ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Ինչպէս հայ իրականութեան հետ առնչուող եւ յուզող միւս բոլոր խնդիրները,
հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերամշակումը նաեւ պէտք է առաջնային
օրակարգային հարց դառնայ սփիւռքի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու
աշխատանքներուն մէջ: Այս իմաստով, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի նախաձեռնութիւնը միայն գնահատելի է եւ կը
կարօտի լուրջ ու հետեւողական մօտեցումի: Ըստ վերջերս հրապարակուած յիշեալ
հիմնարկի մէկ յայտարարութեան, դասագրքաստեղծ այս աշխատանքը ընթացք առած է
արդէն 2013-էն եւ իր աւարտին կը հասնի մօտիկ ապագային: Նախաձեռնութիւնը իր
ամբողջ էութեամբ քաջալերելի ըլլալով հանդերձ, հարկ է պահ մը անդրադառնալ
կազմակերպչական մանրամասութիւններուն եւ ընդգծել որոշ առանցքային
բացթողումներ, որոնց լիարժէք քննարկումը միայն կը միտի ամրապնել անոր
գիտակրթական նպատակը եւ ամրագրել արդիւնքներուն ուսումնական յաջողութիւնը:
2) Առաջին կէտին կը հետեւի այս երկրորդ հանգամանքը, որ անյետաձգելի
անհրաժեշտութիւն է` ստեղծելու փորձագէտներու մնայուն մարմին մը, որ
մանրակրկիտ զննութեան եւ վերաքննութեան պիտի ենթարկէ հայոց պատմութեան
դասաւանդման, խորքային հարցերու մեթոտաբանական քննարկման եւ վերլուծման
ամբողջ խնդիրները: Անհրաժեշտ է նաեւ ցուցաբերել մասնագիտական նոր
մօտեցումներ, որոնք կը միտին աշակերտին մօտ զարգացնելու պատմագրական եւ
պատմագիտական խնդիրներու քննական մտածողութեան կարողականութիւնը: Անշուշտ
այս հանգամանքը միատեսակ չէ եւ կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ նկատառումներ, բայց
օգտաշատ է յիշել քանի մը օրինակ: Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակին
ընդառաջ նպատակայարմար է, որ հայոց պատմութեան նոր դասագիրքերու առանցքը
կազմէ ո՛չ միայն անցելապաշտութիւնը («բարոյական» կամ այլ յաղթանակներու
փառաբանանքով եւ կորուսեալ հայրենիքի մը լացակումած հիւսքը ընելով, որոնք
կը հանդիսանան հայոց պատմութեան դասագրքային տարբերակի հիմնական երկու
պատմագրական առանցքները), այլ 21-րդ դարու ուսանողութեան յարիր է ծաւալել
խորքային քննարկումներ` որոնց կիզակէտն է պետականաշինութիւնը` իր
բազմաբովանդակ իմաստով, սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններ եւ անպայման
Խորհրդային Հայաստանի արդի պատմութիւն (որ շատ յաճախ կը բացակայի սփիւռքի
հայ վարժարաններու մէջ օգտագործուող պատմութեան դասագիրքերէն):
Հանրապետութեան յոբելեանի շեմին (որուն համար սփիւռքի մէջ, ըստ երեւոյթին,
խանդավառութիւնը աւելի է, քան Հայաստանի մէջ) հարկ է պահ մը մտածել, թէ
հայոց պատմութեան դասաւանդումը ի՛նչ խնդիրներ պէտք է լուծէ. արդեօք ան
պէ՞տք է առաջնորդէ «տիպար» հայու մը մշակման (ինչպէս շատ յաճախ
կ՛ակնարկուի), որքան ալ խնդրայարոյց ըլլայ այս մօտեցման կիրարկումը եւ
որքան ալ ցարդ մնացած ըլլայ անոր կեդրոնացումը, կամ արդեօք ան աշակերտին
պէ՞տք է ընձեռէ ազգային, համայնքային եւ մարդկային հասարակութեան զանազան
մարտահրաւէրներու լուծման համար օգտագործելիք քննամտածողական գործիքները:
Արդեօք պէ՞տք է տարանջատել սփիւռքի պատմութիւնը հայոց պատմութենէն: Այս
դիտանկիւնէն մեկնած` յօդուածագիրս կու գայ ըսելու, որ այս աշխատանքը կարելի
չէ միայն «բեռցնել» Համազգայինի ուսերուն կամ ձգել դպրոցներու տնօրէններու
խորհրդակցութեան, որքան ալ անոնք նախանձախնդիր ըլլան այս աշխատանքի
յաջողութեան: Գնահատելի եւ արդիւնաւէտ պիտի ըլլար նաեւ, որ խորհրդակցական
կարգով հրաւիրուէին օտար մասնագէտներ, որոնց գիտական ներդրումը կրնայ
շահաւէտ ըլլալ նոյնքան, որքան` «ազգայիններուն» մասնակցութիւնը: Հետեւաբար
հարկ է հետեւողական այս աշխատանքը դնել աւելի արհեստավարժ հիմքերու վրայ`
ստեղծելով սփիւռքեան համընդհանուր հարթակ: Հակառակ Համազգայինի
հրատարակչատան վերոյիշեալ նախաձեռնութեան, ֆինանսական ծախսերը հոգալու
պատրաստակամութեան, ան այդ մարմինը չէ ու չի կրնար հանդիսանալ, տրուած
ըլլալով, որ անոր առաքելութիւնը տարբեր է: Թէ այս հարցին խորքային
արծարծումը պէտք է քննարկման առարկայ դառնար Ազգային ժողովին գումարման
ընթացքին կամ Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակի նուիրուած «հարիւր»
համաժողովներէն մէկուն, կը ձգեմ ընթերցողին դատողութեան:
3) Վերջապէս, ըստ երեւոյթին, մեր պատկան մարմինները կրկին մոռցած են, որ
հայ իրականութեան մէջ կը գտնուին նաեւ կին մասնագէտներ (պատմաբան,
մանկավարժ), որոնց անդամակցութիւնը կրնայ լուսարձակի տակ առնել հայ
հասարակութիւնը հետաքրքրող կենտերային եւ ընկերային հարցեր եւ խնդիրներ,
որոնք կ՛առնչուին թէ՛ հայոց պատմութեան եւ թէ՛ անոր դասաւանդման
մեթոտներուն: Առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակի սեմին անբաւարար է միայն
հպարտանալ մեր երկամեայ հանրապետութեան կիներուն շնորհած ընտրական
իրաւունքով եւ դիւանագիտական պատմութեան մէջ առաջին հայ կին դեսպանով: Այլ`
պարտաւոր ենք այդ արժէքները կրկին կեանքի կոչել` նմանօրինակ հարթակներ
օգտագործելով:
Կը կարծեմ, որ առանց այս երեք առանցքային կէտերը ընդգրկելու սոյն
աշխատանքներուն ընդհանուր հայեցակարգին մէջ, պիտի դժուարանանք իսկական
տեղաշարժեր ամրագրել:
«Ազդակ», 3 Ապրիլ 2018
No comments:
Post a Comment