16.5.18

Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի վերջին երկու տարիները

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արդէն երկու տարի է Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը լոյս կը տեսնէ նոր  խմբագրական կազմով մը` գլխաւոր խմբագիր` Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան, փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեան, խմբագրական խորհուրդ` Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆենքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Արքեմնիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան: Ձեւաւորումը վստահուած է  Անուշ Ակներեանին, իսկ էջադրումը` Գօգօ Հաւանճեանին:
Խմբագրութեան անդամները  երէց եւ  երիտասարդ սերունդի  գրողներ են, որոնք  նոր շունչով, նոր մօտեցումներով  եւ նոր տեսիլքով սկսան հրատարակութեան տալ «Բագին»-ը:
Լոյս տեսած են արդէն  2016-ի եւ  2017-ի թիւերը`  եռամսեայ հերթականութեամբ, ընդամէնը` 7 թիւ (2016-ի առաջին երկու թիւերը` միացեալ,  նուիրուած` Գրիգոր Պըլտեանին):
Նախքան որեւէ խօսք ըսելը` անհրաժեշտ է քանի մը հաստատումներ կատարել:
Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը արդէն 57 տարիներէ ի վեր լոյս կը տեսնէ եւ ստեղծած է վաստակ մը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ: Կուտակուած է պատկառելի արխիւ, որ հայ գրականութեան  20-րդ դարու  ստեղծագործութիւններու կարեւոր շտեմարան  մը կը նկատուի:
Յատկապէս 20-րդ դարու երկրորդ կէսին համար «Բագին»-ը բեմը եղած է հայ գրականութեան թէ՛ սփիւռքահայ, թէ՛ հայրենի գրողներուն: Շատ մը կարեւոր հրատարակութիւններ առաջին անգամ «Բագին»-ով հրամցուած են մեր ժողովուրդին: Այս պատճառներով «Բագին»-ը արդարօրէն տիրացած է բարձր գնահատանքի` դառնալով Համազգային մշակութային միութեան կարեւոր իրագործումներէն մէկը:
Հաւատալով անոր կարեւոր առաքելութեան` Համազգայինի իրերայաջորդ կեդրոնական վարչութիւնները ամէն  ջանք ի գործ դրած են «Բագին» գրական հանդէսը անընդմէջ հրատարակելու,  նոյնիսկ երբ հետաքրքրութիւնը նուազած է հայ գրականութեան հանդէպ, եւ բաժանորդներու թիւը անհամեմատօրէն անկում կրած է…
«Բագին»-ի վերջին երկու տարիներու ութը թիւերու ընթերցումը ընթերցողը կը փոխադրէ  գրական նոր հարթակ մը, ուր տիրական են հայ գրականութեան վերջին շրջանի գրողներու ստեղծագործութիւնները` առանց մոռացութեան տալու մեր անցեալի գրական աւանդը:
Արդիական շունչ մը կը փչէ «Բագին»-ի էջերէն:
Կը ներկայացուին    գրողներ, որոնք հայ գրականութեան վերջին տասնամեակներու ստեղծագործողներ են: Եթէ անոնցմէ ոմանք արդէն հանրածանօթ գրողներ են (Զարեհ Որբունի, Վահէ Օշական, Գրիգոր Պըլտեան, Մարուշ Երամեան, Փանոս Ճերանեան, Յարութիւն Պէրպէրեան…) եւ ունին շատ մը հրատարակուած հատորներ, ուրիշներ «Բագին»-ի ընթերցողներուն նուազ ծանօթ  անուններ  են  (Զաւէն Պիպեռեան, Թենի Արլեն, Անահիտ Սարգիսեան, Արամ Պաչեան, Արամ Մամիկոնեան, Հրայր Անմահունի, Ճեսսի Արլեն, Գէորգ Փալանճեան, Աննա Արզումանեան, Յասմիկ Սիմոնեան, Քրիստիան Բատիկեան, Թամար Պոյաճեան…): Կան նաեւ շատ աւելի երիտասարդները` իրենց գրական առաջին քայլերով (Հրակ Փափազեան, Անուշ Ակներեան, Գարոլինա Սահակեան…):
Ուրեմն, «Բագին»-ը հաւատարիմ  իր առաքելութեան` կը կամրջէ հայ գրականութեան վերջին երեք սերունդներու սպասարկուները`  թերթը հետաքրքրական դարձնելով բոլորին համար, ստեղծելով գրական իր այլազանութեամբ եւ արդիականութեամբ յատկանշուող հարուստ եւ  բաբախող  բեմ մը:
Հաւատարիմ նաեւ  իր անցեալի գրական ճանապարհին` խմբագրութիւնը կը շարունակէ լայն տեղ տալ գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու` հիներու կողքին (Անահիտ Տէր Մինասեան,Վարդան Մատթէոսեան, Մարկ Նշանեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Վրէժ-Արմէն…) տեղ տալով նաեւ նոր վերլուծաբաններու (Կարօ Յովհաննէսեան, Վիգէն Թիւֆենքճեան, Միհրան Մինասեան, Կարէն Ջալլաթեան, Րաֆֆի Աճեմեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Թագուհի Ղազարեան, Դալար Շահինեան, Ճենիֆր Մանուկեան, Նորվան արք. Մանուկեան, Աւետիս Հաճեան, Թագուհի Ղազարեան, Նաթալի Նազիկ Գարամանուկեան, Սիրանուշ Դւոյեան, Սեւան Տէյիրմենճեան…):
Կը ներկայացուին նաեւ շարք մը նոր անուններ, ինչպէս` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (ծանօթ` իր  հրապարակագրական յօդուածներով), Խաչիկ Տէտէեան, Թենի Արլեն…
Ինչպէս կարելի է նկատել, «Բագին»-ի խմբագրութիւնը իր հովանիին տակ  յաջողած է համախմբել հայ գրականութեամբ ապրող եւ ստեղծագործող հոյլ մը գրողներ, որոնք ունին` տարբեր տարիք, տարբեր մասնագիտութիւն եւ մանաւանդ տարբեր տեսիլք: Այս է պատճառը, որ գրական թերթը հարուստ է այլազանութեամբ, տարբեր ոճերով եւ տարբեր նիւթեր շօշափող գրութիւններով:
«Բագին»-ի տարբեր թիւերը ունին նաեւ տարբեր  շեշտաւորումներ: Եթէ առաջին երկու թիւերը նուիրուած են Գրիգոր Պըլտեանի գրականութեան, չորրորդը լուսարձակի տակ կը բերէ Զարեհ Որբունին, մինչ վեցերորդը կը ներկայացնէ պոլսահայ գրող Զաւէն Պիպեռեանը, իսկ եօթներորդ եւ ութերորդ թիւերուն մէջ տիրական ներկայութիւն է սփիւռքահայ եզակի գրող Վահէ Օշականը:
Ակներեւ են նաեւ թերթին տեսքն ու ձեւաւորումը, որոնք համահունչ են «Բագին»-ի նոր տեսիլքին:
Եւ այսպէս, հայ գրականութեամբ ապրող խումբ մը նուիրեալներ կ՛աշխատին վառ պահել «Բագին»-ի կրակը` հակառակ արդի կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն: Կը մնայ մաղթել, որ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը շարունակէ հովանաւորել «Բագին»-ի հրատարակութիւնը` հակառակ առկայ բոլոր դժուարութիւններուն:

 «Ազդակ», 16 Մայիս 2018

No comments:

Post a Comment