետք, 1956-57 տարիներէն սկսեալ շուրջ 30 տարի տեղւոյն Արա Պարթեւեանի եկեղեցական երգչախումբին մաս կազմեցի։ 70-ական թուականներուն Սերովբէ Սրբազան Հօր առաջարկով եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամակցեցայ եւ այդ ուղղութեամբ շարունակեցի եկեղեցական ծառայութիւնս։ 1989ին նոյն հոգաբարձութեան ատենապետ ընտրուեցայ, աւելի ուշ՝ վարչութեան, նաեւ աւելի վերջը՝ օրուան Կրօնական Ընկերակցութեան —որ կը համախմբէր փարիզեան չորս եկեղեցիներ՝ Փարիզ, Ալֆորվիլ, Առնուվիլ եւ Իսի— պատգամաւոր, ապա 1996-էն սկսեալ՝ նոյն Ընկերակցութեան Պատգամաւորական Ժողովի ատենապետ մինչեւ 2005, երբ չընդունեցի վերընտրուիլ։