22.8.18

Աշխարհահռչակ «Նարնիայի քրոնիկները» վիպաշարքին հայերէն թարգմանութիւնը

Նիւ Եորքի մէջ վերջերս հիմնուած «Ռոսլին փրես» հրատարակչատունը  հրատարակած է Ք. Ս. Լուիսի (C. S. Lewis) պատանեկան վէպերու աշխարհահռչակ շարքը` «Նարնիայի քրոնիկները», արեւմտահայերէն թարգմանութեամբ։
Այս շարքի հատորները կը շարունակեն մեծցնել սերունդներ։ «Ռոսլին փրես»ը ձեռնակած է այս մեծածաւալ եօթհատորեակի թարգմանութեան՝ նման գրականութեան բացը հայ իրականութեան մէջ դարմանելու նպատակով։

Առաջին հատորը անգլերէնէ թարգմանած է Քրիստիան Բատիկեանը, իսկ մնացեալ վեց հատորները` Նանոր Միքայէլեանը:
Հատորները խմբագրած է դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը:
Թարգմանիչները պարզ ու մատչելի հայերէն կը գործածեն` պատանիին խօսածէն կարելիին չափ շատ չհեռանալու մտադրութեամբ, առանց մոռնալու նոր բառամթերքի ներկայացումը։ 



Թարգմանչուհի Նանոր Միքայէլեան կը գրէ.
«Այս օրերուն որքան կարիքը ունինք հեքիաթ կարդալու, հեքիաթ, ուր ո՛չ միայն վիշապներ գոյութիւն ունին, այլ վիշապները պարտութեան կը մատնուին,  նոյնիսկ կը զղջան:
Ք. Ս. Լուիսի "Նարնիայի քրոնիկները" պատանիներու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեծերու համար գրուած արկածախնդրութիւններու շարք մըն է` ամփոփուած եօթը հատորներու մէջ, որոնցմէ վեցը արեւմտահայերէնի վերածելու հաճոյքը ունեցայ:
Ամբողջ տարի մըն է, որ կ՚ապրիմ երազային այս աշխարհին մէջ. աշխարհ մը, ուր բնութիւնը չքնաղ է, արարածները հրաշագեղ` թեւաւոր ձի, յաւերժահարս, ծառանուշ… Աշխարհ մը, ուր թագաւորները արդարօրէն կը դատեն, ուր կայ ընտանեկան սրբութիւն, միասնականութիւն, ուր կին արարածը կը մեծարուի, մեծը կը յարգուի, ճիշդը կը գնահատուի, ու սխալին դէմ պայքար կը մղուի: Աշխարհ մը, ուր կան աներեւակայելի գեղեցիկ պալատներ, ոսկեայ խնձորներով ծառեր ու հաւատարիմ ընկերներ, որոնք անձնազոհութեամբ կը հասնին օգնութեան, պատերազմելու` չարագործներու, յոխորտացողներու ու բռնակալներու դէմ, զինուած` համբերութեամբ ու ամենակարեւորը` հաւատքով:
Դժբախտաբար շատերու համար գիրք կարդալը առարկելի դարձած է ու անհաճոյ: Բայց չէ՞ որ կարդալով կրնանք ուրիշ աշխարհներ հասնիլ, ամենաբարձր լեռները մագլցիլ ու ամենահամեղ պտուղները ճաշակել: Կարդալը գերագոյն հաճոյք է: Գիրքը ամենազուարճալի ընկերակիցն է ու ամենակարող ուսուցիչը, որ մեր բոլոր զգայարանքները կ՛աշխուժացնէ:
Մէկ խօսքով, գիրքը կեանքն է խտացուած:
Ք. Ս. Լուիսի արկածախնդրական այս շարքին մէջ պիտի տեսնենք, որ բարին ու չարը ամէն տեղ են, նոյնիսկ` մե՛ր մէջ, իսկ այդ երկուքին միջեւ կայ թափանցիկ ու շատ բարակ թել մը, մէկ կողմը` լոյս, միւս կողմը` խաւար: Նարնիայի մեր փոքրիկ հերոսներուն օգնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ընտրել ճիշդ ուղին եւ յաւերժ ապրիլ երջանիկ ու վայելել կեանքի ընծայած  անհամար բարիքները»:

Տպագիր օրինակի համար այցելել` www.roslin.press 
Թուայնացած օրինակի համար այցելել` www.vlume.com

Ա. հատոր` «ԱՌԻՒԾԸ, ՎՀՈՒԿԸ ԵՒ ՀԱՆԴԵՐՁԱՐԱՆԸ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՔՐԻՍՏԻԱՆ ԲԱՏԻԿԵԱՆի, 180 էջ
Բ. հատոր`  «ՔԱՍՊԻԱՆ ԻՇԽԱՆԸ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 216 էջ
Գ. հատոր`  «ԱՐՇԱԼՈՅՍԻ ՏԻՐԱԿԱԼԻ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 238 էջ
Դ. հատոր` «ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԱԹՈՌԸ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 224 էջ
Ե. հատոր`  «ՁԻՆ ԵՒ ԻՐ ՏՂԱՆ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 208 էջ
Զ. հատոր` «ԱՃՊԱՐԱՐԻՆ ՔՐՈՋ ՈՐԴԻՆ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 192 էջ
Է. հատոր`  «ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՐՏԸ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 194 էջ

No comments:

Post a Comment