9.11.17

Ցեղասպանութեան յիշողութեան կարեւորութիւնը մեր պահանջատիրութեան ծիրէն ներս

ՄԻՀՐԱՆ ՏԱՊԱՂ
 
ԽՄԲ. «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»-Ի. Հոկտեմբեր 18-19ին, Պրիւսէլի մէջ, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած Եւրոպահայութեան 4-րդ համագումարին՝ «Ցեղասպանութեան յիշողութեան կարեւորութիւնը մեր պահանջատիրութեան ծիրէն ներս» վերնագիրը կրող զեկոյցով խօսք առաւ բացառիկ անձնաւորութիւն մը՝ Միհրան Տապաղ, որ Պոխումի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ Ցեղասպանութեան եւ սփիւռքներու հետազօտութեան կեդրոնի ե՛ւ հիմնադիրն է ե՛ւ տնօրէնը։ Իր տեսակին մէջ Սփիւռքի միակ համալսարանական կեդրոնը, որ բնականաբար կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է գերմանական ժխտողական քաղաքական ուղեգիծին շրջումին մէջ, որ ի վերջոյ յանգեցաւ Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման։
Կը ներկայացնենք փրոֆ. Տապաղի զեկոյցը իր եզակի բովանդակութեան պատճառով։ Ան կ՚արծարծէ սփիւռքահայութեան էութիւնը, այդ բարդ գոյավիճակը՝ շատ պարզ բառերով ու պատկերներով, յիշողութեան արարքէն մեկնած, «կորուստ»-ը ստանձնած, անով վերականգնած ինքնութեան շուրջ։ Անոր կատարած մտածողական արարքը Հայ դատին ու պահանջատիրութեան տուաւ նոր որակ, քաղաքական եւ կուսակցական պայքարէն անդին, նոյնքան եւ թերեւս ալ աւելի պարտաւորեցնող, հաւատքի նոր հանգանակ մը, որուն բուն նպատակն է կորուստի գիտակցութեան զարթնումը, կորուստին՝ թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական։ Վերականգնել երկիրը, դէպքին անասելիութիւնը յիշողական արարքով, ինքնութենական նոր պատումով։
Զեկոյցը կը յեղաշրջէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու միակողմանի ազգայնական ընկալումը։ Սփիւռքը կը մնայ յարատեւ, հակառակ քաղաքական օրակարգին եւ պէտք է պայքարիլ անոր յարատեւութեան համար, որովհետեւ Սփիւռքը ի՛նքն է յուշարձանը Դէպքին։

Յիշողութեան վերաբերեալ զեկոյցս այսօր պիտի կեդրոնացնեմ Սփիւռքի վրայ։ Մեզի համար Սփիւռքը մնայուն իրականութիւն մըն է եւ այդ պատճառով ալ մասնաւոր հետաքրքրութիւն կը պահանջէ։ Երբ Սփիւռքի մասին կը խօսիմ, այդ չի նշանակեր որ Երկիրը իմ մտածողութենէս հեռու կը մնայ։ Քանի մը ամիս առաջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Պէյրութի մէջ համագումար մը կազմակերպած էր նուիրուած սփիւռքեան ինքութեան պահպանման եւ հզօրացման նիւթին։ Այդ ժողովի ընթացքին ամենէն կարեւոր թեմաներն էին՝ լեզուն, Եկեղեցին, հաւատքը եւ Երկիրի հետ կապերը։ Սակայն իրականութեան մէջ այն ինչ որ կը կոչենք լեզու կամ աւանդութիւն, սփիւռքեան պայմաններուն մէջ միշտ ալ վտանգի ենթակայ են, նկատի ունենալով որ անոնք միշտ փոփոխութիւններու ենթարկուող եւ կորուստի դէմ յանդիման գտնուող տարրեր են։ Ինչ որ Սփիւռքի մէջ մեզի կը պահէ յիշողութիւնն է եւ այս վերջինի հետ կապակցաբար՝ ինքնութեան պատումը։ Ֆրանսացի ծանօթ ընկերաբան Մօռիս Հալպուաքս կ՚ըսէ՝ «խումբի մը պատկանելու համար պէտք է յիշողութիւնը բաժնել։ Մոռացում կը նշանակէ հեռանալ այդ խումբէն»։ Այդ իսկ պատճառով յատկապէս պիտի կեդրոնանամ յիշողութեան եւ ինքնութեան պատումի երեւոյթներուն վրայ։
Ինքնութեան պատումի աւանդական մօտեցումը նախ Վարդան Մամիկոնեանի նշանաւոր խօսքն է՝ «Մահ ո՛չ իմացեալ՝ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է»։ Այսինքն միշտ փորձել յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն։ Մեր նշանաբաններէն մէկն է՝ անկարելին փորձել, ինչ որ կ՚ընենք արդէն։ Սփիւռքի մէջ ալ կը փորձենք անկարելին՝ գոյատեւելու համար։ Մինչեւ այսօր յաջողեցանք անկարելին կարելի դարձնել եւ կը շարունակենք այդ ընթացքը։ Գիտէք, թերեւս աներեւակայելի էր, որ այսօր պիտի կարողանանք Պրիւսէլի մէջ հաւաքուած պահանջատէրի դիրքերէն խօսիլ։ Ուրեմն ի՞նչ կը նշանակէ ինքնութեան պատում. ինչպէս ըսի այս առումով մենք նախ ունինք աւանդական մտածողութիւնը՝ Վարդանանցը, Եկեղեցին, հաւատքը, «ձմրան օրերը կու գան ու կ՚երթան»-ը եւ այլն։ Սակայն այս խնդրին հիմնական կէտը՝ ինքութեան պատումը կարելի դարձնող՝ յիշողութիւնն է։ Խորքին մէջ ինքնութեան պատումը գործողութիւն մըն է, որ ո՛չ միայն մեր ողբերգական փորձառութիւնը իր մէջ կ՚ամփոփէ, այլ նաեւ իւրաքանչիւր յետեղեռնեան պատում Սփիւռքի մէջ կը նշանակէ բացակայութեան մը հետ դէմ յանդիման գտնուիլ։ Կը նշանակէ այդ անվերադառնալի բացակայութիւնը վերականգնել մեր յիշողութեան մէջ։ 
Ինծի համար այդ բացակայութիւնը պէտք է նախ իբրեւ կորուստ սահմանել եւ զայն պատմելի դարձնել։ Այսինքն ատիկա ո՛չ միայն մեր առօրեայ կեանքին մէջ պատմել, այլեւ՝ մտածել փիլիսոփայական, մտաւորական եւ գրական կերպով։ Այդ ձեւով մտածելով կարելի կ՚ըլլայ մեր փորձառութիւնը դարձնել մեր ինքնութեան հիմքը։ Յաճախ մեզի կը տրուի ա՛յն հարցումը, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի յետոյ ի՞նչ պիտի ընենք։ Այս հարցումի պատասխաններէն մէկը ըստ իս՝ այն է, որ նախ այդ ճանաչումը կարելի կը դարձնէ մեր ունեցած կորուստը վերականգնել մեր յիշողութեան մէջ՝ առանց կաշկանդուելու։ Մեր Երկրին փրկութիւնը նաեւ այդ կորուստը մեր յիշողութեան մէջ վերականգնելն է։ Յիշողութիւնը նաեւ մեր պահանջատիրութեան շարունակութիւնն է։ Այլ խօսքով քիչ առաջ իմ նշած բացակայութեան վերականգնումը մեզի նաեւ պահանջատէր կը դարձնէ։ Իմ խնդրանքս այն է, որ մենք քաղաքականացած մօտեցումէն անդին կամ անոր զուգահեռ պէտք է մտածողական մօտեցում մը եւս զարգացնենք եւ զոր ես կ՚անուանեմ ինքնութեան պատում, որ հիմնուած է մա՛նաւանդ յիշողութեան իրողութեան վրայ։ Յիշողութիւնը բացակայութեան ներկայութիւնն է, անոր վերականգնումը։
Երբ մենք հաւաքական յիշողութեան մասին կը խօսինք, հետեւեալ հարցումը մէջտեղ կու գայ, թէ այդ պարագային պատմութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ։ Պատմութեան, պատմագիտութեան եւ հաւաքական յիշողութեան միջեւ շատ կարեւոր տարբերութիւն մը կայ. պատմութիւնը անցեալի վերաներկայացումն է, արտացոլումն է, իսկ յիշողութիւնը ուժական (dynamique) աշխատանք մըն է։ Յիշողութիւն կը նշանակէ ամէն օր մեր անցեալի փորձառութեան հիման վրայ մեկնաբանել ներկան։ Ներկան մեկնաբանելու փորձով է, որ մենք կը շարունակենք Հայ մնալ։ Մենք կորուստը, տառապանքը, ոչնչացումը յիշելով կը մօտենանք աշխարհին, եւ այդ յիշողութիւնը ո՛չ թէ մեզի ազգայնամոլ կը դարձնէ, այլ մենք այդ ձեւով կը ներկայանանք իբրեւ անըմբռնելի ոճիրի մը յիշատակը կրող ժողովուրդ մը։ Ասիկա աշխարհի մէջ մեզի եզակիութիւն մը կու տայ, որուն անպայման պէտք է գիտակից ըլլանք։ Կը կրկնեմ, որ մենք ազգայնամոլներ չենք։
Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ալ սկսած են շրջան ընել զրոյցներ, որոնց համաձայն մենք պէտք է ձերբազատինք զոհի հոգեբանութենէն։ Ըստ իս առանց Աղէտի հետ կապուած յիշողութեան կարելի չէ Հայու ինքնութիւնը սահմանել։ Ես հոս մասնաւոր վտանգ մը կը տեսնեմ. յիշողութիւնը եւ անոր հետ կապուած զոհի հասկացութեան վերջ տալու փորձը իրականութեան մէջ արեւմտեան քաղաքականութեան ծրագրերէն մէկն է։ Այսինքն մոռացումով կ՚ուզեն վերջ տալ անհանգիստ ընող յիշողութեան մը։ Մա՛նաւանդ 2015-էն վերջ Արեւմուտքի քաղաքական յստակ խօսքն է, որ Աղէտէն աւելի պէտք է հաշտութեան եզրի մասին մտածել։ Այս գործին մէջ հայ գիտնականներն ալ իրենց մասնաւոր դերը ունին…։ Մենք, ճիշդ է, զոհուած ժողովուրդ ենք, բայց նաեւ ապագային նայող եւ զոհուած ըլլալու պատասխանատւութիւնը կրող ժողովուրդ ենք։ Սփիւռքը՝ ի՛նք մեր յիշողութեան ներկայութիւնն է, որովհետեւ զանազան երկիրներու մէջ կանգնեցուած յուշարձանները կրնան նաեւ մոռացութեան վայրեր դառնալ։ Հետեւաբար Սփիւռքի մէջ մեր կատարելիք ամենէն կարեւոր աշխատանքը պէտք է ըլլայ այդ յիշողութեան գիտակից ըլլալը եւ անոր զարգացումը։
Կեանքիս մէջ միշտ աշխատած եմ յիշողութեան գաղափարին վրայ կեդրոնանալ, որովհետեւ անիկա ինծի համար միա՛կ իրատես գաղափարն է, որ կ՚ապահովէ մեր գոյութիւնը։ 

«Նոր Յառաջ», 9 Նոյեմբեր 2017

No comments:

Post a Comment