1.3.17

Ճշդումի կարգով

«Ա.»
 
Հինգշաբթի օրուան [23 Փետրուար 2017] մեր թիւով լոյս տեսած «Լափշինը, հաց բերողը եւ նեղազգային հռետորաբանութիւնը» խորագրեալ յօդուածին տեղ տուած էինք առանց բաժնելու այնտեղ արծարծուած կարգ մը տեսակէտներ, դատումներ ու եզրայանգումեր։
Այս առիթով յատկապէս այստեղ պէտք է ընդգծել անհամեմատելիութիւնը Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ քաղաքական հալածանքներու եւ մարդու իրաւունքնեու թեմաներուն վերաբերալ։ Այս մօտեցումը որեւէ առումով ենթակայական բնոյթ չունի կամ հակառակորդներու նկատմամբ քաղաքական գերզգայնութեան նկատառումով չէ, որ կ’արձանագրուի։ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ քաղաքական բանտարկեալներու չգոյութիւնը, մամուլի ազատութիւնը կամ քաղաքական հալածանքի բացակայութիւնը հաստատուած է բազմաթիւ օտար կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ։

Եւ բնական է ու աւելի քան բնական, որ նոյնիսկ եթէ մեր երկրին մէջ նկատուին մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումերու երեւոյթներ, մենք յատկապէս հրապարակային առումով չենք կրնար նոյն հնչեղութիւնը տալ մեր հակառակորդ երկիրներուն մէջ արձանագրուածներուն եւ մեր երկրին մէջ պատահածներուն միջեւ։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրներուն, ժողովրդավարութեան, օրինականութեան վիճակի հարցերուն, ապա չափազանցուած է այն կարծիքը, թէ այս մասին չի խօսուիր։ Հարցը այն է, որ պէտք է լաւ պատկերացնել Հայաստանի առանձնայատկութիւնները այս հարցերուն մէջ, օրինակ` խօսքի ազատութիւնը Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն կաշկանդուած չէ, այլեւ երբեմն ոմանց կողմէ կը չարաշահուի` հասնելով սանձարձակութեան մակարդակի: Ասով հանդերձ ըսել, թէ Հայաստանը լիարժէքօրէն ժողովրդավար երկիր է, նոյնպէս սխալած կ’ըլլանք`մեկնելով այլեւայլ ցուցանիշներէ: Ուրեմն գնահատումներ պէտք է կատարել նկատի առնելով վերը ակնարկուած առանձնայատկութիւններու պարագան:
Մի քանի բացատրութիւն` «հաց բերողին եւ Լափշինի կապուած»։
Կարելի է հասկնալ տրամադրութիւնը մարդոց, որոնք չեն ուզեր, որ հայորդի մը եւս յայտնուի ճաղերու ետին եւ յուսանք, որ այս պարագային այդպէս չըլլար։ Միւս կողմէ, օրինականութեան տեսանկիւնէ դատելով, պէտք է ընդունինք, որ մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ զինուած գործողութեամբ ռազմականացուած հաստատութեան գրաւումը, եւ անոր հետեւանքով երեք զոհերու ի յայտ գալը, պատանդառութեան եւ այլ փաստերը կատարուածին այլ գնահատական չեն կրնար տալ, քան յանցագործութիւն: Նոյնիսկ եթէ փորձենք ընդունիլ, որ գործողութիւն իրականացնողներուն նպատակները բարի եղած են։ Այս անձերուն անօրինական ձեւով հաց հասցնելը եւ անոնց հետ քանի մը օր մնալը որքան ալ խուսափինք բնորոշումէն, սակայն այլ բան չենք կրնար անուանել, քան` «գործակցութիւն»: Իսկ եթէ իսկապէս պետութիւն գոյութիւն ունի, անիկա պարտաւոր է քննել հարցը: Ի դէպ, երկրորդ անգամ այս անձը ձերբակալելու պաշտօնական մեկնաբանութիւնը եղած է ոչ թէ հիւանդութեան պարագան, այլ .«Դուրսը գտնուելով խոչընդոտած է նախաքննութեան ընթացքին»:
Ինչ կը վերաբերի Լափշինին, ապա Հայաստանի իշխանութիւնները քանի մը առիթով յայտարարեցին, որ խնդիրը կը հետապնդեն, սակայն գերադասեցին հրապարակային մեծ աղմուկ չդրսեւորել: Հաւանաբար ասիկա ճիշդ ձեւ էր, եւ ուրիշներ եւս նոյն կերպով վարուեցան (յիշենք Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ցոյցերը միջազգային կազմակերպութիւններու, Ազրպէյճանի դեսպանութիւններուն առջեւ եւ այլն)։ Հայկական կողմէն արտայայտուած գործողութիւնները` այս հարցին մէջ, խնդիրը կրնան վերածել Հայաստան-Ազրպէյճան սկզբունքային վէճի եւ առաւել չափով հեռացնել անոր դրական լուծման հնարաւորութիւնները: Ի վերջոյ ասիկա մեր անմիջական խնդիրը չէր, այլ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի: Չմոռնանք գործին առնչուած ոչ երկրորդական այլ հանգամանք մը: Լափշինը նաեւ կեղծ անձնագիրով մուտք գործած է Ազրպէյճանի տարածք:
Փորձ կատարելով հարցի այս սահմանափակ քննարկումը բերել գաղափարական հարթութիւն, պէտք է նշել դարձեալ, որ յուլիսեան դէպքերու օրերուն շատ աւելի լուրջ, ծանր խնդիր էր մեր մամուլին համար (եւ գուցէ նաեւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ կամ հայկական մամուլին համար), որ մենք կեդրոնանայինք հարցի անցնցում աւարտի ապահովման համար ի գործ դրուող ճիգերուն վրայ, քան` հաց բերողին կատարած նախաձեռնութեան։
Գաղափարականութիւնը կը յուշէ, որ առաջնահերթը երկրին անդորրութեան, անվտանգութեան, անցնցում իրավիճակներու պահպանումն է։Իսկ այս առաջադրանքը առաջնային նկատելը աշխարհայեացքի ընդարձակում է, գաղափարական ճիշդ մօտեցում եւ ծայրայեղութիւնները մերժելու սկզբունքային կեցուածքի դրսեւորում։
Մտահոգ ենք միաժամանակ, որ այս առաջնահերթութիւններու ակամայ անտեսումը կրնայ առաջնորդել գաղափարական խարխափումներու եւ սխալ եզրայանգումներու` յատկապէս տարբեր թեմաներու շուրջ մեր երկիրը մեզ շրջապատող պետութիւններու բռնատիրական կարգերու հետ համեմատելու առումով։

«Ազդակ», 24 Փետրուար 2017

No comments:

Post a Comment