Հոկտեմբեր 13ին, Մոնրէալի «Կէօնճեան» կեդրոնին մէջ, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Կոստան Զարեանի «Կղզին եւ մի մարդ» եւ Լօրընս Տառելի «Պրոսպերոյի կղզին» զոյգ գործերուն միացեալ հրատարակութեան շնորհահանդէսը, որուն մասնակցեցաւ Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ եւ գրքի խմբագիր դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, յատկապէս ժամանած Նիւ Ճըրզիէն։ Գրքի հրատարակութիւնը նախաձեռնութիւնն էր Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան «Օշական» մատենաշարի հրատարակչական հիմնադրամի խմբագրական կազմին, որուն անդամներէն գրականագէտ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան խօսք առին ձեռնարկին ընթացքին։ Ձեռնարկը վարեց եւ ընթերցումներ կատարեց Սոնա Թիթիզեան։
Ասիկա Վ. Մատթէոսեանի այս տարի լոյս տեսած չորրորդ գիրքն է, որուն նախորդած են երկու անգլերէն հատորները՝ “The Politics of the Armenian Genocide: Language, History, and ‘Medz Yeghern” եւ “A Woman of the World: Armen Ohanian, the ‘Dancer of Shamakha’” (Արծուի Բախչինեանի հեղինակցութեամբ), եւ Աւրորա Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» Մեծ Եղեռնի վկայութեան սպաներէն նոր թարգմանութիւնը։
No comments:
Post a Comment