Ժ. Չ.
Զարմանալի ու արտասովոր յայտարարութիւն մը լոյս տեսաւ ՀԲԸՄ-ի 110-ամեակին առթիւ IDeA-ի կողմէ New York Times եւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթերուն մէջ՝ «Գլոբալ (համաշխարհայնացած - աշխարհասփիւռ) հայերու ապագան այսօր է»։ Ի՞նչ էր բուն պատգամը այս յայտարարութեան։ Որո՞ւն ուղղուած է։ Ինչո՞ւ New York Times-ի մէջ եւ ոչ՝ աշխարհասփիւռ հայկական թերթերուն։
Բարեգործական եւ IDeA՝ իրարու հետ գործակցութեան դաշինք կնքած, քոյր կազմակերպութիւններ են։ Առաջինը՝ Օսմանեան կայսրութեան օրօք հիմնուած, երկրորդը՝ նորագոյն օրերու անկախութեան պտուղ՝ ռուսահայ համայնքի արգասիքը։ Յայտարարութիւնը ընկալել իբր զուտ շնորհաւորական հանրային խօսք՝ պիտի ըլլար թերի։ Անոր բովանդակութիւնը շատ աւելի ընդգրկուն է։ Նպատակը՝ արդի հայու, համաշխարհայնացած հայու նոր պատկերով՝ միտքը տպաւորելն է New York Times-ի ընթերցողին, ապահովել ամերիկահայերու աջակցութիւնը եւ անոնց ներդրումները դէպի Հայաստան։ Թէ ոչ՝ ինչո՞ւ IDeA-ի կողմէ շնորհաւորականը հրապարակային դարձնել, այն ալ New York Times-ի մէջ, եւ ոչ՝ համայնքային թերթերու։
Յայտարարութեան մէջ աչքի կը զարնէ global տարազը, որ ժամանակակից աշխարհաքաղաքականութեան համաշխարհայնացումը ընդգծող ամենէն աչքառու եզրն է, հեռու հայկական աւանդական եզրերու գործածութենէն՝ Ցեղասպանութեան ճանաչում, հատուցում, լեզու, մշակոյթ, աւանդական կուսակցութիւններ, եկեղեցի, հայրենիք, Սփիւռք։ Աւանդական սփիւռքահայուն կը հագցնէ աշխարհաքաղաքացիի (global) տարազ։ Կը գովերգէ սփիւռքահայ յաջող հաստատութիւնները, անոնց պատմական գործունէութիւնը։ Սակայն, յետին նպատակը կը մնայ հայաստանակեդրոն ներդրումներ ապահովելը։ Այս երեւոյթը ընդգծուած է յայտարարութեան ենթավերնագիրին մէջ՝ «Պատմական կարելիութիւն՝ հայերու միաւորման եւ Հայաստանի ապագան միասին կերտելու համար»։
Եւ ո՞րն է այդ «պատմական կարելիութիւնը»։ Մէկ բան յստակ է, որ Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը գտած է դաշնակից մը եւ զօրավիգ կանգնող մը՝ յանձին Ռուբէն Վարդանեանի եւ անոր գաղափարակիցներուն։
Յայտարարութիւնը ԱՄՆ-ու նախագահական ընտրութիւններուն տասնըհինգ օր մնացած հրապարակուած ըլլալով՝ չկրցաւ ամերիկացի թեկնածուներուն ուշադրութիւնը գրաւել, բայց եթէ գոնէ կարենար գրաւել հայ օլիկարխներունը, որոնք նոյնպէս աշխարհայնացման ուրիշ մէկ արտադրութիւնն են եւ գլխաւոր խոչընդոտը՝ երկրին տնտեսական զարգացման։
Կիներու խումբ մը բողոքեց IDeAի այս յայտարարութեան դէմ։ Ուրիշ խումբեր ալ կրնային բողոքել որոնք չեն ընդգրկուած ստորագրողներու ցանկին մէջ, ինչպէս բժիշկներ, փաստաբաններ, լրասփիւռներու տնօրէններ… մանաւանդ այս վերջինները, որոնք իրենց քիթին տակէն փախցուցած եղան շահաբեր գովազդային պայմանագիր մը։ Թերեւս ալ այս է գինը հասնելու «համաշխարհայնացած» հայերուն։
«Նոր Յառաջ», 10 Նոյեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment