«Սփիւռքահայ գրականութեան վերջին փուլը 1980-90ականներուն էր, երբ
գրողներու առաջին սերունդը անհետացաւ, երկրորդ սերունդը ձեւաւորուեցաւ
գլխաւորապէս Միջին Արեւելքի՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Սակայն Լիբանանի
պատերազմէն ետք, Միջին Արեւելքի քաղաքական խառնակութեան հետեւանքով,
գրողները տարբեր ուղղութիւններով հեռացան», «Հայ Ձայն»ի հետ զրոյցի մը
ընթացքին նշեց սփիւռքահայ նշանաւոր գրող, գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեան՝
խօսելով սփիւռքահայ գրականութեան ներկայ խնդիրներուն ու անոր դիմաց ծառացած
մարտահրաւէրներուն մասին:
«Գրական մամուլը կը ստեղծէ գրողը, մանաւանդ, երբ այդ մամուլը հետամուտ
է, որ գրողները գրեն ու հրատարակեն իրենց ստեղծագործութիւնները», նշեց
Պըլտեան, ընդգծելով, որ այսօր գիր ու գրականութեան անմիջական արտայայտութեան հարթակը տպագիր մամուլի փոխարէն դարձած է համացանցը, սակայն այդպէս
ներկայացուող ստեղծագործութիւնները դեռեւս նկարագիր չունին, այսինքն՝ կը
բացակայի ընդհանուր ուղղութիւնը, հոսանքը, մտահոգութիւնները, գաղափարը,
իւրաքանչիւրը իր ցանկութիւններուն համապատասխան կը գրէ: Այսօր, մարդիկ կը
կարծեն, թէ շարադրութիւն գրողը կրնայ նաեւ գրականութիւն ստեղծել: Բայց
այդպիսիները գրական ստեղծագործութիւն չեն, համացանցը հրաշալի միջոց է առանց
գրաքննութեան հրապարակելու ստեղծագործութիւններ:
Ըստ Պըլտեանի, ընդհանուր գեղագիտական սկզբունքներ այլեւս չկան, եւ այս
երեւոյթը տիրական է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ այլ երկիրներու մէջ: Հայաստանի մէջ
ալ գրական մամուլ չկայ. «Պէտք չէ կարծել, որ անկազմակերպութիւնը միայն
Սփիւռքին յատուկ է», կը յայտնէ գրողը:
Գրականութիւնը, ըստ Պըլտեանի, ինքն իրեն պէտք է ծառայէ, գաղափարական միջոց չըլլայ: «Կարիք չկայ անընդհատ ըսելու, որ գրականութիւնը կը
ծառայէ ազգի պահպանման: Եթէ գրականութիւն կը ստեղծուի, ապա ան կը ստեղծէ
ե՛ւ լեզու, ե՛ւ ինքնութիւն»:
Պըլտեան նշեց, որ Սփիւռքի մէջ գրողներու թիւը քիչ է, որովհետեւ
պայմանները շատ հնարաւորութիւն չեն տար, իսկ գրելու համար ամենէն կարեւոր
պայմաններէն մէկը մայրենիով միտքեր արտայայտելու ու անսխալ գրելու
հանգամանքն է: Ըստ Պըլտեանի, հայ գրականութիւնը պէտք է հայերէնով ստեղծուի:
«Չեմ կրնար պատկերացնել հայ գրականութիւն, որ կը ստեղծուի անգլերէնով կամ
չինարէնով: Ճիշդ է, Սփիւռքի մէջ հայախօս մարդիկ շատ կան, բայց բոլորը այն
մակարդակին չեն տիրապետեր, որ գրականութիւն ստեղծեն: Լեզուով մը գրելու
համար, առնուազն, անձ մը պէտք է այդ լեզուն դպրոցը սորված ըլլայ:
Արեւմտեան գաղութներու մէջ ալ հայերէնը խորապէս չեն դասաւանդեր դպրոցներուն
մէջ, ուստի, դժուար թէ անիկա վերածուի գրականութեան լեզուի: Պէտք է նաեւ
գրելու ցանկութիւն ու ընթերցող ըլլայ: Այսօր հայերէնով լոյս տեսնող գիրքերը
արհամարհուած են հայութեան կողմէ: Հայութեան կարեւոր մասը իր տան մէջ
հայերէնով գիրքեր չունի: Արդէն հասկնալի է թէ ինչու չեն կարդար եւ գիրքերը
50 տարի նոր կը մնան…», յայտնեց Պըլտեան:
Հին Սփիւռքը կայ, որուն լեզուն արեւմտահայերէնն է, եւ նորը՝ Հայաստանէն
արտագաղթածներն են, որոնք արեւելահայերէնով կը գրեն: Ըստ Պըլտեանի, վերջինները այնքան կազմակերպուած չեն, որքան նախկին Սփիւռքը: Երբեմն այնքան
ալ մտահոգուած չեն Սփիւռքի մէջ գրականութիւն ստեղծելով: Արեւմտահայերը
միշտ իրենց հողէն դուրս գրականութիւն ստեղծած են, իսկ արեւելահայերը այդ
սովորութիւնը չունին, եւ արեւմտահայերու մօտ զարգացած է այն մտայնութիւնը,
որ գրականութիւնը հող է: «Պատմութեան բերումով, լեզուն մեզի համար հայրենիք
դարձած է: Բայց այժմ մարդիկ, կարծես թէ, դադրած են այդպէս մտածելէ: Այժմ
կը գրեն օտար լեզուներով, այն լեզուներով, զորս սորված են եւ ոչ թէ իրենց
մայրենիով», եզրափակեց Գրիգոր Պըլտեան:
«Ասպարէզ», 24 Յուլիս 2017
(*) «Շիրակ»ի հրատարակութիւնը դադրած է անցեալ տասնամեակի սկիզբը («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment