Թուրքիոյ բնակչութեան հարցերու վարչութեան պաշտօնական արխիւներուն մէջ,
Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն սպաննուած հայերը կա՛մ դեռ «ողջ» են,
կա՛մ «կը փնտռուին իբրեւ անյայտ կորսուածներ»: Նման տեղեկութիւն
յայտնաբերուած է՝ Թուրքիոյ հանրային ծառայութիւններու կայքէն քաղաքացիներու
տոհմածառերը ուսումնասիրելու կարելիութիւն ընծայող նոր ծառայութեան մը
ստուգումէն ետք:
Իսկ հայերու պարագային, անոնք, որոնք փորձած են նշեալ ծառայութիւնը
օգտագործել իրենց հայկական ազգանունները բացայայտելու կամ իրենց բռնի
իսլամացուած պապերուն հայկական անունները իմանալու նպատակով, բախած են մէկ
այլ ապշեցնող «իրականութեան» մը… Պոլսահայ Նատիա Ույկուն կը հաստատէ, որ իր
հարցումին ի պատասխան, ստացած է իր նախնիներուն «ողջ» ըլլալու մասին
նիւթեր: Օրինակ, իր մեծ-մեծ հայրերէն՝ 1847ին Սեբաստիա ծնած Սարգիս Այվա
Կեմերեքի անուան դիմաց գրուած է. «Ամուսնացած եւ ողջ է», իսկ մօր կողմէ մեծ
հօր մօր՝ Թրվանտա Քիպրիթը, որ ծնած 1849ին, նոյնպէս «ողջ» կը համարուի:
Նաեւ, մեծ թիւով հայեր չեն կրցած գտնել իրենց հայկական ազգանունները, եւ
նոյնիսկ 1800ականներու փաստաթուղթերուն մէջ համակարգը ցոյց տուած է անոնց
«թրքացուած» ազգանունները, այսինքն՝ 1934ին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ
բոլոր քաղաքացիներուն տրուած թրքական ազգանունները:
«Ասպարէզ», 20 Փետրուար 2018
No comments:
Post a Comment