ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԵԱՆ (*)
Մայիս 10-ին, Համբարձման տօնին, աւանդաբար նշուած է Պոլսոյ Ս. Փրկիչ
ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը եւ կրօնական ու աշխարհիկ
հանդիսութիւններով համայնքը մէկտեղուած է «մեր Գթութեան յարկի շրջափակին
մէջ», ինչպէս կը գրէ «Մարմարա»:
Այս առիթով ունեցած իր ելոյթին մէջ, հիւանդանոցի ատենապետ յարգելի պարոն
Շիրինօղլու իրեն յատուկ ազգասիրական մարգարիտներով կրկին փայլած է, ըսելով
որ պէտք է միացնել մեր դպրոցները, օրինակ՝ Կեդրոնական-Էսաեան,
Գարակէօզեան-Ֆէրիգիւղ, խօսելով «խնայողութիւն ընելու հրամակայականին մասին,
շեշտելով որ յառաջիկայ օրերուն տագնապալի օրեր պիտի ունենանք»: Հոս
կ՚ընդգծեմ պէտք է-ն, քանի որ կատարուածը հաստատում մը կամ թելադրանք մը չէ
իրականութեան մէջ, այլ՝ ուղղակի սպառնալիք մը, քանի որ ելոյթին
շարունակութեան մէջ այդ սպառնալիքը ամենայն մերկութեամբ նշուած է. «Այդ
պարագային է որ Հիւանդանոցը օժանդակութիւն պիտի կատարէ, հակառակ պարագային
պիտի չընէ բացարձակապէս»: Ասիկա, պարոն Շիրինօղլուի վերջին հնարքն է, որու
նախաճաշակը արդէն ան տուած էր քանի մը ամիս առաջ ալ:
Հիմա կարգը հասած է ազգային վարժարաններուն, այսինքն պոլսահայ համայնքի
գլխաւոր երկու սրբութիւններէն՝ երկրորդին, առաջինը ըլլալով պատրիարքարանը,
որուն հաշիւը առայժմ մաքր(ու)ած է:
Ես պիտի խօսիմ որպէս նախկին կեդրոնականցի (թէեւ, նաեւ՝ նախկին էսաեանցի
մը), որպէս Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքի օրօք 132 տարի առաջ հիմնուած,
անհամար անձնաւորութիւններ դարբնած սրբազան հաստատութեան նախկին մէկ սանը:
Վստահաբար, ի տես նման նկրտումներու՝ նոյնքան ցաւոտ են էսաեանցիներու,
ֆէրիգիւղցիներու, գարակէօզեանցիներու սրտերն ալ:
Նախ եւ առաջ, սկսելու համար խնդրին հիմքէն՝ հարցումներ: Ո՞վ է պարոն
Շիրինօղլուն, ի՞նչ լիազօրութիւններու տէր է նման որոշումներ կայացնելու
համար եւ ո՞վ իրեն շնորհած է այդ լիազօրութիւնները: Կամ ասոնք ալ մէկդի
թողլով՝ ուրիշ հարցում մը. արդեօք այս մասին գոնէ խորհրդակցա՞ծ է պատկան
կողմերուն հետ: Որքան որ գիտեմ՝ ո՛չ: Իսկ եթէ կը սխալիմ, եւ եթէ երբեք այդ
խորհրդակցութիւնները տեղի ունեցած են եւ ան գտած է իրեն համախոհներ, ուրեմն
ես ալ կ՚առաջարկեմ պարոն Շիրինօղլուն միացնել իր նմաններուն հետ, որպէսզի
անոնց վնասաբեր քայլերը նուազագոյնին հասցուին:
Ի՞նչն է, որ մեր «Գթութեան յարկ»-ի ատենապետը նման անգութ կեցուածք
ցուցաբերելու կը մղէ մեր ազգային սրբութիւններուն դէմ: Դրա՞մը, տնտեսո՞ւմը:
Կարդալով վերեւ նշուած՝ Համբարձման տօնակարութեան մասին «Մարմարա»-ի
թղթակցութիւնը, կը տեղեկանանք, որ ահաւոր գումարներ կը ծախսուին
հիւանդանոցի զարգացման համար, որ ապագայ սերունդներուն ներդրում է եղեր:
Ո՞ր ապագայ սերունդները… անոնք, զորս պարոն Շիրինօղլու կը փորձէ վիժեցնե՞լ
դպրոցներու փակումի իր աղէտալի ծրագրերով: Այս ի՜նչ իմաստուն
ռազմավարութիւն է… Որքա՜ն հեռանկարային:
Օրինակ, որքա՜ն աւելի ճիշդ պիտի ըլլար փոխանակ նման սպառնալիքներ
տեղացնելու, նման «հանճարային» լուծումներ գտնելու, այսօր համայնքին համար
աւելի քան բաւարար մակարդակով Ազգային հիւանդանոցի ընդլայնման, ճոխացման
համար գործածուող գումարները յատկացնել մեր ազգային վարժարաններու
շէնքերու, դասարաններու բարեկարգման: Ա՛յդ պիտի ըլլար իսկական ներդրումը
նոր սերունդներուն համար, այն պայմաններուն մէջ, ուր շատ ու շատ ծնողներ կը
նախընտրեն իրենց զաւակները ղրկել օտար վարժարաններ, որովհետեւ առինքնող
չեն գտներ մեր կրթական հաստատութիւնները, որոնք մինչդեռ ուսումնական
առումով ոչինչ կը զիջին միւսներէն, վստահաբար՝ նոյնիսկ կը գերազանցեն
զանոնք:
Դպրոց փակելը դիւրին է, Մելգոնեանի, ուրիշ շատերու պարագան՝ վկայ: Կարեւորը
պահպանե՛լն է, պահպանել գիտնալը: Իսկ հիմնելու մասին՝ եկէք հարցուցէք
ֆրանսահայ համայնքին, եկէք հարցուցէք Նորվան արք. Զաքարեանին, որ Ֆրանսայի
մէջ դպրոցաշինութիւնը՝ իր «խաչը» դարձուցած է: Թող պատմեն:
Դպրոց փակելու գաղափարին համակիրները թող յիշեն Էսաեանի ողբացեալ
տնօրէնուհի, պաշտելի Օր. Հերմինէ Գալուստեանի՝ ատենին գործադրած այն
գերմարդկային ճիգերը՝ պահպանելու համար դպրոցին անկախութիւնը, ապահովելու
համար վերապրումը, մինչ իշխանութիւնները կ՚ուզէին որոշ ժամերէ յետոյ շէնքը
տրամադրել ուրիշ դպրոցի մը աշակերտութեան: Հիմա մենք մե(՞)ր ձեռքով
կ՚ուզենք այդ նոյն հաստատութիւններուն հասցնել աւելի ծանր հարուած: Ի՜նչ
հեգնանք:
Եթէ պարոն Շիրինօղլու եւ անոր ջաղացքին ջուր կրողները իրականութենէն
կտրուած, իրենց մշուշապատ աշխարհին մէջ կ՚ապրին, այս օրերուն գոնէ առիթը
ունէին ուսանելի դասեր քաղելու հայաստանեան իրադարձութիւններէն: Սակայն,
ըստ երեւոյթին՝ այդ ալ չէ կատարուած:
Եւ քանի որ մեր խօսքը ակամայ քաղաքական դաշտ հասաւ, ոստումով մը Հայաստանէն
կրկին Թուրքիա վերադառնալով՝ «Tamam» ըսենք, այնպէս ինչպէս թրքական
ընկերային ցանցերու մէջ երկրին նախագահին դէմ ծայր առած արշաւը, վերջինիս
իսկ արտասանած այս բառին փոխառումով:
«Tamam» կը նշանակէ՝ «Եղա՛ւ. կ՚օգտէ՛»:
Առ որ անկ է:
(*) Նախկին կեդրոնականցի
«Նոր Յառաջ», 24 Մայիս 2018
No comments:
Post a Comment