ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
7-8 Հոկտեմբեր թուականներուն կայացաւ «Հայկական ինքնութեան
քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն՝ խոցելիութիւն, առաձգականութիւն
եւ փոխակերպութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որու կազմակերպիչներն
էին «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ն ու «Համազգային»ը՝ հովանաւորութեամբ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան» ու Պոլսոյ Շուէտի գլխաւոր հիւպատոսութեան։ Գիտաժողովը կայացաւ «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի
«Անարատ Յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ։
«Հրանդ Տինք
Հիմնարկ»ը ամենամեայ գիտաժողովներով կը ջանայ արծարծել հարցեր,
որոնց քննարկումը անցեալի լուսաբանման ու յատկապէս ներկան
վերլուծելու տեսակէտէ կ՚ունենան խիստ կարեւոր նշանակութիւն։
Այդպէս էր, օրինակ, 2013-ին կազմակերպուած իսլամաց(ու)ած հայերու
խորհրդաժողովը, 2012-ին Մարտինին ու 2011-ին Տիյարպէքիրին նուիրուած
գիտաժողովները եւլն.։ Այդպէս եղաւ նաեւ այս վերջինը, ուր օրակարգի
բերուած նիւթերը, ինչպէս կը յուշէ ձեռնարկին խորագիրը, կարեւոր
էին, հետաքրքրական ու արդիական։
Միջազգային այս գիտաժողովին
մասնակցեցան Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր
վայրերէն ժամանած հայ, թուրք եւ օտար մասնագէտներ, հանրային
գործիչներ, որոնց կարգին նշելի են ԱՄՆ-էն Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Ռուբինա
Փիրումեանի, Լոնտոնէն Հրաչ Չիլինկիրեանի, Լիզպոնէն Ռազմիկ
Փանոսեանի, Պէյրութէն Մկրտիչ Մկրտիչեանի, Վաչէ Փափազեանի, Անիթա
Թութիկեանի, Հայաստանէն Յարութիւն Մարութեանի, Սուրէն
Դանիէլեանի, Թուրքիայէն Մուրատ Ճանքարայի, Փընար Քարաքըլչըքի,
Արարատ Շեքերեանի անունները։ Անգլերէն, թրքերէն կամ հայերէն
ներկայացուած զեկուցումները կը թարգմանուէին համաժամանակեայ
թարգմանութեամբ։
Գիտաժողովը սկսաւ «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի
վարչութեան նախագահ Ռաքէլ Տինքի ու «Համազգային»ի վարչութեան
ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի բացման խօսքերով։ Տինք նշեց, թէ
հայկական ինքնութեան քննարկումը թրքական ինքնութեան տեսակէտէ առիթ
մըն է՝ ազատագրուելու համար հայկական մտախտէն։ Հայկական
ինքնութեան վերաբերեալ իր դիտարկումները բացատրելով՝ Մկրտիչեան
նշեց, թէ հայն ան է, որ ինքզինք կը բնորոշէ որպէս հայ։ Ապա բացման
զեկոյցը ներկայացուց ԱՄՆ-էն փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան՝
«Ինքնութիւններու տարակուսանքը՝ ժամանակակից հռետորաբանութեան
մէջ» խորագիրով՝ ընդհանուր գծերով սահմանելով գիտաժողովին առանցքը։
«Յղացական
քննարկում» խորագրեալ առաջին նիստը վարեց Մկրտիչ Մկրտիչեան։ Հրաչ
Չիլինկիրեանի («Ի՞նչ է «հայկականը»՝ հայկական ինքնութեան մէջե) ու
Ռազմիկ Փանոսեանի («Հայրենիքներ ու սփիւռքներ. բազմավայր-ազգային
ինքնութեան կառուցումը») զեկուցումներէն ետք, անոնք պատասխանեցին
ունկնդիրներու հարցումներուն։
«Յետ-եղեռնեան
արտայայտումներ», «Սփիւռքեան ինքնութիւններ եւ ժամանակատարածային
ծաւալները», «Հայը որպէս ազգային ինքնութիւն», «Հայկական
ինքնութեան կրօնական սահմանները», «Հայերը Թուրքիոյ մէջ»,
«Ինքնութեան ներկայացումը գրականութեան մէջ» անուններով կնքուած
նիստերուն քննարկուեցան 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան 4-րդ
սերունդին կողմէ ընկալումը, արուեստի ու հաւաքական ինքնութեան
առնչութիւնները, անդրազգային ֆեմինիստ երկխօսութիւնը,
հալէպահայերու, թիֆլիսահայերու, ֆրանսահայերու,
ամերիկահայերու, ռումանահայերու, յորդանանահայերու,
թրքահայերու, Պուրճ Համուտի հայերու բազմազան փորձառութիւնները,
նիւթին՝ ազգային-կրօնական, լեզուամտածողական,
ընկերա-լեզուաբանական ու գրական ոլորտներու մէջ ունեցած
արտայայտումը։
Գիտաժողովի փակման կայացաւ ասուլիս մը, որ
վերնագրուած էր «Արդի կիրառում- ապագայ ուղղութիւններ»։ Ասուլիսը
վարեց իսթանպուլահայ մտաւորական Քարին Քարաքաշլը։ Մասնակիցներն
էին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու
բաժնի վարիչ Ռազմիկ Փանոսեան, «Համազգային»ի գործադիր մարմնի
անդամ Վաչէ Փափազեան, ընկերաբան փրոֆ. Արուս Եումուլ եւ Կեդրոնական
վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան։ Ինչպէս բոլոր
նիստերու աւարտին, այս ասուլիսի աւարտին ալ մասնակիցները
պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն։
Հոկտեմբեր 14-էն
սկսեալ գիտաժողովին տեսագրութիւնը պիտի
տեղադրուի https://www.youtube.com/user/HrantDinkVakfi եւ http://hrantdink.org/ կայքէջերուն
վրայ։ Ներկայացուած զեկոյցներն ալ կը ծրագրուի տպագրել առանձին
հատորով մը։
Մասնակիցներու կարծիքներ
Մկրտիչ Մկրտիչեան («Համազգային»)- Նախ
ըսեմ, որ տպաւորիչ է ներկաներուն բազմատեսակութիւնը։ Զանազան
գաղութներէն ներկայացուցիչներ, զեկուցաբերներ կան, ինչ որ
փաստօրէն համահայկական գիտական հանդիպումի կը վերածէ այս
ձեռնարկը։ Համազգայինի ու «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի միջեւ
գործակցութեան առաջին օրինակն է, որ ըստ իս շատ յաջող է։ Եթէ կան
թերութիւններ տեսնողներ՝ ապա թերութիւններ ամէն տեղ կրնան ըլլալ։
Բայց ինչքան որ խօսեցայ ներկաներուն հետ՝ բոլորն ալ շատ լաւ
տպաւորութիւններ ունէին եւ կ՚ըսէին, որ նման միջոցառումներ պէտք է
ըլլան, նոյնիսկ՝ նոյն այս նիւթով, քանի որ երկու օրուան մէջ
ներկայացուեցաւ կացութիւնը միայն, ընելիքներու, որոշ նպատակներու
ճշդման մասին որեւէ խօսք չեղաւ։ Ինչպէս կը տեսնէք, այսքան խճողուած
յայտագիրով դժուարութիւններ կան նոյնիսկ հիմա գոյութիւն ունեցող
նիւթերը ներկայացնելու։
Ռազմիկ Փանոսեան («Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն»)- Շատ
հետաքրքրական գիտաժողով մըն էր քանի մը պատճառներով։ Առաջին՝ ցոյց
տուաւ հայկական ինքնութեան տարբեր անկիւնները։ Խօսեցանք նիւթերու
մասին, որոնց մասին այս ձեւով անկարելի էր խօսիլ 20 տարի առաջ։
Երկրորդ՝ Պոլսոյ մէջ, որ հայկական ինքնութիւնը կերտած կեդրոններէն
մէկն է, նման գիտաժողով մը ընելը, 1915-էն 100 տարի ետք, կարծեմ շատ
կարեւոր ու խորհրդանշական է։ Հոս կրնանք խօսիլ ինքնութեան եւ
ապագային մասին։ Եւ անշուշտ կազմակերպչական առումով ալ շատ
հետաքրքրական էր։ Սփիւռքի մէջ հիմնուած կարեւոր մէկ հաստատութիւն
մը՝ «Համազգային»ը, «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ին հետ միասնաբար
կազմակերպեց այս գիտաժողովը։ Այսինքն երեք առումներով՝ նիւթը,
կազմակերպումը եւ վայրը շատ հետաքրքրական էին։
Հրաչ Չիլինկիրեան (Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս)- Պէտք
է ըսել, որ բացառիկ յաջողութեամբ անցաւ այս երկու օրը։ Ինծի համար
յատկապէս իւրայատուկ երեւոյթ մըն է, որ «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ն ու
Համազգայինը այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպած էին։ Հայ
ինքնութեան մասին Պոլսոյ մէջ հաւաքուիլ ու խօսիլ՝ կարծես առաւել
իմաստ ու արժէք ունի մեր սփիւռքեան կեանքին մէջ, որովհետեւ յատկապէս
մեր արեւմտեան ինքնութիւնը ծնած է այս վայրին մէջ եւ ո՛չ թէ միայն
յագեցուած կը զգանք ակադեմական իմաստով, այլ հոգեպէս։ Ասիկա կարեւոր
հանգամանք մըն է, ըստ իս։ Թէ՛ մէկտեղեց տարբեր երկիրներէ եւ
համալսարաններէ մասնագէտներ եւ թէ մեզ կապեց այս կարեւոր հայ
օճախին։ Երկրորդ արժէքը՝ յատկապէս կ՚ուզեմ այստեղ շեշտել «Հրանդ
Տինք Հիմնարկ»ին դերը Սփիւռքի մէջ։ Ես հիմնարկին դերը կը նկատեմ
որպէս նոր լոյս մը սփիւռքեան կեանքէն ներս, որ շատ կարճ ժամանակի մը
ընթացքին կրցաւ իր յառաջադէմ, ծրագրային իմաստով աշխոյժ
գործունէութիւն մը ծաւալել եւ ես ասիկա կը նկատեմ հսկայական
յաջողութիւն մը մեր ամբողջ սփիւռքեան կեանքին մէջ։ Ինչո՞ւ։ Սփիւռքի մեր
կառոյցները, կարծես, անցնող 100 տարուան ընթացքին սկսած են այլեւս
յոգնիլ, տկարանալ, ինչ ինչ պատճառներով։ Բայց ահաւասիկ նորէն մեր
արեւմտեան մշակոյթին սիրտին մէջ վերականգնած, նոր ընձիւղում մը կայ՝
«Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի միջոցով, եւ կարեւոր լոյս մըն է որ, ես կը
հաւատամ, աւելի պիտի ուժեղ ձեւով մեր Սփիւռքի կեանքին մէջ,
յատկապէս Միջին Արեւելքի ու Եւրոպայի մէջ, նորութիւն մը բերէ։
Փընար Քարաքըլչըք (ԻՆԱԼՔՕ)-
Շատ յաջող, մասնագիտօրէն յագեցած գիտաժողով մըն է։ Թուրքիոյ մէջ
ցարդ կազմակերպուած չէր գիտաժողով մը, որ ի մի բերէ այս նիւթերով
զբաղող մասնագէտները։ Այդ պատճառով ապագային կատարելի
հայագիտական աշխատանքներու տեսակէտէ ալ օգտակար ձեռնարկ մըն էր։
Թէ՛ մեզ յարաբերութեան մէջ կը դնէ իրարու հետ, թէ՛ տեղեակ կը դառնանք
այն աշխատաքներուն, զորս հայագէտներ կամ այլ ոլորտներէ
մասնագէտներ կ՚իրականացնեն Թուրքիոյ մէջ կամ այլուր։ Շատ լաւ է ու
յուսադրող։
Ռուբինա Փիրումեան (UCLA)- Առաջին
անգամ էր որ ոտք էի դնում Պոլիս։ Պիտի ասեմ, որ որոշ չափով վախով ու
զգուշութեամբ ոտք դրեցի, հէնց առաջին օրն էլ փարատուեց վախս եւ ինձ
զգացի շատ հարազատ մթնոլորտի մէջ։ Կազմակերպուած էր շատ լաւ։ Նիւթը
շատ կարեւոր էր եւ այս նիւթը Պոլսում արծարծելով կարծես աւելի մեծ
իմաստ էր ունենում։ Եւ ես հպարտ եմ որ մաս կազմեցի այս կարեւոր
քննարկման։ Այս գիտաժողովը մանաւանդ ինձ առիթ տուեց մօտից
ծանօթանալու այն փոքրաթիւ թուրք եւ քուրդ մտաւորականների հետ, մեծ
մասամբ երիտասարդ, ովքեր համարձակութիւնն են ունեցել դէմ
յանդիման գալու անցեալի հետ, մօտենալու հայկական կոտորածների,
ցեղասպանութեան հարցին, շատ տարբեր տեսանկիւններից։ Կարեւոր էր
տեսնել հայ ազգային ինքնութեան թեմայի քննարկումն ու ընկալումը
նախ հէնց հայ մտաւորականի կողմից՝ Միջին Արեւելքից, Արեւմուտքից եւ
Արեւելքից -Եւրոպա եւ Ամերիկա-, տարբեր մօտեցումներով, տարբեր
տեսանկիւնից, բայց նաեւ նոյն թեմայի քննարկումը օտարների կողմից։
Տարիներ է խօսում ու գրում ենք կարծրատիպերը քանդելու, այս
պարագայում՝ ինքնութեան յղացքը ներկայ պայմաններին եւ
աշխարհաքաղաքական դրուածքի պայմանների իրականութեան մէջ
ձեւաւորելու անհրաժեշտութիւնը։ Այստեղ, այս գիտաժողովում տեսայ
ենթահողը՝ հայ մարդու դէմքն ու տիպարը քննարկելու համար։
Արաս Էրկիւնեշ («Հրանդ Տինք Հիմնարկ»)-
Թերեւս նոր սկիզբի մը առաջին քայլը եղաւ այս համաժողովը, զոր
կազմակերպած էինք «Համազգային»ի ու «Գալուստ Կիւլպէնկեան»ի նման Սփիւռքի երկու կարեւոր հաստատութիւներու համագործակցութեամբ եւ
հեղինակաւոր ակադեմականներու մասնակցութեամբ։ Ինքնին նշանակալից է
նաեւ 100, թերեւս աւելի քան 100 տարիներ անց նման համաժողովի մը
կազմակերպումը Պոլսոյ մէջ, որ հայագիտութեան կեդրոններէն մէկն էր
ու այսօր ալ ատակ է դառնալու։ Այս տեսակէտէ երջանիկ ենք։
Յարութիւն Մարութեան (ՀՀԳԱԱ Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Ինստիտուտ)-
Շատ մեծ հետաքրքրութեամբ եմ ունկնդրում զեկուցումները, հետաքրքիր ու
բազմաժանրային է, տարբեր ոլորտներից։ Շատ ուրախ եմ որ
երիտասարդներ կան, երիտասարդներ նաեւ՝ Թուրքիայից։ Այսինքն
հայագիտութիւնը Թուրքիայում ունի ապագայ։ Դա նոյնպէս շատ ողջունելի
է։ Միակ բանը որ ինձ համար սկզբունքային է՝ գտնում եմ որ հայագիտական
գիտաժողովները պէտք է լինեն հայերէն։ Եւ գտնում եմ որ
լեզուամտածողութիւնը ստեղծւում է եթէ այդ լեզուով զեկուցողները
կարողանում են նաեւ գիտական բնոյթի մտքեր շարադրել եւ մատուցել
հանրութեան։
Հիւլիա Ատաք («Սապանճը Համալսարան»)-
«Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ» գիտաժողովը
գրականութեան, լեզուաբանութեան, ընկերա-լեզուաբանութեան,
մարդաբանութեան, պատմութեան ոլորտներէ զեկուցումներով բաւական
նորութիւններ մատուցեց մեզի։ Յուսամ «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ը
հրապարակէ այս զեկուցումները անջատ հատորով մը։ Մանաւանդ կային
նիւթեր, որոնց մասին չէինք գիտեր, ինչպէս՝ Պուրճ Համուտի մէջ խօսուող
թրքերէնի բարբառներուն, վկայաբանութիւններու եւ անոնց
թարգմանութեանց հիման վրայ լեզուական հարցի քննութեան վերաբերող
զեկոյցները մտածելու մղեցին մեզ, թէ արդեօք ցեղասպանութիւնը
լեզու մը ունէ՞ր։ Ցեղասպանութեան ոճրագործները արդեօք ունէի՞ն
յատուկ լեզու մը եւ արդեօք ատիկա ընտրեա՞լ միջոց մըն էր։ Ինչո՞ւ,
օրինակ, հայատառ թրքերէնով գրի առնուած էին շարք մը
վկայագրութիւններ… Հարցեր, որոնք առաջին անգամ դրուեցան մեր առջեւ։
«Ակօս», 14 Հոկտեմբեր 2016
«Ակօս», 14 Հոկտեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment