27.5.18

Ալեքսանդր Շնէուր՝ Սարդարապատի մասնակից ու վկայ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ

[Ա]յստեղ վճռւում էր Հայաստանի ճակատագիրը եւ պէտք էր գործել մեծ ռիսկով, որովհետեւ ոյժերը քիչ էին, իսկ Սարդարապատի ետեւն էր գտնւում Երեւանը՝ Հայաստանի մայրաքաղաքը։ Հայաստանը այդ ժամանակները բոլոր կողմերից շրջապատուած էր հակառակորդներով, որոնք ուզում էին ֆիզիքապէս ոչնչացնել հայերին։
Ալեքսանդր Շնէուր
 
                                                                                                                                               
1918-ի վճռական օրերուն, Կովկասի թրքական յարձակումին ընդդիմացող հայկական նորակազմ զօրքերը գլխաւորուած են ցարական բանակի երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած հայ զինուորականներու կողմէ։ Պատմութիւնը նաեւ պահպանած է անոնց կողքին այդ բախտորոշ օրերուն հայութեան կողքին կռուած կարգ մը օտարազգիներու անունները (հիմնականին՝ ռուս), որոնք եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան սպայական կազմի անդամներ (Զինկեւիչ, Օռլովսկի, Նեսիտերովսկի, Մեդվեդեւ, Կորոլկով, Գրոսս, Մորէլ)։ Անոնց կարգին, յաճախ կը յիշուի փոխգնդապետ Ալեքսանդր Շնէուրի անունը Սարդարապատի հերոսամարտի առնչութեամբ՝ թէ՛ իբրեւ մասնակից եւ թէ՛ արժէքաւոր յուշերու հեղինակ[1], նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հակահետախուզութեան հիմնադիր[2]։ Ցայժմ առաւել ամբողջական գրութիւնը անոր մահէն աւելի քան 20 տարի ետք լոյս տեսած ամերիկացի գիտնական Փոլ Առնոյի մահագրութիւնն է[3], որ գործածուած է ռուս հետազօտող Եւկենի Շէրկալինի կողմէ,[4] եւ որ, իր բնոյթով, հիմնականին կը ծանրանայ Շնէուրի գիտական եւ ո՛չ թէ ռազմական գործունէութեան վրայ։ Սոյն ակնարկով, պիտի փորձենք ի մի բերել գոյութիւն ունեցող համեմատաբար կցկտուր տուեալները ռուս զինուորականին մասին։
Ալեքսանդր Կոնստանտինովիչ Շնէուր կը սերէր իրաւաբաններու եւ զինուորականներու ընտանիքէ մը, որ Ալզասէն (Ֆրանսա) Ռուսաստան գաղթած էր ԺԹ. դարուն[5]։ Անոր հօրեղբայրը՝ Նիկոլայ Շնէուր (1848-1894), Ս. Գէորգի շքանշանին արժանացած էր 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմին Արտահանի մէկ պատուարին գրաւումին համար։
Ա. Շնէուր ծնած է Ս. Փեթերպուրկ, Օգոստոս 30, 1884-ին, ռուս ուղղափառ ընտանիքի մէջ։ Ան երկու քոյր եւ երկու եղբայր ունէր, որոնցմէ մէկը՝ Նիկոլայ, 1934-ին մահացած է Ճափոնի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Վլադիմիր, որ նոյնպէս զինուորական մըն էր, Փետրուար 1918-ին դատի տրուած է Ս. Փեթերպուրկի մէջ՝ Օխրանայի (ցարական գաղտնի ոստիկանութեան) հետ իր կապերը բացայայտած չըլլալու համար, եւ ապա դատապարտուած ու մեռած է Սոլովկիի կեդրոնացման ճամբարը՝ Արխանգելսկի մօտ։
Ալեքսանդր Շնէուր երիտասարդ տարիներուն ճամբորդած է Գերմանիա ու Զուիցերիա։ Աւարտած է Ս. Փեթերպուրկի Կուրեվիչ գիմնազիան (1904) եւ Միխայլովիչի անուան հրետանիի դպրոցը (1906)։ Այնուհետեւ, զինուորական ծառայութեան մտած է իբրեւ հեծելազօրային հրետանիի միաւորի սպայ՝ Լեհաստանի մէջ։ 1909-ին իրեն շնորհուած է տեղակալի, իսկ 1913-ին՝ փոխգլխապետի (շտապս-կապիտան) աստիճանը։ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Շնէուր կարգ մը շքանշաններ ստացած է իր զինուորական նշանակալից ծառայութիւններուն համար (Ս. Ստանիսլաւի շքանշան՝ 3-րդ եւ 2-րդ աստիճաններու, Ս. Աննայի՝ 4-րդ, 3-րդ եւ 2-րդ աստիճաններու, Ս. Վլատիմիրի՝ 4-րդ աստիճանի)։ 1915-ին երկամսեայ դասընթացքի մը հետեւած է Կիեւի օդանաւորդութեան դպրոցին մէջ, օդաչուի վկայական ստանալով, իսկ 1916-1917-ին ուսանած է Ս. Պետերբուրգի Նիկոլաեւեան սպայակոյտի ակադեմիայի մէջ[6]։ 1917-ին բարձրացած է գլխապետի (կապիտան) աստիճանին։
1917-ի բոլշեւիկեան յեղափոխութեան ժամանակ, Ալ. Շնէուր ռուսական 19-րդ զօրաբաժնի (կորպուս) սպայակոտի պետն էր Լեհաստանի մէջ։ Հակաբոլշեւիկեան «սպիտակ» կամաւորական բանակին կողմը անցնելով, Դեկտեմբեր 1917-ին ուղարկուած է Նովոռոսիսկ եւ ապա Պաքու՝ անգլիացիներու հետ բանակցելու զէնքերու առաքումին մասին, ինչպէս եւ կապ հաստատելու զօրավար Նիկոլայ Բարատովի (1865-1932) ռուսական արշաւանքային ուժին հետ, որ Պարսկաստան կը գործէր։
1918-ի սկիզբներուն, իր իսկ վկայութեամբ, Շնէուր միացած էր հայկական բանակին «միայն առաքելութեամբ, զօրավար Բարատովի իրաւասութեան շրջանը»[7], ստանձնելով Կարին (Էրզրում) քաղաքի առաջին գումարտակի սպայակոյտի պետի պաշտօնը՝ գնդապետ Մորէլի հրամանատարութեան ներքեւ, եւ ապա՝ Կարինի ամրոցի սպայակոյտի ղեկավարութիւնը։ Քաղաքի անկումէն ետք (Մարտ 1918), ան նշանակուած է Բ. գումարտակի սպայակոյտի պետ։ Այս գումարտակը հազիւ 250 հոգի կը հաշուէր, «յոգնած, հիւծուած, ջարդերից բարոյալքուած եւ դէպի ապագան՝ անյոյս»[8]։ Իր վտիտ զօրքերը համալրելու նպատակով, Շնէուր հայերէն կոչ մը ուղղած է, որուն հետեւանքով աւելի քան 1300 հոգի միացած է իր գումարտակին, զոր յաջողած է զէնքով ու պարենով օժտել՝ կարելիի սահմաններուն մէջ։ Յիշելէ ետք թրքական յառաջխաղացքն ու բնակչութեան փախուստը դէպի ռուսական սահմանը, կոչը յատկապէս կ՚ընդգծէր վերահաս կործանումի ուրուականը. «Եթէ այժմ էլ հայ ժողովուրդը ոտքի չկանգնի զէնքը ձեռին ի պաշտպանութիւն իր հայրենիքի, ապա իր ճակատագիրը կը լինի նոյնը ինչ որ հրեայ ժողովրդինն է։ Նա ցրուած է ամբողջ աշխարհում բոլորին օտար, բոլորին թշնամի»[9]։
Ժամանակաշրջանի ականատես մասնակիցներէն մէկը՝ Ժագ Կայալովը (1898-1985), Սարտարապատի հերոսամարտին նուիրուած իր կարեւոր մենագրութեան մէջ, Շնէուրի մասին գրած է, թէ «անբարենպաստ պայմաններու դիմաց անոր պաղարիւնութիւնը, ինչպէս եւ քաջութիւնը, զինք յոյժ ճանաչման արժանի դարձուցին»[10]։ Յիշարժան էր անոր գործունէութիւնը Կարսի շրջանին մէջ, յատկապէս՝ Բեռնա գիւղի կռիւին ժամանակ (Ապրիլ 18-20, 1918), որուն հետեւանքով, թերեւս, ռուս զինուորականին շնորհուած է փոխգնդապետի աստիճանը Ապրիլ 1918-ին։
Պատերազմի դաշտին վրայ, Շնէուր ծանօթացած է բանակային հիւանդապահուհի Եկատերինա Սիկորսկայային (Լոլա)[11], որուն հետ հետագային ամուսնացած է. 1950-ական թուականներուն, վերջինս տակաւին ողջ էր Երեւանի մէջ[12]։ Յայտնի չէ, թէ ի՞նչ պատահած է այնուհետեւ, եւ ոչ ալ յայտնի է, թէ Սիկորսկայա ռուս զինուորականին առաջի՞ն, թէ՞ երկրորդ կինն էր. Էլիզապէթ Թիրնշթայն՝ Շնէուրի երրորդ կինը, մահացած է 1971-ին, 74 տարեկանին, Սան Ֆրանսիսկոյի մէջ։
Կարսի անկումէն ետք, գումարտակին սպայակոյտը հաստատուած էր Անի կայարանը, որմէ չորս վերստ դէպի արեւմուտք կը գտնուէին Անիի աւերակները.
«Անիի բնակիչները ձգեցին հեռացան ԺԲ. դարում, երբ քաղաքը գրաւուեց թուրքերի կողմից եւ աւերուեց, բայց տների պատերը եւ աշտարակները մնացին։ Այդ պատերը դեռ կան եւ հեռուից թւում է թէ դա կենդանի քաղաք է։
Պրոֆեսոր Մառը շատ տարիներ պեղումներ կատարեց այնտեղ եւ թանգարան հաստատեց այն բոլորից որ գտել էր։ Ես որոշեցի, որ պէտք էր փրկել այդ թանգարանը, բայց իմ զինուորներս համազարկի հանդիպեցին Անի քաղաքի փողոցներում։ Թուրքերը Անին գրաւել էին մի ոչ մեծ ջոկատով։ Բարեբախտաբար, Անիի գլխաւոր թանկարժէք իրերը հնար էր եղել դուրս բերել գոմէշների վրայ։ Դա մի հիանալի արձանն էր հայ թագաւոր Խաչիկի[13]։ Արձանը ուղարկուել էր Թիֆլիզի թանգարանը»[14]։
Մայիս 21-ին, Արարատեան դաշտ ներխուժաց թրքական բանակը կը գրաւէր Սարդարապատ (այժմ՝ Հոկտեմբերեան) գիւղն ու երկաթուղի կայարանը։ Թրքական 36-րդ հետեւակային զօրաբաժնին դէմ կանգնած էր հայկական զօրաբաժինը, որ բաղկացած էր հետեւակազօրի երկու եւ հեծելազօրի մէկ վաշտէ։ Առաջին վաշտին հրամանատը գնդապետ Մորէլն էր, որուն կը փոխարինէր փոխգնդապետ Մխիթարեանը, իսկ փոխգնդապետ Շնէուրը երկրորդ վաշտը կը գլխաւորէր։  Հերոսամարտի նախօրեակին, Շնէուր իր վաշտը ձգած է գնդապետ Հասան-Փաշայեանին ու նշանակուած՝ ռազմաճակատի պատասխանատու գնդապետ Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի սպայակոյտի ղեկավարը. «Եւ այսպէս, Սարդարապատը վերջնախաղն էր։ Զօրավար Դանիէլ Բէկ Փիրումեանը այդ վճռական պահին յարմար եւ արժանի՝ անվեհեր զինուորական վարիչն էր»[15]։ Փիրումեանն ու Շնէուրը գործադրած են Երեւանեան զօրախումբի հրամանատար՝ դեր-զօրավար (գեներալ-մայոր) Մովսէս Սիլիկեանի մարտական ծրագիրը։
Ինչպէս յայտնի է, Մայիս 22-ին, ճակատամարտի թէժ պահուն, Բէկ-Փիրումեանը անձամբ ռազմադաշտ նետուած է.
«Զօրավար Փիրումեան, իր կարմիր աստառով զինուորական վերարկուի մէջ, քայլում էր յետ ու առաջ եւ, վերջապէս, չհամբերելով, մեկնեց դէպի կռուող շղթան։ Մեկնելիս, նա ինձ յայտնեց կռուի ղեկավարութիւնը, ասելով.
— Կապիտա՛ն, դուք արդէն ամէն ինչ գիտէք, ղեկավարէք կռիւը, ինչպէս որ մենք որոշած ենք»[16]։
Շնէուրի յարձակումի հրամանին հետեւելով, հայկական զօրքերը խուճապի մատնած են թուրքերը, քանի որ յարձակողներուն յանկարծ միացած է թշնամիի թիկունքէն յայտնուած գնդապետ Հասան-Փաշայեանի ջոկատը. «Թուրքերի յետեւից վազում էին հայերը կրակելով, սրաթռիչ արշաւում էին Զէյթունեան հեծելագունդը գնդապետ Սալիբէկովի գլխաւորութեամբ եւ մեր հարիւրեակները։ Թուրքերը փախան 50 վերստ։ Նրանք փախան, ցրուեցին լեռներով մէկ։ Նրանց կարող էին հաւաքել միայն մի քանի օր յետոյ»[17]։
Սարդարապատի մէջ ռազմական իրավիճակի ապահովումէն ետք, Շնէուր անցած է Բաշ Ապարան, ուր «թուրքերը փորձեցին ներխուժել Հայաստանի սիրտը աւելի հիւսիսից (…) բայց չարաչար ջախջախուեցին Դրաստամատ Կանայեանի (Դրօ) ձեռքով»։ Իր անձին մասին, ռուս զինուորականը գոհացած է ըսելով, թէ «այնտեղ եւս եղայ ես, եւ հրաշքով ողջ մնացի, որովհետեւ հրաշքով ընկայ թուրք պահակների շրջանը, հազիւ 20 քայլ հեռու»[18]։
Մայիսեան յաղթանակներէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Շնէուր աւելի քան տարի մը շարունակած է ծառայել հայոց բանակին։ Ան հիմնադրութեան պահէն (Ապրիլ 1919) մինչեւ Սեպտեմբեր 1919 գլխաւոր սպայակոյտի հետախուզական եւ հակահետախուզական բաժինը վարած է: Ռազմական նախարար Յովհաննէս Հախվերդեանի հրամանով, նշանակուած է հետեւակային զօրաբաժնի սպայակոյտի՝ յանձնարարութիւններու գծով սպայի պաշտօնին մէջ: Մասնակցած է հայ-վրացական պատերազմին (Դեկտեմբեր 1918) եւ Նոր Բայազէտի գաւառի մահմետականներու խռովութիւնը ճնշելու ուղղուած «Զոդի» գործողութեան։ 1919 թ. Սեպտեմբերին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետության զինուորական սպայակոյտի ժամանակաւոր պետ՝ փոխարինելով դեր-զօրավար Դոլուխանովը[19]։
Ըստ Կայալովի, «Շնէուր մնացած է հայկական զօրքերուն հետ մինչեւ Հոկտեմբեր 1919, երբ հայկական կառավարութիւնը որդեգրած է ազգայնացման ծրագիրը»[20]։ Այս տեղեկութիւնը ժամանակավրիպում (anachronism) մը կը թուի ըլլալ։ Արդարեւ, «Պետական լեզուի մասին» օրէնքը, որ հայերէնը կը դարձնէր «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզու, որ պարտադիր կը դառնայ որպէս գործնական լեզու զօրքերու, բոլոր պետական եւ հասարակական հիմնարկութիւններու մէջ», խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած է 24 Դեկտեմբեր 1919-ին[21], իսկ վեց ամիս ետք, ռազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի շրջաբերական հրամանով, կը հրահանգուէր, որ Օգոստոս 1-էն սկսեալ, բոլոր պետական հաստատութիւններուն գրագրութիւնը եւ գործավարութիւնը միայն հայերէնով պիտի կատարուէր։ Հանրապետութեան բանակի պատմութեան մասնագէտներէն Մուրադ Կարապետեան աւելցուցած է, որ «Բացի դրանից, նոյն հրամանի համաձայն, բանակից զօրացրման էին ենթակայ բոլոր այն օտարազգի սպաները, աստիճանաւորները եւ ազատ վարձու ծառայողները, ովքեր չէին տիրապետում հայոց լեզուին»[22]։
Յամենայնդէպս, Հոկտեմբեր 1919-ին Շնէուր իր հրաժարականը տուած ու Հայաստանէն մեկնած է։ Վերադառնալով Ռուսաստան, միացած է Անտոն Դենիկինի «սպիտակ» զօրքերուն, որոնք կը պայքարէին բոլշեւիկեան ուժերուն դէմ։ Միաժամանակ, ան ստացած է գնդապետի աստիճանը։ Պաշտօնավարած է Թականռոկ՝ Դենիկինի կեդրոնատեղիին մէջ։ Բացի ռուսական ծառայութենէն, Շնէուրը աւելի ուշ իբրեւ կամաւոր մարտնչած է ֆրանսական բանակին մէջ։
Քաղաքացիական պատերազմին բոլշեւիկեան վերջնական յաղթանակէն ետք, հազարաւոր ռուս զինուորականներու նման, Շնէուր եւս վտարանդի դարձած է, մեկնելով Թուրքիա՝ Կէլիպոլուի ճամբարը, եւ ապա Պուլկարիա։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Պուլկարիոյ մէջ ան դասաւանդած է ռուսական բանակի տակաւին կազմակերպ միաւորներուն, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ սպաներու ճարտարագիտական դպրոցին մէջ ։
Շուտով այդ զինուորական միաւորները ցրուած են։ Շնէուր մեկնած է Պուլկարիայէն ու անցած՝ Պելկրատ (երբեմնի Եուկոսլաւիոյ մայրաքաղաքը), ուր 1922-ին գրի առած է Նոյեմբեր 1917-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1919 ժամանակաշրջանի իր զինուորական փորձառութիւնը[23]։
Այնուհետեւ, Շնէուր հաստատուած է Լիոն (Ֆրանսա), ուր քանի մը տարի իր ապրուստը վաստակած է իբրեւ կառատան վարիչ։ 1929-ին անցած է Հիւսիսային Ափրիկէ՝ Թունուզ, իբրեւ ֆրանսական գաղութային վարչութեան աշխարհագրական բաժանմունքի անդամ, եւ քարտէզագրի պաշտօնով աշխատած է ճանապարհներու ու կամուրջներու բաժանմունքին համար։ Աւելի քան քառորդ դար Թունուզ ապրած է, ուր նուիրուած է բնական գիտութեան, յատկապէս՝ երկրի թեփուկաթեւաւորներու (lepidopter) ուսումնասիրութեան։ Շնէուրի հետաքրքրութիւնը թիթեռներու հանդէպ նոր չէր. տակաւին մանկութեան եւ երիտասարդութեան տարիքին Զուիցերիա եւ Գերմանիա կատարած ուղեւորութիւններու ժամանակ ան հետաքրքրուած է թիթեռներով։ Ան հսկայական հաւաքածոյ մը կազմած է եւ տարբեր թիթեռներու տեսակներ յայտնաբերած, որոնցմէ եօթը մկրտուած են իր անունով։ 1934-1937-ին գերմաներէնով (Schneeur ստորագրելով) վեց գիտական յօդուած հրատարակած է գերմանական հանդէսներու մէջ, իսկ այնուհետեւ ֆրանսերէնի անցած ու 14 յօդուած լոյս ընծայած է՝ Chnéour ստորագրութեամբ, գլխաւորաբար Թունուզի հանդէսներու մէջ (1942-1963)։ Իր միջատաբանական աշխատութիւնները երբեմն գրած է այլ ռուս տարագիրներու՝ նախկին եկեղեցական գործիչ եւ երկրաչափ Նիկոլայ Շպակովսկիի (1903-՞) եւ նոյնպէս Թունուզ հաստատուած մէկ այլ բարեկամ ու գործընկերոջ՝ նախկին ծովային սպայ Վլադիմիր Շումովիչի (1897-1960) հետ։
Թունուզի անկախութեան հռչակումէն ետք (1956), Շնէուր ստիպուած է մեկնիլ երկրէն ու գաղթել՝ Միացեալ Նահանգներ, ուր սկիզբը ապրած է Նիւ Եորքի շրջանը եւ այնուհետեւ՝ Գալիֆորնիա փոխադրուած։ Անդամ եղած է Ֆրանսայի Միջատաբանական Ընկերութեան (Société entomologique), 1942-էն, եւ Ամերիկայի Թեփուկաթեւաւորներու Ընկերութեան (Lepidopterist Society), 1964-էն։ ԱՄՆ բերած իր հաւաքածոն նուիրած է Բնական Պատմութեան Ամերիկեան թանգարանին (Նիւ Եորք) եւ Գալիֆորնիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիային։
Կեանքի վերջալոյսին, Շնէուր մաս կազմած է Ա. Աշխարհամարտի ռուս վեթերաններու ընկերութեան, ու 1963-1968-ին լոյս ընծայած է 1918-ի հայ-թրքական պատերազմի մասին իր յուշերը Լոս Անճելըսի ռուս տարագիրներու «Согласие» (Սոկլասիէ) խմորատիպ ամսագրին մէջ՝ «Армяне. Турецкая война» («Հայերը. Թրքական պատերազմ») վերնագրով։ Անդրէ Ամուրեանը (Անդրէ Տէր Օհանեան, 1899-1980), որ Ֆրէզնօ լոյս տեսնող «Ասպարէզ» եռօրեայի խմբագիրն էր, հայերէնի թարգմանած է 1965-66-ին ընդհատումներով լոյս տեսած Շնէուրի վկայութիւնը Մարտ-Մայիս 1918-ի ռազմական իրադարձութիւններուն մասին։ Ամուրեանի յառաջաբանով ու վերջաբանով օժտուած թարգմանութիւնը նախ լոյս տեսած է թերթին մէջ՝ Մայիս-Յունիս 1967-ին[24], եւ ապա՝ առանձին գրքոյկով ու փոխուած խորագրով տպուած՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Գալիֆորնիոյ Կեդր. Կոմիտէի հրատարակութեամբ։
Ինչպէս Ամուրեանի գրութիւններէն կը պարզուի[25], թարգմանութիւնը ուղղուած էր հակաճառելու «առանց պարագլուխների (դաշնակցական) սոսկ ժողովրդական հերոսամարտի»[26] վարկածին, զոր խորհրդահայ պատմաբան Յարութիւն Թուրշեան (1900-1978) յառաջ քաշած էր «Սարդարապատի հերոսամարտը» (1965) գիրքի առաջին հրատարակութեան մէջ եւ որ 1960-ական թուականներէն լայն տարածում պիտի գտնէր խորհրդահայ պատմագրութեան մէջ։ Թուրշեան, որ ընդարձակօրէն մէջբերած է ճակատամարտին վերաբերող Շնէուրի յուշը իր գիրքին երկրորդ հրատարակութեան մէջ[27], նաեւ փորձած է Ամուրեանի քննադատութիւնը հերքել, իբրեւ փաստ բերելով ռուս զինուորականին անցողակի նախադասութիւնը Պաթումի դաշնագրին վերաբերեալ. «Դժբախտաբար հայ ներկայացուցիչները Բաթումի խաղաղութեան ժողովին լուր չունէին հայերի փայլուն յաղթանակի մասին, Սարդարապատի տակ, ապա թէ ոչ խաղաղութեան պայմանները թեթեւ կը լինէին Հայաստանի համար»[28]։ Ըստ Թուրշեանի, «թուրքերի առջեւ զէնքն արդէն վայր դրած դաշնակցականները» լուր չէին կրնար ունենալ «իրենցից անկախ մղուած ճակատամարտի եւ տարած յաղթանակի մասին»[29]։ Մարտերու ճակատագրական պահերուն յաջողութիւնները կամ դրուատանքի արժանի երեւոյթները բոլշեւիկ նշանաւոր անծանօթներու վերագրող պատմաբանը[30], անշուշտ, պիտի անտեսէր այն իրողութիւնը, որ Մայիս 28-ին թրքական վերջնագրի ծանրագոյն պայմաններուն եւ Յունիս 4-ին ստորագրուած ծանր դաշնագրին միջեւ առկայ տարբերութիւնը այդ մարտերուն հետեւանքն էր[31]։ Ինչպէս կը գրէր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան Բիւրոյի «Հորիզոն» օրաթերթը Թիֆլիսի մէջ Յունիս 4-ի խմբագրականով, «եւ դարձեալ փա՜ռք վերջին հերոս մարտիկներին, որոնց յաղթութիւնները անտարակոյս դիւրացրին հաշտութեան գործը եւ հնարաւոր չափով մեղմացրին նախկին ուլտիմատումի ծանր պայմանները»[32]։
1968-ին, Շնէուրի «Սոկլասիէ»-ի մէջ լոյս ընծայած յուշերէն երկու հատուած եւս Ամուրեանի կողմէ թարգմանուած ու հրատարակուած են[33]։
Իննսունամեայ տարիքին, Ալեքսանդր Շնէուրը, այդ մեղմ ու նրբազգաց մարդը, որ փրկուած էր համաշխարհային պատերազմէն, Սան Ֆրանսիսկոյի իր տան շեմին անգթօրէն ծեծուած է փողոցայիններու կողմէ, որու պատճառով կեանքի վերջին երեք տարիները անցուցած է ծերանոց-հիւանդանոցի մը մէջ։ Հոն ալ Սարդարապատի հերոսամարտի մասնակից ու ականատես Շնէուրը իր մահկանացուն կնքած է երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, Սեպտեմբեր 16, 1977-ին, 93 տարեկանին։ Թաղուած է Սան Ֆրանսիսկոյի Քոլմէ արուարձանը գտնուող սերպական գերեզմանատունը։ Անոր անունը, յարակարծիքի մը պէս, անմահացած է մէկ կողմէ բազմաթիւ թիթեռներու եւ օձերու գիտական անուանումներու, միւս կողմէ՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատմութեան մէջ։

-----------------------------------
[1] Գիրքը ծանօթ է հայ պատմագիտութեան (տե՛ս, օրինակ, Մուրադ Կարապետեան, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը. 1918–1920, Երեւան, 1996, էջ 17)։
[2] Տե՛ս, օրինակ, Վանիկ Հրանտի Վիրաբեան, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական անվտանգութեան համակարգի ստեղծումը եւ գործունէութիւնը (1918-1920 թթ.), Երեւան, 2006, էջ 26։
[3] Paul H. Arnaud, “Obituary: Alexandre Constantinovich Chneur (Schneeur) (1884-1977)”, Journal of the Lepidopterists’ Society, 50 (1), 1996, p. 92-95.
[4] Евгений Эдуардович Шергалин, “Александр Константинович Шнеур (1884-1977) – военный, энтомолог и герпетолог” (Ալեքսանդր Կոնստանտինովիչ Շնէուր (1884-1977) – զինուորական, միջատաբան եւ սողունագէտ), Астраханский вестник экологического образования, 1 (35), 2016, с. 127-134.
[5] Սխալ է, ի հարկէ, «էլզաս-լոթարինգցի Ալեքսանդր Շնէուրը, որ ռուսական ծառայութեան սպայ էր» ձեւակերպումը (Յարութիւն Թուրշեան, Սարդարապատի հերոսամարտը, Բ. հրատարակութիւն, Երեւան, 1969, էջ 164), ըստ որուն Շնէուրը ծնունդով ռուս չէր։ Իրականութեան մէջ, Շնէուրը ռուս էր՝ ալզասեան ծագումով։
[6] Jacques Kayaloff, The Battle of Sardarabad, The Hague and Paris, 1973, p. 36։ Նիւ Եորք ապրող Կայալովը թղթակցութիւն ունեցած է Շնէուրի հետ։
[7] Ալեքսանդր Կ. Շնէուր, Սարդարապատի հերոսամարտը. մասնակցողի յուշեր, թարգմ. Անդրէ Ամուրեան, Ֆրէզնօ, 1967, էջ 33։
[8] Անդ, էջ 20։
[9] Անդ, էջ 26։
[10] Kayaloff, The Battle of Sardarabad, p. 36.
[11] Հերոսամարտին նուիրուած իր անտիպ յուշերուն մէջ, բժիշկ Քրիստափոր Փիրումովը (1895-1985) յիշած է բուժքոյր Լոլան, որ հետագային ամուսնացած է գնդապետ Շնէուրի հետ, առանց բուն անունը տալու (Ա. Բ. Մելիքեան, «1918 թ. մայիսեան հերոսամարտերը մասնակիցների յուշերում», Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների, 2-3, 2012, էջ 158)։
[12] Kayaloff, The Battle of Sardarabad, p. 18.
[13] Կ՚ակնարկէ Գագիկ Ա. Բագրատունի թագաւորին (989-1020)։
[14] Շնէուր, Սարդարապատի հերոսամարտը, էջ 36։ Այս տեղեկութիւնը ճիշդ չէ։ Թրքական յառաջխաղացքի ժամանակ, արձանը թաղուած է հողին տակ՝ Անիի մէջ։ Ըստ երեւոյթին, անոր մէկ հատուածը 1994-ին ցուցադրուած է Էրզրումի թանգարանին մէջ՝ առանց բացատրագրի։ Տե՛ս Դիանա Գրիգորեան, «Գագիկ Ա. Բագրատունու քանդակային պատկերի հանդերձանքի հարցի շուրջ», Կանթեղ. գիտական յօդուածների ժողովածու, 1, 2014, էջ 250։
[15] Շնէուր, Սարդարապատի հերոսամարտը, էջ 39-40։
[16] Անդ, էջ 42։
[17] Անդ։
[18] Անդ, էջ 43։
[19] Կարապետեան, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը, էջ 32։ Տե՛ս նաեւ «Սարդարապատի հերոսամարտին մասնակցած այլազգիները», Ալիք, 26 Մայիս 2015։
[20] Kayaloff, The Battle of Sardarabad, p. 37.
[21] «Հայերէնը պետական լեզու», Ճակատամարտ, 8 Յունուար 1920։ Հեռագրալուրը «Երեւան, 25 Դեկտեմբեր» թուականը կը կրէ եւ կը սկսի «Երէկ Խորհրդարանի նիստին մէջ(…)» խօսքով։
[22] Մ. Լ. Կարապետեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի կազմաւորումը (1918-1920 թթ.)», Հայկական բանակ, 5-6, 1995, էջ 18։
[23] Կայալով հրատարակած է Սարդարապատի ճակատամարտին վերաբերող այդ անտիպ նոթերուն չորս էջերու լուսանկարը, տալով նաեւ անոնց անգլերէն թարգմանութիւնը (տե՛ս Kayaloff, The Battle of Sardarabad, p. 40-44, 171-181)։
[24] Ալեքսանդր Կ. Շնէուր, «Հայ-թրքական պատերազմը», Ասպարէզ, 19 Մայիս-13 Յունիս 1967։
[25] Ըստ Կայալովի, Շնէուր իրազեկ չէր Ամուրեանի գրութիւններուն բովանդակութենէն եւ ոչ ալ գիտէր, թէ իր յուշերուն ո՞ր հատուածները հայերէնի թարգմանուած էին (Kayaloff, The Battle of Sardarabad, p. 40)։
[26] Ս. Յ. Յարութիւնեան, «Սարդարապատի հերոսամարտը. պատմական փաստի ընկալումը ժամանակի հոլովոյթում», Հայկական բանակ, 2, 1998, էջ 41։ Թուրշեանի հատորին մանրամասն քննադատութեան համար, տե՛ս Արամ Մանուկեանի գործակից Արշալոյս Աստուածատրեանի (1883-1973) հատորը՝ Ա. Աստուածատրեան, Սարդարապատի պատմաշինարարութիւնը, Պէյրութ, 1966։
[27] Թուրշեան, Սարդարապատի հերոսամարտը, էջ 154-156։
[28] Շնէուր, Սարդարապատի հերոսամարտը, էջ 43։
[29] Թուրշեան, Սարդարապատի հերոսամարտը, էջ 197։
[30] Տե՛ս անդ, էջ 146 (Սարդարապատ) եւ 180 (Բաշ-Ապարան)։
[31] Richard G. Hovannisian, Armenia on the Road to Independence 1918, Los Angeles, Berkeley and London, 1967, p. 196.
[32] «Հաշտութիւնը», Հորիզոն, 4 Յունիս 1918։
[33] Տե՛ս «Հայաստանի ճակատների վրայ (Սարդարապատի հերոսամարտից յետոյ)», գրեց՝ գնդապետ Ալեքսանդր Կ. Շնէուր (մասնակցողի յուշեր), Ասպարէզ, 11, 14 եւ 18 Յունիս 1968։

«Հայրենիք», 24 Մայիս 2018 (100ամեակի բացառիկ)




No comments:

Post a Comment