10.5.17

ԱՄՆ-ի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ընկերութիւնը հիմնուած չէ... 2015-ին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Ազգ»-ի 7 Ապրիլի թիւին մէջ, Յակոբ Ծուլիկեան «Արմինիըն Միրրոր-Սփեքթէյթըր»-էն քաղած է լուր մը, որ կը հաղորդէր, թէ Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ընկերութեան կողմէ նորահաստատ «Ակնառու գիրք» («Outstanding book») մրցանակով պարգեւատրուած էր ամերիկահայ երիտասարդ պատմաբան Պետրոս Տէր Մաթոսեանը։ Կը մէջբերենք լրատուութեան առաջին բաժինը.
«Ֆրէզնոյում նորաստեղծ Հայկական ուսումնասիրութիւնների ընկերութիւնը (ՀՈւԸ) “Արտակարգ գիրք” անուանակարգի իր առաջին մրցանակը շնորհել է Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի “Յեղափոխութեան խորտակուած անուրջները։ Ազատութիւնից դէպի բռնութիւն՝ օսմանեան կայսրութեան մայրամուտին” հատորին, որը լոյս է ընծայել Ստենֆորդ համալսարանի հրատարակչութիւնը 2014 թուին:
ՀՈւԸ-ն հիմնուել է 2015-ին: Իր այս առաջին մրցանակին կարող էին մասնակցել 2013-ի Ապրիլի 1-ից մինչեւ 2015-ի Ապրիլի 30-ը հրատարակուած գրքեր»:
Անգլերէն բնագիրը, ի հարկէ, հիմնուած էր Ընկերութեան կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան վրայ։ Սակայն, զարմանքով կարդացինք «նորաստեղծ» եւ «ՀՈւԸ-ը հիմնուել է 2015»-ին հայերէն բառերը, որոնք յայտնապէս թիւրիմացութեան արդիւնք էին, քանի որ սխալ կարդացուած էր մրցանակին մասին գրուած «established in 2015» («2015-ին հաստատուած») խօսքը։ Արդարեւ, 2015-ին մրցանա՛կը հաստատուած է եւ ո՛չ թէ կազմակերպութիւնը, որուն «նորաստեղծ» ըլլալը նոր կ՚իմանանք... տասնեօթը տարի անոր անդամակցելէ եւ 2015-էն ի վեր վարչութեան անդամ (2016-ին՝ փոխնախագահ) ըլլալէ ի վեր։
Պարզապէս անտեղեակ ընթերցողը լուսաբանելու, իսկ հայագիտական շրջանակները (Հայաստանի՝ մասնաւորապէս) թիւրիմացութեան հնարաւորութենէն զերծ պահելու համար, կ՚ուզենք նշել, որ 2015-ին նոր հայագիտական կազմակերպութիւն մը հիմնուած չէ Ֆրէզնոյի մէջ։ Խօսքը կը վերաբերի արդէն յայտնի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ընկերութեան (Society for Armenian Studies-ի հայերէն պաշտօնական անունը), որ հիմնուած է ո՛չ թէ 2015-ին, այլ՝ 1974-ին, հինգ հայագէտներու՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Աւետիս Սանճեանի, Տիգրան Գույումճեանի, Ռոպերթ Թոմսընի եւ Նինա Կարսոյեանի կողմէ։ Ի դէպ, ՀՈւԸ-ը իր հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով հայագիտական եռօրեայ գիտաժողով մը կազմակերպած էր ՀՀ ԳԱԱ կլոր դահլիճին մէջ, Հոկտեմբեր 2014-ին, 20 հայաստանցի եւ 20 արտասահմանցի (հայ եւ օտար) մասնագէտներու մասնակցութեամբ։ Նոյն ՀՈւԸ-ը, որ 1984-էն ի վեր կը հրատարակէ իր հայագիտական հանդէսը՝ Journal of the Society for Armenian Studies, 2015-ին հաստատած է հայագիտական գիրքը պարգեւատրելու եւ քաջալերելու կոչուած երկամեայ մրցանակը։ Ներկայ նախագահը Պարլօ Տէր Մկրտիչեանն է՝ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրէզնոյի ճիւղի հայագիտական ծրագրի վարիչը, իսկ Ընկերութեան քարտուղարութիւնը միեւնոյն քաղաքին մէջ կը գտնուի։

«Նոր Յառաջ», 6 Մայիս 2017


No comments:

Post a Comment