4.4.17

Վարդան Մատթէոսեան. «Սփիւռքի որոշ խաւ մը պատրաստ է մասնակից ըլլալ Հայաստանի պետականութեան կառուցման»

-Արդեօք կը հետեւի՞ք Հայաստանի ներքաղաքական   զարգացումներուն: Եթէ այո, ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդհանուր նախընտրական իրավիճակը:

Կը խոստովանիմ, որ կը հետեւիմ ներքաղաքական զարգացումներուն, բայց ոչ ամենայն մանրամասնութեամբ։ Նախընտրական իրավիճակը, յատկապէս նկատի ունենալով ինչ-ինչ քրէական եղելութիւններ, «վերեւներից» եկած պարտադրանքներ, ինչպէս եւ Արթուր Սարգսեանի մահուան պարագան, դժբախտաբար մեծ յոյսեր չի ներշնչեր, որ նախորդ ընտրութիւններու բաղդատմամբ յառաջընթաց մը արձանագրուի։ Երանի թէ սխալիմ, անշուշտ։


-Անցնող մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած նախընտրական արշաւներու ժամանակ շատ խօսուեցաւ Ղարաբաղեան հարցին մասին: «Հայ ազգային գոնկրէս»ը (ՀԱԿ)  իր քաղաքական ընտրարշաւը կայացուց «խաղաղութիւն կերտելու» առաջադրանքին վրայ: Ձեր կարծքիով որքանո՞վ իրատեսական է ՀԱԿ-ի մօտեցումը՝ նկատի ունենալով շրջանային ընդհանուր իրավիճակը:

Խաղաղութեան կերտումը միայն տեղի կ՚ունենայ, երբ երկու կողմեր պատրաստ են զայն իրագործելու։ Եթէ կողմերէն մէկը նման տրամադրութիւն չի ցուցաբերեր, ուրեմն այդ խօսակցութիւնը կը դառնայ ձայն բարբառոյ յանապատի։  


-Ամերիկահայ Սփիւռքը  որքանո՞վ հետաքրքրուած է Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններով:

Նկատի ունենալով թերթերու բովանդակութիւնը եւ, երբեմն, յօդուածներուն հետեւող առցանց մեկնաբանութիւնները, անշուշտ կայ հետաքրքրութիւն մը։ Այդ հետաքրքրութիւնը բնականաբար կը տարբերի՝ ըստ ամերիկահայ զանգուածի տեսականիի։ Պէտք է տարբերել անգլիախօս տեղածինի, Միջին Արեւելքէն կամ այլ տեղերէ հայախօսներու, եւ յատկապէս՝ Հայաստանէն եկողներու մօտեցումները։ Նկատելի է, մէկ կողմէ՝ ժողովրդավարական կանոններու կամ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու հանդէպ ժխտական կեցուածքը, միւս կողմէ՝ ինչ-ինչ կուսակցական կամ գաղափարախօսական ակնոցի առկայութիւնը՝ իրադարձութիւններու մասին դատելու պահուն։   


-«Սասնայ Ծռեր»ու դէպքէն ետք Սփիւռքի մէջ շարժում մը սկսաւ, որուն անդամակցեցան միջազգային վարկ եւ ճանաչում ունեցող շարք մը սփիւռքահայ գործիչներ, որոնց նպատակն էր վերահսկողական  նոր մեխանիզմներ գտնել եւ մօտէն հետեւիլ Հայաստանի ընտրութիւններուն: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս նախաձեռնութիւնը, եւ արդեօք այդ նախաձեռնութեան մասին ամերիկահայ հանրութեան մօտ խօսակցութիւններ կա՞ն:

Այդ շարժումը ինքնին ցոյց կու տայ, թէ Սփիւռքի որոշ խաւ մը, որ կուսակցութիւններէ դուրս կը գործէ, կամ գործելու նպատակ ունի, հետաքրքրուած է իր քաղաքացիական պարտքի բաժինը բերելու Հայաստանի պետականութեան կառուցումին։ Այդ պարտականութիւնը, ի հարկէ, կապ չունի ներքաղաքական դէպքերու կամ ընտրապայքարին հետ. անոր շարժառիթը այն է, որ օր մը կարելի ըլլայ տեսնել կանոնաւոր ընտրութիւններու գործընթաց մը, զերծ՝ ընտրախախտումներէ։ Հոս պէտք չկայ վկայակոչելու Միացեալ Նահանգները կամ Արեւմտեան Եւրոպան։ Արդեօք սովորութիւն ունի՞նք լսելու, որ ընտրական խախտումներ եղած են, օրինակ, Արժանթինի, Ուրուկուայի, Թուրքիոյ կամ Իսրայէլի մէջ…։

Մասնաւոր խօսակցութիւններ չեմ լսած, բացի թերթերու մէջ յայտնուած կարծիքներէ, բայց վստահ չեմ, որ այդ նախաձեռնութիւնը զանգուածային մասնակցութեան արժանացած է, ինչ որ անշուշտ կարելի է վերագրել բազմաթիւ ազդակներու:


-Ձեր կարծիքով, ի՞նչն է, որ կը խանգարէ, որ Հայաստանի մէջ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կայացումը: Արդեօք նախագահ Սերժ Սարգսեանի խոստումը այդ կապակցութեամբ՝ ունենալու արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ, իրականանալի՞ է:

Աշխարհի որեւէ տեղ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կայացումը ժողովրդավարական որոշակի զարգացումի, բայց մանաւանդ՝ քաղաքական կամեցողութեան հետ կապուած է։ Քաղաքական կամեցողութիւնը կ՚ենթադրէ ժողովրդավարութեան շահերը վեր դնել կուսակցական շահերէն. այս պարագային՝ ստեղծել ընտրական համակարգ մը, որ ո՛չ միայն թուղթի վրայ, այլ գործնապէս ուղղուած ըլլայ յարգելու քաղաքացիին կամքը։ Ամերիկեան մտածելակերպի սկզբունքներէն մէկը կ՚ենթադրէ, որ ոչ ոք, օրուան նախագահը ներառեալ, օրէնքի կանոններէն վեր կը գտնուի։ Ատիկա կը տարածուի նաեւ ընտրական օրէնսդրութեան պարագային։ Պատրա՞ստ ենք կարգ ու կանոնի տիրապետութիւնը հաստատելու Հայաստանի մէջ, թէ՞ պիտի շարունակենք խորհրդային շրջանէն եկող այն մտայնութիւնը, թէ «օրէնքը ստեղծուել է խախտուելու համար»։ 
  

– Հայաստանի քաղաքացիներու կարեւոր մէկ տոկոսը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, Ձեր տեղեկութիւններով, ի՞նչ կարծիք ունին Ամերիկա բնակութիւն հաստատած Հայաստանի քաղաքացիները կամ հայաստանցիները այսօր Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր քաղաքական իրավիճակին առնչութեամբ:

Դժբախտաբար, Հայաստանէն եկողներու հետ շփումներս համեմատաբար սահմանափակ են։ Ինծի կը թուի, սակայն, որ այդ հարցումին պատասխանը կապուած է անձին «հնութենէն»։ Որքան աւելի ժամանակ անցուցած ըլլայ Ամերիկայի մէջ, այնքան աւելի այդ հետաքրքրութիւնը կը նուազի կամ կը փոխուի՝ նաեւ ամերիկեան քաղաքական մտածողութեան ազդեցութեան տակ։ Բայց կարելի է հանդիպիլ թէ՛ անոնց, որոնք համաձայն են այժմու պայմաններուն (քաղաքական կայունութիւն պահելու աւանդական տեսակէտով, տրուած ըլլալով շրջանային պայմանները) եւ թէ՛ անոնց, որոնք կողմնակից են իշխանափոխութեան՝ ինչ ձեւ ալ ունենայ ան։  

«Հայ Ձայն» (haydzayn.am), 4 Ապրիլ 2017

No comments:

Post a Comment