12.6.18

Սփիւռքի թաւշեայ յեղափոխութիւնը (խմբագրական)

Ժ. Չ.

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր էջ մը պիտի բանա՞յ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ։ Որքան որ սպասումները մեծ են Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, նոյնքան ալ՝ սփիւռքահայերուն։
Անցնող 27 տարիներուն Սփիւռքը բարեսիրութեան, օգնութեան, ներդրումներու միջոց էր եւ արտասահմանի մէջ՝ քաղաքական նեցուկ, Հայաստանի ի նպաստ լոպիինկի առումով։ Անկախ Հայաստանի գոյութիւնը ինքնին մեծագոյն պարգեւն էր, թուրքին եաթաղանէն փրկուած ու արտերկիր հաստատուած Հայութեան համար։ Սակայն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները առողջ չէին եւ ինչպէ՞ս կրնային ըլլալ երբ անկախութենէն ի վեր ժողովուրդը արտագաղթը գտած էր իբրեւ հիմնական լուծում իր կենցաղային հարցերուն։

Աւանդական Սփիւռքը դատապարտուած էր կանգնելու հայրենիքի կողքին ի հեճուկս ժողովուրդին դժգոհութեան։ Դատապարտուած էր զօրակցելու իշխող դասուն, պետութիւնը կանգուն պահելու սիրոյն։ Թուրքեւազէրական վտանգը դամոկլէսեան սուրի նման կախուած էր պետութեան գոյութեան վիզին։ Պետականութեան պաշտպանութեան տրամաբանութիւնը կը պահանջէ, հակառակ բոլոր ձախաւերութիւններուն՝ պաշտպանել իշխանը, ո՛վ որ ալ ըլլայ, ի՛նչ ճակատէ ալ ըլլայ։
Այս պայմաններուն մէջ է, որ ստեղծուեցաւ ու գործեց նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Ի՞նչ կարելի էր սպասել անկէ, թշուառ Հայաստանի իրավիճակին մէջ։ Ոչի՛նչ։ Սակայն, յաւակնութիւնները մեծ էին թէ՛ նշեալ նախարարութեան, թէ՛ ալ սփիւռքահայութեան։ Անկախութենէն 17 տարի ետք վերջապէս կը ստեղծուէր Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Ինչպէ՞ս կարելի էր սպասումներ չունենալ, երբ վերջապէս Հայաստանի իշխանութիւնները ընդառաջելով Սփիւռքի կարեւոր մէկ հատուածին պահանջին՝ կը ստեղծէին այդ նախարարութիւնը։
Սփիւռքի նախարարուհին գործեց իբր թէ Սփիւռքի ուծացման դէմ պայքարելու, գործեց իբր թէ սփիւռքահայութեան ներուժը ի նպաստ Հայաստանի հզօրացման համախմբելու նպատակներով. դեռ բնաւ չխօսինք հայրենադարձութեան ծրագրերուն մասին։ Ինքնախաբէութիւնը մեծ էր։ Ո՛չ տնտեսութիւնը զարգացաւ, ո՛չ արտագաղթը կասեցաւ, ո՛չ ալ Սփիւռքի այսպէս կոչուած՝ «ուծացման» առաջքը առնուեցաւ։
Կարելի չէ ժխտել Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան դրականներն ալ, ինչպէս՝ իրեն ընձեռուած իրաւասութիւններու սահմանին մէջ՝ Սուրիահայութեան հար-
ցերու լուծումը, Սփիւռքէն պատանիներու համար ամառնային ճամբարներու եւ կամ մասնագիտական համաժողովներու կազմակերպումը։ Բայց այս բոլորը յառաջ չբերին բեկումնային տնտեսական բարեփոխումներ։ Բաշխուեցան բազմաթիւ շքանշաններ, եղան հայրենասիրական բազմաթիւ կոչեր, սակայն բացակայեցաւ թիրախային ծրագրերու մշակումը ի նպաստ Հայաստանի, բացակայեցան տարբերակուած ծրագրերը ի նպաստ բազմատեսակ սփիւռքներու։ Հայաստանակեդրոն մտայնութիւնը եղաւ իր մեծագոյն սահմանափակումը։ Հայաստանակեդրոն ըլլալէն անդին իշխող կառավարութեան բերած քարոզչական նպաստը եղաւ իր մեծագոյն թերին։
Շրջանցելով կառավարական օղակները, սփիւռքահայ բազմաթիւ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ յաջող ծրագրեր իրագործեցին Հայաստանի մէջ, սակայն, արդեօք Սփիւռքը իր ներկայ աւանդական կառոյցներով կրնա՞յ արդիական բեկումնային ներդրում ունենալ առանց ինքզինք վերանայելու։
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը շատ բան փոխեց Հայաստանի ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ։ Սփիւռքն ալ խանդավառութեամբ հետեւեցաւ դէպքերուն։ Փաշինեան յաճախ անդրադարձաւ Սփիւռքին, դիմեց Սփիւռքին, սակայն իբր ծրագիր մնաց հայրենադարձութեան սահմանին։ Որքանո՞վ իրագործելի են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն կամ հայրենադարձութեան մասին ըսուածնե
րը, նախքան երկրին մէջ իսկական փոփոխութիւններու ամրագրումը։ Մէկ բան հաստատ է, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններն ալ յեղափոխութեան կարիքն ունին, սակայն ոչ միայն հայրենադարձութեան հողի վրայ։ 

«Նոր Յառաջ», 7 Յունիս 2018

No comments:

Post a Comment