«Պետրոս Հաճեան ծնած է Ճարապլուս (Սուրիա) 1933ին: Ուսուցչութեամբ
զբաղած է նախ Տէր Զօրի հայկական վարժարանը (1954), ապա Հալէպ, ուր նաեւ
վարած է «Արեւելք» օրաթերթի փոխխմբագիրի պաշտօնը: 1968-1970 թուականներուն
եղած է Քարէն-Եփփէ ճեմարանի տնօրէն: 1970ին մեկնած է Պուէնոս Այրէս, ուր 35
տարի վարած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կրթական հաստատութեան տնօրինութիւնը,
«Արմենիա» օրաթերթի խմբագրութիւնը (1971-1986): Մնայուն ներկայութիւն եղած է
սփիւռքահայ մամուլին մէջ: 60 տարուան անխոնջ ներկայութիւն՝ իբրեւ
հանրային, ուսուցչական, հրապարակախօսական ու գրական գործիչ: Ունի հատորներ:
Մահացաւ Պուէնոս Այրէս, 4 Սեպտեմբեր 2012ին:
Նամակներուն լուսապատճէնները մեզի տրամադրած է այրի Տիկին Սօսի Հաճեան, որուն կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը: Նամակները ձեռագիր են» (ՀԱՅԵՐԷՆ blog):
Նամակներուն լուսապատճէնները մեզի տրամադրած է այրի Տիկին Սօսի Հաճեան, որուն կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը: Նամակները ձեռագիր են» (ՀԱՅԵՐԷՆ blog):
Սոյն արտատպումը կը կատարուի ՀԱՅԵՐԷՆ blog-ի վարչութեան թոյլտուութեամբ, որուն կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը («Հայկականք»)։
Ա․
27-10 1987
Սիրելի ընկերներ,
Կը ներփակեմ երկու յօդուածներ: Մէկը՝ «Հայ դատը երկու աշխարհներու մէջ»(2),
ուղարկած էի Յունիսին, ինծի վերադարձաւ Օգոստոսին, սխալ հասցէագրումի
հետեւանքով: Կը … վերաուղարկեմ Հոկտեմբերին: Երկրորդը նոր գրած եմ, որպէսզի
առաջինը որբ չմնայ: Պատրաստելու վրայ եմ երրորդ մը՝ Լենինի ծանօթ դեքրեթին
մասին, որուն 70 տարի եղաւ, եւ կը կարծեմ, կ’արժէ խորհրդածութեան ենթարկել
1920-ական թուականներու թուրք-պոլշեւիկեան յարաբերութիւններու լոյսին տակ:
Աւելորդ չէ կրկնել դասական չքմեղանքը՝ կը ձգուին խմբագրութեան հայեցողութեան:
Աւելորդ է թերեւս, բայց ըսեմ. – կը սիրեմ աշխատակցիլ ԴՐՕՇԱԿ-ին, բայց
դանդաղ գրելուս կամ երբեք չգրելուս պատճառը ծուլութիւնը չէ, այլ…
աշխատասիրութիւնը: Լծուած եմ «Հայ մտքի մշակներ» գործի բ. հատորի
պատրաստութեան(3): Դուրս եկաւ, որ այս գործը (մանաւանդ սպաներէնը)(4) հացի պէս կարիք մըն էր եւ կարճ ժամանակի մէջ սպառեցաւ գրեթէ: Շատ ընելիք կայ. իմս՝ քիչ է:
Սիրով՝
Պետրոս Հաճեան
Բ․
Պս. Այրէս 2/11/87
Հակառակ փափաքիս, ահա ուշ կը պատասխանեմ – ոչ անպայման ծուլութեան
հետեւանքով: Ներողութիւն ալ չեմ խնդրեր, գիտնալով որ ձեւականութիւնները
արուեստական են, եւ դուն անոնց բարեկամ չես: Նամակդ եւ գիրքդ(6)
ստացայ գրեթէ միասնաբար: Երկրորդը անակնկալ չէր, կը սպասէի. իսկ նամակը
իրապէս անսպասելի էր, քանի երկար ատեն է խզուած ենք իրարմէ ժամանակի եւ
հեռաւորութեան պատճառով անշուշտ:
Քանի անգամ Փարիզ եղայ, բայց միշտ գործով եւ բազմազբաղ. գիտես մեր
«առաջնահերթները» եւ «վերջնահերթները» – որոնց մէջ թաղուած ենք անյուսօրէն
– այնպէս որ առիթն իսկ չունեցայ փնտռելու քեզ. թէեւ եթէ հեռաձայնի թիւ
ունենայի անպայման կը կանչէի. անշուշտ հեռաձայն մը ունենալու չափ
…հարստացած պէտք է ըլլաս:
Գանք հիմա գլխաւորին: Վերջէն ըսուելիքը առաջ ըսեմ. 50 օրինակ ղրկէ
գիրքէդ, որպէսզի ես այստեղ ընկերներու եւ բարեկամներու ցրուեմ: Գալ տարի
Ապրիլին հոս կը կազմակերպուի «Գրքի Միջազգային Ցուցահանդէս», ուր մենք եւս
ունինք ունինք Հայ Գրքի Տաղաւար մը(*): Ասիկա առիթ մըն է գիրքը սպառելու:
Այնպէս որ ժամանակ ունիս մինչեւ այդ թուականը գիրքերը ծովային թղթատարով
ուղարկելու: Կը խնդրեմ որ անձի անուն չդնես, այլ հաստատութեան, որուն
հասցէն ներփակ կը ստանաս. այս ձեւով խուսափած կ’ըլլանք տաղտկալի
ձեւակերպութիւններէ:
Վարդանը (7) պատմեց քու մասիդ(**). մեր լաւ եւ օժտեալ տղոցմէն է.անոնցմէ որ այս մոլորակէն չեն. այսինքն մեր «ճինս»էն են:Աստուած անպակաս ընէ:
Իմ գիրքս պատրաստուած է տեղական շուկային համար, մանաւանդ սպաներէնը լաւ
ընդունելութիւն գտաւ տեղական շրջանակներու եւ հայերէն չիմացող մեր
զանգուածին կողմէ: Ներկայիս լծուած եմ երկրորդ հատորի պատրաստութեան եւ
առաջինի … երկրորդ տպագրութեան:
Սիրելի Մովսէս, շատ գրելիքներ ունիմ, կամ խօսելիք: Չեմ գիտեր ուրկէ
սկսիմ. սկսիմ Հալէպէն, ուր մենք կ’ապրէինք թախծոտ, բայց հեքիաթային կեանք
մը, «պարզ ու խորունկ, մութ ու լոյս»: Հալէպը մեր մանկութիւնն է, ու հիմա
ցրուած Փարիզ, Լոս Անճելըս, Նիւ-Եորք ու Պուէնոս Այրէս, ուր ոչ իսկ առիթը
ունինք վերյիշելու այդ կորսուած մթութիւններն ու լոյսերը, գաղտնի ու
վերապահ եսերը եւ անգաղտնի ու անվերապահ մենքերը:
Քսան տարի անցաւ(8)
արդէն բայց ոչ Փարիզը, ոչ Նիւ Եորքը կամ Պուէնոս Այրէսը մերը չեն ու պիտի
չըլլան երբեք: Հալէպը մաս կը կազմէ մեր կազմախօսութեան, մեր ներքին
աշխարհին, անխզելի է:
Ինչո՞ւ կ’ըսեմ այս բոլորը. կ’ըսեմ ….կարդալէ ետք գիրքդ, գրեթէ մէկ
շունչով: Կը զարմանամ որ ակնարկներէդ շատերը խուսափած են ուշադրութենէս:
ՅԱՌԱՋի մէջ կարդացած էի քանի մը հատը միայն(***):
Այդտեղ ես գտայ ահա Հալէպի ուղիղ, տառապող-դառնացող, մտաւորական
պարկեշտութիւն ունեցող տղան, որ բնազդական խորշանք ունի ամէն ինչի հանդէպ,
որ կ’այլասերէ մարդկային առաքելութիւնը, կը չարափոխէ բարին, ամէն ինչ կը
վերածէ մանրակրկիտ հաշուակալութեան. գումարում եւ հանում թիւերու արժէքով
եւ ոչ այն արժէքներով որոնք չափուած-ձեւուած են մարգարէներու,
փիլիսոփաներու կամ բանաստեղծներու կողմէ:
Տոմսերդ հիմնուած են ներկայ ընկերութեան այդ հակադրութեան վրայ եւ
նուաճած մամլոյ առօրեայ ամբոխավարութիւն ըլլալու վտանգը. առաւել ինքնուրոյն
ու թարմ պատկերներ, մտածումի անակնկալ կայծկլտումներ, տրուած սովորական
կարծուող վիճակներու մէջէն, ստեղծած են մտայղացումի ամբողջութիւն մը, որ
գրականացած է՝ ազատագրելու համար բաւական մշակուած սեռ մը, որ առաւելաբար
հրապարակագրական է: Նկատեցի լեզուական մի քանի մեղանչումներ. արդեօ՞ք ոճ մը
ստեղծելու սիրոյն է:
Արագօրէն կատարուած ընթերցումէն պահած եմ շարք մը տպաւորութիւններ, –
գիրքը ստանալուս պէս կարդացի – զորս պարտք կը զգամ փոխանցելու, մաղթելով
առաւել կեդրոնացում եւ մշակում՝ վասն գրական ստեղծագործութեան:
– Դիտելու սուր եւ անշեղ յատկութիւն:
– Դիտուածը ընտրելու եւ զտելու գրական ճաշակ:
– Մաքուր եւ պատկերաւոր լեզու, պարզութեամբ ընթերցողին հասնելու հաղորդականութեամբ:
– Կեանքի վիճակներ առանձնացնելու եւ զանոնք խորհրդածութեան առարկայ դարձնելու քննադատական ոգի:
– Դէպքերու յորձանքին մէջ չափաւորութեան եւ չէզոքութեան զգացողութիւն մը:
– Ապրուած պահերէն կամ պատկերի վերածուած վիճակներէն ճշգրիտ եզրակացութիւն հանելու մտաւոր եւ բարոյական յանձնառութիւն մը:
Սիրելի Մովսէս, ընթերցումիս ատեն կը յիշեմ, որ անդրադարձած եմ, որ
հակամիտութիւն մը ունիս շեշտելու կեանքին ժխտական երեսները, դրականը
թելադրելու միտումով: Հաւանօրէն գիտես, որ տասնամեակներէ ի վեր խզուած եմ
գրականութենէն. ուրեմն իբրեւ քաղաքական մարդ, կ’ուզէի դիտել տալ, որ
օգտագործած ատաղձդ առնուած է միշտ Արեւմուտքէն:
Պիտի ուզէի խօսիլ քիչ մըն ալ իմ մասիս:
Սրտի երեք տագնապ անցուցի. ներկայիս գործերս թեթեւցուցած եմ բժիշկներու
թելադրութեամբ: Լաւ ենք. վեց զաւակներ. առաջինը համալսարան, երկրորդը այս
տարի կ’աւարտէ երկրորդականը. վերջինը կը լրացնէ…մանկապարտէզ բարեբախտաբար.
այլապէս պիտի շարունակէինք այս տարիքէն վերջ մանկապարտէզի հանդէսի երթալ:
Սօսէն եւս հայերէնի ուսուցչուհի է իմ դպրոցիս մէջ:
Այստեղի կեանքը ընդհանրապէս սրտապնդիչ է. մեծ ճիգեր կը թափուին
չարագուշակ հայապահպանումի համար. բայց տեղածին սերունդները հայախօս չեն,
թէեւ կը սորվին առանց ընդդիմութեան կամ չկամութեան:
Կը յուսամ, որ օր մը կը հանդիպինք եւ երկարօրէն կը խօսինք: Ձեր քով չեմ
գիտեր ինչպէս է. – աւելի ճիշդ՝ շատ լաւ գիտեմ. բայց մեր քով Արեւելքի
հասկացողութեամբ խօսակից չկայ ու չկայ:
Ես եւ Սօսէն այս ցաւն է որ կը պտըտցնենք մեզի հետ: 1984ին Հալէպ գացի.
նախկինը չէ եւ մեր Հալէպի տղաքը շատ դժգոհութիւններ ունին, դառնութիւններ,
երազներ եւ խաբկանքներ Փարիզ, Սան Փաւլօ կամ Սան Ֆրանսիսքօ կոչուած հրէշ-քաղաքներուն մասին:
Այսու հանդերձ …մենք կ’երազենք Հալէպը, հին «Երազային Հալէպը»:
Օր մը մէկը պիտի կարենա՞յ գրականութեան մէջ կերպաւորել մեր սերունդի Հալէպը:
Ուրախ կ’ըլլամ եթէ գրես:
Սիրով՝
Պետրոս Հաճեան
Գ․
Պ-Այրէս, 29-12-95
Տաթեւ Սրբազանը(10) ինծի փոխանցեց «Արարատ»ի(11) այն թիւը, որուն մէջ ուշադրութեամբ եւ համարումով կարդացի գրախօսականդ «Հրամմեցէ՛ք, պարոններ»(12) գործիս մասին:
Շնորհակալ եմ եւ զգացուած հալէպցիական բուխ անկեղծութենէդ, բայց
մասնաւորաբար ցուցաբերած հարազատի ջերմութենէդ եւ հայ գրքի հանդէպ յորդող
խանդավառութենէդ: Գրողին չափ ու թերեւս քիչ մըն ալ աւելի՝ գրախօսողը իր
պեղումով սիրտ ու սնունդ կը վատնէ, որպէսզի արծարծ մնայ կրակը: Մանաւանդ…
ինծի նման սկսնակներու պարագային: Գոնէ՝ գիրք հրատարակելու մարզին մէջ, ուր
25 տարուան յապաղումս արդարօրէն կը մատնանշես: Գիտես, մեր
հանրային-կուսակցական ալեկոծ կեանքը, որուն «Ընկեր Փանջունի»ներէն մէկն ալ
ես էի վերջին քառասուն տարիներուն: Այժմ, այս գիրքով կ’ուզեմ վերադառնալ
իմ հին, իսկական ճանապարհիս: Աֆ կ’ընէք(13),
եթէ այս առաջին գործս որոշ թերացումներ ունենայ: Պիտի ջանամ յաջորդ գիրքս
չուշացնել… 25 տարի: Այս բոլորը գրելով՝ չեմ մոռնար անշուշտ գիրքիս մասին
կատարած դատումներդ եւ…. դիտողութիւններդ: Ներկայ գրութեան մէջ չեմ ուզեր ծաւալիլ
տարածուիլ: Կ’երեւի շուտով պատեհութիւն կ’ունենամ հանգամանօրէն խօսելու
կարգ մը կէտերու մասին: Առայժմ մօտալուտ Կաղանդի եւ Ս. Ծննդեան առիթով
ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ քեզ եւ կը մաղթեմ արդիւնաւոր արտադրութիւն քու
բեղուն, հաղորդական, «պարզ ու խորունկ» գրիչիդ, որ հաւու կտուցին պէս կը
փորփրէ սփիւռքեան մեր միջավայրը:
Կ’ուզէի այս երկտողս փակել յիշելով Հալէպը եւ Հալէպի հէքեաթային
Կաղանդը: Այստեղ մենք Կաղանդը կը դիմաւորենք տօթով եւ տխրութեամբ: Ձիւնի,
ջերմութեան, բարեկամութեան կարօտանքին տխրութեամբ: Բաներ են, որոնք չկան ու
չկան հարաւային կողմն աշխարհի: Այս հայակործան աշխարհէն իմ եւ կնոջս՝
Սօսիին կողմէ՝ մեր ջերմագոյն մաղթանքները:
Բարձրացնենք գաւաթները:
Սիրով՝
Պետրոս Հաճեան
(1) Հ. Յ. Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ:
(2) «Դրօշակ»ի 1987-1988 տարիներու թիւերուն մէջ դժբախտաբար չհանդիպեցանք այս յօդուածին:
(3) Հայ մտքի մշակներ (Ե.-Ժ. դարեր), Ա. հատոր, Պուէնոս Այրէս, 1987: Հայ մտքի մշակներ (Ժ.-ԺԳ. դարեր), Բ. հատոր, Պուէնոս Այրէս, 1990:
(4) Bedrós Hadjian: Grandes figuras de la cultura armenia (siglos V-X), Buenos Aires: Armengraf, 1987. Թարգմանութիւնը կատարած է Վարդան Մատթէոսեան:
(5) Մովսէս Պչաքճեան, ֆրանսահայ արձակագիր: Հաճեան Մ. Պչաքճեանի մասին, Անցողիկը եւ անժամանցելին հատորին հրատարակութեան առթիւ յօդուած մը ունի Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ (17 Յունիս, 2008):
(6) Հաւանաբար՝ Լուացք՝ փռուած տանիքի վրայ (գրանկարներ), Փարիզ, 1987:
(*) Գրքի Միջազգային Ցուցահանդէսը տարեկան աւելի քան մէկ միլիոն այցելուներ ընդունող ու երեք շաբթուան վրայ երկարող մշակութային ձեռնարկ մըն է Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Հայկական տաղաւարը գոյութիւն ունի 1981էն։ Անկախութենէն ետք, ան կը կազմակերպուի Հայաստանի Հանրապետութեան անունով («Հայկականք»)։
(7) Շատ հաւանաբար՝ Վ. Մատթէոսեանը:
(**) Մովսէս Պչաքճեան դասաւանդած էր Վենետիկի համալսարանի հայագիտական ամառնային դասընթացքին՝ Օգոստոս 1987ին, որուն աշակերտներէն էր Վ. Մատթէոսեանը («Հայկականք»)։
[8] Հաճեան 1970ին փոխադրուած էր Հալէպէն Պուէնոս Այրէս:
(***) «Լուացք՝ փռուած տանիքի վրայ»ի ակնարկները լոյս տեսած էին Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ՝ 1985-1986ին («Հայկականք»)։
[9] Հալէպահայ մտաւորական եւ արձակագիր Թորոս Թորանեան:
[10] Տաթեւ արքեպս. Ղարիպեան (1937-2014), Պրազիլիոյ թեմի առաջնորդ:
[11] Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթ:
[12] Պատմուածքներու առաջին հատորն է՝ Հրամմեցէք, պարոններ. Պատմուածքներ, Պուէնոս Այրէս, 1995։
[13] Թրքերէն՝ «ներողամիտ կ’ըլլաք»:
«ՀԱՅԵՐԷՆ» blog (hayerenblog.wordpress.com), 6 Սեպտեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment