13.5.18

Քայլարշաւին հեղինակը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նոր նախարարն է

2018-ի գարնան փոքրիկ Հայաստանը յայտնուեցաւ համաշխարհային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին։ Մետիամաքսը գրած է այս մասին։
Հայկական յեղափոխութիւնը սկսաւ Գիւմրիի հրապարակէն. Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կողմնակիցները ճանապարհը սկսան Գիւմրիի սակաւամարդ հրապարակէն։ Ապրիլի 27-ին՝ մեկնարկէն 28 օր անց, անոնք վերադարձան նոյն հրապարակը, ուր, ըստ ժողովրդական խօսքին, ասեղ նետելու տեղ չկար։
Այս բոլորը ամիսներ շարունակ մշակուած մարտավարութիւն էր։ Մետիամաքսը գտած է քայլարշաւ սկսելու գաղափարին հեղինակը։ Ան 28-ամեայ Մխիթար Հայրապետեանն է` նորանշանակ ՀՀ Սփիւռքի նախարարը։
Քայլերթի ընթացքին Մխիթարը կը քալէր ետեւէն՝ առանց աւելորդ հպարտութեան, որ այս ամէն ինչի գաղափարը իրն է, կը պատասխանէր քաղաքացիներու հեռաձայներուն եւ առաջինը կը տեղեկանար անոնց տրամադրութիւններուն մասին։
Քայլարշաւ սկսելու գաղափարը հիմա փայլուն կը  հնչէ, երբ տեսանելի արդիւնք կայ, իսկ սկզբնական փուլին կային շարք մը մտավախութիւններ։ Սա է պատճառը, որ խմբակիցները Մխիթարի առաջարկը անգամ մը մերժեցին։ Այնուամենայնիւ, ինք յամառած է, մշակած է գաղափարն ու երկրորդ անգամ ներկայացուցած խումբին։ Այս անգամ ան միաձայն հաւանութեան արժանացած է։
Մխիթար Հայրապետեանը մասնագիտութեամբ արեւելագէտ է, աւարտած է ԵՊՀ-ն։ Մագիստրոսի կոչում ունի։ Նորանշանակ նախարարը զբաղած է զբօսաշրջութեամբ, կազմակերպելով ուղեւորութիւններ դէպի Արեւմտեան Հայաստան։
2015 թուականէն կ’իրականացնէ տարբեր կրթական ծրագրեր։ Մասնագիտացած է նաեւ ոչ բռնի գործողութիւններու, խաղաղ անհնազանդութեան մեթոտաբանութեան մշակման, անոնց մատուցման հարցերով, ուրկէ սկսած է շարժման հիմքը։
Մխիթար Հայրապետեան կը նշէ. «Քայլարշաւի գաղափարը յառաջացած է՝ հիմք ընդունելով Մահաթմա Կանտիի ուսմունքը ոչ բռնի պայքարի վերաբերեալ։ Այս գիտարուեստներու մեթոտաբանութեան շատոնց ծանօթ եմ։ Օգտուած ենք 1930 թուականին «Աղի երթ» ի ընթացքին կիրառուած գիտարուեստներէն, մասնաւորապէս, երբ Կանտին 387 քիլոմեթր քալեց՝ հասարակական հարցեր բարձրացնելու նպատակով։ Ան երթը սկսաւ 8 հոգիով, աւարտեց 80 հազարով։
Երկրորդ օրինակը վերցուցած ենք Թուրքիայի ընդդիմադիր առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի 2017 թուականի քայլերթէն, երբ ան քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրը բարձրացնելու համար Անգարայէն քալեց Իսթամպուլ՝ շուրջ 450 քիլոմեթր։ Ինք եւս միայնակ  մեկնարկեց քայլերթը եւ շուրջ 300 հազար կողմնակիցներով Իսթամպուլ մուտք գործեց»,- Հայրապետեան կ’աւելցնէ, որ նշուած շարժումներու արդիւնքները հաշուիլ չեն առած, այլ օգտուած  են քայլերթի միջոցով իրազեկման շարժում ընելու, մարդոց թիւը բազմապատկելու գիտարուեստներէն։
Եթէ նշուած երկու պարագաներուն կիրառուած էր 24-օրեայ քայլերթի տարբերակը, Մխիթարի գաղափարի շուրջ համախմբուած խումբը կանգ առած է 14-օրեայ քայլերթի վրայ՝ հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ քաղաքական իրողութիւններն ու ժամկէտներու սղութիւնը։ Գիւմրիէն քայլարշաւ սկսիլը եւս պատահական չէր։ Անոր խօսքով՝ Գիւմրի-Վանաձոր-Դիլիջան-Հրազդան-Աբովեան-Երեւան երթուղին գծելու ժամանակ իրենք հաշուի առած են ո՛չ միայն այն, որ Գիւմրին, Վանաձորն ու Երեւանը Հայաստանի խոշորագոյն երեք քաղաքներն են, այլեւ այն փաստը, որ տուեալ բնակավայրերու մէջ առկայ քաղաքական տրամադրութիւնները առաւելաբար ընդդիմադիր են։
Մանրակրկիտ մշակուած ծրագիրը պայքարի ընթացքին  վստահութիւն ձեւաւորած է խումբի նկատմամբ.
«Հաւանաբար վերամբարձ հնչէ, սակայն առաջին անգամ ընդդիմութիւնը քաղաքական լրջագոյն գործընթաց սկսելէ առաջ առնուազն իր քայլերը հաշուարկած էր եւ գործողութիւններու յստակ ծրագիր ունէր։ Մենք ներկայացուցինք, որ մեր հաշուարկներով, Գիւմրիէն քայլարշաւ սկսելու պարագային Ապրիլ 13-ին Երեւանի հանրահաւաքին կը մասնակցի 4000-5000 մարդ։ Նիկոլ Փաշինեանը ըսաւ՝ եթէ այդ օրը իսկապէս այդքան մարդ հաւաքուի, կը խոստանամ իշխանափոխութիւն ընել։
Ապրիլ 13-ի հաւաքի համար ի վերջոյ հաշուարկուեցաւ եւ հրապարակուեցաւ 4700 թիւը»։
Մխիթարի խօսքով, քայլարշաւի քննարկումները սկսած են 2018-ի Յունուարէն։ Նիկոլ Փաշինեանի Օգոստոսէն մարզուիլ սկսած ըլլալու փաստը Մխիթարը կը բացատրէ այնպէս, որ իրենք քաղաքական գործընթացը  ամէն պարագայի պիտի սկսէին, սակայն 2017-ի Օգոստոսին պայքարի ձեւաչափը ոչ ոք գիտէր։
«Գաղափարը ծնաւ Յունուարին, հաստատուեցաւ Փետրուարին։ Առաջին անգամ զայն մերժելու հիմնական պատճառը այն էր, որ մենք մեր քաղաքական առաջնորդի գլխաւորութեամբ ըսած էինք, որ հանրութիւնը դուրս կը բերենք փողոցային պայքարի միայն մէկ անգամ։ Վտանգը, որ մենք կը տանէինք պարտութեան, հիասթափութեան, ահռելի էր։ Բոլորս ալ կը հասկնայինք, որ ինչ-որ իմաստով սա «վապանգ» (va banque) է, որովհետեւ, երբ կը յայտարարես իշխանափոխութեան մասին՝ նկատի ունենալով ո՛չ միայն Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարումը, այլեւ ընդհանուր իշխանափոխութիւնը, անիկա յղի է բազմաթիւ վտանգներով, կրնայ հերթական անգամ կոտրել ժողովուրդի ողնաշարը։ Պատմութեան ընթացքին ընդդիմադիրներու կողմէն նման հարուածներ ժողովուրդը արդէն ստացած էր։ Այնուամենայնիւ, ես չյանձնուեցայ ու անգամ մը եւս փորձեցի համոզել, որ եթէ կը փորձենք իշխանափոխութիւն ընել, անիկա պէտք է ըլլայ ամենառիսկայինը։
«….Մենք պատասխանատուութիւն ունէինք հանրութեան առջեւ։ Ի սկզբանէ գաղափարախօսութիւն ունէինք, որ ասիկա քաղաքացիի, ոչ թէ քաղաքական գործիչի քայլը պիտի ըլլայ։ Մեր պայքարի առաքելութիւնը ՀՀ քաղաքացիի յաղթանակն էր, որով ուղղորդուած ենք, երբ քալած ենք, մեզ բերման ենթարկած են, կամուրջներ փակած ենք»։
Ինքը՝ Մխիթարը երբեւէ բերման չէ ենթարկուած։ Կ’ըսէ՝ ինքը շատ արագ է, երեք անգամ յայտնուած է ոստիկանական մեքենայի մէջ, սակայն ճարպիկութեան շնորհիւ կրցած է դուրս ելել այնտեղէն, իսկ ահա ծեծ, իր խօսքով, «կերած է եւ, փառք Աստուծոյ, խմբակիցներէն ետ չէ մնացած»։
Մխիթարը ժպիտով կը յիշէ, որ շատերը զինք կը ծաղրէին, երբ 2016-ին՝ ՊՊԾ գունդի գրաւման դէպքերու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը հասարակութեան կոչ ըրած էր վեր բարձրացնել ձեռքերը՝ ի նշան խաղաղութեան։ «Այդ ժամանակ կուսակցութիւնը կը գործէր տարիէ մը ի վեր։ Նիկոլ Փաշինեանը ինքնաբուխ կերպով հաւաքուածներուն կոչ  ըրաւ ձեռքերը վեր բարձրացնել, նպատակը ուժայիններուն ցոյց տալն էր, որ մենք քար, փայտ, կտրող գործիք չունինք։ Բան մը, որ այլեւս թոյլ չէր տար ոստիկանութեան ուժ կիրառել ժողովուրդի դէմ։ Երկու տարի շարունակ մեզ ծաղրած են, մեղադրած են, այդ գաղափարախօսութեան լուրջ չեն վերաբերած՝ համեմատելով յանձնուող ձեռքերու հետ։ Երկու տարի աշխատանք տարինք հանրութեան հետ՝ փորձելով բացատրել, որ բաց ձեռքերը օդի մէջ բաւականին զօրաւոր ձեռքեր են։ Ինչպէս Կանտին կ’ըսէր, զօրաւոր է ան, ով կամքով է զօրաւոր։ Քաղաքացիի երգի մէջ ալ շատ կարեւոր խօսք մը կայ՝ “Մեր կամքը ուժեղ է քարից էլ, մեր ոգին յանձնուել չգիտի”։ Այսպիսով մենք ցոյց կու տայինք մեր կամքը։
Երբ հիմնադրուեցաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը, որուն հիմնական նպատակը իշխանափոխութիւնն էր, մենք կը հասկնայինք, որ անոր համար երկու ուղղութիւն կար՝ ընտրական գործընթաց կամ թաւշեայ յեղափոխութիւն։ Մեր կուսակցութեան հիմքը առանց բռնութեան համակարգային փոփոխութիւններ ընելու փիլիսոփայութիւնն էր, ինչն ալ զիս ստիպած էր ըլլալ կուսակցութեան հիմնադրման ակունքներու մէջ»,- կը պատմէ Մխիթարը։
Այսօր արդէն նորանշանակ նախարարը հիմա ժպիտով կը յիշէ, թէ ինչպէս հարազատներն ու բարեկամները կը յորդորէին չտանջել զիրենք, միեւնոյն է, բան չի փոխուիր։
«Մեծ մասամբ, հաւատք չկար, որ յարուցուած քաղաքական գործընթացները պիտի լուծեն այն խնդիրները, որոնք մենք դրած ենք մեր առջեւ։ Յատկապէս առաջին օրը, երբ դժուարութեամբ դիմացանք Ջաջուռի ցուրտ քամիներուն, շատերը կը հեռաձայնէին, կը գրէին, որ անիմաստ տեղը մենք մեզ կը տանջենք, ժողովուրդը չի գնահատեր, բան չի փոխուիր։
Բազմաթիւ իրադարձութիւններ եղան, որոնք կաթիլ առ կաթիլ մեծցուցին հաւատքը, որ այս շարժումը ներուժ ունի»,-  կը յիշէ Մխիթարը։
Որքան ալ ի սկզբանէ հաւատացած ենք գաղափարին, որեւէ երաշխիք չկար, որ իրենց քաղաքական գործընթացը պիտի բերէ ոչ միայն Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին, այլեւ յեղափոխութեան,- կ’ըսէ Մխիթարը։
Յաջողութեան գրաւականները, անոր խօսքով, տարբեր եղած են՝ մարտավարութիւնը, ուսանողութեան եւ քաղաքացիներու հետ սերտ համագործակցութիւնը։
Թէեւ Մխիթարը արդիւնքը կը կապէ տարբեր գործօններու շղթայով, ան կը համարէ, որ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումէն իրենք յաղթած դուրս ելած են։
«Սերժ Սարգսեանի պահուածքը, ուղերձը` կապուած Մարտ 1-ի հետ, բանակցութիւններէն դուրս ելլելը ցոյց տուաւ, որ մենք ճիշդ ճանապարհ ընտրած ենք։ Այնուհետեւ տեղի ունեցան ձերբակալութիւնները, փորձեցին գլխատել շարժումը, որ, ըստ իս, ամենաանհեռատես ու ճակատագրական որոշումներէն մէկն էր։ Իմ գնահատումովս, անոնք կը փորձէին գլխատել շարժումը, սակայն մարդիկ կրկնապատկուեցան եւ շարունակեցին մնալ ինքնակազմակերպուած»,- կ’ըսէ ան։
“Չափազանց կարեւոր էր Նիկոլ Փաշինեանի կերպարի ձեւաւորումը՝ իբրեւ պայքարողի։ Բոլորովին այլ կերպ կ’ընկալուէր, եթէ ան քոստիւմով քալէր»,- կ‘ըսէ Մխիթարը ու կը շեշտէ, որ Փաշինեանի կերպարը խումբէն առանձնացնելու խնդիր եղած չէ։ Խումբը պէտք է ըլլար ուսապարկերով, յարմարաւէտ կօշիկներով։
Մխիթարի խօսքով, քաղաքացիական աշխուժութիւն պիտի ցուցաբերէ գիտակից ողջ կեանքի ընթացքին։ «Գուցէ անիկա բաւական ուշ եկած է՝ 17 տարեկանիս։ Այդ ժամանակ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը յայտարարեց քաղաքականութիւն վերադառնալու որոշման մասին։ Ես անոր կառավարման տարիներու մասին լսած էի եւ՛ դրականը, եւ՛ բացասականը, սակայն Ազատութեան հրապարակ երթալ զիս կը մղէր  գործող իշխանութեան դէմ պայքարը»,- կ’ըսէ ան։
Մխիթարը կը վստահեցնէ, որ 17 տարեկանին ցուցարարներու շարքերը համալրելու ժամանակ չէր պատկերացներ, որ 10 տարի անց իր գաղափարի շուրջ շարժում պիտի ձեւաւորուի, ինքն ալ նախարար պիտի ըլլայ։ Այդ ժամանակ ան ինքզինք կը տեսնէր իբրեւ Թուրքիոյ մէջ առաջին հայ դեսպան, իսկ ներքաղաքական գործընթացներու հանգուցալուծումը աւելի մօտ կը թուէր. «Նման ապագայ չէի պատկերացներ, որովհետեւ այն ժամանակ յոյս ունէի, որ առիթ չ’ըլլար այսքան տարի սպասել, հաւատացած էինք, որ շուտով պիտի յաղթենք»։
Այս ընթացքին տարբեր կարգախօսներ ձեւաւորուած են՝ «Դուխով», «Սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութիւն», եւ այլն։ Մխիթարի համար ամենակարեւոր կարգախօսը հնչած է դեռ 11 տարի առաջ. «Ես 2007 թուականէն կը պոռամ՝ "Մենք ենք տէրը մեր երկրի", սակայն առաջին անգամ 2018-ին զգացած եմ, որ մենք ենք տէրը մեր երկրի։ Այդ արտայայտութիւնը ինծի համար անկիւնաքարային է։ Անիկա նաեւ գաղափարական կարեւոր մաս ունի իր մէջ։ Սա անհատի յաղթանակ չէր, որեւէ քաղաքական կազմակերպութեան յաղթանակ չէր։ Ես համոզում ունիմ, որ եթէ, օրինակ, ՔՊ-ն արտահերթ ընտրութիւններուն ստանայ հանրութեան վստահութեան քուէն եւ մէկ ամիս անց ձախողի, որեւէ սարսափելի բան չ’ըլլար, որովհետեւ զինք փոխարինելու եկած իշխանութիւնը արդէն հաշուի պիտի նստի ժողովուրդի հետ՝ առնուազն ենթագիտակցական մակարդակի մէջ, չըսեմ՝ պիտի վախնայ, բայց պիտի զգուշանայ, որովհետեւ ասիկա ժողովուրդ մըն է, որ սեփական ձեռքերով հեռացուց Սերժ Սարգսեանն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը։ Ասիկա արդէն յաղթանակ է` իշխանութեան կ’ըլլայ ՔՊ-ն, թէ այլ քաղաքական ուժ, երկրորդական է»,- կը նշէ նա։
Մեր հանդիպման ժամանակ Մխիթար Հայրապետեանի՝ նախարար նշանակուելու մասին դեռ յայտնի չէր։ Ան յամառօրէն կը լռէր, թէ ինչ պաշտօն պիտի ստանձնէ կառավարութեան մէջ. պիտի ստանձնէ՞, թէ՞ ոչ։ Հիմա ան Հայաստանի նոր իրականութիւնը կերտողներէն մէկն է՝ ներկայ դրութեամբ ՀՀ ամենէն երիտասարդ նախարարը, որ Մայիս 15-ին նոր կարգավիճակի մէջ պիտի նշէ 28-ամեակը։ Նախարարի պաշտօնը ստանալէ ետք, Մխիթարի հետ զրոյցը համալրեցինք։
Սփիւռքի հետ աշխատանքը իրեն համար նոր չէ։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամը ղեկավարած է անոր Սփիւռքի հետ կապերու բաժինը։ Հակառակ երիտասարդ տարիքին, վստահ է, աշխատանքի շնորհիւ պիտի ապացուցէ, որ արժանի է հոն ըլլալուն։ «Պատասխանատուութիւնը սարսափելի մեծ է` անկախ տարիքէն։ Մենք ստանձնած ենք քաղաքական պատասխնատուութիւն հանրութեան, ժողովուրդի առջեւ։ Մտավախութիւն չունիմ՝ վարչական կառավարման փորձի պակասի հետ կապուած, քանի որ տարիներ շարունակ համակարգած եմ կուսակցութեան Սփիւռքի հետ  կապերը։ Տեղեակ եմ ոլորտի խնդիրներուն։ Նախընտրական շրջանին այս ոլորտի մէջ մեր ծրագիրը մշակողներէն մէկը եղած եմ։ Պատկերացում ունիմ լուծման տարբերակներու մասին։
Բնականաբար, նախարարութեան գործունէութեան ընթացքին անոնք նաեւ փոփոխութիւն պիտի կրեն, որովհետեւ մտադիր ենք աւելի սերտ համագործակցիլ Սփիւռքի հետ, ուշադիր պիտի ըլլանք անոնց առաջարկներուն։ Ես հաստատակամ եմ, վճռական, վստահ թէ՛ իմ սեփական ուժերուս, թէ՛ իմ խումբիս վրայ։ Այս պաշտօնը ստանձնելու վերաբերեալ նախնական քննարկումներուն համաձայնութիւնս տուած եմ, որովհետեւ, ըստ իս, քաղաքական խումբիս համար ամենաբարդ փուլը նոր կը սկսի։ Այս իմաստով քաղաքական պատասխանատուութիւն ստանձնելը ինծի համար սկզբունքային հարց էր։ Չեմ խուսափիր պատասխանատուութիւն ստանձնելէ։ Հիմա բեկումնային շրջան մը կը թեւակոխեանք մեր պետութեան համար»,- կ’ըսէ ան, եւ միաժամանակ կը վստահեցնէ, որ ո՛չ գաղափարը մշակելու ժամանակ, ո՛չ ալ Ջաջուռի ամենավատ գիշերը լուսցնելու ժամանակ պաշտօն ստանձնելու մասին չէ մտածած։
28 տարեկանին նախարարի պաշտօն ստանձնելը Հայաստանի մէջ նոր երեւոյթ է, աշխարհի մէջ՝ քիչ հանդիպող։ Ան կրկնակի պատասխանատուութիւն ունի։ Շարժման ընթացքին անոնց խումբը շարք մը կարծրատիպեր կոտրեց։ Հիմա կառավարման ոլորտէն ներս կարծրատիպեր կոտրելու ժամանակն է։
«Հաւանաբար չափազանց ինքնավստահ հնչէ, սակայն ես կարճ ժամանակի մէջ պիտի կոտրեմ մտավախութիւններու եւ կարծրատիպերու մեծ մասը։ Անիկա պիտի ընեմ իմ ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանքովս, արհեստավարժ մասնագէտներու հետ խմբային աշխատանքով։ Ես լաւատեսօրէն տրամադրուած եմ։ Մենք շատ յաճախ խօսած ենք քաղաքական սերնդափոխութեան մասին։ Կը կարծեմ՝ հիմա լաւագոյն ժամանակն է, որ սերնդափոխութիւնը տեղի ունենայ։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այդ պաշտօնը վստահած է ինծի։ Իբրեւ ժողովուրդի թեկնածու, ան չէր կրնար երկար չկշռադատել մինչեւ որոշում կայացնելը»,- կը նշէ ան ու կը հաւաստիացնէ, որ պիտի աշխատի բաց եւ թափանցիկ։


«Եռագոյն», 12 Մայիս 2018

No comments:

Post a Comment