18.10.17

Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները»՝ մամուլի մէջ ցրուած էջերու նոր հաւաքածոյ մը


Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի «100-ամեակ»ի մատենաշարը հարստացաւ նոր հրատարակութեամբ մը։ Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները» կու գայ միանալու ցարդ տպագրուած չորս հատորներուն՝ Քասիմի «Օրուան մտածումներ», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» եւ նոյն Թէքէեանի «Կեսարիա» հատորներուն։ «Ժամանակ»-ի հրատարակութեան 100-ամեակին առթիւ կը հրատարակուին հաւաքածոներէն պեղուած յօդուածներ, յօդուածաշարքեր կամ ամբողջական երկեր, որոնք նոր լոյս մը կը սփռեն անցեալին եւ ի յայտ կը բերեն արեւմտահայ հեղինակներու գրական ժառանգութենէն նոր գործեր։
Վահան Թէքէեանի անունը սերտօրէն կապուած է «Ժամանակ»-ի պատմութեան։ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Վահան Թէքէեան սկսած էր աշխատակցիլ Քասիմի (Միսաք Գօչունեան) նոր հիմնադրած թերթին, նոյնիսկ ապագային դառնալով անոր գլխաւոր խմբագիրներէն մին, երբ թերթը միացած էր «Ժողովուրդի ձայնը»-ին։ Յիշեալ մատենաշարին նախորդ հրտարակութիւնը անցեալի փոշոտ հաւաքածոներէն դուրս կը հանէր ու առաջին անգամ առանձին հատորով մը կը հրատարակէր Թէքէեանի «Կեսարիա» գործը, իսկ հիմա ընթերցասէրներու սեղանին է արեւմտահայ գրականութեան այս դասական հեղինակին հրապարակագրական, գրական-գեղարուեստական եւ յուշագրական յօդուածներէն ու յօդուածաշարքերէն հարուստ ծաղկաքաղ մը զոր, ինչպէս նախորդ հատորները, պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։ Նորատիպ հատորին յառաջաբանը գրի առած է Վահան Թէքէեանի կեանքին ու ստեղծագործութեան անուանի մասնագէտներէն դոկտ. Վաչէ Ղազարեան։ Գնալը կղզիի երկուորեակ պատմական ապարանքները ներկայացնող կողքին հեղինակն է երգիծանկարիչ ու գեղանկարիչ Արէտ Կըճըր։
Երեք բաժիններէ բաղկացած հատորին առաջին բաժինը յատկացուած է հեղինակի հրապարակախօսական յօդուածներուն։ «Ժամանակ» եւ «Ժողովուրդի ձայնը» թերթերուն մէջ Թէքէեանի կողմէ ստորագրուած յօդուածներէն ընտրանի մը կարելի է գտնել այս բաժնին մէջ։ Յօդուածները առհասարակ կը վերաբերին սահմանադրութեան հռչակման անմիջական վաղորդայնի իրադարձութիւններուն՝ օսմանեան քաղաքական ու հայկական հասարակական կեանքի ինչ-ինչ դրուագներուն։
Երկրորդ բաժինը յատկացուած է գրական ու գեղարուեստական յօդուածներուն կամ յօդուածաշարքերուն, որոնք նոյնպէս հրատարակուած են «Ժամանակ»-ի, «Ժողովուրդի ձայնը-Ժամանակ»-ի կամ Գահիրէի «Արեւ»-ին մէջ։ Կարդալով այդ յօդուածները կարելի է գաղափար ունենալ ո՛չ միայն յետեղեռնեան արեւմտահայ գրական ու մշակութային կեանքին մասին, այլեւ ծանօթանալ Թէքէեանի մօտեցումներուն՝ Խորհրդային Հայաստանի գրականութեան, գրական անցուդարձերուն եւ նոյնիսկ 1922-ի ուղղագրական փոփոխութեան մասին։
Վերջին բաժինը, որ թերեւս ամենահետաքրքրականը կարելի է նկատել, Թէքէեանի յուշերն են։ Գրական աշխարհէն դէմքերու, արեւմտահայ քաղաքական-հասարակական կեանքէն անցուդարձերու մասին Թէքէեանի վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ իր անձնական կեանքէն դրուագներու ներկայացումը տարբեր անցքերու ու յայտնի անձերու մասին նոր բացայայտումներ կատարելու առընթեր, հաճելի ընթերցանութիւն մըն ալ կը պարգեւեն կարդացողին։
«Երկու դրախտները» հատորի իւրաքանչիւր բաժնէն ետք տեղադրուած են ծանօթագրութիւններ։ Հոն կարելի է գտնել նաեւ Թէքէեանի՝ ժամանակի մամուլին մէջ հրատարակուած երգիծանկարները, ինչպէս նաեւ հօր՝ Գալուստ Թէքէեանի Պաղլարպաշըի մէջ գտնուող շիրմին լուսանկարը։ Հատորի աւարտին դրուած յատուկ անուններու ցանկն ալ կը դիւրացնէ պատմաբաններու կամ գրականագէտներու աշխատանքը։

No comments:

Post a Comment