ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Բազմաթիւ
հետաքրքրաշարժ նիւթերու շարքին, վերջերս բանասէր Արծուի Բախչինեանը
ընթերցողի ուշադրութեան յանձնած էր ճազի առաջին հայ մեկնաբանի՝ Կրեկորի
(Գրիգոր Քէլէկեանի, 1897-1971) իւրայատուկ կենսագրութիւնը: Օրին, այդ
յօդուածին հետեւեալ տողերը մեր հետազօտական «ախորժակը» սրած էին.
«1930-ին
նրա անունը կապուել է մի խորհրդաւոր աւտովթարի պատմութեան հետ, ուստիեւ
երաժիշտը մեկնել է Հարաւային Ամերիկա՝ խուսափելու համար բանտարկութիւնից:
Նրա հեռանալուց յետոյ նախկին գրեգորեանները կազմել են նոր նուագախումբ՝ Ալէն Ռոմանի եւ Անդրէ Էքեանի ղեկավարության ներքոյ:
Հաստատուելով Արգենտինայումՙ Քէլէկեանը շարունակել է երաժշտական գործունէութիւնը, կատարել ձայնագրութիւններ Բուէնոս Այրէսում» (1):
1930-1932
թուականներուն Արժանթինի հետ կապը պատճառ դարձաւ, որ այդ բացը փորձէինք
լրացնել: Այսպէս, բացայայտ դարձաւ, որ Գրիգոր Քէլէկեանը սերտ
յարաբերութիւններու մէջ եղած էր արժանթինեան թանկոյի (ու ընդհանրապէս՝ Արժանթինի) առասպելական դէմք հանդիսացող երգիչ Գարլոս Կարտէլի (1895-1935)
հետ՝ թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ այնուհետեւ Պուէնոս Այրէսի մէջ:
Մեր ենթադրութեամբ, վերոյիշեալ ինքնաշարժի
արկածը պատճառ եղած պէտք է ըլլայ, որ Քէլէկեան ընդունէր Արժանթին մեկնելու
Կարտէլի հրաւէրը (4): Ասիկա տեղի ունեցած է Յունուար-Փետրուար 1931-էն ետք,
երբ կը յիշուի երկու արուեստագէտներուն համատեղ ելոյթները Palais de la
Mediterranée-ի մէջ (5):
Օգոստոս 1931-ին, Կարտէլ
Եւրոպայէն կը վերադառնար Պուէնոս Այրէս: Քէլէկեան Jazz Gregor անունով ութ
հոգինոց նուագախումբ մը կազմած ու բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած էՙ
ընկերանալով հռչակաւոր երգիչինՙ թէ՛ Պուէնոս Այրէսի եւ թէ՛ Մոնթէվիտէոյի
մէջ (6): Կարտէլն ու նուագախումբը վերոյիշեալ ձայնագրութիւնները կատարած են
Սեպտեմբեր 1931-ին: Չորս ֆրանսերէն երգերուն ձայնապնակները Nacional-Odeon
մակնիշով նոյն տարին թողարկուած են Փարիզի մէջ: Քէլէկեան հեղինակած է այդ
երգերէն երկուքին երաժշտութիւնըՙ «Տիկին, դուք էք» (Madame, c'est vous) եւ
«Ես քեզի պիտի ըսեմ» (Je te dirai), որոնցմէ առաջինը համահեղինակուած է
հետագային Էտիթ Փիաֆի կողմէ նախասիրուած յօրինող Միշէլ Էմէրի հետ: Ի դէպ,
հայազգի հեղինակին անունը գրուած է Gregor Kalikian ձեւով:
Անշուշտ,
այդ երգերը թանկոյի սեռին չէին պատկաներ. Կարտէլ, որ արդէն 1920-ական
թուականներէն Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ հանրածանօթ դէմք դարձած
էր, նաեւ ճազի եւ ֆոքսթրոթի մեծ թիւով մեկնաբանութիւններ ու
ձայնագրութիւններ կատարած է:
1931-ին, Կրեկորը նաեւ
համահեղինակած է «Կախարդանք» (Embrujo) խորագրով թանկոյի երգի մը
երաժշտութիւնը՝ Ֆրանսիսկօ Օրեֆիչէի հետ: Կարտէլ անմիջապէս երգած ու ապա
ձայնագրած է այդ երգը, բայց ձայնագրութիւնը հաւնած չէ եւ զայն ոչնչացնել
տուած է հոկտեմբեր 1931-ին Եւրոպա ճամբորդելէ առաջ՝ վերստին ձայնագրելու
յոյսով իր վերադարձէն ետք, ինչ որ երբեք չէ պատահած: Անոր խօսքերուն
հեղինակը՝ Օսվալտօ Սոսա Գորտերօ, հարցազրոյց մը ունեցած է Քէլէկեանի հետ
«La canciցn moderna» հանդէսի Սեպտեմբեր 1931-ի թիւին մէջ: Կարտէլի բարեկամ
ըլլալով հանդերձ, ըսած է ֆրանսահայ արուեստագէտը, ան իր կարծիքները տուած է
որպէս պարզ հանդիսատես. «Ըսել, թէ Գարլոս Կարտէլը թանկոյի մեծագոյն
մեկնաբանն է՝ աններելի կրկնութիւն մը պիտի ըլլար: Ասիկա այնքան տարրական է
այստեղ, որքան Փարիզի, Լոնտոնի կամ Մատրիտի մէջ: Կարտէլ, այդ առումով,
պարզապէս աննման է, ինչպէս նաեւ այն առումով, որուն մասին պիտի խօսիմ.
միջազգային երգիչ եւ արժանթինեան ֆոլքլորի դեսպան արտասահմանի մէջ»:
Կարտէլ,
ի դէպ, արժանթինեան մամուլին մէջ քննադատուած էր ֆրանսական երգերու
մեկնաբանութեան համարՙ Եւրոպայի վերջին շրջապտոյտին ժամանակ, ինչ որ
Քէլէկեան «միտումնաւոր արշաւ» համարած է.
«Այս
կարծիքը չեմ բաժներ, որովհետեւ անհիմն կը նկատեմ: Կրնար դատապարտուիլ, եթէ
արժանթինեան թանկոներու ֆրանսերէն տարբերակներ երգած ըլլար: Բայց Կարտէլ
գիտցած է ընտրել գեղեցիկ ու վաւերական փարիզեան ռոմանսներ, ձգտելով, ինչպէս
ինծի յայտնի է, իր արուեստին անհրաժեշտ ծաւալում տալՙ միջազգային երգիչի
մակարդակը նուաճելու համար: Ասիկա արդար ձգտում մըն է, քանի որ Կարտէլ կը
հասկնայ, թէ այլեւս ընելիք չունի թանկոյի փոքրիկ կալուածին մէջ, եւ
տրամաբանական մտահոգութիւն մը ցոյց տալով, կը ջանայ լրացնել իր հմտութիւնը
նոր ուղիներու որոնումով: Արժանթինցիները պէտք է հպարտ ըլլան, քանի որ
Գարլիթոս [Գարլոս անունին նուազականը. Վ.Մ.] այսպէսով կը դառնայ այս երկրի
ամենէն արդիւնաւէտ դեսպանը արտասահմանի մէջ»:
Գովասանքով
արտայայտուելէ ետք Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ Կարտէլի յաղթական
շրջապտոյտին եւ անոր «նախանձելի ժողովրդականութեան» մասին, Քէլէկեան
յայտնած է հետեւեալը վերջինիս Նիսի ելոյթներուն մասին.
«Նի՛ս:
Ո՜հ, Նիս...: Նիսը աստուածաշնչական դրախտն է ինծի համար: Կը կարծեմ, որ
նոյնը պէտք է ըլլայ նաեւ Գարլիթոսի համար... որովհետեւ հոն կատարած է իր
սխրանքներէն ամենէն ողիմպիականը՝ ամբողջ Ֆրանսայի ամենէն ամրափակ եւ sui
generis միջավայրին բռնի նուաճումը: Քոթ տ՚Ազիւրի այդ ընտիր եւ
աշխարհաքաղաքացի ընկերութիւնը, որ միայն մատներով հաշուող բացառութիւններու
մատչելի է, բարեկամական ու անմոռանալի ընդունելութիւն մը պարգեւեց
Կարտէլին:
Կը կարծեմ, որ Palais de la
Mediterranée-ի մակարդակի գազինոյի մը մէջ ելոյթ ունենալը ինքզինք
գնահատող ոեւէ արուեստագէտի ձգտումը պէտք է գոհացնէ: Հոն կուռքերը կը
սրբագործուին կամ կը տապալին:
Գարլիթոս Կարտէլ ու ես հոն երկու ամիս ելոյթ ունեցած ենք: Երկու ամիսներ, որոնց հմայքը երբեք պիտի չկարենամ մոռնալ:
Մեզ
կը կոչէին ճազի եւ թանկոյի արքաները: Ո՜հ, Նիս...: Ներեցէք, բարեկամներ,
ասիկա պէտք չէ ըսէի: Կարտէլի մասին կը խօսէինք: Իմ պարագաս ուրիշ խնդիր է»:
Նիսի
մէջ, Կարտէլ ամենամեծ ծափահարութիւնները ստացաւ՝ ֆրանսական երգեր
մեկնաբանելով: Այս շարժուձեւը, որ անոր պարագային պարգեւներ փոխհատուցելու
ասպետական ձեւ մըն էր, այդ մարդոց աչքին աննկատ չանցաւ: Այնուհետեւ, Ֆրանսա
շահած է իր երգերուն նոր ու որակեալ մշակ մը, իսկ Արժանթինը՝ արժանաւոր
ներկայացուցիչ մը, որ հին Եւրոպայէն կ՚երթայ՝ հեռաւոր հայրենիքի ոգին
ցանելով»:
Բաղդատական մը ընելով նշանաւոր ֆրանսացի
շանսոնիէ Մօրիս Շըվալիէի հետ, Քէլէկեան դիտել տուած էր, որ Կարտէլ «իր
կողմէ լայն պայմաններու տէր է՝ անոր հաւասարելու, քանի որ իբրեւ ֆրանսական
երգերու մեկնաբան, իմ կարծիքով, ան կը գերադասէ Շըվալիէի անգլերէն երգերու
մեկնաբանութիւնը»: Իսկ հարցազրոյցի վերջաւորութեան, թոյլ տուած է
ակնարկութիւն մը իր անձնական վիճակին. «Վերջացնելու համար, արտայայտեցէք իմ
զգացած ուրախութիւնսՙ Գարլիթոսի հետ հին բարեկամութիւնս վերսկսելու համար,
հոս, այն գեղեցիկ երկրին մէջ, որ այնքան սիրալիր ընդունելութիւն մը կու
տայ ինծի՝ իմ գեղարուեստական ասպարէզի այս դժուար պահերուն » (ընդգծումը մերն է. Վ.Մ.) (7):
Գրիգոր
Քէլէկեանի արժանթինեան հետագայ գործունէութեան մասին այլ տուեալներ
չկրցանք գտնել: Որեւէ հետք չկայ, թէ Կարտէլի հետ համագործակցութիւնը
շարունակուած ըլլայ մինչեւ 1935, երբ արժանթինցի նշանաւոր երգիչըՙ իր փառքի
գագաթնակէտին, զոհ կ՚երթար օդանաւային աղէտի մը Մետելինի մէջ (Գոլոմպիա),
40 տարեկանին: Քէլէկեան թերեւս 1932-ի վերջաւորութեան կամ 1933-ի
սկիզբներուն վերստին Ատլանտեանը անցած է: Արդարեւ, փարիզահայ մամուլը
արձագանգ եղած է անոր մէկ ելոյթինՙ համայնքային ձեռնարկի մը ընթացքին, ինչ
որ ըստ երեւոյթին հազուադէպ պարագայ մը եղած է: 4 Փետրուար 1933-ին, Փարիզի
Աղքատախնամ Ընկերակցութիւնը կը կազմակերպէր իր տարեկան մեծ պարահանդէսը,
որուն գովազդները՝ «Յառաջ»-ի եւ «Ապագայ»-ի մէջ, ի շարս այլոց կը յիշէին.
«Հայ
մեծ արուեստագէտ ԿՐԷԿՕՐ ԵՒ ԻՐ «ԿՐԷԿՕՐԻԷՆ»ՆԵՐԸ իրենց Փարիզ վերադարձին
առթիւ կ՚երեւին իրենց բեմական նիւմէյրօին մէջ եւ կը նուագեն մինչեւ լոյս» :
Պարահանդէսը
ծանուցող գրութիւն մը կը յիշէր, որ «հայ մեծատաղանդ արուեստագէտը Կրեկոռ,
որ 15 հոգինոց նուագախումբով Հարաւային Ամերիկայէն կը վերադառնայ, պիտի
մասնակցի այս հանդէսին անոր ամբողջ տեւողութեան ընթացքին» (8): Անշուշտ,
արժանթինեան նուագախումբը անոր հետ չէր եկած (թերեւս անդամներէն մէկը կամ
միւսը), այլ նախկին նուագախումբը, հաւանաբար տարբեր անդամներով, պարզապէս
վերակազմուած էր (սկզբնական կազմը 12 հոգիէ բաղկացած էր): Անստորագիր
թղթակցութիւն մը հետեւեալ նկարագրութիւնը կու տար «Ապագայ»-ի մէջ.
«Երեկոյթին
գլուխն էին Կրէկօր եւ իր խումբը, որոնք Բամբ որոտանի եւ Մարսէյեէզի
կտորներէն վերջ, ֆանթէզի եւ պարերու եղանակներով շարունակեցին նուագել
մինչեւ առաւօտ: Հայազգի մաէսթրօ Կրէկօր (Քէլէկեան) մեծ արուեստագէտ մըն է՝ գնահատուած միջազգային գեղարուեստի բարձր շրջանակներէն, որ միեւնոյն
ժամանակ իր ժողովրդասիրութեան ապացոյցը տուաւ ամերիկեան աճուրդի մը
առատաձեռն մասնակցութեամբ եւ ունեցաւ Շիլթեանի նաթիւր մօրթ մէկ իւղաներկը՝ նուէր Պ. Պօղոս Էսմէրեանէ» (9):
Արդեօք ի՞նչ եղած է
ինքնաշարժային արկածի պատմութեան լուծումը: Եթէ Գրիգոր Քէլէկեան
բանտարկուելու վտանգէն խոյս տալով Հարաւային Ամերիկա մեկնած էր (10), կը
նշանակէ, որ ան զերծ մնացած էր այդ վտանգէնՙ Ֆրանսա վերադառնալէ ետք:
Ահա այս արտակեդրոն անձնաւորութեան մասին առկայ առեղծուածներէն մէկը, որ կը սպասէ իր լուծումին:
(1)
Արծուի Բախչինեան, «Աշխարհի առաջին հայազգի ջազմէնը», Ազգ-Մշակոյթ, 22
Սեպտեմբեր 2017 (1898-1971): Հմմտ. նոյն, Հայազգի գործիչներ, Երեւան, 2002,
էջ 147 եւ նոյն, Ծագումով հայ են, Երեւան, 1992, էջ 305-306, ուր ծննդեան
ու մահուան թուականները կը բացակայէին: Մենք որդեգրած ենք բազմաթիւ տպագիր
աղբիւրներու յիշած 1897 թուականը:
(2) Michael Dregni, Django: The Life and Music of a Gypsy Legend, New York, 2004, p. 73.
(3) André Laroche, La rentrée de Gregor et ses Grégoriens, Comoedia, 4 novembre 1930
(4) Francisco del Greco, Carlos Gardel y los autores de sus canciones, Buenos Aires, 1990, p. 276.
(5) Simon Collier, The Life, Music, and Times of Carlos Gardel, Pittsburgh, 1986, p. 175.
(6) Nelson Bayardo, Vida y milagros de Carlos Gardel, Buenos Aires, 1988, p. 52.
(7) http://www.todotango.com/english/artists/ biography/236/Gregor-Kalikian/.
(8) Dregni, Django, p. 73.
(9) «Աղքատախնամի տարեկան մեծ պարահանդէսը», Ապագայ, 1 փետրուար 1933
(10) «Աղքատախնամի պարահանդէսը», Ապագայ, 8 փետրուար 1933:
«Ազգ-Մշակոյթ», 12 Յունուար 2018
Vartán, pasalo al español y lo publicás en América del Sur, muy bueno!!
ReplyDelete