ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ
Շուտով լոյս կը տեսնէ Գալիֆորնիոյ համալսարանի մշակոյթի պատմութեան
մասնագէտ-դասախօս Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփայի «The missing pages. The
modern life of a medieval manuscript from Genocide to justice» («Պակսող
էջերը. Միջնադարեան ձեռագրի մը արդի կեանքը՝ Ցեղասպանութենէն մինչեւ
արդարութիւն») գիրքը, որ կը վերաբերի Զէյթունի Աւետարանին կորսուած 8
էջերուն:
Աւետարանը դարեր շարունակ պահուած է Զէյթունի աննշան եկեղեցիներէն
մէկուն մէջ մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւն: Գաղթականներուն հետ երկար
ճամբայ կտրած, երկուքի բաժնուած է: Ապա տարիներ ետք մատեանը հասած է
Հայաստան եւ տեղ գտած՝ Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանին մէջ: Այս
միջոցին սակայն անկէ 8 էջեր կորսուած են:
Լոս Անճելըսի Կէթի թանգարանին մէջ յայտնուած են այդ 8 կորսուած էջերը,
1994-ին, երբ թանգարանը գնած է զանոնք ցեղասպանութենէն վերապրած ամերիկահայ
ժառանգորդներէ: Հայ եկեղեցին դատի տուած էր Կէթի թանգարանը, պնդելով թէ
ի՛նքն է օրինական սեփականատէրը այդ էջերուն: Իրաւական երկար պայքարը
կ՚աւարտի փոխզիջմամբ, երբ Կէթի թանգարանը կ՚ընդունի հայոց եկեղեցւոյ
օրինական սեփականատիրութիւնը, մինչ հայոց եկեղեցին որոշում կը կայացնէ
մշակութային այդ հարուստ պատառիկները նուիրել թանգարանին:
Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփա վերոնշեալ գիրքով ուսումնասիրած է Զէյթունի
Աւետարանի ամբողջ ոդիսականը, Զէյթունի եկեղեցիէն մինչեւ Հալէպի
գաղթակայանները, Էլիս կղզի, Խորհրդային Հայաստան, ապա Լոս Անճելըսի
դատարանները: Ան կը նշէ, թէ մշակոյթի թանկարժէք պատառիկներուն պատմութիւնը
կ՚արտացոլացնէ ցեղասպանութիւն ապրած, գոյապայքար մղած ու վերապրած հայ
ժողովուրդին պատմութիւնը:
Գիրքին հրապարակումը նախատեսուած է Փետրուար 2019-ին: Նշենք, որ Հեղնար
Զէյթլեան նաեւ հեղինակն է « The Image of an Ottoman City: Architecture in
Aleppo» («Օսմանական քաղաքի մը պատկերը. Հալէպի ճարատարապետութիւնը»,
2004) գիրքին: Անոր գրութիւնները յաճախ լոյս կը տեսնեն «Huffington Post»ի
եւ «Los Angeles Times»ի մէջ:
«Հորիզոն», 23 Օգոստոս 2018
No comments:
Post a Comment