Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած
միջազգային գիտաժողովի ծիրին մէջ, 26 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Արամ
Մանուկեան. Նամականի» գիրքին շնորհանդէսը: Ձեռնարկին ներկայ էին
դաշնակցական գործիչներ, գրողներ, պատմաբաններ, գիտնականներ, հիւրեր
Վրաստանէն եւ Սփիւռքէն: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական,
հասարակական գործիչ, ՀՅԴի անդամ Արամ Մանուկեանի նամակներու ժողովածուն
կազմած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:
Փամպուքեան գլխաւորաբար ՀՅԴի արխիւներէն օգտուած է ժողովածուն կազմելու ընթացքին: Պատմական այս բացառիկ փաստաթուղթերը լոյս կը սփռեն Ա.
Մանուկեանի 1904-1915 թուականներուն գործունէութեան վրայ:
Ժողովածուին մէջ հրապարակուած են 354 նամակներ, որոնցմէ
325ը ցարդ անտիպ էին։ Նամակներէն 260ը կը վերաբերին հայ ժողովուրդի
ինքնապաշտպանական մարտերու կազմակերպման համար անհրաժեշտ զէնք-զինամթերքի
մատակարարման:
«Նամակները նոր լոյս կը սփռեն եւ կը վկայեն ազգային-ազատագրական
պայքարին մէջ Արամ Մանուկեանի ունեցած բախտորոշ դերակատարութեան մասին», իր
խօսքին մէջ նշեց հեղինակը:
Փամպուքեան նկատել տուաւ, որ միայն մէկ տարուան ընթացքին՝ 1904էն 1905,
Մանուկեան առաւել քան 240 նամակ գրած է: «Դժբախտաբար 1914-1915
թուականներուն Արամ Մանուկեանէն սակաւաթիւ գրութիւններ պահպանուած են: Այդ
տարիներուն Վասպուրականի, ինչպէս նաեւ միւս հայկական շրջաններու
կուսակցութեան արխիւները ժամանակին Ժընեւ չփոխադրելու իբրեւ արդիւնք
ոչնչացուած են», նշեց Փամպուքեան:
Ըստ ժողովածուի հեղինակին՝ Արամ Մանուկեան բաւական ընթեռնելի ձեռագիր
ունեցած է, հակառակ անոր որ նամակներէն շատերը հապճեպօրէն գրուած են:
Նամակներուն մէջ կ՛առանձնանան անոր ի լեզուական եւ ուղղագրական
առանձնայատկութիւնները: Փամպուքեան նշեց, որ նամակներուն
մէջ յաճախ գործածուած են ծածկանուններ, որոնք հիմնականին մէջ տեղանուններու մասին էին: Գաղտնիութեան նկատառումներէն մեկնելով, դաշնակցական
գործիչը յաճախ գործածած է թուանշանային ծածկագիրներ:
Խօսելով Արամ Մանուկեան պետական եւ հասարակական գործիչին մասին,
Փամպուքեան ըսաւ. «Արամ Մանուկեան խստապահանջ եւ կարգապահ կուսակցական էր:
Ան օժտուած էր մարդիկը համախմբելու արտասովոր հմայքով եւ կարողութեամբ:
Անոր խօսքը յանդուգն էր եւ համոզիչ»:
«Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, «Ազդակ»ի խմբագրապետ Շահան
Գանտահարեան նշեց, որ ասիկա Արամ Մանուկեանի վերաբերեալ փաստաթուղթերու
երրորդ հրատարակութիւնն է. «Արամ Մանուկեանի փաստաթուղթերը առաջին անգամ
հրատարակուած են Պէյրութի մէջ, Հրաչ Տասնապետեանի կողմէ, երկրորդ
հրատարակութիւնը կատարուած է ազգային արխիւին մէջ պահուած նիւթերու հիման վրայ, իսկ երրորդը Փամպուքեանի խմբագրած հրատարակութիւնն է, որ հաճելի
զուգադիպութեամբ հաընկնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման
100ամեակին հետ»։
Նամակներու ժողովածուն լոյս տեսած է 1000 օրինակով: Հատորը
տեղադրուած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի
historyofarmenia.am կայքին վրայ:
No comments:
Post a Comment