«Ուիքիմետիա
Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ «Գալուստ
Կիւլպէնկեան» հիմնարկի՝ արեւմտահայերէնին ISO 639-3 լեզուական ծածկագիր
(code) տալու ջանքերը վերջապէս յաջողութեամբ պսակուած են: SIL
International-ը, որ ISO 639-3ը արձանագրող մարմինն է, 30 Յունուար 2018ին
արեւմտահայերէնին առանձին լեզուական ծածկագիր՝ «hyw», տալու որոշում տուած
է:
2010ին, արեւմտահայպերէնը ներառուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕի աշխարհի վտանգուած
լեզուներու ցանկին մէջ: Լեզուի անկումը կանխելու նպատակով, Սփիւռքի եւ
Հայաստանի մէջ բազմաթիւ միջոցառումներ նախաձեռնուած են, որոնցմէ մէկը
արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»ի զարգացումն է: Այս աշխատանքին մէջ
ներգրաւուած են բազմաթիւ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ:
«Ուիքիմետիա Հայաստան»ը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը
արեւմտահայերէնին համար առանձին լեզուական ծածկագիր ստանալու գործընթացը
նախաձեռնած էին 3 տարի առաջ, երբ արեւմտահայերէնով ազատ բովանդակութեան
խթանման նպատակով համագործակցութեան սկսան:
«Ասպարէզ», 1 Փետրուար 2018
Անհրաժեշտ է: Այս լեզուին տարբերակը տարբեր է...
ReplyDelete