ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Անցեալ Հոկտեմբեր 14-ին, Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով նշուած
էր Հայաստանի երկրորդ անկախութեան տարեդարձը գեղարուեստական յայտագրով մը, որուն մասնակցած
էին Երեւանէն յատկապէս հրաւիրուած «Կադանս» (իմա՛՝ ֆր. cadence) նուագախումբը եւ Պոլսոյ
«Մարալ» պարախումբը։ Փառաշուք համերգը, որ կազմակերպուած էր Սեւ ծովու Տնտեսական Համագործակցութեան
Կազմակերպութեան Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ՝ կարգադիր յանձնախումբի
մը անմիջական գործակցութեամբ, հոծ բազմութեան ներկայութիւնը վայելած է։ Ձեռնարկի աւարտին,
յուշանուէրներ յանձնուած են բոլոր մասնակից ու աջակից անձնաւորութիւններուն։
Տեղւոյն մամուլի լրատուութիւններէն դատելով, պոլսահայ գործարարը
հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետութենէն շատ աւելի ծանրակշիռ հանգամանք մը ունի
համայնքին մէջ, պատրիարքական չարչրկուած ընտրութեան՝ կառավարական անպաշտօն բանբերի
դերով (տե՛ս Սեւան Տէյիրմէնճեանի յօդուածը, «Ակօս», 3 Նոյեմբեր 2017)։ Վերոյիշեալ ձեռնարկէն
քանի մը օր ետք, հայաստանեան մամուլին մէջ լոյս տեսած ակնարկ մը՝ Սարգիս Մխիթարեանի
ստորագրութեամբ, Շիրինօղլուն բնորոշած է իբրեւ «վիճելի համբաւի տէր մի անհատ, որ թուրքական ներկայ կառավարութեան հետ ունեցած մութ ու անհասկանալի կապերի միջոցով, իր արած անտեղի յայտարարութիւններով պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը մատնել է փակուղիի։ Աւելին՝ Շիրինօղլուն զանազան առիթներով միշտ էլ ուրացել է ցեղասպանութեան փաստը, 1915-ը համարել կռիւ եղբայրների միջեւ» («Հետք», 17 Հոկտեմբեր 2017)։
Տասնամեակներու ընթացքին, պոլսահայ համայնքի տարբեր անձնաւորութիւններ՝
պատրիարքներէ մինչեւ հանրածանօթ ու անծանօթ աշխարհականներ, պայմաններու բերումով ստիպուած
էին թրքական կառավարութեան թելադրած եղանակով պարել, ներառելով Մեծ Եղեռնի գոյութիւնը,
իսկ յետագային՝ ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտելու աւանդական արարքը։ Տարբեր հարց,
թէ վերջին տարիներուն, երբ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք պատնէշներուն վրայ գոյացած
ճեղքերը սկսան մեծնալ եւ թրքական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածը՝ թուղթի վրայ մնալ, այլեւս
նման վարուելակերպ տարբեր հանգամանք կը զգենու։ Այն ակնարկութիւնը, թէ Շիրինօղլու «զանազան առիթներով միշտ էլ ուրացել է ցեղասպանութեան
փաստը», մեզ մղեց փոքրիկ պրպտում մը կատարելու։ Հանդիպեցանք 2015-ին կատարուած
տեսակցութեան մը «Հետք» կայքէջին կողմէ՝ պոլսահայ գործիչներ Պ. Շիրինօղլուի ու Տիգրան
Ալթունի հետ, ուրկէ կը քաղենք առաջինին կողմէ հետեւեալ խօսքերը, որոնք բաւական բարացուցական
կ՚երեւին։ Քաղուածքները կը բերենք նոյնութեամբ՝ ըստ «Հետք»-ի հրապարակած խառնահայերէն
բնագրին, որ յստակ չէ, թէ խօսողին, կամ գրի առնողին պէտք է վերագրել.
«Կը կարծեմ, որ մենք ուրիշներու կողմէն խաղի եկանք ու օսմանցիներին փչացնելու համար եղաւ այս ամէն ինչը: Ցեղասպանութեան պլանը ուրիշներու կողմէն է եկել, ու այս գործերը ուրիշներու կողմէն մէջտեղ բերուեց, օսմանցիներին փչացնել ուզեցին: Այս վիճակով հնարաւոր չէ շարունակել, թէ Հայաստանի, և թէ Թուրքիայի համար»:
«Թէ հայաստանցիներուն, թէ թուրքերուն մեծ մասին խորթ պիտի գայ, բայց իմ մօտեցումը սա է. ես կը հաւատամ, որ դրսիններն էին այդ ամէնը պլանաւորել, որպէսզի Օսմանեան կայսրութիւնը վերջացնէին: Ոչ միայն հայերու, այլեւ այլ ազգերի պարագային արեցին, այսինքն օսմանցիների կայսրութիւնը փչացնելու պլանաւորումն էր»:
«Աս գործերը Իթթիհադ վէ Թերաքիին հետ սկսուեց, ու նրանց մէջ հայեր էլ կային, ու հայերը հայերին էլ սպանեցին: Անատոլիայում շատ հզօր ու հարուստ հայեր կային, ի հարկէ, կային նաեւ աղքատներ, բայց Իթթիհադ վէ Թերաքին հարուստ հայերին իր շարքերի մեջ առաւ, ու այդպէս հայը հային սպանեց: 1908 թ. Oսմանեան [Օրմանեա՞ն. Վ.Մ.] պատրիարքը խօսք ուղղեց ժողովրդին՝ հարցնելով, թէ ի՞նչ էք անում. դուք պատրաստւում էք Անատոլիան վերածել արեան ծովի:
Պատկերացնենք, որ ինչպէս հայերն էին Օսմանեան կայսրութիւնում մի խումբ, Հայաստանում այդպիսի մի խումբ թուրքերն են, ու ենթադրենք թէ այդպիսի մի Իթթիհադ վե Թերաքի հիմնուէր Հայաստանում՝ հայերի կողմից, ու ենթադրենք, թէ Հայաստանում էլ այդքան հարուստ թուրքեր լինէին, ինչպես որ հայերն էին հարուստ Անատոլիայում, ու այդ Իթթիհադ վե Թերաքին թուրքերի ընդգրկէր իր մէջ, ինչպէս որ նրանք ընդգրկեցին հայերին. ի՞նչ կ՚անէին հայերը»։
Եթէ մոռնանք «պատկերացուած» պատմութեան վերջին դրուագը, այս
հատուածները արդէն ցոյց կու տան, որ Շիրինօղլու 1915-ի պատմութեան վերաբերեալ բաւական
իւրօրինակ կեցուածք մը ունի, որուն չենք հանդիպած ոեւէ հայ պատմաբանի գրութիւններուն
մէջ։ 1919-էն մինչեւ օրս, թրքական պատմաշինարարութեան եւ հրապարակագրութեան յաճախակի
պնդումներէն մէկն է, թէ փոխադարձ ջարդ եղած է (հայերն ու թուրքերը զիրար ջարդած են),
իսկ վերի ինքնատիպ «տեսութիւնը» կը պնդէ, որ ո՛չ միայն իրադարձութիւնները դուրսէն ծրագրուած
էին, այլեւ հայը հայուն ջարդած է (Իթթիհատի անդամագրած հարուստները՝ աղքատներու
դէ՞մ), այսինքն՝ «կռիւ եղբայրների միջեւ»։ Նման տեսակէտներ, բոլոր պարագաներու, հեռու չեն
երեւիր թուրք կամ թրքամէտ ժխտողի մը հայեացքներէն։
Վերջիններուն
շարքին կը պատկանի, կարելի է աւելցնել, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց երբեմնի փոխ-քարտուղար,
Եւրոպական Միութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ մօտ նախկին դեսպան Էօզտէմ Սանպերկը, որ անդամ
եղած է, ինչպէս բանիմաց ընթերցողներ պիտի յիշեն, ոմանց համար պախարակելի եւ այլոց համար
շնորհաւորելի Հայ-Թրքական Հաշտութեան Յանձնախումբին, որ 2001-2004-ին գործած է ԱՄՆ-ի
Արտաքին Գործոց նախարարութեան հովանաւորութեամբ։ 2010-ին Սանպերկը յաջորդած է իր մերձաւորներէն
մէկուն՝ ժխտողական պատմաբան ու Միջազգային
Ռազմավարական Հետազօտութեան Կազմակերպութեան (USAK) հիմնադիր տնօրէն (2004-2010) Սատաթ
Լաչինէրին։ (Ի դէպ, Սանպերկի պաշտօնավարութեան առաջին երկու տարիներուն, այս կազմակերպութեան
հետազօտողներէն մէկն էր ֆրանսահայութեան ծանօթ կերպար մը՝ տխրահռչակ Մաքսիմ Կուէնը)։
Սանպերկի այժմու
հայեացքներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու համար (*), երկրորդ պրպտում մը մեզ առաջնորդեց
անոր մէկ յօդուածին «Հիւրրիյէթ»-ի անգլերէն տարբերակին մէջ (“Hurriyet Daily News,”
24 Ապրիլ 2015), ուր ան գանգատած է, թէ թրքական տեսանկիւնէն գրող թուրք մը «հաւանաբար պիտի չլսուի աշխարհի մնացեալ մասին
կողմէ», որովհետեւ «Գերմանիոյ պէս երկիրներ
այժմ որոշած են Թուրքիոյ պատմութեան կողմը մերժել եւ “ցեղասպանութեան” դրոյթին զօրակցիլ»։
Ինչպէս իրադարձութիւնները ժխտող կամ մեղմացնող ամէն անհատ, Սանպերկն ալ փորձած է «ո՛չ ոք կը վիճի, թէ [դէպքերը. Վ.Մ.]սոսկալի էին» թզենիի տերեւով ծածկել իր մերկութիւնը,
զոր ցեղասպանութեան չակերտումը արդէն կը բացայայտէ։
Աչքի փոշի ցանող
թուրք դիւանագէտը յայտնած է, թէ «կը հիանամ
աշխարհի ու Թուրքիոյ ընձեռուած հայոց պատմական, մշակութային ու գեղարուեստական նպաստին,
եւ երախտապարտ եմ անոր», ու բնականաբար, ողջունած (ոչ-դիւանագիտական լեզուով «կոկորդիլոսի
արցունք» կոչուելիք) «թրքական կառավարութեան
նորագոյն որոշումը՝ Ա. Աշխարհամարտի եւ նոյնիսկ անկէ առաջ բոլոր անմեղ զոհերուն ցաւակցութիւն
յայտնելու»։
Թուրքիոյ դէմ գործադրուող «խաչակրութիւնը», որ իբրեւ թէ երկիրը արեւմտեան աշխարհէն աւելի պիտի հեռացնէ,
կ՚ենթադրէ «թուրք ժողովուրդի հանդէպ արհամարհանք
եւ անգիտութիւն»։ 2015-էն ասդին թրքական քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւնը արդէն
կը փաստէ «հեռացումի» դրոյթին սնանկութիւնը,
երբ արեւմտեան մշակութային արժէքներու կամ գաղափարներու կանոնաւոր անտեսումը, ինչպէս
եւ ռազմավարական դաշինքը տեւաբար շահագործող սպառնալիքներու փաստը արդէն ցոյց կու տան,
թէ «խաչակրութեան» ու հեռացումի կապը միայն
գոյութիւն ունի թուրք դիւանագիտութեան երեւակայութեան մէջ։ Ըստ յօդուածագրին, «արեւմտեան աշխարհը այնքան պատրաստակամ է մասնակի
կամ նոյնիսկ կեղծ փաստերու հիմամբ գործելու»՝ ժխտումը դատապարտող օրէնսդրութիւն
վաւերացնելով, որովհետեւ իբրեւ թէ «Թուրքիոյ
քննադատներու միջեւ միակ համաձայնութիւնը կը թուի ըլլալ, թէ հայոց թուրք ընդդիմադիրներուն
ըսած որեւէ բանի դիմաց –իսկ հայերը, ինչպէս
ամէն մարդ, իրենց սեփական կարծիքներու, գաղափարներու եւ վարմունքներու տարբերութիւնները
ունին--, ամէն ինչ, որ հայկական է, ճիշդ պէտք է ըլլայ։ Ասոր դէմ դնող թրքական որեւէ
հաստատում կեղծ պէտք է ըլլայ»։ Հետեւաբար, ան կը գանգատի, թէ նման օրէնքներ վաւերացնող
երկիրներու մէջ, «ոեւէ մէկը որ դատապարտէ կամ
փորձէ հերքել պնդումներու այս զաւեշտալի շարքը կրնայ դատական հետապնդումի ենթարկուիլ»։
Ենթադրաբար՝ ասիկա չի վերաբերիր Թուրքիոյ, ուր հռչակաւոր 301-րդ յօդուածը իր բարեփոխեալ
վիճակով դեռ քրէական օրէնսգիրքին մէջ կը փայլի, եւ անոր բարեխնամ դատական համակարգին, հաւանաբար պատրաստ՝ զայն փոշիներու տակէն հանելու
ի պահանջեալ հարկին։
Անշուշտ, այս կացութեան պատճառներէն մէկը այն կը սեպուի, թէ
շատեր «իրենց օսմանեան պատմութիւնը չեն գիտեր
եւ, այսպէս, կ՚ընդունին կեղծաւորուած (fictionalized),
ընտրովի հակաթրքական ազգայնական տարբերակ մը՝ որպէս թէ ամբողջ ճշմարտութիւնը ըլլար,
անկախաբար անտեսածէն կամ անգիտացածէն»։ Ու այստեղ կը հանդիպինք թրքական կառքին լծուած քանի մը յայտնի
պատմաբաններու «գերազանց ակադեմական գործի»
փառաբանութեան.
«Հիթ Լոուրիի, Ճաստին ՄաքԳարթիի (փաստօրէն օսմանեան
ժողովրդագրական ուսումնասիրութիւններու միակ վստահելի գիտնականը), Ճերեմի Սոլթի եւ
այլ գիտնականներու կողմէ գերազանց ակադեմական գործ կատարուած է ուշ օսմանեան Թուրքիոյ
եւ անոր ներքին լարումներուն ու հակամարտութիւններուն մասին։ Այս մարդիկը գիտնականներ
են, ո՛չ թէ բանավիճողներ, բայց կարգ մը տեղեր անոնք ենթարկուած են տարօրինակ ակադեմական
էմպարկոներու, իսկ երբեմն նսեմացումի զոհ կը
դառնան»։
Ընթերցողին հաւանաբար
պէտք չունինք յիշեցնելու, որ որ վերոյիշեալ երեք անձերը փաստեր խեղաթիւրելու եւ զանոնք
իրենց կանխակալ տեսակէտներուն յարմարցնելու
«գերազանց ակադեմական գործ» կատարած
են։ «Գիտնական» Հիթ Լոուրիի՝ 1990-ական թուականներուն թրքական դեսպանատան հակահայ նամակները
շարադրելու փաստը ամերիկեան գիտական հանդէսի մը մէջ բացայայտուած է, ի դէպ։ Իսկ «գիտնական»
Ճասթին ՄաքԳարթիի վիճակագրական մարզանքներն ալ ենթարկուած են անհրաժեշտ քննական վիճարկումի,
ա՛լ չխօսինք «փոխադարձ ցեղասպանութեան» ծիծաղաշարժ պնդումներու մասին։
Սանպէրկ այնուհետեւ
կ՚ողբայ որ այդ մարդոց գործը բոլորովին անտեսուած է թէ՛ գիրքերու եւ թէ՛ պարբերականներու
մէջ։ Ան կը բերէ օրինակ մը. «Այս գարնան, աշխարհի ամենէն համբաւաւոր գիտական հրատարակչատուներէն
մէկը՝ Օքսֆորտ համալսարանի հրատարակչատունը (OUP), թուրք ամերիկացի գիտնականի մը կողմէ
գրուած՝ Թուրքիոյ դէմ հայկական պնդումներուն աջակցող ծաւալուն գիրք մը հրատարակեց»։
Այս գիրքը, որուն անունը չի տրուիր (խօսքը
կը վերաբերի ընկերաբան Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէքի “Denial of Violence: Ottoman Past,
Turkish Present, and Collective Violence against the Armenians, 1789-2009” հատորին),
«բոլոր այս գիտնականներուն գործը ամբողջովին
կ՚անտեսէ (բացառելով Հիթ Լոուրիի մէկ յիշատակումը այլ նիւթի մը մասին)։ Անոնք նոյնիսկ
մատենագիտութեան մէջ յիշուած չեն»։ (Ի դէպ, Լոուրին երկո՛ւ անգամ յիշատակուած է)։
Երկրագունդը նկարագրող որեւէ հատոր վստահաբար երկրագունդի հարթութեան մասին այժմէական
«տեսութիւնները» պիտի չյիշէր, եւ չենք կարծեր, որ ոեւէ արժանապատիւ գիտնական կամ դիւանագէտ
այսօր հարց տայ, թէ ինչո՞ւ նշանաւոր ժխտողական պատմաբան Տէյվիտ Ըրվինկի անունը չի յիշուիր
Շոայի նուիրուած պատմագիտական գիրքերու կողմէ, բացի անոր ժխտողականութիւնը նշելու կամ
պախարակելու համար։
Ասոր կը հետեւի
երկրորդ ողբը, թէ «անկարելի է նաեւ քննարկել
Թուրքիոյ դէմ յարձակումին տկար կէտերը արեւմտեան կարեւոր պարբերականներու մէջ։ Անոնց
խմբագիրները արհամարհանքով կամ ներողամտութեամբ մէկդի կը դնեն որեւէ բան, որ չի յարմարիր
իրենց կանխակալ (բայց ոչ-մասնագիտական) գաղափարներուն. Հետեւաբար՝ Մեծն Բրիտանիոյ կամ
Ամերիկայի մէջ նման հարցեր դնող գիտնականները, փաստօրէն, կը գրաքննուին»։ Փաստ
է, որ նման «պատմաբաններ» այդպիսի նիւթեր կրնան հրատարակել Ամերիկայի մէջ՝ նոյնիսկ
ակադեմական հրատարակչատուներու մակնիշով։ ԱՄՆ-ի սահմանադրութեան առաջին ուղղումին գոյութիւնը
կը բացառէ, որ ցեղային գերակշռութիւն բուրող հրապարակումներ արգիլուին կամ գրաքննուին,
ալ ո՞ւր մնաց՝ հայոց ցեղասպանութիւնը խնդրականացնող հրատարակութիւններ։ Բայց ամերիկեան
մամուլը, որ հայութեան ներելու յորդորներ կը յղէր յիսուն տարի առաջ («Նիւ Եորք Թայմզ»,
24 Ապրիլ 1965), այսօր՝ պարկեշտ լրագրութեան թէ քաղաքական ինչ-ինչ շահերու թելադրանքով
(դուք ընտրեցէք), կը թուի մեծաւ մասամբ արտայայտել պատմութեան եւ պատմաշինութեան տարբերութեան
զգացողութիւն մը։ Սպասենք, որ մնայուն ըլլայ։
Նշելէ ետք, թէ որոշ քաղաքագէտներ հայոց ուզածը կ՚ընեն, որովհետեւ
«հայկական հարցը իսկապէս միայն մանր կէտ մըն
է միջազգային քաղաքական օրակարգին մէջ», Սանպերկը կը կրկնէ թրքական այն հէքեաթը
թէ «մինչեւ 1970-ական թուականները, մօտիկ բարեկամութիւն
եւ լայն համաձայնութիւն կար թրքական եւ աշխարհի մեծ մասի հայկական համայնքներուն միջեւ»,
որ զոհը դարձած է հակաթրքական արշաւին, իբրեւ թէ կապուած՝ «թուրք ժողովուրդի վրայ ճանաչողական ու բարոյական
գերակայութեան եւ զայն դատապարտելու իրաւունքին հետ»։
Վերադառնալով սկզբնական կէտին, եթէ Սանպերկը Մեծ Եղեռնը «պնդումներու զաւեշտալի (grotesque) շարք մը» կը նկատէ, արդեօք անոր կողմէ «սոսկալի դէպքեր»ուն գոյութեան ընդունումը կը բաւէ՞, որպէսզի հայ-թրքական
բարեկամութեան հանդէպ անոր վերաբերումը լուրջի առնուի՝ Մեծ Եղեռնը ներհայկական հաշուեյարդար նկատողի մը կողքին բեմ
բարձրանալու համար։ Ի դէպ, «Հետք»-ի վերոյիշեալ
տեսակցութեան մէջ, Շիրինօղլու կը յայտնէր.
«Հայաստանի պետութիւնը՝ իմանալով, որ կառավարութեան հետ մօտ եմ, անհանգիստ է, ու ինձ էլ, հաւանաբար, սխալ են ճանաչում։ Ես այդ մասին հոսկէ Հայաստան գացող-եկող մեր համայնքի մարդոցից կ՚իմանամ: Կ՚ասեն, թէ անոնց հետ աւելի մօտ է, քան Հայաստանին: Ատիկա այդպէս չէ, ու Հայաստանը շատ եմ սիրում: Ես էլ հայ եմ, ու իմ տէտէս (պապը) Տէր Հայր եղած է ու անոր գլուխն էլ կտրած են: Ես էլ տէտէիցս առաջ իմ պատմութիւնը չգիտեմ: Ու իմ ազգն էլ ամբողջ աշխարհով մէկ սփռուած է՝ Հայաստանում, Ռուսիայում, Յունաստանում, Ֆրանսիայում կուզէններ ունեմ, որոնցից շատերն արդէն մահացել են»։
Յայտնապէս, երկու
տարուան մէջ, այդ անհանգստութիւնը փարատած է, ու Շիրինօղլու նիւթապէս սատարած՝ անկախութեան
առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին։ Կը նշանակէ, ըստ երեւոյթին, որ ցեղասպանութեան մասին
անոր տեսակէտներուն շատ կարեւորութիւն չի տրուիր։ Սակայն, արդեօք այսպիսի հարցեր պէտք
չէ՞ մտահոգեն Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները, երբ մասնակիցներ ու գործակիցներ կ՚ընտրուին՝
քաղաքական շահերու եւ բարոյական ըմբռնումներու բարակ գիծէն քալելու ատեն...։
(*) Հաշտութեան Յանձնախումբի շրջանի Սանպէրկի հայեացքներուն համար, կը բաւէ կարդալ
յանձնախումբի համակարգողին՝ Տէյվիտ Ֆիլիփսի գիրքը (David L. Phillips, Unsilencing the Past: Track Two Diplomacy
and Turkish-Armenian Reconciliation, New York and Oxford, 2005)։
«Նոր Յառաջ», 14 Նոյեմբեր 2017
No comments:
Post a Comment