ԹԱՆԷՐ ԱԳՉԱՄ
2 Օգոստոս, 2019, Ուրբաթ երեկոյ
հիւանդանոցի մէջ մահացաւ
Հայոց ցեղասպանութեան
հետազօտութիւններու դպրոցի
հիմնադիր փրոֆ. Վահագն
Տատրեան։
Ծնած էր 1923-ին (*), Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղը։
Ծագումով չորումցի էր։ Հայրը այդ քաղաքի
երեւելի դատաւորներէն էր եւ
լաւ բարեկամութիւն ունէր
իթթիհատականներու
հետ։ Այդ բարեկամութեան շնորհիւ
Տատրեանները յաջողեցան
Պոլիս հասնիլ։ Մանկութիւնը անցաւ Գատըգիւղ,
ապա Սկիւտարի մէջ։ Բ.
Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին գնաց
Պերլին, թուաբանութիւն
ուսանելու միտումով։ Ապա
Վիեննայի մէջ ՝
պատմագիտութիւն,
Զիւրիխի մէջ
միջազգային
իրաւաբանութիւն
ուսանեցաւ։
Տոքթորականը պաշտպանեց
ընկերագիտութեամբ՝
Շիքակոյի համալսարանը։
Ինք
պատմած էր հայոց
ցեղասպանութեան նիւթով
իր առաջին հանդիպումը։
Վիեննայի մէջ
դասընկերներէն մէկը, իմանալով անոր հայկական
ինքնութիւնը, հարց կու տայ թէ
կարդացա՞ծ է Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա
լերան 40 օրերը» վէպը։ Տատրեան մինչ այդ ո՛չ
Վերֆէլի անունը, ո՛չ ալ այդ
վէպին մասին լսած էր։ Իսկոյն կը ճարէ այդ գիրքը եւ
կ՚աւարտէ առանց իսկ աչքը
թարթելու։ Խորապէս ցնցուած է
եւ կ՚ափսոսայ, որ ոչինչ գիտէ իր
ժողովուրդի պատմութեան մասին։ Կը յիշէ մանկութեան
տարիներէ դրուագներ, երբ իրենց բնակարան
այցելող կարգ մը տարեցներ
սենեակի մը մէջ ծածուկ կը զրուցէին աղիողորմ
արցունքներով։ Այդ ժամանակ
կ՚անդրադառնայ թէ ինչի՞ մասին էին այդ զրոյցները։
Այս յայտնաբերումէն ետք կը լքէ թուաբանութեան
ուսումը եւ իր ամբողջ կեանքը կը նուիրէ հայոց
ցեղասպանութիւնը
ուսումնասիրելու։
Իր
աշխատանքը
սահմանուած չէր հայոց
ցեղասպանութեամբ։ Ան
ռահվիրաներէն եղաւ
ցեղասպանութեան
բաղդատական
ուսումնասիրութեան դպրոցին։ Իր կարեւորագոյն
զէնքն էր անգլերէն, ֆրանսերէն,
գերմաներէն, հայերէն եւ
թրքերէն-օսմաներէն
լեզուներուն կատարեալ
տիրապետելու
ունակութիւնը։ Մինչեւ
2010-ական տարեթիւեր բեղուն
աշխատանքով արտադրած է բազմաթիւ
ուսումնասիրութիւններ եւ կարճ ժամանակի
ընթացքին նուաճած՝ պատուաբեր բարձունքներ։
Տատրեան՝
բացի պատմագիտական
ուսումնասիրութիւններէ, աշխոյժօրէն
մասնակցած է նաեւ
ցեղասպանութեան
միջազգային գետնի վրայ
ճանաչման
աշխատութիւններուն։
Ինք
էր որ 1996-ին յաջողեցաւ հարիւր
գիտնականի, ներառեալ Ողջակէզի մասնագէտ
Եահուտա Պաուէրի ստորագրութեամբ դատապարտել
թրքական կառավարութիւններու ուրացման
քաղաքականութիւնը։ Այդ
յայտարարութիւնը
հրատարակուեցաւ
բազմաթիւ ամերիկեան
թերթերու էջերուն վրայ։ Նման
նախաձեռնութիւններ ունեցաւ
1998-ին եւ 2000-ական տարեթիւերուն։ Իրեն համար
ակադեմական
աշխատութիւնները հայ
ժողովուրդին ենթարկուած
անարդարութեան դէմ
պայքարի եւ
ցեղասպանութիւնները
կանխելու գործընթացի մէկ
մասնիկն էին միայն։
Եթէ չեմ սխալիր, 2010-ական թուականներու սկիզբներուն էր, երբ զինք հրաւիրեցի
համալսարանի ամպիոնէն
բանախօսութիւն մը
ունենալու համար։ Մերժեց,
ըսելով թէ ալ չ՚ուզեր ամերիկեան
համալսարանները
ելոյթ ունենալ։
Պատճառը՝ նման
միջոցառումներու ընթացքին կարգ մը
թուրքիացիներուն հալածանքն էր։ «Ալ չեմ կրնար հանդուրժել»
ըսած էր։ Միայն հայկական
հաւաքականութիւններու դիմաց խօսիլ
կ՚ուզէր։ 2013-ին Հայաստանի
մէջ ունեցած
բանախօսութիւնները անոր վերջին ելոյթները
եղան։ Որքան որ գիտեմ, Վոլֆկանկ Կուստի հայոց
ցեղասպանութեան մասին
գերմանական
փաստաթուղթերու
վերաբերեալ գիրքին անգլերէն տպագրութեան
համար գրած յառաջաբանն ալ իր վերջին
յօդուածը եղաւ։ Այս գիրքին հրատարակութեան
թուականն ալ 2013 էր։
Տատրեան ապա
մեկուսացաւ։ Վերջին
անգամ 2014-ին այցելեցի զինք։
Համացանցէ չէր օգտուեր։ Ես
կանոնաւոր կերպով կը կապուէի,
որպիսութիւն կը հարցնէի։ 2016-ին
կամ 2017-ին էր, իրեն յայտնեցի թէ
Կերկերեանի
արխիւին մէջ գտած եմ Նայիմ
էֆէնտիի օրագրութիւնը։ Ինք արդեօք
Կերկերեանի հետ խօսա՞ծ էր այս
օրագրի մասին։ Յիշողութիւնը բաւականին
տկարացած էր, չկրցայ գոհացուցիչ պատասխան մը
լսել։
Ամէնօրեայ խնամքը ստանձնող
ընկերութեան մը շնորհիւ
բաւական հանգիստ անցան վերջին տարիները,
մինչեւ որ երիկամի հիւանդութեան
պատճառաւ
հիւանդանոց
փոխադրուի։
Ցեղասպանութեան
ուսումնասիրութիւններու այս
արժէքաւոր մշակը ընդմիշտ
պիտի յիշւի որպէս հայոց
ցեղասպանութեան եւ
բաղդատական
ցեղասպանագիտութեան
հիմնադիր։ Ձգած տասնեակ
հատորներով պիտի
դասուի
յաւիտենականներու
կարգին։
ՏԱՏՐԵԱՆԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Ցեղասպանութեան
շուրջ վիճաբանութիւնները
առհասարակ
կ՚ընթանան երկու
հիմնական հարցումներու շուրջ՝ «Ի՞նչ եղաւ,
ինչպէ՞ս եղաւ» եւ «ինչո՞ւ»։
Ընդհանրապէս
հակաճառութիւնները կը
կուտակուին «ինչո՞ւ»
հարցումին շուրջ։ Մեր մօտ տակաւին աւելի ծանր կը կշռէ «Ի՞նչ
եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ» հարցումը։
Տատրեանի
ապահոված «Ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ»ի մասին
տեղեկութիւնները կը
լուսաբանեն նաեւ «Ինչո՞ւ եղաւ»ը։
Տատրեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է թրքական
տեսութեան սխալները
փաստելու։ Այդ նուիրեալ
գործին մէջ համաշխարհային որոշ յաջողութիւն
արձանագրած է։ Անշուշտ որ անոր
հաստատումներուն մէջ անտեսումներ, թերութիւններ, նոյնիսկ սխալներ
կրնան գտնուիլ։ Այս երեւոյթը ինքնին ակադեմական
աշխատաձեւի հիմքն է արդէն։
Իւրաքանչիւր նոր սերունդ
նախորդին
յայտնաբերածներուն վրայ իր
ներդրումը կը բերէ։ Արդարեւ,
Տատրեանի աշխատութիւններն
ալ հազիւ անոնցմէ օգտուելով
զարգանալու դէպքին աւելի
արժէքաւոր պիտի դառնան։
Հանրածանօթ
ընկերաբան Նորպէրթ Էլիաս
1997-ին «Ատոռնոյի մրցանակ»ի
յանձնման պահուն ունեցած
ելոյթին ըսած էր թէ ինք, իրմէ առաջ վառած ջահի որոշ
ժամանակի համար կրողն է միայն։ Այդ նոյն ջահը
իրմէ ետքն ալ ուրիշները պիտի կրեն։ Եթէ այս
հաստատումը փոխանցենք
Տատրեանի օրինակին, պէտք է
խոստովանիլ թէ ան ոչ թէ իրմէ
առաջ վառած ջահը, այլ իր սկսած կրակն է որ փոխանցած է
յաջորդներուն։ Այս ինքնին
պարտականութիւն մըն է մեր
առջեւը դրուած։
ՏԱՏՐԵԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ
Ան
ինծի համար ուսուցիչ մըն էր, վարպետ մը, նոյնիսկ
պահապան հրեշտակ մը։ Շատ բան կը պարտիմ իրեն, որ չեմ կրնար արտայայտել գրաւոր կերպով։
Ամէն
անգամ որ կը զանգահարէի՝
«Թանէր, առողջութիւնդ ինչպէ՞ս է, մարզանք կ՚ընե՞ս» կը
հարցնէր ու երբ դրական պատասխան ստանար, սրտանց կը
շնորհաւորէր. «աֆէրիմ Թանէր» ըսելով։ Ապա կը հարցնէր աղջկանս՝ Հէլինի
որպիսութիւնը։
Հայոց
ցեղասպանութեան խնդրին
թափանցելուս մէջ կարեւոր
դեր ունեցած է։ Իմ
աշխատած ինստիտուտին
պարզեցի հայոց
ցեղասպանութիւնը
ուսումնասիրելու մասին նպատակս։
Ինստիտուտի վարիչները
մերժեցին առաջարկս,
պատճառաբանելով թէ իրենք այս
մասին դոյզն իսկ տեղեկութիւն չունին։ Սակայն
ելքի միջոց մըն ալ
առաջարկեցին։ Եթէ նիւթի
մասնագէտները
հրաւիրելով աշխատանոց մը
կազմակերպեմ, անոր
արդիւնքին համաձայն իրենց որոշումն ալ պիտի
կարենայ փոխուիլ։
Իսկոյն դիմեցի Համպուրկի
համալսարանի դասախօս փրոֆ.
Փէթրա Քապերթի։ Ինք խորհուրդ տուաւ Տատրեանի հետ
կապ հաստատել։ Աւելին՝
Տատրեանի երկու անգլերէն
յօդուածներ ղրկեց։ Այդ
տարիներուն իմ անգլերէն իմացութիւնս
բաւականին տկար էր. թէ՛ Տատրեանի հասցէն չունէի եւ թէ՛ այդ յօդուածները
հասկնալու ի վիճակի չէի։
Լոնտոնաբնակ
մէկ ընկերս յօդուածները թրքերէնի թարգմանեց ինծի համար։ Ապա գտայ նաեւ անոր հասցէն։ Տատրեան
յօդուածներուն մէջ թրքերէն
աղբիւրներէ յաճախ
մէջբերումներ ըրած էր։
Խորհեցայ որ այս մարդը
անպայման թրքերէն գիտէ։ Ուստի որոշեցի թրքերէնով դիմել անոր։
Խոստովանիմ, որ այդ պահուն շատ
ալ յոյս չունէի թէ դրական պատասխան մը կը ստանամ։
«Քառասուն
տարի ետք սա թրքերէնով իմ առաջին
նամակագրութիւնն է»։ Տատրեանէն եկած թրքերէն
նամակը այս նախադասութիւնով կը սկսէր։ Այսպէս սկսաւ մեր բազմամեայ
բարեկամութիւնը։ Սիրով մասնակցեցաւ
աշխատանոցին եւ իր ելոյթը
մեծ տպաւորութիւն գործեց։ Մանաւանդ ընդգծեց թուրք
մտաւորականի մը այս մասին անկողմնակալ
ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը։
Ինստիտուտը ընդունեց իմ առաջարկը։ Այս
աշխատանոցին համար
պատրաստած նախագիծը հրատարակուեցաւ
«Իլէթիշիմ»
հրատարակչատունէն, «Թուրք
ազգային ինքնութիւնը եւ
հայկական խնդիրը»
խորագիրով։ Սա այս նիւթի մասին իմ առաջին գիրքն
էր։
Տոքթորականս
պատրաստելու ժամանակ ալ Տատրեան իր
օգնութիւնը երբեք չխնայեց։ Այդ տարիներուն
համացանցի, հետեւաբար ել-նամակի դրութիւնը
չկար։ Միշտ թղթակցեցանք ֆաքսի
միջոցաւ։ Մեծ համբերութեամբ
պատասխանեց իմ
անվերջանալի հարցումներուս։
Ամերիկա երթալս
ալ իր միջոցաւ եղաւ։ 1999-ին ինստիտուտը մերժեց իմ
աշխատութիւններս
հովանաւորել։ Ընտանիք մը
ունէի, որուն ապրուստի
պատասխանատուութիւնը
իմ վրայ էր։ Տատրեանի միջնորդութեամբ Միշիկըն-Տիրպորն համալսարանի
հայկական
հետազօտութիւններու
կեդրոնը զիս հրաւիրեց եւ ես
կրկին անգամ
ցեղասպանութեան նիւթի ն
շուրջ աշխատելու առիթը գտայ։
Շատ
կը կարօտնար Իսթանպուլը, մանաւանդ
Սկիւտարը։ Կը վախնար Թուրքիա
գալէ, «հոն զիս կը սպաննեն» կ՚ըսէր։
Յաճախ կը
քննադատուէր թրքատեացութեամբ։ Բայց թուրքերու հետ
հանդիպելուն,
յատկապէս ալ անոնց հետ թրքերէն
խօսելու պահուն աչքերուն
մէջ փայլատակող
ուրախութիւնը նշմարած եմ։
Մէկ
բան շատ յստակ է։ Իմ կեանքի կարեւոր
անկիւնադարձերուն եթէ իր օգնութիւնը վայելած
չըլլայի, չէի ըլլար այն, ինչ որ
այսօր եմ։ Ո՛չ կրնամ մոռնալ իր զօրակցութիւնը, ո՛չ
ալ կրնամ հատուցել։ Յարգանքով կը խոնարհիմ իր
յիշատակին առջեւ։
«Ակօս», 7 Օգոստոս 2019
--------------------------
(*) Ընդհանրապէս, հանգուցեալ Վահագն Տատրեանի ծննդեան տարեթիւը 1926 գրուած է («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment