1919-ին
հիմնադրուած Հայաստանի ազգային գրադարանը աշխարհի հայերէն գրաւոր
ժառանգութեան մեծագոյն պահոցը կը համարուի: Գրադարանի մամուլի
հաւաքածոն կը ներառէ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ
հրատարակուած եւ հրատարակուող հայերէն աւելի քան 5600 պարբերականներ:
Հայաստանի
ազգային գրադարանին մէջ անցնող հարիւրամեակին ընթացքին հրատարակուած են
արժէքաւոր մատենագիտական ժողովածուներ, պարբերականներու մատենագիտական
ցանկեր, կենսամատենագիտութիւններ եւ այլն:
Մօտ օրէն պատմաբաններու, բանասէրներու եւ մատենագէտներու աշխատասեղանին կը դրուի նոր ուշագրաւ հրատարակութիւնը՝ «The Armenian Review: Bibliography-Index (1948-2008)»ն: Ան Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Սփիւռքի հայագիտութեամբ զբաղող նուիրեալներու համատեղ
աշխատանքի արդիւնքն է: Այս համագործակցութիւնը
օրինակելի նախադէպ մը պիտի դառնայ Սփիւռքի մէջ հրատարակուող պարբերականներու
մատենագիտութեան համատեղ կազմումին եւ հրատարակման, նաեւ ամրապնդելով Հայաստան-Սփիւռք ակադեմական կապերը:
Միջազգային ճանաչում վայելող հայագիտական այս հանդէսը՝ «Արմինիըն Ռիվիու»ն իր հիմնադրութեան օրէն (1948 թ.)
կը հետապնդէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ գրականութիւնը
անգլիախօս հասարակութեան պատշաճ կերպով ներկայացնելու նպատակ: Անգնահատելի է
անոր ներդրումը ԱՄՆ-ի հայագիտութիւնը՝ որպէս ակադեմական ուսումնասիրութեան
ուղղութիւն ամրագրելու, հայագէտ հետազօտողներու նոր սերունդ ձեւաւորելուն
մէջ: Տասնամեակներու ընթացքին, հանդէսը դարձած է
հայրենիքի եւ Սփիւռքի գիտական փոխհամագործակցութեան հարթակ:
Սոյն մատենագիտութիւնը կազմուած եւ խմբագրուած է ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգի
Արլինկթըն քաղաքի Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տնօրէն Արա Ղազարեանցի
աշխատասիրութեամբ։ Կը բաղկանայ երեք բաժիններէ՝ «Յօդուածներ», «Գրախօսականներ» եւ «Պատկերներ» եւ կը պարունակէ հանդէսին 200 թիւերէն (աւելի քան 20 հազար էջ) ներառուած 3266 մատենագիտական նկարագրութիւն։
Մատենագիտութեան ամենածաւալուն մասը՝ «Յօդուածներ»ը, բաղկացած է 25 թեմայական բաժիններէ, ինչպէս օրինակ՝ մարդաբանութիւն, հասարակագիտութիւն, ազգագրութիւն, իմաստասիրութիւն, գեղարուեստ, հայոց եկեղեցի, լեզու եւ լեզուաբանութիւն, գրականութիւն, հայոց պատմութիւն հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, սփիւռքահայ համայնքներ եւ հիմնարկներ, քաղաքական կուսակցութիւններ, կրթութիւն, Խորհրդային Միութիւն (հանրապետութիւններ, գաղափարախօսութիւն, ազգերու եւ ազգութիւններու քաղաքականութիւն), օրէնք, քաղաքական եւ քաղաքացիական ազատութիւններ եւ այլն։
Երկրորդ մասը՝ «Գրախօսականներ»ը, հայուն, հայութեան, հայոց պատմութեան, տարածաշրջանի եւ հարեւան ժողովուրդներու պատմութեան վերաբերող 484 գիրքերու մասին հարուստ աղբիւր մըն է։
Երրորդ եւ վերջին մասը՝ «Պատկերներ»ը, բաղկացած է 9 ենթաբաժիններէ եւ կը ներառէ նկարներ, գծագրութիւններ, քարտէսներ, դիմանկարներ, հանդէսին տուեալ թիւին կողքի պատկերը, լուսանկարներ եւ այլն, որոնք ընդգրկուած են հանդէսին տարբեր համարներուն հրատարակուած յօդուածներուն մէջ։
Մատենագիտութեան մէջ ներառուած են նաեւ միջազգային ճանաչում ունեցող աւելի քան 100 ակադեմական հանդէսներու մէջ լոյս տեսած հայութեան, Հայաստանին եւ հայոց պատմութեան ու տարածաշրջանի բազմապիսի իրադարձութիւններուն նուիրուած նիւթեր։
Մատենագիտութիւնը կ՚աւարտի յաւելուածով եւ մանրամասնօրէն մշակուած անձնանուններու եւ նիւթերու օժանդակ ցանկերով։
Մատենագիտութեան
օրինակները կարելի է ստանալ Հայաստանի ազգային գրադարանէն եւ Երեւանի
գրախանութներէն։ Արտասահմանի մէջ, ի մասնաւորի ԱՄՆ՝ դիմելով «Ամարաս»
հաստատութեան առցանց (www.AmarasOnline.com) կամ դիմելով 55 Fairview St., Watertown, MA 02472 հասցէին: Մատենագիտութեան վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի յատկացուի «Ամարաս» հաստատութեան՝ յետագային նմանօրինակ աշխատութիւններու հրատարակման համար։
No comments:
Post a Comment