28.5.18

Առաջին Հանրապետութեան նաւերը եւ Կոստան Զարեանի «Նաւը լերան վրայ» վէպը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ


Կոստան Զարեան
Ընթերցողին ծանօթ է, որ Կոստան Չարեան քսաներորդ դարու հայ գրականութեան ամենէն կարեւոր եւ, մինչեւ քանի մը տարի առաջ, ամենէն անտեսուած անուններէն մէկն էր։ Սակայն, անոր ծանօթ չէ, որ Զարեանը Հայաստանի հանրապետութեան նաւատորմի սպայ եղած ըլլայ, քանի որ գրագէտը զինուորական ասպարէզին հետ երբեք առնչութիւն ունեցած չէ, հակառակ հանրապետութեան բանակի այլապէս լուրջ պատմաբանի մը աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ գրածին[1]։  Առաջին անկախութեան շրջանին, 1915-1921-ին Իտալիա ապրող Զարեանը Հոկտեմբեր 1919-ին Երեւան այցելած իբրեւ իտալական թերթերու թղթակից։
Այս տարի Զարեանի «Նաւը լերան վրայ»ի հրատարակութեան 75ամեակն է։ 1943-ին Պոստոնի «Հայրենիք»ի տպարանէն լոյս տեսած վէպը prequel-ն էր եռագրութեան մը, որուն նախընթաց մասերն էին «Անցորդը եւ իր ճամբան» եւ «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները» գործերը, որոնք թերթօնի ձեւով լոյս տեսած էին (վերջինը՝ անաւարտ) «Հայրենիք» ամսագրին մէջ, 1926-1928-ին եւ 1931-1933-ին։ Մինչ առաջին երկուքը խորհրդահայ կեանքի առաջին տասնամեակին կ՚անդրադառնային, «Նաւը լերան վրայ» վէպը, ինչպէս հեղինակը նշած է իր նախաբանին մէջ, «բուն իմաստով՝ վէպ չէ, այլ պատմութիւնն է մի քանի  հայ հոգիների, որոնց վիճակուած էր ապրել մեր ազգային կեանքի ամենաբախտորոշ շրջաններից մէկում։ (…) Թող նաեւ ոչ ոք փնտռի պատմական անճշդութիւններ. պատմութեան գիրք չէ, ոգու գիրք է»[2]։ Այս «ոգու գիրքը», ոչ-սովորական վէպը դարձաւ 1918-1921 թուականները ընդգրկող ամենէն նշանաւոր գեղարուեստական գործը։ Անցողակի նշենք, որ գալիֆորնիաբնակ մտաւորական Լեմուէլ Ամիրեանի (1907-1996) անգլերէն թարգմանութիւնը անտիպ մնացած է[3]։
Վէպը կը ներկայացնէ «հեռաւոր նաւարկութիւնների նաւապետ» Արա Հէրեանի պայքարը՝ Ա. հանրապետութեան տարիներուն Սեւ ծովէն մինչեւ Սեւանայ լիճ նաւ մը հասցնելու համար։ Պատմութիւնը փաստի վրայ հիմնուած է. հանրապետութեան անկումի ժամանակ, իսկական նաւը կանգ առած էր Երեւանի ու Սեւանի մէջտեղը։ «Անցորդը եւ իր ճամբայ»ի մէջ, Զարեան դիտել տուած էր, որ «ժողովուրդները հիմնել են նրանց դիցաբանութիւնը փոքր, բայց յատկանշական փաստերի վրայ»[4]։
Տիգրան Ծամհուր
Դաշնակցական գործիչ Տիգրան Ծամհուրը (Ամսէեան, 1885-1921) Գերմանիա կրթութիւն ստացած Մեծ Եղեռնի վերապրող մըն էր, որ Յունիս 1919-ի ընտրութիւններուն Հայաստանի Խորհուրդի պատգամաւոր ընտրուած էր։ Մասնակցած է Դաշնակցութեան Թ. Ընդհանուր Ժողովին (Երեւան, 1919)։ Սեւանի շրջանի գաւառապետ նշանակուած է ու հայկական նաւատորմի կազմակերպիչը դարձած[5]։ Անշուշտ, «նաւատորմ» կոչելը շատ յաւակնոտ կը հնչէ ծովային ելքէ զուրկ երկրի մը համար, եւ ահա թէ ինչու, ինչպէս Սիմոն Վրացեանը գրած է, Ծամհուր կատակով կոչուած է «ծովակալ Սէյմուր»[6]։
Սեւանայ լիճի նաւարկութիւնը հիմնականին նուիրուած պիտի ըլլար ապրանքներու եւ ռազմամթերքի փոխադրութեան։ Ծամհուր գործի լծած է ցարական նաւատորմի նախկին սպայ Միքայէլ Թումանեանը, որ Պեսարապիայէն (Ռումանիա) եկած էր նորանկախ հայրենիքին ծառայելու իր հօր հետ (թուաբանութեան դասախօս մը, որ աշխատած է հանրապետութեան փողերանոցին մէջ), եւ զինք լճափի նաւաշինարանին պատասխանատու կարգած։ Իր յուշերուն մէջ, Վրացեան նկարագրած է Սեւան իր այցելութիւնը Մայիս 1920-ին.
«Ելենովկայում ռուս գիւղացիութիւնը մեզ ընդունում է աղ ու հացով։ Ապա՝ նոր նաւաշինարանը Սեւանի եզերքին։ Բեսարաբիայից եկած երիտասարդ ծովային սպան (…) մեզ հանդիսաւոր ընդունելութիւն է ցոյց տալիս եւ ներկայացնում է իր գործակիցներին։ Դիտում ենք նաւաշինարանը եւ նորաշէն «Աշոտ Երկաթ» «ռազմանաւ»ի անաւարտ կմախքը։ Երիտասարդ սպան հպարտութեամբ բացատրում է. Հայաստանի նաւատորմի առաջին միաւորն է, որի կառուցման բախտը իրեն է վիճակուած։ Ռազմանաւը ունենալու է երկու թեթեւ թնդանօթներ եւ յիսուն նաւաստիներ։ Այսքանը բաւական է Սեւանի եզերքներին խաղաղութիւն պահելու համար»[7]։
Այս նաւուն անունը կը յիշէր Աշոտ Բ. Բագրատունի (914-928) թագաւորը, որ 921 թուականին արաբական զօրքերու կողմէ շրջափակուած էր Սեւանայ կղզին մէջ ու, գիշերային յանդուգն յարձակումով, պարտութեան մատնած էր թշնամին լճափին տեղի ունեցած վճռական ճակատամարտի մը մէջ, Հայաստանի անկախութիւնը ապահովելով։ Անոր հաստատակամ ու անկոտրում նկարագիրը Աշոտ Բ.ին արժած էր «երկաթ» մակդիրը։ Շինուող ռազմանաւը, ըստ հայկական բանակի սպայ Գաբրիէլ Լազեանի վկայութեան, նոյնպէս կատակներու թիրախը հանդիսացած էր, քանի որ կոչուած էր «Աշոտ Տախտակ»[8]։

Միքայէլ Թումանեան
Օգոստոս 1920-ի վերջաւորութեան, առաջին շարժիչով նաւակը ջուր կը մտնէր։ Լրատուութիւնը կ՚աւելցնէր որ, մինչ այդ, 15 առագաստանաւեր գործած էին լիճին մէջ, փոխադրելով 25.000 փուտ (903.000 փաունտ) ապրանք 100 վերստի (66 մղոն) հեռաւորութեան վրայ։ Կ՚ակնկալուէր, որ «Աշոտ Երկաթ»ը շարժիչով օժտուէր Սեպտեմբերի վերջաւորութեան։ Ուրիշ նաւու մը շինութիւնը, որ աւելի մեծ, ծաւալուն եւ ուժեղ պիտի ըլլար, նոյնպէս իր աւարտին կը հասնէր։ Որոշ առագաստանւեր թնդանօթներ ունէին, որոնք կ՚օգնէին ապահովութեան պահպանումին լիճի արեւելեան ափը վտանգող թաթար հրոսակներուն դէմ[9]։
«Աշոտ Երկաթ»ը ծառայութեան մէջ մտաւ Հոկտեմբեր 1920-ին։ Անոր նաւապետը՝ Երուանդ Գասպարեանը (1872-1946), տրապիզոնցի փորձառու նաւաստի մըն էր, որ երկար տարիներ նաւապետ եղած էր Ալեքսանդր Մանթաշեանցի քարիւղատար տորմիղին մէջ։ Գասպարեան մաս կազմած էր պատուիրակութեան մը, զոր Տրապոզինի հայերը Երեւանէն ղրկած էր ի հետեւումն Յուլիս 29, 1919-ին տեղի ունեցած համաժողովին, ուր որոշած էին շոգենաւի մը նաւարկութիւնը ապահովել Սեւանայ լիճին մէջ, իրենց իսկ կողմէ տրամադրած գումարով ու անձնակազմով։ Ծրագիրը ընդունուած էր կառավարութեան կողմէ, բայց իրագործուած չէր[10]։
Մինչ այդ, խնդրոյ առարկայ «նաւը լերան վրան» ճանապարհին էր։ «Սեստրիցա Նուշա» («Բուժքոյր Նուշա») կոչուած ռուսական նաւը գնացքով Վանայ լիճը կը փոխադրուէր 1917-ին, երբ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը տեղի ունեցած էր։ Իրենց հայրենիքը վերադարձող ռուս զինուորները վակոններու պէտք ունէին, եւ նաւը լքուած էր փոսի մը մէջ՝ Շահթախտի (Նախիջեւան) կայարանին մօտ։ Նախիջեւանի շրջանի հրամանատար զօր. Շէլկովնիկեանը հրահանգած էր նաւը Երեւան հասցնել։ Մէկ ամիս տեւած ջանքերէ ետք, նաւը մայրաքաղաք հասած էր 3 Սեպտեմբեր 1920-ին։ Տիգրան Ծամհուր «Գեղանոյշ» վերանուանուած նաւուն վերանորոգումը վստահած էր պոլսահայ արհեստագործի մը[11]։ Հոկտեմբերի կէսերուն, նաւը Երեւանի կայարանի հարթակէն իջեցուած էր զայն լիճ տանելու համար պատրաստուած սայլակին վրայ[12]։
Կոստան Զարեանի գերեզմանը (Թոխմախ լիճ, Երեւան)
Խորհրդայնացման ժամանակ, նաւը, ըստ վկայութեան մը, հասած էր «Տախտեր» կոչուած դաշտը՝ լիճի շրջակայքին[13]։ Խորհրդայնացումէն ետք, թէ՛ Ծամհուրը եւ թէ՛ Թումանեանը՝ «Սեւանի նաւարկութեան ոգին», ինչպէս Վրացեանը կոչած էր զիրենք, ողբերգական վախճան մը պիտի ունենային։ Հակառակ քաղաքականութեան հետ կապ չունենալուն, Միքայէլ Թումանեանը «այնպէս դաժանօրէն սպանուեց բոլշեւիկների կողմից, բոլորովին ի զուր տեղը»[14], իսկ Տիգրան Ծամհուրը ընդյատակ անցած էր ամբողջ երկուք ու կէս ամիս, մինչեւ Փետրուարեան ապստամբութեան սկիզբը, ու սպաննուած՝ Փետրուար 18, 1921-ի առաւօտեան, «բօլշեւիկեան գնդացիրների զոհ երթալով»[15] «մինչ զբաղած էր Հ.Հ. խորհրդարանին վրայ բարձրացնելու հայկական դրօշը (…)»[16]։
Փետրուարեան ապստամբութեան աւարտէն որոշ ժամանակ ետք, Երուանդ Գասպարեանը գործին գլուխը կ՚անցնէր։ Սարգիս Սրապիոնեան- Լուկաշին՝ Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարը (1921-1922), անոր յանձնեց լքուած «Գեղանոյշը»ը Սեւանայ լիճ հասցնելու գործը։ Գասպարեան գործի լծեց տեղացի գիւղացիներն ու իրենց եզները, եւ աշխատանքը աւարտեց 21 Հոկտեմբեր 1922-ին, երբ նաւը վերջապէս լիճ կը հասնէր։ Կարճ լրատուութիւն մը կը հաղորդէր, որ կաթսան կը տեղադրուէր եւ նաւը տասը օր ետք արդէն գործի պիտի դրուէր[17]։ Տեղեկութիւնը աւելորդ լաւատեսութիւն կը ցոլացնէր։ Երկու ամիս ետք, ամերիկահայ մամուլը կը գրէր. «“Գեղանուշ” նաւը, որ ողբացեալ Տիգրան Ծամհուրի ջանքերով Երեւան փոխադրուած էր, հարիւրապետ Ե. Գասպարեանի բացառիկ աշխատութեամբ փոխադրուած է Սեւանայ լճին ափը։ Շուտով ջուրը պիտի իջեցնեն։ Այս առթիւ, Հայաստանի Արհեստակցական Միութիւններու Խորհուրդը հրապարակաւ պատուոյ յիշատակութիւն ըրած է հարիւրապետին համար»[18]։
Մարտ 1923-ին, Ժողովրդական Տնտեսական Խորհուրդի (Ժողտնտխորհ) նախագահ Հ. Պալեանը կը յայտարարէր, թէ նաւը վերանուանուած էր «Ընկ. Լուկաշին» եւ նաւարկութեան պատրաստ էր որպէս բեռնատար նաւ՝ հազիւ թէ լիճին նաւարկութեան եղանակը սկսէր[19]։ Մայիս 1-ի աշխատանքի տօնին առիթով տեղի ունեցած երեւանեան հանրահաւաքին աշխատանքային կարմիր շքանշանով երեք պարգեւատրուողներուն կարգին էր Ե. Գասպարեանը, որ «ծովագնաց է եւ նրա ջանքերով «Ընկ. Լուկաշին» նաւը տեղափոխուած է Սեւանայ լիճը»[20]։ Սակայն, ինչ-ինչ պատճառներով դարձեալ ուշացումի արձանագրուած էր, եւ բացման ճամբորդութիւնները տեղի ունեցան, պատմութեան հեգնանքով, Մայիս 27-ին ու 28-ին, խորհրդահայ աւագանիի նաւարկութեամբ, ներառեալ Լուկաշինը, որ 1922-1925-ին Հայաստանի Ժողովրդական Կոմիսարներու Խորհուրդի նախագահն էր, այսինքն, վարչապետը[21]։ 1922-ին Հայաստան հաստատուած Վահան Թոթովենցը Սեպտեմբերին կը գրէր.
«Ելենովկայի ափի ջրերում կանգնած է “Ընկ. Լուկաշինը”, իսկ ափի ցամաքին կանգնած նայում է հեռուն Ընկ. Լուկաշինը։
“Ընկ. Լուկաշին”ը տեսնելիս՝ զգում ես մեր երկրի եզներին։ Ուժը [sic] այդ նաւը եզները հասցրին Սեւանի ալիքներին։
Լուրերը կարդալիս այնքան լայնօրէն չես զգում այն աշխատանքը, որ տարուել է “Ընկ. Լուկաշին”ը Սեւանի ջրերին յանձնելիս»[22]։
«Ընկ. Լուկաշին»ը յաջորդ տասնհինգ տարիներուն գործած է[23], իսկ 1937-ին, երբ Լուկաշին, ինչպէս իր սերնդակիցներէն շատերը, գնդակահարուած է ստալինեան մաքրագործումներուն ժամանակ, նաւը վերանուանուած է Անաստաս Միկոյեանի անունով։ Տարիներ ետք, «Միկոյեան»ը ընկղմած է փոթորիկի մը ընթացքին, եւ ըստ մէկ հաղորդումին, կը կարծուի որ քանի մը տարի առաջ «Այաս» ակումբի սուզակներու կողմէ Սեւանի խորերը գտնուած նաւը երբեմնի «Գեղանոյշ»ն է[24]։
Երուանդ Գասպարեանի գերեզմանը Սեւանայ թերակղզիին մէջ
 Այստեղ պիտի չանդրադառնանք վէպին եւ պատմական դէմքերու ու փաստերու զուգահեռներուն։ Երուանդ Գասպարեանը կարելի է նկատել Արա Հէրեանի նախատիպը, իսկ Միշան՝ «Աշոտ Երկաթ»ի նաւապետը, անկասկած Միքայէլ Թումանեանն է[25]։ Ուրիշ նմանութիւններ ու տարբերութիւններ ալ կան, անշուշտ։
Քանի մը օրինակներով պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս Զարեան գեղարուեստական գրականութիւն կը ստեղծէ շարք մը պատմական տեղեկութիւններով, զորս կ՚օգտագործէ Հայաստանի ու հայութեան պատմական ճակատագրի շատ աւելի ընդգրկուն ընդհանրացումներ կատարելու համար։
Իր վէպին մէջ, Զարեան Նոյեան տապանի առասպելը արդի ժամանակները փոխադրած է։ Ջրհեղեղէն ետք (այսինքն՝ 1915-ի գլխագիր Աղէտը), նաւը պէտք է հասնի լերան կատարին, ուրկէ նոր կեանք մը պիտի սկսի, կործանած երկիրը պիտի ծաղկի եւ աւերակները պիտի վերաշինուին։ Բայց տապանին պատմութիւնը սառցալերան գագաթն է միայն։ Անոր տակը կը գտնենք սրբազնութեան արտայայտութիւն մը (hierophany), որ մաս կը կազմէ, ըստ ռումանացի կրօնից պատմաբան Միրչա Էլիատի բնորոշումին, «յաւերժական վերադարձի առասպել»ին։ Ըստ անոր հաստատումին, «Սրբազան Լեռը, ուր երկինքն ու երկիրը կը հանդիպին, աշխարհի կեդրոնը կը գտնուի»[26]։ Կեդրոնին գործառոյթն է ստեղծագործութեան սկիզբը դառնալ։
Ո՞վ է Արա Հէրեանը։ Անունը Արա Գեղեցիկի անունն է, որ նկատուած թէ՛ արեւային աստուածութիւն մը եւ թէ՛ կեանքի ու յարութեան չաստուած մը։ «Հէրեան»ը կապուած է Արմենիոսի որդի Էրի հետ, որ յիշատակուած է Պղատոնի «Հանրապետութիւն»ի տասներորդ գիրքին մէջ, եւ Արա Գեղեցիկի տարբերակ մըն է, որ նոյնպէս մեռած ու յարութիւն առած է։ Էր անունին Հէր ձեւը պատճառաբանուած է յունարէն Էր-ի տարընթերցումներով[27]։ Հէրեան պարզ նաւապետ մը չէ. «Ով ասում է նաւ, ասում է Հէրեան»[28]։  «Հէրեանականութիւն» կոչուած նոր «վարդապետութիւն» մը կը սկսի զարգանալ, եւ զանազան առասպելներ կը պատմուին ու կ՚երգուին Հէրեանի մասին[29]։
Զարեան նաւը պիտի առաջնորդէ փշոտ ու ոլորապտոյտ ճամբաներէ, յուսահատութեան եւ յոյսի պահերէ՝ իրագործելու համար ինչ որ տակաւին մտածումներու եւ երազներու աշխարհի մը մէջ։ Երկու տասնամեակ ետք, ան կը յայտնէր ամերիկահայ գրականագէտ Համբարձում Քէքլիկեանին. «Իմ գիրքիս մէջ, փորձեցի արտայայտել անյաղթ հայ ոգին։ Հայ ոգիի մասին խօսիլ կը նշանակէ դժուար լեռ մը փորձել մագլցիլ, մէկ կողմ հրելով ճանապարհը փակող փշոտ մորենիները եւ փուշերը, եւ արիւնելով մագլցելու ընթացին։ (…) Ամենադժուար ու վտանգաւոր մագլցումն է, բայց անգամ մը որ կը հասնիս, կրնաս թոքերդ բանալ եւ խորապէս շնչել մաքուր ու բիւրեղ օդը եւ ձգել, որ աչքերդ հիանալի տեսարանը ըմբոշխնեն։ Ասիկա քեզ ողջ ու ամբողջ ըլլալու զգազցումը կու տայ»[30]։
«Նաւը լերան վրայ»ի Ա. տպագրութեան անուանաթերթը 
Նաւը ոգիի միակ ներկայացումը չէ։ Անոր իմաստը միայն կ՚ամբողջանայ Հէրեանի ներկայութեամբ։ Ան պարզ փոխադրամիջոց պիտի չըլլայ, այլ ծով դառնալու միջոց մը, ուր Հէրեանը իր էութիւնն ու իր աղբիւրը պիտի վերագտնէ։
Հէրեան-նաւ-ծով երրորդութիւնը պիտի մարմնաւորէ ամբողջացած ոգին՝ իր կեդրոնը գտնելէ ետք։ Անհատը դէպի աղբիւրը վերադարձի շարժում մը կը ստեղծէ։ Անկարելի շարժում, որովհետեւ նախկին վիճակին մեքենական կրկնութիւնը աներեւակայելի է. վերադարձը միայն յառաջընթացով տեղի կ՚ունենայ, իսկ ժամանակը միայն զոհողութեամբ կարելի է վերստեղծել[31]։
Նաւուն ճանապարհը դժուար է ու վտանգաւոր, որովհետեւ անցումի ծէս մըն է աշխարհիկէն դէպի սրբազանը, ցնորքէն դէպի իրականութիւն, մահէն դէպի կեանք, մարդկութենէն դէպի աստուածութիւն։ Նաւը մեկնած է քաոսէն ու կը յառաջանայ դէպի կոսմոս։ Հետեւաբար, հայերը «ողջ ու ամբողջ» պիտի ըլլան երբ ոգին իր լրումին հասած ըլլայ ու անբնական կացութիւնը յաղթահարուի, երբ նաւը հասած է լերան, լերան վրայ է, ուր «պիտի ծնուի Արարատեան մարդը»[32]։
Ահա թէ ինչու նաւը լեռ կ՚երթայ։ Զարեան ըսած է Քէքլիկեանին.
«Հայ ոգին կենսաւորուած է մեր երկրի վսեմ լեռներով, որոնք միշտ յիշեցուցած են մեզի աւելի բարձր երթալու մասին։ (…) Հայ լեռներն ու հայ ժողովուրդը իրարու ներգործած են, օրկանապէս կապուած են, ձուլուած են։ Մենք անոնց տուած ենք մեր քրտինքն ու արիւնը եւ անոնք մեզի տուած են երկաթ ու քարեր»[33]։
«Նաւը լերան վրայ» կը նշանակէ, ուրեմն, ոգին կեդրոնին մէջ։ «Ոգի» պարզ բնազանցական հասկացութիւն մը չէ, այլ մշակոյթ հասկացութեան հոմանիշ մը իր ամենալայն ըմբռնումով։ Երբ ոգին կը հասնի իր կեդրոնը, կը նշանակէ, որ մասնատման վտանգը անցած է։ Միրչա Էլիատը «կեդրոն»ի գաղափարը սահմանած է հետեւեալ ձեւով. «Կեդրոնը, ուրեմն, հիմնականին սրբազնութեան տարածքն է, բացարձակ իրականութեան տարածքը։ Նմանապէս, բացարձակ իրականութեան միւս բոլոր խորհրդանիշերը (կեանքի ու անմահութեան ծառերը, երիտասարդութեան աղբիւրը, եւ այլն) նոյնպէս կեդրոն մը կը գտնուին։ Կեդրոնը առաջնորդող ճանապարհը «դժուար ուղի»  (dūrohana) մըն է եւ ասիկա ցոյց կը տրուի իրականութեան իւրաքանչիւր մակարդակի վրայ»[34]։
Զարեանը ասոր գիտակից է. «Ու Արարատը լուսաւորութիւնը կանոնաւորող մեծ հայելիի է նմանում։ (…) Արարատեան դաշտը օրրան է։ Արարատը կեդրոն եւ նախակէտ»[35]։ Այս ձեւով ան կը կերտէ երկբեւեռ տրամախոհութիւն մը. Հայրենիք եւ Սփիւռք։ Հայրենիքը ժողովումի վայրն է, մինչեւ Սփիւռքը կը նշանակէ ցրուում եւ ապա՝ կորուստ։ Ցրիւ կտորները պէտք է վերաշինուին՝ միութիւն դառնալու համար, կամ այլապէս աղբ պիտի դառնան։ Կտորները ներքաշող կեդրոնաձիգ ուժը պէտք է գերազանցէ բոլոր հակընդդէմ ուժերուն։ Այլապէս՝ հայ մշակոյթը իր ամբողջութիւնը պիտի չվերականգնէ։ Հետեւաբար, Սփիւռքի մերժումը կը սկսի. «Սակայն, երբ կեդրոնաձիգ ուժը պակասում է, երբ այդ ուժը զօրեղ, միշտ նորոգուող, միշտ ստեղծագործող քաշողականութիւն չէ, երկրից դուրս դրուած բեկորները գնալով նսեմանում ու յետոյ փոշիանում են»։ Շարունակութեան մէջ, Զարեան կը պնդէ, թէ կեդրոնախոյս ուժերը ամէն ինչ կը ձեւափոխեն. Լեզու, կրօնք, ազգութեան ու հայրենիքի գաղափարը։ Իրականութիւնը պարապ խօսքերով կը քօղարկուի։ Կեդրոնաձիգ ուժը այլեւս չ՚առաջնորդեր մասնիկները, այլ մասնիկները այդ ուժին հիմնական գաղափարները կը յարմարցնեն իրենց անմիջական, տեղական պայմաններուն, փոխելով ու շեղելով անոր բնականոն ընթացքը. «Ազգը դադրում է գոյութիւն ունենալուց եւ մի ինչ-որ ազգանմանութիւն առնում է նրա տեղը»[36]։ Գաղափարը շատ յստակ է. Սփիւռք կը նշանակէ կորուստ, այլասերում, աղաւաղում։
Կեդրոնացումի գաղափարը Հէրեանի միջոցով կ՚ընդգծուի։ Հայկական գիւղ մը ծնած նաւապետը, տարիներով աշխարհը շրջագայելէ ետք, իր ուղին ճշդած է դէպի հայրենիք։ Ուրիշ նաւաստի մը՝ Թումանեանը, ցարական նաւատորմի նախկին սպայ, նոյնը ըրած է։ Այս ձեւով, Զարեան կը մտածէ, «ազգանմանութիւնը»ը կը սկսի ազգ դառնալու երկար ճանապարհը։
Բայց կեդրոնացումը ձախողութիւն է, որովհետեւ Հէրեանն ու Թումանեանը իրենց վերադարձը կը սկսին, բայց առանց կորսնցնելու հայ/օտար երկուութեան ամբողջական զգացողութիւնը։ Հեռաւորութեան զգացողութիւն մը կայ անոնց անհատականութիւններուն մէջ, որ զիրենք որոշ իմաստով օտարական կը դարձնէ, ոչ լրիւ մերուած։ Եւ ահաւասիկ կը գտնենք Հէրեան/Զարեանի յարակարծիքը (paradox). այլութիւնը ինքնութեան մէջ։
Ի վերջոյ, խորհրդայնացումը տեղի կ՚ունենայ։ Նաւը կէս ճանապարհին կը մնայ։ Ոգին իր կեդրոնին հասած չէ։ Պիտի հասնի՞, թէ՞ ոչ։ Ինչպէ՞ս։ Ահաւասիկ այն հարցումները, զորս Զարեանը ձգած է իր ընթերցողներուն, բայց նաեւ յաջորդ սերունդներուն։

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
(*) Սոյն յօդուածին մէկ տարբերակը իբրեւ զեկուցում ներկայացուած է «Հայկական պետականութեան վերածնունդը. իրագործումներ եւ անդրադարձներ» գիտաժողովին (Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարան, Նորթրիճ, 5-6 Մայիս 2018)։ Տե՛ս նաեւ Վարդան Մատթէոսեան, Կոստան Զարեանի շուրջ (ուսումնասիրութիւն), Անթիլիաս, 1998, էջ 370-400։
[1] Մուրադ Կարապետեան, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը (1918-1920), Երեւան, 1996, էջ 51։
[2] Կոստան Զարեան, Նաւը լերան վրայ, Պոստոն, 1943, էջ 9։
[3] Ամիրեանի թարգմանութենէն հատուած մը հրատարակուած է 1994-ին մեր խմբագրութեամբ լոյս տեսած ու Զարեանին նուիրուած յաւելուածի մը մէջ (Gostan Zarian, “The Ship on the Mountain,” translated by Lemyel Amirian, Ararat Quarterly, Spring 1994, p. 51-60)։
[4] Կոստան Զարեան, Երկեր, Անթիլիաս, 1975, էջ 301։
[5] Կենսագրական տեղեկութիւններու համար, տե՛ս Խ. Պ., «Տիգրան Ծամհուր (Ֆերիտ Ճէմիլ) (Փետրուար 18, 1921)», Ճակատամարտ, 18 Փետրուար 1922. Անուշ Ամսէեան, «Տիգրան Ծամհուր», Մենք մեր մասին, 1, 2013, էջ 50-51։
[6] Սիմոն Վրացեան, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Փարիզ, 1928, էջ 393. Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1958, էջ 435։ 12 Հոկտեմբեր 1919-ին, ըստ մամլոյ հաղորդումին, առաջին շոգենաւը իր սկզբնական նաւարկութիւնը կը կատարէր լիճին մէջ, վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի եւ զօրամասերու պետերու ներկայութեան («Առաջին շոգենաւը Սեւանայ լիճին վրայ», Աշխատաւոր, 19 Հոկտեմբեր 1919)։
[7] Սիմոն Վրացեան, Կեանքի ուղիներով, Ա. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1967, էջ 212։ Հետաքրքրական է նշել, որ Վրացեան սպային մականունը Գարագաշեան գրած է նոյն էջին վրայ տպուած նկարին տակ։ Միեւնոյն սխալը արդէն գործած էր նախապէս՝ «Կար. Գարագաշեան» գրելով (նոյն, Հայաստանի Հանրապետութիւն, էջ 393. Բ. տպագրութիւն, էջ 435)։
[8] Գ. Լազեան, «”Գեղանոյշ”ը (Նաւը լերան վրայ)», Արմենիա, 9 Յուլիս 1949։
[9] «Սեւանի նաւարկութիւնը», Յառաջ, 7 Սեպտեմբեր 1920։
[10] Յովակիմ Յովակիմեան (Արշակունի), Պատմութիւն հայկական Պոնտոսի, Պէյրութ, 1967, էջ 808-809։ Տե՛ս նաեւ  «Երուանդ Յարութիւնեան», Յառաջ, 31 Դեկտեմբեր 1967։ Այս մահախօսականը յիշած է  նաւային ընկերութեան մը կազմութեան ծրագիրը։ Պատուիրակութեան անդամները Երուանդ Գասպարեանը, Արամ Յակոբեանը եւ Երուանդ Յարութիւնեանն էին։
[11] «Սեւանի նաւարկութիւնը». Լազեան, «”Գեղանոյշ”ը»։
[12] «Գեղանուշ նաւը», Դիրքերում, 14 Հոկտեմբեր 1920։ Այս թերթը լոյս տեսած է Կարսի մէջ։
[13] Վարագ Առաքելեան, «Կոստան Զարեանի հայրենադարձութիւնը», Հայաստանի Հանրապետութիւն, 8 Նոյեմբեր 1994։
[14] Վրացեան, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Ա. տպագ, էջ 393. Բ. տպագ, էջ 435։ Տե՛ս նաեւ նոյն, Կեանքի ուղիներով, էջ 212։
[15] «Տիգրան Ծամհուր սպանուած», Ազատ Հայաստան, 20 Փետրուար 1921։
[16] Խ. Պ., «Տիգրան Ծամհուր»։ Այս աղբիւրին մէջ, գրուած է, թէ «հրացանի գնդակ մը գետին թաւալեց զինքը»։
[17] «Գլխաւոր քաղլուսվարում», Խորհրդային Հայաստանի, 24 Հոկտեմբեր 1922։
[18] «Ազգային կեանք», Հայաստանի կոչնակ, 17 Դեկտեմբեր 1922, էջ 1528։
[19] «Ժողովրդական տնտեսութեան խորհրդում», Խորհրդային Հայաստան, 23 Մարտ 1923։
[20] «Մայիս 1-ի տօնակատարութիւնը Երեւանում», Խորհրդային Հայաստան, 1 Մայիս 1923։ Տե՛ս նաեւ «Մայիս մէկը խորհրդային ֆեդերացիայում», Մարտակոչ, 4 Մայիս 1923, ուր շքանշանի տուչութեան լուրը տրուած է առանց մանրամասնութիւններու։
[21] «Ընկ. Լուկաշինը Սեւանայ լճում», Խորհրդային Հայաստան, 31 Մայիս 1923։ Միեւնոյն բնագրին համար, առանց աղբիւրի յիշատակութեան, տե՛ս «’Ընկ. Լուկաշին’ Սեւանայ լճում», Մարտակոչ, 5 Յունիս 1923։
[22] [Վահան] Թոթովենց, «Դէպի Սեւան», Խորհրդային Հայաստան, 8 Սեպտեմբեր 1923։
[23] Նաւուն լուսանկարին համար, տե՛ս [Վահրամ] Ալազան, «Ղուլի աբեղայի դամբանաքարից մինչեւ պիոներական գունդը», Խորհրդային Հայաստան, 19 Օգոստոս 1927։ 1930-ին նկարչուհի Վերա Վարդ-Պատրիկեան ստեղծած է «”Լուկաշին” նաւը Սեւանում» կտաւը, որ այժմ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ։
[24] Յովիկ Չարխչեան, «Ասք նաւի մասին», Ալիք, 23 Նոյեմբեր 2016։
[25] Տե՛ս նաեւ Ակիկօ Հիկի, «Պատմական դէմքերը Կոստան Զարեանի “Նաւը լերան վրայ” վէպում», Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր ԻԲ., 2002, էջ 368-374։
[26] Mircea Eliade, Cosmos and History: The Myth of the Eternal Return, translated by Willard R. Trask, New York, 1959, p. 12.
[27] Հ. Ալեքսանդր Մատիկեան, Արա Գեղեցիկ, Վիեննա, 1930, էջ 259։
[28] Զարեան, Նաւը, էջ 167։
[29] Անդ, էջ 284-287։
[30] Մէջբերումը տե՛ս Hampartzoum Kelikian, “‘The Wound Remains the Wound:’ Armenian Writers of Our Time,” Ararat, Fall 1973, p. 8։ Յստակ չէ, թէ Քէքլիկեանի մէջբերումներուն աղբիւրը անձնական հանդիպում մըն էր կամ Զարեանի հետ նամակագրութիւնը։
[31] Eliade, Cosmos and History, p. 73-88.
[32] Զարեան, Երկեր, էջ 199։
[33] Մէջբերումը տե՛ս Kelikian, “The Wound,” p. 8։
[34]Eliade, Cosmos and History, p. 23.
[35] Զարեան, Երկեր, էջ 122-123։
[36] Զարեան, Նաւը, էջ 160-161։

«Ասպարէզ», 24 Մայիս 2018 (100ամեակի բացառիկ)

No comments:

Post a Comment