Ժ. Չ.
Անկախութեան հարիւրամեակը զուգադիպեցաւ Հայաստանի 3-րդ Հանրապետութեան աւարտին, խորհրդարանական Նոր Հայաստանի սկզբնաւորութեան եւ Նիկոլ Փաշինեանի թաւշեայ յեղափոխութեան։ Ժողովուրդին խանդավառութիւնը եւ սպասումները հասած են իրենց շիկացումի գագաթնակէտին։ Տակաւին տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու խաղաղ ու վճռական ցոյցերու հմայքին տակ, ժողովուրդը նոյն թափով՝ համացանցով, ընկերային ցանցերու միջոցով, օրը-օրին կը հետեւի, կը խանդավառուի ու երբեմն՝ կը հակազդէ յեղաշրջումէն ետք կառավարութեան կազմութեան եւ անոր կայացուցած առաջին որոշումներուն։
Փաշինեանի յեղափոխութիւնը հարիւրամեակի լաւագոյն պարգեւն էր հայութեան,
լաւագոյն տօնախմբութիւնը։ Հարիւր տարի առաջ, համաշխարհային պատերազմի
աւարտին, մինչ մեծ տէրութիւնները իրենց միջեւ կը բաժնէին պատերազմական
աւարը՝ հայութիւնը անկախութիւն հռչակեց անապահով, անկայուն, անորոշ
պայմաններու մէջ։ Կորսնցուց իր հողատարածքին 9/10-րդը։ Դարերով ուրիշի
լուծին հպատակ ըլլալէ ետք՝ ջարդի, բռնագաղթի, հարստահարութեան գնով
անկախութիւն հռչակեց։ Վեց դարերու ընթացքին մղուած ինքնութեան, ազգային
գիտակցութեան ու ֆիզիքական գոյատեւման պայքարի շնորհիւ։
Թէեւ առաջին հանրապետութիւնը երկու տարի տեւեց, սակայն այդ երկու տարիները
բաւական էին որ Հայաստան ընդունուի եւ արձանագրուի իբրեւ անկախ
Հանրապետութիւն եւ այդ կարգավիճակով դառնայ Սովետական Միութեան 16-ի
շարքին՝ հանրապետական անդամ։ Եւ այդ կարգավիճակով իրաւունք ունենայ 1991-ին
ինքզինք հռչակելու անկախ Հանրապետութիւն։ Եթէ չըլլար առաջին
Հանրապետութիւնը, չէինք ունենար 1991-ի անկախանալու իրաւունքը։
Բայց փաստը ցոյց տուաւ, որ անկախութեան հռչակումը բաւարար չէ երկիր մը
անկախ սեպելու համար, երբ պետութիւնը իր բնակչութիւնը, իր քաղաքացիները
ապրեցնելու, պահպանելու, պաշտպանելու, նիւթապէս եւ հոգեպէս բաւարարելու
միջոցներ չի տրամադրեր։ Երբ անոնցմէ կը գողնայ, կը գնէ՝ բռնի կամ այլ
սպառնական ձեւերով՝ անոնց ինքնիշխանութեան իրաւունքը։ Երբ պետութիւն մը չի
գիտակցիր, որ իր մեծագոյն հարստութիւնը իր ժողովուրդն է, իր հզօրութիւնը՝
ժողովուրդի՛ն հզօրութիւնն է, իր ապագան՝ ժողովուրդի՛ն ստեղծելիք ապագան է։
1918-ին նորանկախ Հայաստան անհաւասար պատերազմ մղեց նախ թուրքերուն դէմ,
ապա անսպասելիօրէն իր անկախութեան սպառնացող բոլշեւիկութեան դէմ, որ շատ
աւելի վտանգաւոր ու դաւադիր հանդիսացաւ, թէ՛ թուրքերուն օգնելով եւ թէ՛
միաժամանակ՝ ներսէն հայ բոլշեւիկներու միջոցով, զէնքով ու
գաղափարախօսութեամբ գրաւելով բերդը։
2018-ին, հարիւրամեակ մը վերջ, չկայ բոլշեւիկեան գաղափարախօսական վտանգը,
թուրքեւազէրական սպառնալիքին կը դիմակալէ հայկական բանակը Ռուսաստանի
պաշտպանական համակարգի ներքոյ, սակայն ցցուեցաւ նոր վտանգ մը՝ հայ
իշխանաւորներու ձեռքով հայութեան՝ ինքն իր հողերուն վրայ օտարացումը, որուն
անմիջական հետեւանքներն էին յուսալքութիւնը, ծնունդներու նուազումը,
անձնասպանական արարքներու աճը, արտագաղթն ու մշակութային թշուառացումը։ Այս
յոռեգոյն պայմաններէն ծնաւ ինքնասթափումի պահը Նիկոլ Փաշինեանի
առաջնորդութեամբ, միջազգային մրցակցութեան, քաղաքակրթական բախումներու ու
անհաշիւ տագնապներու մթնոլորտի մէջ։ Հայաստանի զարգացումին ու անկախութեան
համար բացուեցաւ նոր էջ մը։ Կեցցէ՜ անկախութեան համար համաժողովրդային
շարժումը։ Կեցցե՛ն առաջին գծի վրայ բոլոր պայքարողները։
«Նոր Յառաջ», 24 Մայիս 2018 (խմբագրական)
No comments:
Post a Comment