ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Աւետիս Հաճեանի կոթողային՝ «Գաղտնի ազգ. Թուրքիոյ թաքուն Հայերը»
անգլերէն հատորը («Secret Nation, The Hidden Armenians of Turkey», 2018,
«I.B. Tauris» հրատարակչատուն) կու գայ ամբողջացնելու հայոց պատմութեան
նորագոյն էջերէն գրեթէ բացակայող հատուածը՝ յետ-եղեռնեան շրջանին իսլամացած
եւ իսլամացուած, ինչպէս նաեւ քրտացած, թրքացած, արաբացած հայերուն, կամ,
թուրքերուն բնութագրումով՝ «սուրի մնացորդներ»ուն մասին: Ասոնց վրայ
վերջերս սկսած են աւելնալ նաեւ քրիստոնէութեան վերադարձողները՝
քաջալերուած մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ Անգարայի կարծր դիրքին
ժամանակաւոր մեղմացումով:
Լրագրող Հաճեան, որ զաւակն է յայտնի հալէպահայ հանգուցեալ ուսուցիչ,
գրող եւ մտաւորական Պետրոս Հաճեանի, կանուխ տարիքէն Արժանթին հաստատուած է
իր ընտանիքին հետ եւ ուսումը ստացած է Արժանթինի ու Մեծն Բրիտանիոյ մէջ: Այս
հատորին մղիչ ուժերէն մէկը եղած է համշէնահայութեան նուիրուած Էօզճան
Ալփերի «Աշուն» ֆիլմը, որ եկած է կուտակուելու պատանի տարիքէն իր լսած
գաղտնի հայերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ գտնելու մարմաջին վրան:
Աւետիս
Հաճեան երկար տարիներու վրայ տարածուող արկածախնդրական եւ երբեմն
անձնասպանական հակումներ յուշող այցելութիւններով կը գտնէ բազմաթիւ հայեր,
որոնք պահած են հայկական եւ քրիստոնէական ինքնութեան տարբեր մասերը: Անոնց
մէջ կան իսլամացած եւ իսլամացուած հայեր, որոնցմէ մաս մը տակաւին պահած է
հայկական եւ քրիստոնէական որոշ աւանդութիւններ: Կան նաեւ հայ եւ քրիստոնեայ
մնացած հայեր, նաեւ ուրիշներ, որոնք կամայաբար միացած են քիւրտ
հայդուկներու դէմ պայքարելու նպատակով պետութեան կազմած գիւղային
պահակներու ցանցին:
Բոլորին մէջ հասարակ յայտարարը կը մնայ վախը, որ ներկայ է ամէն
անկիւնադարձի: Առիթով մը, հեղինակին համար վիրաւորական կը թուի Սասնոյ
դժուար հասանելի գագաթներէն մէկուն վրայ, Ոսկեծառի մէջ կայք հաստատած հայ
ընտանիքի մը դժկամութիւնը՝ զինք գիշերուան հիւր ընդունելու՝ առանց զինք հոն
հասցուցած քիւրտին ընկերակցութեան: Ան, աւելի ուշ, քիւրտին օգնութեամբ կը
գիտակցի, թէ դժկամութիւնը կու գայ այն իրողութենէն, որ տանտէրերը իրենք
զիրենք միշտ խոշորացոյցի տակ կը զգան՝ շրջապատուած ըլլալով քրտական
գիւղերով, որոնց համար դուրսէն եկած իւրաքանչիւր հայ՝ պահուած ոսկիի
քարտէսներով օժտուած գանձ մըն է, թիրախ դարձնելով նաեւ անոր հետ բոլոր
գործակցողները: Նման պահերու կողքին, հեղինակը ապրած է նաեւ շրջանին մէջ
հայախօս մնացած վերջին ընտանիքի աղջկան՝ Դալարին հետ Սասնոյ բարբառով
զրուցելու անհաւանական թուացող առիթը:
Յատկանշական է նաեւ, որ իբրեւ թէ գաղտնաբար հայ մնացողներուն գաղտնիքը
այդքան ալ ծածուկ չէ, եւ յաճախ տեղացիները կը յամառին իրենց խտրական
կեցուածքներուն վրայ, նոյնիսկ եթէ հայ մը իսլամացած է, հաւանաբար
կասկածելով այդ կրօնափոխութեան ոչ ամբողջական ըլլալուն: Նման կեցուածքով,
տեղացիները ակամայ կը նպաստեն հայապահպանման:
Նոյնիսկ իսլամացած հայերուն մօտ կայ իրենց երեխաները թուրքերու,
քիւրտերու կամ արաբներու հետ չամուսնացնելու զօրաւոր փափաքը: Հակառակ
արբանեակային պատկերասփիւռի եւ նոյնիսկ «խելացի» հեռաձայններու ժամանումին,
ապագայ հարսերու առեւանգումները սովորական եղած են Սասնոյ եւ անոր շրջակայ
գիւղերուն մէջ, յաճախ քիւրտի մը կողմէ ամուսնութեան առաջարկին մերժումը
անկարելի կամ չարեաց փոքրագոյնը դարձնելով: Նման առեւանգումներ նաեւ դէպի
Պոլիս գաղթը արագացնող գլխաւոր ազդակներէն դարձած են: Միւս կողմէ, կայ նաեւ
կարգ մը քիւրտերու կամ արաբներու քով մեծցած հայ երիտասարդին՝ «մեր
հայուն», հայ հարս մը ճարելու ջանքերը, որոնք երբեմն յաջողութեամբ
կ՛աւարտին:
Հետաքրքրական էր նաեւ այն տեղեկութիւնը, որ մինչեւ 1960ականներուն
կէսերը, Սասնոյ մէջ հայերով վերաբնակեցուած Արկինթ գիւղը ապրող փոքրաթիւ
հայերը շարունակած են ինքնապաշտպանութեան դիմել, երբեմն՝ նոյնի՛սկ զինեալ,
իրենց տարրական իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Սակայն 1980ականներու
կէսերուն, երբ երիտասարդները սկսած են հեռանալու, մնացեալ գիւղացիները
Պոլիս ապաստանած են, եւ յաջորդ սերունդը տեղւոյն հայկական վարժարաններուն
մէջ հայերէն սկսած է սորվելու. բան մը, որուն առիթը չէին ունեցած անոնց
ծնողները:
Ցաւալի կէտ մըն էր նաեւ այն, որ գաւառներուն մէջ մնացած հայերէն ոմանք
ունին այն համոզումը, թէ քաղաքի հայերը զիրենք հայ չեն համարեր, կամ՝ նուազ
հայ կը նկատեն, ինչ որ թրքական կողմին հաստատած արգելքներուն կողքին պատ
մը եւս կը դնէ հայութեան վերամիանալու անոնց ջանքերուն դիմաց:
Հետաքրքրական դրուագներ կան նաեւ 1930ականներու քրտական ապստամբութեանց ընթացքին սասունցի հայերու երկրորդ տարագրութեան մասին:
Յատկանշական է ուղղակի հայութեան չվերաբերող այլ կէտ մը եւս, որ ըստ
հեղինակի պնդումին՝ ցարդ գոնէ Արեւմուտքի մէջ ընդհանրապէս անտեսուած է:
Ակնարկութիւնը կ՛երթայ Թուրքիոյ մեծաթիւ արաբ բնակչութիւն ունեցող
շրջաններուն մէջ, ներառեալ՝ Սասնոյ, քրտական անջատողական մղումներուն
նկատմամբ ընդդիմութեան: Հաճեան ստացած է այն տպաւորութիւնը, որ անկախութեան
կամ ինքնավարութեան համար քիւրտերու ծաւալուն զինեալ պայքարի մը
պարագային՝ տեղւոյն արաբները պատրաստ են Անգարայի զինակիցները
հանդիսանալու:
Տպաւորիչ է նաեւ նկարագրականը Պոլսոյ մէջ կայացող ցոյցի մը, որ
կազմակերպուած էր իբրեւ բողոք՝ Սուրիոյ քիւրտերը չէզոքացնելու համար
թրքական բանակի զինուորական գործողութիւններուն դէմ, որոնց նպատակն էր
նպաստել «Իսլամական պետութեան»: Ցոյցին ընթացքին Հաճեանի ունեցած մէկ
հարցազրոյցի պահուն, հեղինակին կը վիճակուի ճաշակել թուրք ոստիկաններու
կողմէ ցուցարարներուն դէմ օգտագործուած արցունքաբեր կազերը, որոնց նոր
«արտադրութիւններ»ը քիչ մը աւելիով ուռճացուցին Թուրքիոյ պատճառած արցունքի
ովկիանոսը:
Հաճեանի գրելաոճը եւս նորարարական է՝ գործին տալով իւրայատուկ
ընթեռնլիութիւն մը: Օրինակ, պատմութեան աւանդական հոսանքը յաճախ
կ՛ընդհատուի՝ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կամ միջանկեալ դրուագներ
փոխանցելու համար, երբեմն ալ այդ ընդհատումը տեղի կ՛ունենայ նոյնիսկ
հարցումի մը եւ իր պատասխանին միջեւ:
Լուսանկարներու բացակայութիւնը, յատկապէս երբ հեղինակը յաճախ կը խօսի
այս կամ այն անձը կամ տեսարանը նկարելու մասին՝ զանոնք տեսնելու ախորժակներ
բանալով, հատորին տկար կէտերէն մէկն էր, սակայն գիրքի կողքին վրայ եւ
հատորին մէջ տեղ գտած հինգ լուսանկարներուն կողքին, շատ այլ նկարներ կարելի
է մեր միտքերուն մէջ պատկերել, շնորհիւ Հաճեանի նկարագրական հարուստ եւ
գունաւոր ոճին:
570 էջնոց լաթակազմ հատորը բաժնուած է 10 բաժիններու՝ ըստ
Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ հեղինակին կատարած պրպտումներուն:
Պոլսոյ եւ Սասնոյ կողքին, հեղինակը հետեւեալ վայրերը այցելած է. Ատիեաման,
Տիգրանակերտ, Տարօն, Կարին, Սեբաստիա եւ Փոքր Ասիա, Խարբերդ, Վան, Կիլիկիա,
ինչպէս նաեւ Սեւ ծովու տարածք եւ Համշէն:
Հատորը նաեւ ունի քարտէսներ, հնչիւնաբանութեան բացատրական մը,
գործակիցներու եւ աջակցողներու հասցէագրուած երախտագիտական էջեր,
բացատրութեանց հատուած մը եւ վայրերու ու անուններու ցանկեր, իսկ յաւելեալ
ուսումնասիրութիւն փափաքողներուն համար՝ գիրքերու ցանկ մը:
Բազմաթիւ պատմական մանրապատումներով հարստացուած եւ փոքր հանրագիտարանի
մը դերը կատարող հատորը, Աստուածաշունչի եւ հայոց պատմութեան
աւանդապատումներէն սկսեալ մինչեւ ժողովրդային աւանդութիւններու եւ
մարդաբանական, ընկերային գիտութեանց ու ծինային ուսումնասիրութիւններու
նորագոյն եզրակացութեանց օգտագործումով՝ բազմաթիւ կապեր կը նշէ ու կը
հաստատէ ոչ միայն օրինակ Նոյեան Տապանի եւ Մարաթուկի, ազգայնամոլութեան կամ
ազգասիրութեան եւ կրօնքի ու ազգային ինքնութեան միջեւ, այլեւ՝
ղեկավարներու պաշտամունքի ախտի տարբեր ձեւերուն միջեւ: Ան նաեւ նոր
կամուրջներ կը շինէ հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ՝ սկսելով
Պատմական Հայաստանէն, հասնելով Սփիւռք ու Համշէն եւ վերադառնալով Արեւմտեան
Հայաստան, Կիլիկիա ու Պոլիս, ուր Սասունցի Դաւիթի դիւցազներգութեան
հայերէն մէկ մասնիկը կ՛արձանագրէ իսլամացած եւ մահամերձ սուսունցիի մը
բերանէն:
Ինչպէս հեղինակը արդէն գրած է իր նախաբանին մէջ, գիրքին նպատակն է
հաղորդել Մարութա սարի Սուրբ Աստուածածին վանքը ուխտի գացող իսլամացած հայ
պարմանուհիին, որ իրար կ՛անցնի, երբ ձեռքի պարկին շրջումով կը բացայայտուի
անոր վրայ ձեռագործուած հայկական խաչը, թէ՝ ինք մինակ չէ՛:
«Ասպարէզ», 21 Օգոստոս 2018
No comments:
Post a Comment