21.10.16

Հրաժեշտ Շամիրամ Սեւակին

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Լու­սան­կար մը կայ, որ վեր­ջին շրջա­նին հրա­պա­րա­կուե­լով,  սի­րե­լի դար­ձած է շա­տե­րուն: Շամի­րամ Սե­ւակն է լու­սան­կա­րին մէջ՝ խնա­մուած, ազ­նուա­կան դի­մա­գի­ծով, սպի­տա­կա­հեր հայու­հին, որ  լու­սան­կա­րին մէջ ինքն ալ ձեռ­քը ար­ծա­թա­գոյն շրջա­նա­կով լու­սան­կար մը բռնած է: Այդ մէ­կը լու­սան­կա­րուած է մէկ-եր­կու տա­րի ա­ռաջ՝ Ֆրան­սա, Նիս:  Սեւ-ճեր­մակ այդ լուսան­կա­րը մեծ դեր ու­նե­ցած է Շա­մի­րամ Սե­ւա­կի  կեան­քին մէջ: Լու­սան­կա­րը կը պատ­կե­րէ եր­կու ան­ձինք՝ Ռու­բէն Սե­ւակն ու գեր­մա­նու­հի կի­նը՝  Եա­նի Ա­փփե­լը: Շա­մի­րամ Սե­ւա­կի ծնողքն է, նա­հա­տակ գրող՝ Ռու­բէն Սե­ւակն ու ա­նոր հա­ւա­տա­րիմ կո­ղա­կի­ցը՝ Եա­նի Ա­փփե­լը:
Նի­սի մեր­ձա­կայ­քը տա­րեց­նե­րու խնամ­քի տու­նե­րէն մէ­կուն մէջ գտնուող Շա­մի­րամ Սե­ւա­կի առանձ­նա­սե­նեա­կին մէջ այլ լու­սան­կար մը եւս կը պա­հուէր, որ ան միշտ ցոյց կու տար իր տան այ­ցե­լու­նե­րուն եւ կը պատ­մէր, որ լու­սան­կա­րին մէջ ինքն է, մայ­րը եւ եղ­բայ­րը: Մայ­րը սեւ հագած է, սգա­ւո­րի սեւ գլխարկ մը կը կրէ, քա­նի որ ա­նոր ա­մու­սի­նը՝ Ռու­բէն Սե­ւակ՝ նա­հա­տակ է եւ ընդ­միշտ հե­ռա­ցած է սի­րե­լի­նե­րէն: Լու­սան­կա­րը առ­նուած է Պոլ­սոյ մէջ, 1915 թուա­կա­նի աշ­նան: Ըն­տա­նի­քին հօր, ա­մու­սի­նին մա­հը  ծանր ազ­դած է ըն­տա­նի­քին վրայ, եւ մին­չեւ կեանքին վեր­ջը ե­րեքն ալ կրած են ան­դառ­նա­լի կորս­տեան վիշ­տը:
Մօր եւ եղ­բօր հետ Շա­մի­րա­մին լու­սան­կա­րը, ուր ան մէկ տա­րե­կան էր, իսկ եղ­բայ­րը՝ Լե­ւո­նը երեք տա­րե­կան, ե­ղած է լու­սան­կա­րը այն  ան­ցագ­րին‚ ո­րուն մի­ջո­ցաւ ըն­տա­նի­քը դուրս ե­լած է Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն: 
Ա­նոնց մայ­րը՝ Եանին Ռու­բէն Սե­ւա­կի ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն ետք կը փոր­ձէր Պոլ­սոյ մէջ Գերմանիոյ դես­պա­նա­տան մի­ջո­ցաւ կապ հաս­տա­տել Գեր­մա­նիա գտնուող իր հօր հետ։  Ան կը յու­սար‚ որ գեր­մա­նա­կան բա­նա­կէն հանգս­տեան կո­չուած Ֆրանց Ա­փփել Տոր՝ իր հայ­րը,  պիտի կա­րե­նայ գեր­մա­նա­կան եւ օս­մա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ ազ­դե­ցու­թիւն բանեցնելով իր ա­մու­սի­նը ա­զատ ար­ձա­կե­լու հար­ցին օգ­տա­կար դառ­նար։ Հար­ցը, ան­շուշտ,  հա­սաւ իշ­խա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կին‚ Պոլ­սոյ ոս­տի­կա­նա­պե­տը կը յոր­դո­րէ Գերմա­նիոյ դես­պա­նա­տան աշ­խա­տա­կից­նե­րուն՝ Եանին ետ ու­ղար­կել Գեր­մա­նիա, սա­կայն ան ա­ռանց ա­մու­սի­նին կը հրա­ժա­րի մեկ­նիլ, եւ օ­րեր անց կը ստա­նան Ռու­բէն Սե­ւա­կի մա­հուան գոյ­ժը:
Սրտնե­ղած իր հա­րա­զատ երկ­րէն՝ Եանի կը մեկ­նի Զուի­ցե­րիա: Մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջը Շամի­րամ Սե­ւակ կը յի­շէ, որ մայ­րը հրա­ժա­րած է Գեր­մա­նիոյ հպա­տա­կու­թե­նէն եւ ստա­ցած է  Հա­յաս­տա­նի ան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցիու­թիւ­նը։ Եւ ա­մու­սի­նը ա­զատ ար­ձա­կե­լու խնդրան­քին իր հա­րա­զատ երկ­րին լռու­թիւ­նը պատ­ճառ դար­ձած է նաեւ, որ ազ­գու­թեամբ գերմա­նա­ցի իր մայ­րը զա­ւակ­նե­րուն հետ եր­բեք չխօ­սի գեր­մա­նե­րէն եւ ամ­բողջ կեան­քին ընթաց­քին չայ­ցե­լէ Գեր­մա­նիա: Շա­մի­րամ նոյն­պէս, ամ­բողջ կեան­քին ըն­թաց­քին, ըլ­լա­լով կէս գեր­մա­նա­ցի, եր­բեք չէ այ­ցե­լած Գեր­մա­նիա:  Եւ­րո­պա­յէն ըն­տա­նի­քը 1918 թուա­կա­նին, Ռու­բէն Սե­ւա­կի հօր եւ մօր կան­չով կը մեկ­նի Սի­լիվ­րի, ուր Շա­մի­րա­մի հօր կող­մէն մեծ­ հայրն ու մեծ մայ­րը հսկայ ա­գա­րակ մը ու­նէին: Թէեւ պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տած էր, սա­կայն երկ­րին մէջ տակա­ւին խմո­րում­ներ կա­յին եւ Եանին, իր զա­ւակ­նե­րուն անվ­տան­գու­թեան հա­մար, մտա­դիր չէր մնալ հոն: Ինք՝ կրկին Փա­րիզ կը վե­րա­դառ­նայ, իսկ զա­ւակ­նե­րը 1922 թուա­կա­նին նա­ւով Մար­սէյլ կը հաս­նին:
Եա­նի Ա­փփել Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նին նա­մակ գրե­լով խնդրած է‚ որ իր զա­ւակ­նե­րուն  հա­յե­րէն կրթու­թիւն ստա­նա­լուն օ­ժան­դա­կէ…  Ձեր­բա­կա­լուե­լէն ա­ռաջ, օր մը, կան­խազ­գա­լով, որ կրկին պի­տի չտես­նէ իր ըն­տա­նի­քը, Ռու­բէն Սե­ւակ Ճե­նիին ը­սած է.  «Եր­բեք չմոռ­նաս, որ քու զաւակներդ հայ ե­ն»: Այդ­պէս, գեր­մա­նու­հի կի­նը մին­չեւ վերջ ջա­նաց հայ պա­հել իր զաւակները: 
Հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն սերտ ըլ­լալն էր թե­րեւս նաեւ պատ­ճառ­նե­րէն մին, որ Շա­մի­րամ Սեւակ, իր կեան­քին ըն­թաց­քին քա­նի մը ան­գամ այ­ցե­լած է Հա­յաս­տան, ծա­նօ­թա­ցած է հայրենի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան հետ, այ­ցե­լու­թիւն­ներ տուած  իր հօ­րը ա­նու­նը կրող Ե­րե­ւա­նի դպրոցը, վա­յե­լած է Հա­յաս­տա­նը:
Շա­մի­րամ Սե­ւա­կի յու­շե­րուն մէջ հե­տաքրք­րա­կան դրուագ մը եւս կը գտնէք ման­կու­թեան օրերէն, երբ իր մեծ ­հօրն ու մեծ­ մօ­րը այ­ցե­լե­լէն ետք կրկին Ֆրան­սա կը հաս­նին. «Ֆրան­սա հասանք 1922-ին՝ ո­ջի­լի, կեղ­տի մէջ: Մեր ու­սու­ցի­չը՝ Ա­ւե­տիս Համ­բար­ձու­մեան ա­նու­նով  մարդ մըն էր՝ ա­դա­ման­դի հա­րուստ վա­ճա­ռա­կան մը։ Ան մեծ­ցուց մե­զ եւ միշտ հրա­շա­լի նուէր­ներ կը բե­րէ­ր»: Օր մըն ալ  Շա­մի­րա­մի մայ­րը լսեց, որ Կո­մի­տա­սը՝ հա­յոց մե­ծա­գոյն եր­գա­հան­նե­րէն մէկը, պի­տի այ­ցե­լէ տե­ղւոյն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, հա­զուա­դէպ ե­րե­ւոյթ մըն էր այս մէ­կը:  «Ան հի­ւանդ էր եւ գրե­թէ դուրս չէր ել­լեր հի­ւան­դա­նո­ցէ­ն», կը յի­շէ  Շա­մի­րա­մը։ Եանին ե­րե­խա­նե­րը տա­րած է Կո­մի­տա­սը տես­նե­լու։ Շա­մի­րա­մը միշտ կը յի­շէ այս մէ­կը. «Մայրս չը­սաւ, որ ա­սոնք իմ ե­րե­խա­ներս են, այլ ը­սաւ՝ Ռու­բէն Սե­ւա­կի ե­րե­խա­ներն են։ Կո­մի­տաս չա­փա­զանց տպաւորուած էր։ Լայ­նա­ճա­կատ ու բարձ­րա­հա­սակ այդ մար­դը, սա­կայն, ար­դէն հի­ւանդ էր եւ դժուար կը քա­լէր: Երբ հաս­կա­ցաւ, թէ մենք ո­վքե՞ր ենք, ար­ցունք­նե­րը գլո­րուե­ցան ե­րեսն ի վար»։
Ա­հա­ւա­սիկ, այս բո­լո­րը այ­լեւս յու­շե­րուն գիր­կը ան­ցած են. Ֆրան­սա­յի մէջ, 102 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցած է մեծ գրա­գէ­տին՝ Ռու­բէն Սե­ւա­կին դուստ­րը: Ան ծնած է 10 Յու­լիս 1914 թուականին, Պո­լիս։ Ան շատ փոքր էր, երբ Ռու­բէն Սե­ւակ աք­սո­րուե­ցաւ, ու­րեմն հայր եւ դուստր շատ չեն տե­սած զի­րար: Սա­կայն ֆի­զի­քա­կան շփման այդ բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը չէ խանգա­րած Շամիրամ Սե­ւա­կը՝ մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջը հա­ւա­տա­րիմ մնալ իր հօր ա­նուան, հպար­տու­թեամբ կրել ա­նոր մա­կա­նու­նը եւ սրբու­թեան պէս պա­հել իւ­րա­քան­չիւր մա­սունք, որ արեւմտահայ մեծ գրող՝ Ռու­բէն Սե­ւա­կին կը վե­րա­բե­րէր: Ա­ւե­լի՛ն, Շա­մի­րամ Սե­ւակ մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջը ապ­րած է այն մո­գա­կան ու­ժով ու ազ­դե­ցու­թեամբ, որ իր հայ­րը ու­նե­ցած է դստեր վրայ: Ան­բա­ցատ­րե­լի կա­պուա­ծու­թիւն մըն է, որ կը խօ­սի միայն վեհ ու անձ­նուէր հո­գիի մա­սին: Այդ հո­գիին տէրն էր Շա­մի­րամ: Շա­մի­րամ Սե­ւակ նուի­րուա­ծու­թեամբ կը տա­րա­ծէր նաեւ իր հօր ժա­ռան­գու­թիւ­նը՝ գրա­կա­նու­թիւ­նը, նա­մակ­նե­րը եւ վեր­ջա­պէս ա­նոր կեան­քի պատ­մու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ա­մէն մարդ, հայ թէ օ­տար, ծա­նօ­թա­նայ այն ինք­նա­տիպ եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ող­բեր­գա­կան սի­րոյ եւ կեան­քի պատ­մու­թեան, որ Ռու­բէն Սե­ւակ ձգած է իր ե­տին: 
Շա­մի­րամ, իր մօր յոր­դո­րով եր­կար ժա­մա­նակ հայ ա­մու­սին  կը փնտռէր եւ ի վեր­ջոյ կ՚ամուսնա­նայ  քա­ռա­սուն­հինգ տա­րե­կա­նին ֆրան­սիա­ցիի մը հետ, եւ ար­դէն ուշ էր ե­րեխայ ու­նե­նա­լու հա­մար։
Իսկ ա­նոր եղ­բայ­րը՝ Լե­ւո­նը մա­հա­ցած է 2004 թուա­կա­նին:

«Ժամանակ», 20 Հոկտեմբեր 2016

No comments:

Post a Comment