ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հոն` Վոսփորի ափին,Պոլիս, կայ հայու սիրտ մը, որ հեւքով ու աշխուժով կը տրոփէ 90 տարիէ ի վեր:
Սիրտ մը, որուն բաբախումները կ՛արագանան կամ կը դանդաղին` ըստ հայ
կեանքի ելեւէջներուն, ըստ մեր ժողովուրդին խանդավառութիւններուն կամ
տագնապներուն, ըստ մեր մշակութային ձեռքբերումներուն կամ տոհմային
ընկրկումներուն:
Սիրտ մը, որ երբ 10 տարի առաջ (2006) վիրահատութեան ենթարկուեցաւ,
վիրաբոյժները զարմանքով նշմարեցին, որ անոր մաշած դռնակին տակ բոյն դրած
էին հայոց այբուբենին 38 տառերը…
Ռ. Հատտէճեանին սի՜րտը…
Անկասկած Հատտէճեանի գրականութիւնը պեղելը դիւրին գործ չէ: Որովհետեւ դէմ յանդիման ենք ի՛սկապէս լեռնակուտակ գրականութեան մը:
1946-ին (ճիշդ եօթը տասնամեակ առաջ), Պոլսոյ «Անիւ» գրական ամսագրին մէջ
լոյս տեսած իր անդրանիկ պատմուածքէն մինչեւ այսօր, Հատտէճեան շարունակ գիր
ու գիրք, բան ու խօսք, տիպ ու տառ բաշխեց իր շուրջբոլորը` անարգել
ցատկելով կեանքի մը տասնամեակները իրարու կապող տեսանելի ու անտեսանելի
կամուրջներու վրայէն:
Ծիծեռնակներու պատկառելի երամը, որուն մաս կը կազմէր ինք, տարիներու
սահանքին հետ կորսնցուց անշուշտ իր անդամներէն շատեր: Հետզհետէ նօսրացաւ:
Երկինքն ու հրապարակները ամայացան տխրօրէն: Բայց ինք, նոյնիսկ` մինակ
մնալու գնով, շարունակեց իր հզօր թեւաբախումները` իրեն յատուկ
բանաստեղծական թռիչքներ սարքելով երկնքին մէջ, Վոսփորի վերեւ, ճիշդ հին
օրերու պէս, միշտ կարօտագին, միշտ գեղափայլ, միշտ առինքնող:
Դուք առիթն ունեցա՞ք կարդալու իր գունազարդ հատորներուն վերջին շարքերը.
«Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ» (10 հատոր) եւ «Պտոյտ մը հայոց
լեզուի բառարանին մէջ» (ցարդ` 8 հատոր): Այս շարքերն առանձինն անգնահատելի
ներդրում մըն են մեր ընդհանրական մշակոյթի գանձանակին մէջ: Իսկ գործնական
տեսակէտէ անոնք մէկ-մէկ դասագիրքեր են` 15-85 տարեկան իւրաքանչիւր հայու
գրասեղանին վրայ կամ… բարձին տակ:
Հատտէճեան հմուտ եւ ճարտար արձակագիր մըն է: Արձակ գրականութեան բոլոր
սեռերն ալ մշակած է ան վարպետօրէն ու յաջողութեամբ: Վէպ, պատմուածք,
թատրերգութիւն, քրոնիկ, ուղեգրութիւն, գրավերլուծութիւն,
ուսումնասիրութիւն, տպաւորապաշտ էջեր, օտար գրականութենէ ծաւալուն
թարգմանութիւններ, հրապարակագրութիւն… Միայն քերթողութիւնն է, որ բացակայ է
գրողի իր ճամպրուկին մէջ: Բայց չենք մոռնար, որ այդ ալ փոխարինուած է զոյգ
մը հրաշալի հատորներով («Պտոյտ մը հայ բանաստեղծութեան պարտէզին մէջ» եւ
«Առագաստ`դէպի բանաստեղծութիւն»), ուր ան երկիւղածութեամբ կ՛ողջունէ հայ
բանաստեղծներու յայտնի կամ անծանօթ ստեղծագործութիւնները ու հոնկէ մեզի կը
փոխանցէ գեղեցիկ խօսքի եւ անուշ զգայնութիւններու կայլակներ:
Արդէն 35 տարիէ ի վեր մեր վարպետը շատ ամուր կապ մը հաստատած է իր
հազարաւոր ընթերցողներուն հետ` «Յուշատետր» սիւնակին ճամբով: «Յուշատետր»-ը
«Մարմարա» օրաթերթին համն ու հոտն է: Հայ մամուլի ընթերցողը ամէն օր
անյետաձգելի ժամադրութիւն մը ունի այդ սիւնակին հետ, նախ իբրեւ ՄԱՐԴ`
անդրադարձումներ ունենալու համար իր միտքն ու ներաշխարհը յուզող անհամար
երեւոյթներու մասին, ու ապա իբրեւ ՀԱՅ` երթալու «հաղորդուիլ անցեալին հաց
ու գինւով կենսառողջ»…, ինչպէս պիտի սիրէր ըսել Թէքէեան:
* * *
Ընթացիկ տարին` 2016-ը, նշանակալից փուլ մը մատնանիշ կ՛ընէ Հատտէճեանի կեանքին մէջ. 90-ամեակ մը:
Կը հնչե՜ն պատկառելի տարիքի մը ղօղանջները…
Յարգանքով ու մեծարումով կը խոնարհինք այս բեղմնաւոր եւ արդիւնաշատ առաքելութեան դիմաց:
Անձնապէս հայ գրողներու յոբելենական տարեթիւերուն առջեւ մի՛շտ ալ մտածած
եմ, որ լաւագոյն ու գործնական մեծարումի ամենայարմար ձեւն է գի՛րք մը
կարդալ յոբելեարէն: Այսպիսի արարք մը թէ՛ պիտի ամրապնդէ հոգեկան ու
գաղափարական կապդ հեղինակին հետ, թէ՛ ալ շունչ պիտի տայ գրադարանիդ
մէջ…ննջող գիրքերուն:
Այդպէ՛ս վարուեցայ այս 90-ամեակին առիթով ալ:
Տանս գրադարանը լեցուն էր Հատտէճեանի ստորագրութիւնը կրող գիրքերով:
«Յուշատետր»-երու նմանահասակ շարքերը եւ միւսները գրաւեր էին գրադարանին
առանձին մէկ բաժինը, ամբողջովին: Բոլորն ալ կարծէք «կը ժպտէին», երբ
մատներս կը պտտցնէի անոնց կռնակին վրայ: Անոնք գանգատ չունէին ինձմէ,
որովհետեւ բնաւ անտեսած չէի զիրենք:
Բայց հոն կային զոյգ մը հատորներ, միւսներէն քիչ մը աւելի հասակաւոր, որոնք աչք կը քթթէին ինծի… «Մեզ մոռցած ես» կը հառաչէին կարծես:
Այո՛, իրաւունք ունէին դառնանալու: Նոյնիսկ` բողոքելու:
Ձեռքս մեկնեցի դէպի կապոյտ-կարմրաւուն այդ զոյգ մը մատեանները ու վար առի զանոնք գրադարանէն:
Երկհատոր վէպ մը կար հիմա ափերուս մէջ` «Առաստաղ» եւ «Առաստաղին միւս կողմը»:
Երկուքն ալ հեղինակին ձեռամբ ձօնագրուած էին իմ անունին` տարիներ առաջ:
Առաջինին հրատարակութեան թուականէն անցեր էր 33 տարի (տպուած է 1983-ին):
Միւսը լոյսին եկած էր իր նախորդէն 17 տարի ետք, 2000 թուականին:
Զանոնք կարդալու ազդանշանը տուած էի արդէն:
Անմիջապէս պիտի ձեռնարկէի երկշաբաթեայ գրական պտոյտի մը… «Ռ. Հատտէճեանի պարտէզին մէջ»:
Եթէ այս վէպը անստորագիր ըլլար, նշուած չըլլար անոր վրայ հեղինակի
անուն, ապա զայն կարդալէ ետք ա՛նվարան պիտի կարենայի մատնանիշ ընել
հեղինակը. Հատտէճեա՛նն է: Իր անշփոթելի ինքնատիպ ոճը, իր դիւրասահ լեզուն
ու մասնայատուկ բառամթերքը, իր փիլիսոփայական խոկումները, իր հոգեբանական
վերլուծումները, ու վերջապէս` գրողի իր խառնուածքը, տեղ չեն թողուր որեւէ
կասկածի:
Եթէ նկարչական տասնեակ մը պաստառներու մէջէն անվարան կրնանք մատնանիշ
ընել Գառզուի մը, ծաղրանկարիչ Սարուխանի մը, Մարտիրոս Սարեանի մը կամ Յակոբ
Յակոբեանի մը ինքնադրոշմ կտաւները, ապա նոյնհետայն` տասնեակներով գրական
էջերու կամ գիրքերու մէջէն շատ դիւրաւ կրնանք զատորոշել Հատտէճեանին
պատկանողները: Ինք պարզ, յստակ ու գրաւիչ ոճի վարպետն է, հեռու`
մանուածապատ խրթնաբանութիւններէ: Իր ընթերցողները չեն յոգնիր զինք կարդալէ,
ինչպէս չեն յոգնիր իր ունկնդիրները` զինք լսելէ:
Իրաւամբ ըսուած է, թէ «Ոճը մարդը ինքն է»: Գրող Հատտէճեանի ոճն ալ բացայայտիչն է մարդ Հատտէճեանին:
* * *
Ու հիմա մեր հայեացքը ուղղենք «Առաստաղ»-ին:
Արտասովոր ու «չոր» վերնագիր մըն է այս, ինչպէս որ «չոր» ու անշահեկան
կրնայ սեպուիլ որեւէ առաստաղ կամ պատ: Բայց Հատտէճեան անօրինակ
վարպետութիւնն ունի ամէնէն անշահեկան բառէն ու երեւոյթէն իսկ հրաշալիքներ
կերտելու:
Շուրջ տասնամեակ մը առաջ կը յիշեմ իրմէ կարդացած ըլլալ «Պատը» խորագրով
յուշատետրային երկար շարք մը, որուն մէջ իմաստասէր-հոգեբանի իր նրբին
փորիչով կրցեր էր ծակ մը բանալ երեւակայական պատի մը քարէ մարմինին վրայ ու
մեր աչքերը առաջնորդել դէպի այդ պատին… միւս կողմը: Ի՜նչ խորհուրդներ
հաներ էր այդ «պատ»-էն:
Սա ցուցանիշ էր, թէ «պատ»-երու անլեզու աշխարհին հետ վարժ փորձառութիւն
մը ունէր հեղինակը: Եւ այդ փորձառութիւնը, ըստ երեւոյթին, կու գար
«Առաստաղ»-ի հի՜ն օրերէն…
Ամենայն հաւանականութեամբ, «Առաստաղ» վէպը մշակուած ու գրուած է 70-ական
թուականներու վերջերը եւ կամ 80-ականներու սկիզբը: Ժամանակաշրջան մըն էր
ասիկա, երբ արտագաղթի զօրաւոր ալիք մը պոլսահայերու հոծ զանգուածներ կը
քշէր, կը տանէր դէպի Ամերիկա ու Քանատա: Հարիւրաւոր ընտանիքներ, լքելով
իրենց սիրելի ծննդավայրը` Պոլիսը, կը ճեղքէին Ատլանտեան ովկիանոսը ու ափ
կ՛առնէին օտար երկինքներու տակ, ակամայ (կամ անգիտակցաբար) հրաժարելով
ընտանեկան-ընկերային այն տոհմիկ ու պահպանողական մթնոլորտէն, որ իրենցն էր,
եւ որ բնաւ պիտի չկարենային վերակերտել ձիւնաշատ Քանատայի մէջ…
Վէպին մայր առանցքը ու միտք բանին ա՛յս երեւոյթն է:
Եւ ո՜վ ճակատագիր, այդ նոյն ցաւատանջ երեւոյթը, այսօր, վէպին գրառումէն
35 տարի ետք, նոյնութեամբ կը կրկնուի սուրիահայութեան պարագային: Հազարաւոր
սուրիահայ ընտանիքներ երկրին ներքին պատերազմէն խոյս տալով` կը
գաղթեն-կ՛ապաստանին Քանատա… Ու «Առաստաղ»-ին գաղափարական հզօր պատգամը
դա՛րձեալ կ՛այժմէականանայ այսպիսով:
Ի՞նչ կը պատմէ այս վէպը:
Իր ամբողջ կառուցուածքով եւ գրողական թեքնիքով` «Առաստաղ»-ը իւրայատուկ ստեղծագործութիւն մըն է:
Ամէն բանէ առաջ վէպին խիստ սահմանափակ ու չափազանց նեղ միջավայրն է, որ
կը զարմացնէ մեզ: Պարզապէս` հիւանդանոցի մը սենեակը: Այո՛, վէպին Ա.
հատորին միակ թատերաբեմը հիւանդանոցի մը անհրապոյր սենեակն է, ուր կան
երկու մահճակալներ, որոնցմէ մին կը պատկանի գլխաւոր հերոսին:
Յետոյ, ուշագրաւ է դերակատարներու սակաւութիւնը: Հազիւ 6-7 անձեր կը տողանցեն վէպին մէջ, ընդհանրապէս` երկրորդական երեւումներով:
Ուստի, դասական վէպէ մը ակնկալուած բազմաթիւ դէպքերու յաջորդականութիւնը
չէք գտներ այստեղ: Ատոր փոխարէն` կայ մտքի, երեւակայութեան եւ
զգացումներու անդադրում շարժում մը, որ առաւելաբար կեդրոնացած է գլխաւոր
հերոսին վրայ, ու անոր միջնորդութեամբ ուղղակի կը փոխանցուի ընթերցողին, կը
վարակէ ու կը կլանէ զայն:
Հոգեբանական վէպ մըն է այս:
Գլխաւոր հերոսը 60-ամեայ պոլսահայ մըն է, որ ութ ամիսէ ի վեր կռնակի
վրայ պառկած է հիւանդանոցի մէջ` կաթուածահար: Անկանխատեսելի սայթաքում մը
տակնուվրայ ըրած էր իր կեանքը. փողոցը, անուշադիր, կոխած էր պանանի կեղեւի
մը վրայ ու ինկած: Գլուխը զարնուած էր գետնի սալաքարերուն: Երեք օր
ուշակորոյս մնացեր էր: Ի վերջոյ, երբ աչքերը բացեր էր, բժիշկները
հասկցուցեր էին իրեն, թէ այլեւս բնաւ պիտի չկարենար շարժիլ ու քալել…
Մասամբ ապաքինելէ ետք ալ ան չէր փափաքած աւելորդ բեռ դառնալ ամուսնացած իր
միակ աղջկան ու հարազատին` Սաթենիկին վրայ: Խորհած էր, որ թերեւս խանգարէր
անոր ընտանեկան կեանքին ամէնօրեայ ներդաշնակութիւնը, ծանր մթնոլորտ ստեղծէր
տան մէջ: Ուստի որոշում տուեր էր մնալ հիւանդանոցին մէջ` մինչեւ իր վերջին
շունչը:
Վէպը հիւսուած է ահա այս արկածահար ու տարաբախտ հայուն մտածումներուն
վրայ: «Առաստաղ» վերնագիրն ալ հո՛նկէ թելադրուած է: Հիւանդը ութ ամիսէ ի
վեր, կռնակի վրայ պառկած, օրն ի բուն պարտադրուած է նայիլ առաստաղին… Իսկ
վիպագիրը այդ առաստաղը վերածած է յուշերու, անուշ յիշատակներու եւ
երեւակայութիւններու խօսուն պաստառի մը, ուր կը տողանցեն հերոսին կեանքէն
ուշագրաւ պատառիկներ, եւ ուր կ՛արձանագրուին այս բանիմաց մարդուն եւ
զգայուն հօր խորիմաստ մտածումները:
Հետաքրքրական է, որ գլխաւոր հերոսը անուն չունի: Հատտէճեան իրենց
անուններով կը յիշէ վէպին մնացեալ բոլոր դերակատարները, բայց արկածեալ
հերոսը կը թողու անանուն: Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ ֆրանսահայ վիպագիր Զարեհ
Որբունիի անդրանիկ վէպը` «Փորձը» (1929), որ գրուած էր Ա. դէմքով, եւ որուն
հերոսը եւս չունէր անուն:
Հոս, «Առաստաղ»-ին հերոսն ալ անանուն է, թերեւս անոր համար, որ այդ
տիպարը ներկայացուցիչն է ժամանակաշրջանի բոլոր հայրերուն, միեւնոյն ցաւերը
կիսող, միեւնոյն տագնապները ապրող բոլո՛ր հայ հայրերուն:
Ինչպէս Որբունիի «Փորձը»-ին մէջ, հոս եւս վէպը կը պատմուի Ա. դէմքով:
Հեղինակային ո՛չ մէկ միջամտութիւն: Ամէն ինչ կը պատմուի արկածեալ հերոսին
բերնով:
Իր յուսալքիչ ու մղձաւանջային վիճակին մէջ իսկ լաւատես ու կենսասէր մարդ
մըն է այս հերոսը: Չի դժգոհիր, չի տրտնջար. ընդհակառակն, գոհացող է փոքրիկ
ու աննշան ուրախութիւններով, որոնց կարեւորագոյնը եւ անփոխարինելին
Սաթենիկին ամէնօրեայ այցելութիւններն են իրեն: Սաթենիկին գուրգուրալից ու
հոգատար վերամունքը իրեն հանդէպ` աշխա՜րհ կ՛արժէ: Ամէն անգամ որ ան ի խորոց
սրտի «հայրի՜կ» բառը կ՛արտասանէ, հայրիկը իսկապէս կը մոռնայ իր թախիծը:
Տակաւին կայ իր միակ թոռնիկն ալ` տասնամեայ Ռուբիկը (Սաթենիկին միակ
որդին), որուն պարբերական այցելութիւնները հիւանդանոց` կեանքով կը լեցնեն
զինք: Ո՞վ ունի ինք աշխարհի երեսին` այս երկուքէն զատ: Իր կինը շատոնց
մեռած էր: Ազգականներ ալ գրեթէ չունէր:Իր հիւանդասենեակին մէջ
«փոփոխութիւն» մը տեղի կ՛ունենար միայն այն ատեն, երբ զուգահեռ անկողինին
հիւանդը փոխուէր, նախկինը երթար, նորը գար…
Բայց հիւանդանոցն ալ «աշխարհ» մըն էր ինքնին, թէեւ` մռայլ
գունաւորումներով: Բժիշկները, հիւանդապահուհիները, ծառայողները,
այցելուները, ապաքինած հիւանդներու ուրախ տրամադրութիւնը, կամ հակառակը`
իրենց կեանքը կորսնցնողներուն սրտաճմլիկ պատկերները «մթնոլորտ» կը
ստեղծէին: Հատտէճեան այդ մթնոլորտը գծած ու նկարագրած է բացառիկ
հմտութեամբ, ինչպէս որ նո՛յն վարպետութեամբ պիտի նկարագրէր, շատ տարիներ
անց, ի՛ր իսկ հիւանդանոցային առօրեան («Հիւանդութեան օրեր», «Յուշատետր»,
թիւ 56, 2011):
Շատ հետաքրքրական ու սիրելի տիպար մըն է վէպին արկածեալ հերոսը:
Ընթերցողը շուտով կը համակրի անոր: Ան մտածումի ախոյեան մըն է, եւ մտածելու
իր ունակութիւնը «օրհնեալ բարիք» մըն է իրեն համար` անդամալոյծի իր տխուր
վիճակին մէջ: Սխալ պիտի չըլլայ նոյնիսկ պնդել, որ այս դժբախտ հայրիկը, իր
իմաստասիրական խոկումներով, զգացական աշխարհով, շուրջի մանրամասնութիւնները
դիտելու եւ մեկնաբանելու իր անօրինակ կարողութեամբ, իր ծայրայեղ
փափկանկատութեամբ, մարդասիրութեամբ, իր դստեր ու մանաւանդ թոռնիկին
նկատմամբ ցուցաբերած անաղարտ սիրով, ընտանիքին տոհմիկ բարքերուն
գոյատեւումին համար թափած իր ջանքով, գրասիրութեամբ ու եկեղեցասիրութեամբ,
նաեւ` իր պապենական անցեալով (ծնողները Արեւմտահայաստանի գաւառներէն խոյս
տալով Պոլիս եկած են), ԿԸ ՆՈՅՆԱՆԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ԱՆՁԻՆ ՀԵՏ, ոչ անշուշտ
ֆիզիքապէս, այլ` հոգեպէս:
Մէջբերեմ պատահական երեք պատկեր ու անոնց զուգահեռ` գլխաւոր հերոսին բերնէն ջոկուած երեք մտածում.
ա.- Սաթենիկին կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութեան ու սիրոյն
անկեղծութեան մասին հայրիկը բնաւ կասկած չունի: Այնուհանդերձ, կը խորհի, որ
եթէ ինք հիւանդանոցը թողու եւ աղջկան (ու փեսային) տան մէջ ապրի,անոնց
գուրգուրանքին ու սիրոյն համեմատութիւնը կրնայ նուազիլ. «Եթէ մարդուս սիրտը
սիրով ու խանդաղատանքով լեցուն է, շատ ծանրութիւններ կը դադրին ծանրութիւն
ըլլալէ: Բայց մարդուս սիրտը չի կրնար սիրել օրը քսանչորս ժամ: Մարդուս
սրտին մէջ սէրը, խանդաղատանքը, գուրգուրանքը, այս բոլորը պոռթկումներ են,
սքանչելի պոռթկումներ, կամ ըսենք` լուսավառութիւններ, որոնք յանկարծ կը
պայթին ու կը ժայթքին դժբախտութիւններու խաւարի մը մէջ եւ կը լուսաւորեն
ամբողջ այդ խաւարը: Պահ մը լոյսի ու յոյսի կը փոխեն զայն:
Բայց անոնք պոռթկումներ են միմիայն, այսինքն` կարճատեւ ելոյթներ, որոնք
յանկարծ գագաթ մը կը հասնին ու կը վերադառնան, ինչպէս գնդակ մը, որ օդին
մէջ չի կրնար մնալ եւ ստիպուած է դարձեալ վար գալ: Անոնց հրաշագործ ու
բարերար ազդեցութիւնները ժամեր, օրեր, երբեմն ամիսներ կրնան տեւել, բայց
իրենք կը տեսնուին ու կը մարին, կը տաքցնեն ու կ՛անհետանան, կը համբուրեն
ու կ՛երթան, այսինքն չեն տեւեր»: Ահա թէ ինչո՛ւ հայրիկը կը նախընտրէ
Սաթենիկին հիւանդանոցային օրական մէկժամեայ այցելութիւնները, քան` մնայուն
կերպով անոր տունը փոխադրուելու այլընտրանքը:
բ)- Օրերէն օր մը տասը տարեկան հիւանդ հայ պատանի մը կը բերեն ու կը
պառկեցնեն հայրիկին հետ նոյն սենեակը, դէմի անկողինը: Նորեկ տղեկին մայրը`
տիկին Ալիս, իր մանչուն քով պիտի գիշերէ առաջին օրը: Ի՞նչ կը պատահի, երբ
մութը կը կոխէ. «Յանկարծ խուճապ մը կը զգամ հոգիիս խորը, սիրտս ուժգին կը
բաբախէ. տիկին Ալիսին ձեռքինը գիշերանոց մըն է: Աստուա՜ծ իմ, սխալ չե՞մ
տեսներ արդեօք: Ի՞նչ է նպատակը: Պիտի հանուի ու գիշերանո՞ց պիտի հագուի:
Հո՞ս, ա՞յս սենեակին մէջ: Զիս քնացա՞ծ կը կարծէ:
Այո՛, կասկած չկայ, ճի՛շդ կը տեսնեմ, հակառակ որ կը շարունակեմ
նայուածքս իբր թէ սեւեռուած պահել առաստաղին վրայ: Տիկին Ալիս արդէն իսկ կը
սկսի քակել իր մետաքս պլուզին կոճակները: Ի՞նչ պէտք է ընեմ: Աչքերս փակե՞մ
բոլորովին, գլուխս անդի՞ն դարձնեմ:
Տիկին Ալիս դէպի իմ կողմը ակնարկ մը անգամ չնետեց: Բնաւ անհանգիստ ըլլալ
չթուեցաւ ներկայութենէս… Փէշը վար կը սահի, կ՛իյնայ… Սիրտս կը շարունակէ
ուժգին բաբախել: Թերեւս ալ ամբողջ արիւնս խուժած է գլուխս, ճակատս կ՛այրի
տաքութեամբ մը, որ քիչ առաջ չկար: Ա՜հ, չըլլա՛յ որ տիկին Ալիս անդրադառնայ
այս փոթորիկին, որ ստեղծուեցաւ հոգիիս մէջ, հասկնա՛յ այն անքաղաքակիրթ
նայուածքը, զոր աչքի ծայրով նետեցի իր վրայ, երբ ան կը կարծէր, որ չէի
հետաքրքրուեր իրմով…
Աչքերս կը փակեմ: Ուժգին կը փակեմ: Ոչ թէ քնանալ ձեւացնելու համար, այլ`
պարզապէս մտքիս մէջ ետ կանչելու համար այն տեսարանը, որ պարզուեցաւ քիչ
առաջ: Կը մանկանա՞մ, Աստուա՛ծ իմ, քսան տարեկան երիտասա՞րդ կը դառնամ: Բայց
ուժերէս վեր է: Աչքերս կը փակեմ, ու մտքիս մէջ տիկին Ալիս կրկին կը սկսի
քակել իր պլուզին կոճակները…»:
գ) Ճիշդ է, որ անդամալոյծ է ու անշարժութեան դատապարտուած, սակայն
հայրիկը տեւաբար փառք կու տայ Տիրոջ, որ գոնէ աւելի մեծ վնասի մը չէ
ենթարկուած, օրինակ` կուրացած ըլլալ, իմացականութիւնը կորսնցնել, չկարենալ
խօսիլ, չկարենալ յիշել… «Չկարենալ յիշե՜լ: Օ՜, ի՜նչ մեծ դժբախտութիւն
մարդու մը համար: Չկարենալ ետ երթալ, չկարենալ վերապրիլ, չկարենալ
ոգեկոչել, չկարենալ ոտքի հանել մեռածները, չխօսեցնել զանոնք: Չայցելել հին
տուներն ու սենեակները, չլսել հին ձայները… Ռունգերը չկարենալ լեցնել հինէն
եկող բուրմունքներով, անուշահոտութիւններով, չօրօրուիլ պահ մը հիներէն
եկող մեղեդիի մը հետ: Ի՞նչ կ՛ընէի, Աստուա՛ծ իմ, եթէ չունենայի յիշելու
կարողութիւնը»:
Վէպը իր գագաթային կէտին կը հասնի` երբ օր մը կաթուածահար հայրիկը իր
թոռնիկին բերնէն սարսափով կը լսէ, թէ Սաթենիկենք ծրագրեր էին ընտանեօք
գաղթել Քանատա: Լախտի հարուած մըն էր այս լուրը իրեն համար: Ուրեմն, ա՛լ
պիտի մնար բոլորովին առանձին, առանց հրեշտականման իր աղջկան, առանց
սիրասուն իր թոռնիկին:
Տարիներ առաջ, երբ Պոլսոյ մէջ մահացեր էր իր հայրը (գաւառէն եկած մարդ),
մտածեր էր, որ անոր մահով «վերջացած էր գաւառէն եկող գիծը, գաւառին մէջ
վառուած լապտեր մը»:Իսկ հիմա, երբ ընտանիքին վերջին շառաւիղներն ալ
կ՛որոշէին գաղթել Պոլսէն ու զինք լքել միայնակ, վաղը իր մահով` «Միջին
Արեւելքն էր, որ պիտի վերջանար մեր ընտանիքին մէջ»…
Հայրիկին երազները պիտի փշրուէին առաստաղին վրայ…
* * *
Սակայն ինչե՞ր տեղի պիտի ունենային առաստաղին միւս կողմը:
Այսպէ՛ս կը կոչուի վէպին Բ. հատորը. «Առաստաղին միւս կողմը»:
Հոս, պատմումը դարձեալ Ա. դէմքով է, բայց պատմողը հայրիկը չէ, այլ`
Սաթենիկը:Իսկ միջավայրն ալ պոլսական հիւանդանոցի սենեակը չէ, այլ`
ընդարձակածաւալ Քանատան:
Ի տարբերութիւն Ա. հատորին` այստեղ իրերայաջորդ անակնկալ դէպքերու շարան
մը կայ, կայ նաեւ նոր դերակատարներու մեծ խումբ մը: Գլխաւոր հերոսը
արկածեալ հայրիկը չէ այլեւս (մահացած է իր հարազատներուն Քանատա գաղթէն
չորս տարի ետք), այլ` Սաթենիկը, մասամբ նաեւ` որդին` Ռուբիկը, որ հիմա
համալսարանական փայլուն ու գեղադէմ երիտասարդ մըն է:
Հիւանդանոցի օրերէն անցեր են տասը տարիներ…
Սաթենիկ կը պատմէ, թէ բեկուած սրտով, դժկամութեամբ ու պարտադրաբար է, որ
լքեց Պոլիսը եւ եկաւ Քանատա` համակերպելով իր ամուսնոյն անդիմադրելի
պնդումներուն: Տասը տարիէ ի վեր դեռ չհաշտուեցաւ առնուած այս ճակատագրական
որոշումին հետ, դեռ չկրցաւ յարմարիլ այս երկրին` զայն նկատելով աքսորավայր
մը, դեռ չկրցաւ մոռնալ Պոլիսը, մանաւանդ չկրցաւ փրթիլ իր բարի հօր
յիշատակէն (տեսակ մը հալածախտ), որուն հանդէպ ունէր յանցանքի զգացում մը`
զայն լքած ըլլալուն համար, բայց ունէր նաեւ ի՛սկապէս պաշտամունքի հասնող
արտասովոր սէր մը, որ անմաշելի էր: Վերը` Աստուած, վարը` հայրիկը: «Սո՜ւրբ
մարդ»:
Եթէ վէպին Ա. հատորին մէջ ողբերգութիւնը արկածահար հայրիկինն էր
(անկում, անդամալուծութիւն, հիւանդանոցային կեանք եւ ապա հարազատներու
գաղթ), ապա Բ. հատորին մէջ ողբերգութիւնը կը տարածուի ամբողջ ընտանիքին
վրայ:
Բ. հատորը օրկանական շարունակութիւնն է Ա.հատորին ու անխզելի է անկէ: Ա.
հատորին մէջ յիշատակուած շարք մը դէպքեր կամ մթին երեւոյթներ իրենց
հանգուցալուծումը կամ վիպային եզրայանգումը կը գտնեն Բ. հատորին մէջ: Ու Բ.
հատո՛րն է, որ իր էջերուն մէջ կը խտացնէ վիպագիրին բո՛ւն պատգամը: Նոյնիսկ
պիտի համարձակիմ ըսել, թէ Բ. հատո՛րն է, որ կ՛արժեւորէ իր նախորդը, վե՛ր
կը քաշէ զայն (այս հաստատումը կ՛ընեմ` առանց երբեք ուրանալու Ա. հատորին
ներքին բազմադիմի արժէքները):
Քանատական երկնակամարին տակ Սաթենիկին եռանդամ ընտանիքը հետզհետէ պիտի
կորսնցնէր իր երբեմնի միասնութիւնը, խորտակումի նշաններ ցոյց պիտի տար:
Արեւմուտքի օտարոտի բարքերուն զոհ պիտի երթար նախ ընտանիքին հայրը`
Յակոբը, յետոյ ալ զաւակը` Ռուբիկը: Սաթենիկ` այս երկաթեայ ու հրաշալի կինը,
աներեւակայելի համբերութեամբ, լռութեամբ ու խելացի հնարամտութիւններով
պիտի աշխատէր փրկել այն ի՛նչ որ կարելի էր փրկել այն, իր տունը լափլիզող
կրակէն…:
Արդարեւ, Քանատա հաստատուելէ լոկ երկու տարի ետք Սաթենիկ սարսափով պիտի
բացայայտէր, թէ իր ամուսինը կը դաւաճանէր իրեն` կենակցելով ուրիշ կնոջ մը
հետ:
Աւելի ուշ պիտի պարզուէր, որ Ռուբիկը կը սիրէր օտար (ոչ հայ) աղջիկ մը:
Սաթենիկ ինչպէ՞ս հանդուրժէր, որ Ռուբիկ իրեն «ընկերուհի» ընտրէր օտար
աղջիկ մը: Բայց ի վերջոյ կը համակերպէր. «Դէմ յանդիման մնացած էի
իրականութեան մը հետ, զոր տեսնել չէի ուզած մինչեւ այդ օր: Ռուբիկ միայն
ինծի չէր պատկաներ այլեւս: Թերեւս ալ այլեւս բնաւ ինծի չէր պատկաներ», կը
մտածէր ան: Յետոյ կը մտմտար. «Ռուբիկ այսքան շուտ պիտի փրթէր ինձմէ, եթէ
մնացած ըլլայինք հոն` մեր երկրի պահպանողական ու աւանդապաշտ պայմաններուն
մէջ: …Իմ դժբախտութիւնս այն էր, որ այս ընդարձակ քաղաքին մէջ չունէի հատ մը
իսկ սրտագին բարեկամուհի, որուն սիրտս բանայի, որուն հետ գաղտնիքներս,
ցաւս ու մտահոգութիւններս բաժնէի»:
Այս բոլոր դժբախտութիւններուն մէջ Սաթենիկ շարունակ բարոյական ուժ կը
ստանար իր մահացած հօրմէն, անոր երբեմնի խելացի խորհուրդներէն: Նոյնիսկ կը
մտածէր, որ եթէ իր հայրիկը կրցաւ տոկալ անկողինի մը մէջ 6 տարի գամուած
մնալու ահաւոր տառապանքին, հիմա ինքը ինչո՞ւ ընկրկէր շուտով, ինչո՞ւ
նոյնանման կամք ու կորով չցուցաբերէր:
Եւ որպէսզի մօտիկէն զգայ իր պաշտելի հօր բարոյական ներկայութիւնը,
Սաթենիկ ձիւնոտ առտու մը տարօրինակ արարքի մը կը ձեռնարկէ: Կ՛երթայ
Մոնրէալի իրենց տան ամէնէն մօտիկ քանատական գերեզմանատունը, փնտռտուք
կատարողի մը աճապարանքով կը սկսի պտըտկիլ շիրիմներուն միջեւ, կարդալ
դամբանաքարերուն վրայի արձանագրութիւնները` գտնելու համար շիրիմ մը, ուր
թաղուած անձը մեռած ըլլար իր հօրը հետ նոյն տարին…
– Բաւական փնտռելէ վերջ գտայ, ինչ որ կը փնտռէի: Ծերունի տարիքի մէջ
մեռած օտար անունով մարդու մը դամբարանն էր ան: Քանի մը անգամ կարդացի
մարդուն անունը: Յետոյ կանգնեցայ անոր դիմաց, խաչակնքեցի, սկսայ բաւական
բարձր ձայնով «Հայր մեր» մը երգել` հայերէն «Հայր մեր» մը, որ անտարակոյս
առաջին անգամ կը հնչէր այս գերեզմանատան մէջ: Մէկ կողմէ կ՛երգէի, մէկ կողմէ
ալ կը խօսէի հայրիկիս հետ: Կ՛ըսէի. «Թանկագի՛ն հայր, ահաւասիկ դարձեալ
քեզի եկած եմ` լեցուած քեզմով: Ահաւասի՛կ, մեր մայրենիով անուշ «Հայր մեր»
մը կ՛երգեմ քեզի համար: Քու բազմաչարչար հոգիդ հոնկէ` մեր լքուած երկրէն,
այդ հեռուներէն, կը լսէ՞ ձայնս: Հոգիդ կը հրճուի՞, հա՛յր: «Աղջիկս
օտարութեան մէջ իսկ հայաշունչ «Հայր մեր»-ով մը կ՛ոգեկոչէ զիս» կ՛ըսե՞ս
հիմա: Ես չեմ մոռցած քեզ, ինչպէս որ դուն երբեք չմոռցար պապերդ: Բայց ո՞ւր
են հիմա այդ պապերդ` իմ պապերս: Բախտը քանի՞ անգամ արմատախիլ ըրաւ մեզ մեր
հօրենական տուներէն եւ մէկ սերունդէն միւսը մեզ քշեց իրարմէ այսքան հեռու»:
Այդ դամբարանը, այնուհետեւ, Սաթենիկին համար պիտի նոյնանար իր հօրը
դամբարանին հետ: Խորհրդանշական նոյնացում մըն էր ասիկա, որ կը հանգստացնէր
զինք, որովհետեւ ամէն մեռելոցի հո՛ն պիտի վազէր ան` յարգելու համար
հայրիկին հետ իր ժամադրութիւնը: Թէեւ քա՛ջ գիտէր, թէ ինք կը գտնուէր
առաստաղին վերի կողմը, իսկ հայրիկը յաւէտ մնացած էր առաստաղին վարի կողմը…
Վէպը կ՛աւարտի Ռուբիկին ամուսնութեամբը օտարուհի Ճեսիքային հետ:Անոնք
աշխարհ կը բերեն մանչ զաւակ մը, «կլոր դէմքով, ժպտուն, հայու աչքերով»: Ու
զայն կը մկրտեն մեծ հայրիկին անունով…
* * *
Կը հաւատամ, որ Ռ. Հատտէճեանի այս վէպը բնաւ պիտի չկորսնցնէ իր
այժմէականութիւնն ու հնչեղութիւնը, այնքան ատեն որ հայ զանգուածներ
տեղաշարժի մէջ են Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք, հայաստանամերձ գօտիներէն դէպի
«ազատ աշխարհ»: Ու մենք գիտենք, որ այդ տեղաշարժը կա՛յ ու մի՛շտ պիտի
ըլլայ:
Այս իրողութենէն մեկնելով ալ կը մտածեմ, թէ որքա՛ն նպատակամէտ քայլ մըն
էր հայրենի գրականագէտ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի նախաձեռնութիւնը, երբ ան
«Առաստաղ»-ի զոյգ հատորները միացեալ կողքի մը տակ (400 էջ) կը վերատպէր
Երեւանի մէջ, 2006-ին, լիբանանահայ գրասէր բարերար Արմէն Յարութիւնեանի
մեկենասութեամբ:
Հաւանաբար Ս. Դանիէլեանի մտքին մէջ «առաստաղ»-ը հայրենի կտուրն է, իսկ
«առաստաղին միւս կողմ»-ն ալ` արտասահմանեան օտար ափերը… Այսպիսի
այլաբանական մեկնաբանութիւն մը ամենեւին սխալ չէ: Եւ անշուշտ որ Ռ.
Հատտէճեանի վէպին մայր պատգամը կ՛առնչուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու
այնտեղ ապրող մեր ժողովուրդին ալ, որ տեւաբար հակամէտ է գաղթի հրապոյրին…
«Նոր Յառաջ», 1 եւ 3 Սեպտեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment