19.2.18

Վահան Չերազ. Թէ ինչպէս սիգտիր ըրինք պօլշեւիկները

ՎԱՀԱՆ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

Փետրուարեան ապստամբութեան 97-ամեակի առթիւ «Ինքնագիր»ը հրատարակում է Վահան Չերազի այս նամակները, որոնք Երեւանից գրել է ապագա կնոջ եղբօրը՝ Վազգէն Անդրէասեանին, ով այդ ժամանակ ընտանիքով Պոլսում էր ապրում։
Չերազի նամակների մի ամբողջ փաթեթ, որոնց մէջ նաեւ այս նամակները, 2016-֊ին ինձ ուղարկեց փարիզաբնակ զարմիկս Վազգէն Անդրէասեան կրտսերը՝ աւագ Անդրէասեանի թոռը։
Վազգէն Անդրէասեանը մամայիս մօրեղբայրն է, նա 1974֊ին հրատարակեց «Վահան Չերազը եւ իր երգը Հայաստանի» գիրքը, որտեղ Չերազից բազմաթիւ նամակների հատուածներ կան, սակայն բացակայում են փետրուարեան ապստամբութեան մասին պատմող այս նամակները եւ մի շարք այլ նամակներ որոնք վերաբերում են սովետական կարգերին։ Ինչո՞ւ, հաւանաբար, որ Երեւանում բնակուող Չերազի դստերը՝ մօրս՝ Բիւրակն Անդրէասեանին ու նրա ընտանիքին վնաս չտայ։
Թեև սովետական իշխանութիւնը 1921-֊ին փետրուարեան ապստամբութեան մասնակիցներին համաներում էր տուել, սակայն 1927 թուականին, երբ ձերբակալում են Չերազին, մեղադրանքի հիմքում լինում է նաեւ նրա մասակցութիւնը ապստմբութեանը եւ 1928 թուի Յունուարի 9-֊ին նրան գնդակահարում են։
Նամակներում Փիթը Չերազի մտերիմ ընկեր Պետրոս Մարզպանեանն է, ում հետ ամբողջ համաշխարհային պատերազմն է անցել։ Վազգէն Անդրէասեանը նաեւ գիրք է գրել Պետրոս Մարզպանեանի մասին՝ «Փիթը», հրատարակուած 1982֊-ին։
Երբ կազմում էի Չերազի ու տատիս՝ նրա կնոջ՝ Վարդանոյշի մասին պատմող «Ընտանեկան ալբոմ» վաւերագրութիւնը (տես՝ «Ընտանեկան ալբոմ. Վահան Չերազ Մաս 1», «Ընտանեկան ալբոմ. Վահան Չերազ մաս 2», «Ընտանեկան ալբոմ. Վարդանուշ»), որը երեք գլխով հրատարակեցի «Ինքնագրում», այս նամակները ձեռքիս տակ չկային։
Հետագայում յոյս ունեմ «Ընտանեկան ալբոմը» ամբողջացնել ձեռքի տակ եղած Չերազի բոլոր նամակներով ու գիրք կազմել։

19. փետրուար 1921
Թէ ի՞նչպէս սիգտիր ըրինք պօլշևիկները
Պաշտելի Վազգէնս‚ ևլն‚ ևլն:
Չ’եմ գիտեր ինչպէ՞ս սկսեմ եւ ինչպէս վերջացնեմ:
Երէկ, փետր. 18ի լուսաբացին‚ Հայաստանի ժողովուրդը՝ ըմբոստութեան պանծալի և աննախընթաց ժէսթով մը իր ուսերէն թափ տուաւ եւ ցեխին մէջ ձգեց պոլշեւիկներու բռնակալ ու գարշելի լուծը:
Չ’եմ գիտեր ինչպէս պատմեմ‚ այնքա՜ն բարձր‚ այնքա՜ն գեղեցիկ‚ այնքա՜ն հրաշալի ու երազային էր կատարուածը:
Երկուքուկէս ամիս է որ այստեղ էին այս խուլիկանները: Հայաստանի ժողովուրդին կեանքը‚ իր ամէն մանրամասնութիւններուն մէջ, դարձուած էին‚ անտանելի: Թունաւոր‚ ժանտահոտ‚ հեղձուցիչ‚ անշնչելի մթնոլորտ մը ստեղծած էին: Սարսափի սեւ ամպ մը պատած էր մեր երկինքը‚ սուրը կախուած էր ամէնուն գլխին‚ կասկածը ամէնուն աչքերու մէջ էր‚ ոչ ոք չ’էր գիտեր թէ երեկոյին տուն պիտի երթա՞յ‚ առաւօտուն իր անկողինին մէջ պիտի արթննա՞յ:
Երկուսուկէս ամիս է որ աւազակութիւնը‚ լրտեսութիւնը‚ զրպարտութիւնը‚ հրէշային վայրագութիւնները սանձարձակ տիրեցին:
Եւ երէկ առաւօտ յանկարծ ուսերնիս մէկ մը թօթուեցինք‚ ամէն բան չքացաւ‚ եւ նորէն ոտք ելանք‚ ազատ‚ անկախ‚ եւ շուտով միացեալ:
Երէկ առաւօտ Բարլամենտի վրայէն վար քաշուեցաւ կարմիր դրօշը‚ եւ նորէն բարձրացաւ մեր դրօշակը‚ Պոլիսէն եկած փառաւոր եռագոյն մը:
Փետր. 17ի երեկոյեան արդէն քաղաքի շուրջը հասած էին շրջանի ապստամբները‚ Ալագեազի լանջերուն վրայ տեղաւորուած սասունցիք ու մշեցիք‚ Ապարանի‚ Կոտայքի‚ Էջմիածնի գիւղացիները:
Հետեւեալ առաւօտուն արթնցանք հրացանի‚ գնդացիրի եւ թնթանօթի ձայնով: Գրոհը սկսած էր եւ երկար չի տևեց: Երկու ժամ անցած‚ կոմունիստ հրէշները խուճապային և անփառունակ փախուստի դիմեցին: Քաղաքի երիտասարդութիւնը զինուած դուրս եկաւ‚ ներս մտան ազատարար առաջին խումբերը եւ փողոցները զարդարուեցան եռագոյններով: Հայաստան ազատ էր:
Կարծես երազ էր‚ կարծես մոգական գաւազան մը տնօրինէր դէպքերը:
Պոլշեւիկ ոհմակները հազիւ քաղաքէն դուրս ելած էին‚ երբ արդէն զինուած ամբոխը գունդագունդ դիմեց դէպի բերդի բանտը եւ Չրէզուչայեան (արտակարգ դատարան) և ազատեց բանտարկուածները: Բայց արդէն ուշ էր‚ որովհետեւ շատեր գազանաբար սպանուած էին պոլշեւիկներուն կողմէ:
Համազասպ Օհանջանեանը և Բարլամենտի նախագահ Աւետիս Սահակեան, սպանդէն մազապուրծ փրկուած‚ ուսամբարձ բերուեցան Բարլամենտ: Ծովածաւալ բազմութիւն մը‚ զինուած‚ դրօշակներ բռնած, երգելով ու կեցցէ գոչելով կը հետեւէր: Նուագախումբը կը նուագէր «Մեր հայրենիքը»‚ որ շատոնց արգիլուած երգ էր մեզ համար: Անզօր եմ նկարագրելու խանդավառութիւնը ու ցնծութիւնը: Ամէն ոք կը համբուրուէր‚ արտասուողներուն հաշիւը չկար: Օհանջանեանը մէկ ձեռքը փոքր դրօշ մը բռնած‚ երեխայի նման կը պոռար:
Յետոյ բարձրացաւ պատշգամ եւ ժողովուրդին խօսեցաւ սա բառերով:
«Քաղաքացիներ‚ կը շնորհաւորեմ ձեռք բերուած ազատութիւնը: Բայց մենք չըպէտք է տարուինք ցոյցերով: Պէտք է լինել լուրջ և զգաստ‚ որովհետև վտանգը դեռ անցած չէ‚ ու շրջապատուած ենք թշնամիներով: Պէտք է շուտով կազմակերպուենք որպէսզի դիմադրենք նրանց ու պահենք մեր ազատութիւնը: Կը կազմուի առժամեայ կառավարութիւն: Շուտով կը նշանակուի ընդհանուր հրամանատար որուն կը տրամադրուին զինուած ոյժերը: Կեցցէ՜ անկախ Հայաստան»:
«Մեր հայրենիքը» կրկին հնչեց: Ժողովուրդը գլխաբաց ընկերացաւ նուագին:
Բայց թշնամին դեռ մօտ էր‚ պէտք էր հետապնդել: Փախստական հրէշները դիմած էին կայարան ուր շոգիի վրայ պատրաստ կ’սպասէին երկու շոգեկառք: Զինուած ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի կայարան: 10-12 տարեկան տղաքներ անգամ‚ հրացան կամ դաշոյն վերցուցած‚ միացած էին զինուած ուժին որ որոտացող գետի նման կը թաւալէր:
Ես ու Փիթը հազիւ թէ զինուած դուրս էինք եկեր‚ երբ մեր փողոցի մօտէն տան մը դրան առջև պառաւ մը տեսանք որ Հայկական դրօշ մը կը կարէր‚ գոյները սխալ մխալ իրարու հետ բերելով: Այս մամիկը կանչեց մեզ ու դրօշը Փիթին նուիրեց:
[…] կայարանին մէջ ժողովուրդը համախմբուեցաւ անցնելու համար հին կայարանը: Բայց այդտեղ որոշ վարանում յառաջ եկաւ այդ անկազմակերպ խումբերուն մէջ: Ամէնքը ղեկավարել կ’ուզէին‚ ամէն ոք ծրագիր մը կ’առաջարկէր: Ասոր վրայ Փիթն ու ես նեղացանք: Փիթը դրօշիկը առած առաջ անցաւ‚ եւ երեք չորս հոգիով խոյացանք առաջ:
Ճիշտ այդ պահուն գնացքները ճամբայ ելան: Առջեւէն կ’երթար զրահապատը‚ իսկ երկրորդ գնացքը‚ որ 20-30 վակոնէ կը բաղկանար‚ անոր հետեւեցաւ վիթխարի օձի մը նման սողալով սպիտակ դաշտին վրայ:
«Փախնին կը՜‚ փախնին կը՜‚ ի՜նչխ փախնին կը»:
Ականջը խօսի մերոնց‚ Վարդանուշ‚ Թագուհի‚ Կէնկեռայ‚ որոնք հիմա քովդ ի վեր կը խնդան‚ երանելի ճանիկս:
Մտանք կայարան: Պահակազօրքը դեռ հինգ րոպէ առաջ «Կարմիր բանակ» կոչուած ողորմելի խուժանը‚ սպիտակ դրօշով մեզ դիմաւորեց‚ ցոյց տուաւ թողնուած աւարը‚ հրացան‚ ռազմամթերք‚ եւլն:
Վակոնի մը մէջ երկու ռուս պոլշէւիք գերեցինք‚ որոնք չ’էին կրցած մեկնել: Մէկ հատը գլխուն դրած էր կօմունիստներու ծանոթ սրածայր գլխարկը: Անմիջապէս վերցուցի, եւ կը պահեմ այս չարագուշակ գլխանոցը իբր այս սև ու կարմիր օրերուն յիշատակ:
Ճանիկս‚ ալ ի՞նչ ըսեմ‚ վա՜յ անոնց որոնք փետր. 18ի օրը տեսնելու բախտը չունեցան: 14 յուլիս մըն էր իր ամբողջ մանրամասնութեանց մէջ‚ իր Պասթիյլով‚ ժողովուրդին գերազանց ոգիով:
Քաղաքը հազիւ մաքրագործուած‚ ժողովուրդը կրկին դիմեց դէպի բերդի բանտը: Այս անգամ ալ տարբեր ուխտագնացութեամբ:
Կեդրոնական բանտի նկուղներուն մէջ‚ զազիր գազանները‚ խուճապի րօպէներէն կորզուած մի քանի վայրկեան կորզած էին‚ եւ աննկարագրելի խժդժութիւններով սպանած էին բանտարկեալներուն մէկ մասը‚ թիւով 37 հոգի:
Փիթին հետ գնացինք: Արդէն բակն էին հաներ խմբապետ Համազասպին դիակը: Թեւերուն կապը նոր էին քակած‚ մաուզէրի գնդակը մտած ու մնացած էր բերնին մէջ: Ակռաները կոտրտած էին‚ շրթունք լայն պատռած: Աչքին մէկը կապուտցած եւ ուռած էր: Եւ աջ քունքին վրայ երկու հատ զուգահեռական ու երկար դաշոյնի հարուածներ կային: Գլխուն ետեւի մասը ջարդուփշուր էր:
Նկուղներուն մէջ կիսաթաղ թողնուած էին միւս նահատակները‚ ամբողջովին մերկացուած‚ և ամէնքն ալ կը կրէին ամէնավայրագ գազանութեան հետքերը: Ոմանք խեղդամահ եղած էին‚ գլուխները ջախջախուած‚ որովայնները բացուած: Նահատակներուն մէջ էին ի մէջ այլոց ծանօթ Արտուշ խանը‚ սեբաստացի Մանուկ Չաուշը‚ իմ գումարտակապետս‚ Վարդան Բագուրը (Թէլլալեան)‚ եռանդուն ու խոստումնալից սպայ մը:
Հրէշային անյագ կիրքով յօշոտուած էր մարմինը: Գնդակը‚ կացին‚ դաշոյն‚ չուան‚ սուին: Ամէն սպանիչ գործիք ազատ ասպարէզ գտած էր հէգ երիտասարդին մարմնին վրայ:
Ժողովուրդին ցասումը սոսկալի էր: Արցունք ու կրակ կը ցատկէր ամէնուն աչքերէն:

* * *
Փողոցներուն մէջ զուարթութիւն‚ խնդուք ու ծիծաղ է: Տուներէն նուագ ու երգ կը լսուի: Ծանօթները իրարու աչքի լոյս կուտան «անցած ըլլայ»‚ «ապաշխարանք ըլլայ»‚ «Քրիստոս յարեաւ»‚ «աչքդ լոյս»: Կարծես Նոր տարի կամ Զատիկ: Փրկուած բանտարկեալները գիրկէ գիրկ կ’անցնին: Մի քանի վայրկեանի հրաշքով ազատուած են Օհանջանեանը‚ Քաջազնունին‚ Աղպալեանը‚ և ուրիշ շատ ու շատեր:
Ցնծութիւնը մեծ է նաև թուրքերուն մէջ: Սիրոյ եւ եղբայրութեան երդում կ’ընեն և կարծեմ անկեղծ են այս անգամ: Յայտնի Ալի խանը‚ որ բանտարկութենէ փրկուեցաւ եւ կեցցէներով անցաւ մեր զինուած խումբերու մէջէն‚ ուրախութենէն մեռաւ…
Թուրքերը զինուած‚ իրենց թաղին տուները մէկիկ մէկիկ ման կուգան եւ կը ձերբակալեն իրենց կոմունիստները: Նոյն անվերապահօրէն համակիր տրամադրութիւնը ցոյց տուին նաև քեմալական ներկայացուցիչն ու իր տաճիկ զինւորները:
Հետզհետէ կ’սկսին քաղաք մտնել գիւղացիներու կամաւոր խումբերը: Ամէն գիւղ իր պօլշեւիկ կօմիսարը ձերբակալա՜ծ ու յատուկ պատգամաւորութեամբ կը ղրկէ քաղաք: Ծերունի կռուողներ ալ կան‚ երեխաներ ալ: Պոլսեցին թող երեւակայէ Նեազի պէյի հետ Պոլիս մտած մակեդոնացի կամաւորները:
Արդէն մեծ նմանութիւն կայ այս օրերուն եւ Համիտի գահընկէցութեան պատմական օրերուն միջեւ:
Իսկ մեր ընկերական շրջանակին մէջ‚ կրնաք երեւակայել թէ ի՜նչ անսանձ ու անզուսպ զեղում պատճառեց այս պանծալի յեղաշրջումը: Իբր տաճկահայեր ու խորունկ ազգայնականներ‚ արդէն մեր սիրտը բզկտուած էր մեր մէկ հատիկ Հայրենիքին վերջին կոտորակին չքացումը տեսնելով և ահա բոլոր յոյսերը կը վերադառնան: Եռագոյնը նորէն կը փայլի, և Հայաստանի […] մեծ յոյսերու խոստմնալից ու անսպառ գանձը կը դառնայ:
Բնաւ չէինք յուսահատած: Իմ լաւատեսութիւնս անվերապահ‚ անսահման ու անսասան էր: Եւ սակայն ճնշուած էինք: Գրեթէ ամէնքս ալ անցանք բռնութեան բովէն: Ես գերի էի Տիլիճան‚ իսկ այստեղ ալ ամէնափոքր «հէրիֆի» մը‚ խուլիկանի քմահաճոյքը բաւական էր որպէսզի ձերբակալէր կամ իբր սպայ‚ կամ իբր տաճկահայ‚ կամ իբր «ոչ-պօլշեւիք»: Արդէն ձերբակալուեցան եւ 4 օրով բանտարկուեցան‚ «թիւրիմացութեամբ», Եզնիկը‚ Գուրգէն եղբայրը‚ Խաչիկ Պօյաճեանը‚ եւ ուրիշ ընկեր մը: Եղիշէն նոյնպէս ենթակայ էր հետապնդումի, իբր Անդրանիկի եւ անգլիական հիմնարկության ներկայացուցիչ: Իր պահեստը կնքեցին‚ գործունէութիւնը խափանեցին և զինքն ալ պիտի ենթարկէին դատաստանի: Բայց վերջին օրերը յաջողեցաւ շրջակայ գիւղերէն մէկը ապաստանել: Փիթն ալ կարող էր հետապնդուել իբր պահեստապետ‚ Աւետիսը իբր հաշուապահ‚ եւլն:
Հիմա այլ եւս չկան: Թռա՜ն: Եւ Հայաստանը նորէն ազատ է: Այն Հայաստանը որ նախ Ղարսի անփառունակ պարիսպներուն տակ եւ յետոյ պօլշևիկներու դաժան օրերուն թաղեց իր բոլոր յոյսերը: Այսօր նորէն ազատ ենք ու անկախ‚ եւ վաղը պիտի ունենանք կրկին մեր միացեալ Հայաստանը:

21 փետր.
Պոլշեւիկներու ձերբակալութիւնները կը շարունակուին: Իրենց որջերէն կը հանին ու կը բերեն խումբ-խումբ կամ մէկիկ-մէկիկ‚ եւ մաուզէրի խողովակը վրանին բռնած‚ կը բերեն կը լեցնեն Բարլամենտի սրահը‚ որ դեռ քանի մը օր առաջ Շահումեանի անուան նուիրուած բանւորական տուն էր: Այստեղ է նաեւ Վահրամ Չիթունին‚ Տիգրան Չիթունիին եղբայրը‚ որ այստեղ նրանց ծանօթ պարագլուխներէն էր:
Բայց մեծ մասը փախած է գնացքով եւ 1500-2000ի չափ զինուած ոյժ արդէն ապաստանած է Ղամարլուի կողմերը‚ ուր մի քանի գիւղ գրաւած է, սպանդանոց սարքած‚ եւ այնտեղ կատաղի յուսահատութեամբ կը դիմադրեն: Օրերնին համրուած է: Հետերնին տարած են հսկայական հարստութիւն‚ տոպրակներով թղթադրամ‚ ոսկի‚ արծաթ եւ վակոններով […] եւ ռազմամթերք:
Այսօր մեծ հանդիսաւորութեամբ կատարուեցաւ 37 նահատակներու յուղարկաւորութիւնը: Ամէնէն առաջ կը տանէին Համազասպը (որուն սեւ շրջանակով պատկերը «Ճակատամարտ»ը կանխիկ հրատարակած էր 24 դեկտ.ի թիւին մէջ): Յետոյ միւսները: Ամէն օր նոր դիակներ ու դիակի մասեր կը գտնուին բանտի նկուղներուն մէջեն:
Կոմունիստ ընկեր Կարօ Համտիլեանը սպաննուած է Էջմիածնի կռիւներուն: Լուրը ստուգման կը կարօտի:
Որդիք Քէմհաճեանի եղբայրը՝ Գալուստը՝ պոլշեւիկեան լրտեսութիւն կ’ընէր‚ եւ կարծեմ նոյնպէս սպաննուած է: Եթէ Որդիքին լուր պիտի տաս‚ նախ միայն առաջին լուրը տար‚ որպէսզի նախապատրաստուի երկրորդը լսելու:
Աղասին այս րօպէիս այստեղ է: Պօլշեւիկեան առաջին օրերուն‚ բաւական կասկածելի դիրք բռնած էր‚ յայտնի լրտես Նաւասարդ Նաւասարդեանի մտերմութեան մէջ լինելով: Հիմա Ամերիկեան կօմիտէի մէջ ֆէլտշէր է: Ամէն օր մեզ մօտ կուգայ ու կ’երթայ եւ ինքզինքը բաւական լաւ կը պահէ, գէթ երեսանց: Այդ տղան շատ պիտի յաջողի‚ որովհետև ամէնուն վստահութիւնը եւ համակրութիւնը գրաւելու տարօրինակ ձիրքը ունի: Կարևոր անձնաւորութեանց պաշտպանեալն է‚ բաւական դրամ շինած է: Թէ ինչպէ՞ս‚ չ’ենք գիտեր: Նշանւած ալ է:
Հ. Մ. Ը. Մ. ցաւով պիտի լսէ‚ եթէ դեռ չէ լսած‚ որ տօքթ. Գաբրիէլ Սուրեանը սպաննուած է Ղարսի գրաւման միջոցին:
Իսկ Ճաճուրի կռիւին սպաննուեցաւ մեր սպաներէն Զոհրապ Բագրեւանդեանը, սամաթիացի‚ որուն եղբայրը փաստաբան է և դասընկերս է եղած:
«Ճակատամարտ»ի թիւեր ստացանք‚ որոնց մէկու մէջին Տաճատի Պոլիս հասնելը լսեցինք: Հետեւցուցինք թէ քոյրիկներս ու Կէնկիւռեան գերդաստանն ալ հասած կը լինին: Քստօյին մասին մտահոգ ենք, որովհետև գաղթի ճանապարհին ասին հիւանդ է եղեր: Ամերիկեան կօմիտէի (all right)ի միջոցաւ իսկոյն եւեթ սկսէք գրել Երեւան‚ Dr Usherի հասցէով‚ ինձ յանձնելի: Երկար գրեցէք‚ առանց զանց առնելու եւ ոչ մի տեղեկութիւն ու մանրամասնութիւն: Ճանիկս‚ թող մեր տունն ալ լուր տայ:
Ճանիկս‚ այս նամակս տրամադրէ Լեւոն Թիւթիւնճեան[ին], որպէսզի հետաքրքիր տեղեկութիւնները քաղէ «Ժողովուրդի ձայն»ին համար‚ անշուշտ զանց առնելով մտերմական-ընկերական պարբերութիւնները:
Նամակը կարդայ նաեւ հայրիկիս: Կը ցաւիմ որ առ այժմ ուրիշներու եւ զատ նամակներ գրելու հնարաւորութիւնը չ’ունիմ:
Օննիկ Ճազմաճեանը նոյնպէս հիմա հասած կը լինի‚ եւ բաւական բան պատմած:
Այս ամսուն սկիզբները ստացայ հոկտ. 25ի նամակդ: Որքան ուրախ եղայ գոհ տրամադրութիւնդ լսելով: Ի՜նչ յոյսեր էք ունեցեր մեր պատերազմին համար: Մեծ յոյսեր մի ունենաք‚ բայց բնաւ յոյսերնիդ մի կտրէք:
Օննիկը պատմած կը լինի թէ ինչպէս պօլշեւիկները խափանեցին սկաուդական շարժումը‚ որովհետև «Հայրենիքի կործանիչ եւ յետադիմական գաղափարներ կը ներշնչենք եղեր մանուկներուն» և թէ «անգլիական իմպէրիալիստական մէթոտներուն կը հետեւինք եղեր»: Իսկ հիմա նորէն շարժումը կը վերսկսի‚ բայց ոչ ես, ոչ ալ Եզնիկը տրամադիր ենք գործը ստանձնելու: Հ. Մ.ը թող նոր մարդիկ ղրկէ‚ պայմանաւ որ հոգայ անոնց ապրուստը և Հ. Մ.ը պետականացնելու վնասակար պայմանը չի դնէ: Պետութիւնը ամէն կերպ ջլատեց մեզ‚ իսկ գալով վարձատրութեան‚ ամիսը 50-60000էն աւելի չի տար‚ մինչդեռ այստեղ օրական 20000 պէտք է ապրելու համար: Հացը արժէ 1500‚ միսը 4000‚ շաքարը 40000‚ պանիրը 15000‚ իւղը 25000‚ մեղրը 30000‚ չամիչը 10-12000‚ մէկ պնակ կերակուր 6000‚ ևլն: Բոլորն ալ ֆունտի հաշւով:
Հ. Մ.ին մի քանի օրէն նամակ գրելու միտք ունիմ‚ անգամ մը որ Ալէքպօլ թողուած [իրերու] մասին տեղեկութիւն ստանամ: Թուրքերը քաղաքը կը պարպեն‚ և արդէն միլիցիա կ’ուղարկուի քաղաքը ստանձնելու համար: Այսօր Էջօին նամակ գրեցինք:
Տիկին մայրիկէն նամակ եկաւ Աշխէնին: Տրամադրութիւնը լաւ չէ‚ ինչպէս միշտ‚ բայց շուտով կը լինի:
Տիգրանուհին ալ այստեղ է:

25 փետրուար
Կառավարութիւնը որ կազմուած է խրատուած չէ թուիր այս վերջին վեցամսեայի անցքերէն նորէն կազմեցին «միակամ եւ միաձոյլ» կառավարութիւն մը, որուն մէջ Կարօ Սասունին ներքին գործերը ստանձնած է: Գնա երևակայէ:
Ղամարլուի կողմը փախած պօլշեւիկները այնտեղ վերակազմուելով սկսած են նեղել մերոնց: Զօրակոչ կայ‚ բայց միայն կամաւորներու: Մենք ալ կ’երթանք:

***

Մարտ 2
Անձկութեան օրեր ապրեցանք‚ թանձրօրէն պատմական‚ ճակատագրական օրեր: Բայց յաղթեցինք: Համառօտ կերպով պատմեմ:
Ղամարլու փախչողները օգտագործելով իրենց ձեռքը գտնուող զրահապատ գնացքները‚ սկսան յառաջանալ դէպի Երեւան‚ ետ քշելով մեր զինեալ ոյժերը‚ որոնք զուրկ էին որ եւ է կազմակերպութենէ եւ ղեկավարութենէ‚ եւ որոնք յաճախ ալ խուճապի մատնուեցան: Փետրուար 26ին ատելի թշնամին հասաւ Երեւանի շատ մօտ Նորագաւիթ գիւղը: Դրութիւնը լուրջ դարձաւ: Եղիշը‚ Փիթը եւ ես զէնքերը հանեցինք ու գնացինք ճակատ‚ որը 9 վէրսթ հեռու էր քաղաքէն:
Հրամանատարութիւն‚ զանազան դիրքերու միջեւ կապ‚ կռիւը ղեկավարող որ եւ է մարմին չկար‚ եւ չարաչար տուժեցինք: Դիրքերը հասանք թէ չէ‚ կռիւը սկսաւ: Մարդուն մէկը խուճապ յառաջ բերաւ եւ դիրքերը պարպուեցան: Երբ մի տեղ հաւաքուեցանք‚ ոչ խուճապը հանողը գտանք ոչ ալ խուճապին պատճառը: Դիրքերը նորէն բռնեցինք: Տեսնելով որ այս տրամադրութեամբ զուր է դրական արդիւնքը յուսալ‚ Փիթը ու ես խրամատներէն դուրս նետուեցանք եւ կատաղի «հուռաներով» խոյացանք առաջ: Այնքան գինովցած էինք որ միտքերնիս եկածը դուրս կուտայինք «վա՞ր մը պիզէ եան պագան»‚ «բրասո կիպի քէսէրիզ»‚ եւլն: Մեր ուժերը հետեւեցան մեզի‚ եւ թշնամին խուճապով սկսան փախնիլ: Տեսնայիք ինչխ փախնէին կը: Մերոնք գրաւեցին Նորագաւիթը‚ մինչդեռ մենք ձախ կողմէն պաշարողական շարժում կ’ընէինք 5 հոգիով: Փիթը‚ ես‚ երկու պիծա եւ ուրիշ մը:
Հակայարձակման դիմող օգնական ոյժերու դէմ բաւական երկար դիմադրեցինք‚ մինչեւ մեր ծունկերը հասնող ձիւնին‚ ջուրին ու ցեխին մէջ: Յանկարծ տեսանք որ կղզիացած ենք: Կեդրոնն ու աջ թևը առանց պատճառի ետ կը քաշուէին: Այնպէս որ թշնամու կեդրոնացեալ կրակին տակ մենք ալ նահանջեցինք: Զուր անցաւ այդ փայլուն խոյանքը և մեր հին դիրքերը մտանք նորէն: Ցուրտը այնքան սաստիկ էր: Մեր ուժերը‚ որոնք արդէն պետ մը չ’ունէին‚ գիւղին տուները լեցուեցան տաքնալու‚ ցեխով ու ջուրով ծեփուած հագուստնին չորացնելու: Առտուն կանուխ‚ մերոնք դեռ իրենց դիրքերը չ’էին բռնած‚ երբ թշնամին վրայ տուաւ‚ եւ մերոնք խուճապով թողեցին Շենգաւիթն ալ: Զինուած ոյժերը բռնեցին քաղաքին անմիջական դիրքերը‚ իսկ թշնամուն թնթանօթները սկսան ծեծել քաղաքին կայարանին շրջակայ մասերը: Ամբողջ օրը տեղի ունեցաւ ճիշտ մեր աչքերուն տակ‚ հրաշալի թնթանօթամարտ‚ որուն մէջ մեր հրետանին յայտնապէս գերազանց ելաւ: Արեւամուտին Սմբատի զօրամասը Ուլուխանլուի կողմէն թշնամիին կռնակը անցաւ: Քաղաքը ծեծող թշնամիները սկսան դէպի ետ կրակել: Առաւօտուն արդէն թշնամի չկար: Խուճապով փախած էին Ղամարլու:
Փետր. 28-ի օրուան կռիւները զիս այնքան տաժանելիօրէն յոգնեցուցին որ դեռ սրունքներս հազիւ կարող են զիս պահել: Այդպէս ծայրայեղ‚ լարուած ու խտացեալ խոնջենք երբէք չ’եմ ունեցեր‚ այսքան տարի որ կը կռուիմ:
Քաջ Աղասին հերոսացաւ: Ձախ սրունքէն վիրաւորուցեաւ Նորագաւիթի կռիւին: Վէրքը շատ թեթեւ է‚ և այսօր գացինք այցելելու:
Վտանգը անցաւ‚ բայց մեզ կը մտահոգէ Թիֆլիսը: Ուրկէ քանի օր է լուր չ’ունինք: Եթէ Վրաստան իյնայ եւ մի որ եւ է ուժ չի հասնի մեզի‚ վա՜յ է եկեր Հայաստանին:

Մարտ 3
Ճանիկս‚ նամակս պիտի փակեմ‚ որովհետև վաղը կամ միւս օր Զանգէզուր կը մեկնիմ: Կառավարութիւնը առաքելութիւն մը կը ղրկէ‚ որպէսզի Նժդէհին հետ կապ հաստատենք‚ պարզենք դրութիւնը եւ բրօբականտ ընենք որ Զանգէզուրը չի լքէ իր դիրքերը‚ եւ ամուր մնայ իբր պահեստի ուժ վտանգի պարագային: Ճամբորդութիւնը դժուար է‚ ձիւնը բռնած է գլխաւոր անցքերը: Բայց ոչինչ: Սկաուդին համար արգելք չկայ‚ չէ՞ ճանիկս:
Հետս եկողներէն մէկն է խոտրջուրցի Թորգոմը‚ որ լաւ ծանօթ է ձերոնց եւ մանաւանդ իմ թանկագին Յակոբ Չաուշիս:
Այդտեղ լաւ թող գիտնան ամէնքը որ պօլշեւիկեան լուծը թափ տուող եւ անցեալ օր ալ Երեւանը փրկողները եղած են տաճկահայերը‚ մասնաւորաբար վանեցիները: Տեղացիները առ հասարակ աւելի վերապահ դիրք պահեցին‚ եւ մի քանի գիւղեր միայն փոքր խումբեր ուղարկեցին: Ելենովկայի շրջանի 4-5 հայ գիւղեր շատ յամառութեամբ կռուեցան մերոնց դէմ:
Շատ հաւանական է որ վաղը մեկնենք‚ այնպէս որ առ այժմ նամակս կը փակեմ‚ առաջին առթիւ թղթակցութիւնս վերսկսիլ խոստանալով: Քեզ չափէ դուրս կարօտցած եմ‚ եւ հակառակ այն բանին որ այս անգամ նորէն գոհունակութիւն ունեցայ կռուելու այս ապերախտ հողին համար‚ դեռ չ’եմ կարողացած ինձ ներել՝ քեզմէ բաժնուելս: Ինչ լաւ պիտի լինէինք մանաւանդ հիմա որ միւսներն ալ եկած են քու մօտ: Վերջապէս ճանիկս‚ լաւ գիտցիր որ եթէ ինձ մնայ‚ թռչելով կուգամ նորէն ձեր քով: Վերադարձս միայն ժամանակի եւ միջոցի խնդիր է: Իմ տրամադրութեան վրայ մի կասկածիր: Քանի դուն‚ հայրիկս և քոյրիկներս այդտեղ են‚ ես գործ չ’ունիմ այս սնանկ երկրին ու ժողովուրդին մէջ: Մեծ վտանգներ անցուցի այս քանի մը օրս‚ եւ եթէ ողջ եմ‚ երեւի ինձ վերապահուած է նորէն իմ սիրական ճանիկս համբուրելու օրը:
Սիրով ու կարօտով կը համբուրես քոյրիկները, Կէնկիւռ եղբայրս‚ Քստօն‚ Լեւոն եղբայրս‚ հայրիկս‚ բոլոր սիրելի ընկերներս: Ջերմ բարեւներ‚ յաջողութիւն‚ մաղթանքներ ամէնուն‚ մանաւանդ Հ. Մ.ին‚ սկաուդներուն‚ եւլն: Յակոբ Չաուշին‚ Սիմօնին‚ Դռնունիին‚ Նուպարին‚ քաջ լողորդ Անդրանիկին‚ Աւետիսին‚ Ճիզմէյին‚ Յակոբեաններուն‚ Խըյարճիին‚ Գնալըի տղոց‚ Օննիկին‚ Օշինին‚ Մամմասին‚ Որդիքին‚ Ֆրէնկեանին‚ Ժիլպէրին‚ Արծիւին‚ Տախտակին‚ Եդուարդին‚ Աբէլեանին‚ եւլն‚ եւլն: Վարագին ըսէ որ իր նուիրած մետալը նորէն ինձ հետ անբաժան էր այս վերջին կռիւներուն եւ հետս պիտի տանիմ Զանգէզուրի լեռները: Վարագին յայտնէ մանաւանդ որ Վարդուհիին եղբայրը Մարգարը այստեղ է: Յաճախ կը տեսնամ‚ եւ առաջին առիթով պիտի անցնի Պոլիս: Շատ լաւ է: Եթէ Զարէհը դեռ Ամերիկա չէ գացած‚ թող իմ մասիս տեղեկութիւններ գրէ Գաբրիէլին‚ եւ հաղորդէ համբոյրներս:
Ներփակ նամակս (եթէ չ’եմ մոռցած) նամակատունը ձգէ: Գրած եմ որ դրամ ղրկէ ինձ քու անունովդ: Եթէ ի վիճակի է ղրկելու կը ղրկէ: Իսկ ինչ որ ղրկեց‚ 3/4-ը ծախսէ քու պէտքերուդ‚ իսկ 1/4 պահէ ինձ համար: Թերեւս Պօլիս գալուս‚ կամ գալէս առաջ պէտք ունենամ: Եթէ Պաթումով գամ կը հեռագրեմ որ ղրկես:
Ներփակ կը գտնիս նաև պօլշեւիկներուն առաջին յայտարարագիրը‚ եւ փետր. 18ի փառաւոր յեղաշրջումէն վերջ հրատարակուող «Ազատ Հայաստանի» առաջին թիւը‚ որը կը տրամադրես «Ժ. ձայնին»: Յայտնէ Թիւթիւնճեանին որ նոյն թերթին համար պահած եմ պօլշևիկներուն հրատարակած «Կօմունիստ» թերթին շահեկան թիւերը: Երբ ապահով միջոցներ լինեն‚ կը ղրկեմ:
Դուն ալ թերթ պահէ ինձ: Իսկ նամակ միշտ գրէ Ամեր. կօմիտէի միջոցաւ: Գիտցիր որ ձերիններուն ողջամբ հասնելուն մասին ալ մի լուր չ’ունինք դեռ:
Առողջութիւնս շատ լաւ է և տրամադրութիւնս խիստ բարձր: Երջանիկ եմ անով որ մեր այս փառաւոր յեղաշրջումը վերահաստատեց մեր վարկը յ’աչս օտարին: Մենք պիտի կռուինք պօլշեւիկեան որ եւ է վերադարձի դէմ‚ և եթէ Նժդէհի հետ կապը յաջողինք հաստատել‚ վստահ եղէք որ կը յաղթենք:
Նոր-Պայազետն ալ մերն է: Ուրեմն ճամբաս բաց է: Այնտեղէն անցնելուս կ’այցելեմ դժբախտ արմաշականներուն:
Փիթը շատ լաւ է եւ խլացած, քէբազէութեան չափը ու սահմանը չկայ:
Հազարաւոր համբոյրներով Վահան:
//
Ներփակ կը ղրկեմ նաև մի քանի հայկական թղթադրամներ: Աճուրդի հանէ զանոնք յ’օգուտ տասնեակիդ գունքին: Հիմակ նոր եւ աւելի գեղեցիկ փողեր երևան ելած են: Բայց դեռ քիչ են:

***
Մարտ 5
Զանկէզուր երթալու ծրագիրը մէկ կողմ թողուեցան: Արդէն Տարալագեազն ալ ապստամբած է եւ Զանկէզուրի զօրամասը հասած է Քէշիշքէնտ: Շուտով կապ կը հաստատուի:
Երեւանի ճակատին վրայ ձերոնք մտան Ղամարլու եւ աւելի առաջ ալ անցան: Ղամարլուի մէջ պօլշեւիկները կոտորած են սարքեր: Գինիի եւ օղիի կարասները‚ ցորենի հորերը‚ գոմերն ու մարագները լեցուած են դիակներով:
Երեւանի մէջ գրեթէ նօրմալ կեանքը‚ բայց պարէնի սակաւութիւնը սկսած է մտահոգիչ դառնալ:
Այսօր սկաուդական գրասենեակ բացուեցաւ‚ որուն վրայ պարզեցինք Հ. Մ. Ը. Մ.ի դրօշը‚ եռագոյնին կողքին:

***
8 մարտ
Վաղը չէ միւս օր կը մեկնիմ Ալէք. Պօլ: Թուղթերս ստացած եմ: Այնտեղի դրութենէն եւ գոյքերուս վիճակէն կախում պիտի ունենայ իմ որոշումը‚ բայց շա՜տ հաւանական է որ այնտեղէն ճանապարհ որոնեմ դէպի Պօլիս:
Այսօր Աշխէնը տեսայ: Տիկնոջ համար նամակ տուաւ‚ եւ սիրով կը բարեւէ քոյրիկներուս:
Կարօ Համտիլեանը Վաղարշապատի բանտը կը գտնուի:
Երէկ լաւ լուրեր ստացանք եւ ժողովուրդը ոգևորուած է Բէթրօկրադի դէպքերը‚ դաշնակիցներու Պաթում ելնելը (եթէ ստոյգ է)‚ եւլն: Վրաստանէն լուր չկայ:

***
10 մարտ
Նամակս կը փակեմ այսօր, Վարդանանցի օրով‚ որ ի մէջ այլոց իմ ու սիրելի ճանիկիս տօնախմբութիւնն է: Փողոցները ոգեւորութիւն կայ եւ նուէրներ կը հաւաքուին վիրաւորուած կռուողներու օգտին:
Այս նամակս կը յանձնեմ ամերիկացի պրն. Բիրսին‚ որ մօտերս դէպի Պօլիս կը մեկնի:
Ես ալ վաղը ճանապարհ կ’ընկնեմ դէպի Ալէք-պօլ‚ որ առաջին հանգրուանս պիտի լինի դէպի ձեզ գալու համար: Շատեր կը մեկնին արդէն: Շիրակը այսօր գնաց‚ իսկ ինձ հետ պիտի լինի Հմայեակը: Այս անձերը ծանօթ են Վարդանուշին:
Նամակս մի տար Թիւթիւնճեանին կարդալու‚ ինչպէս գրած էի‚ այլ հատուածաբար հաղորդէ տեղեկութիւններ‚ եթէ մինչեւ ցարդ աւելի կարեւորները չ’են ստացած:
Այստեղ թանկութինը եւ պարէնացման տագնապը ծայրայեղ եւ դեռ կը լինեն: Մի քանի շաբաթէն անխուսափելի սով է‚ եւ այդ հեռանկարը ահաբեկման մատնած է ժողովուրդին‚ որ ո´ւր երթալը‚ ի´նչ ընելը չի գիտեր:
Եթէ Փիթին եղբօր հետ կը հաղորդակցիք‚ Փիթին ու իմ համբոյրներս ուղարկեցէք իրեն:
Աղասին ալ կը բարեւէ‚ ոտքին վէրքը փոքր ինչ բորբոքած է‚ բայց մտահոգութիւն չի պատճառեր:
Արդեօք Վարդանուշը եւ Թագուհին զբաղում գտան: Վազգէնը թող իմ կողմէս խօսի Բիւզանդին: Թէեւ այդ աղային քիթը բաւական զարգացած գտայ: Երանի թէ որբանոցային աշխատանք մը ճարած լինեն‚ որ պարագային իմ վերադարձիս կը ջանայի հետերնին լինել:
Համբոյրներս հայրիկիս ու Լեւոնին‚ նաև մայրիկիս (եթէ կ’ընդունի): Կը շեշտէք որ ես շատ լաւ եմ առողջութեամբ‚ բայց կը ձանձրանամ եւ մտահոգուած եմ ձեր ու իրենց վիճակով:
Հ. Մ.-ին այս անգամ չի կրցի գրել‚ արդէն ոչինչ կայ գրելու արժանի:
Կը գրեմ Ալէք. Պօլէն:
Համբոյրներ Վահան:
Կը ներփակեմ նաև նոր դրամներէն 50 րուբլինոց մը:

«Ինքնագիր» (inknagir.org), 18 Փետրուար 2018

No comments:

Post a Comment